Subscribe

26 May 2016

ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ՄՈՒՐԱՏ ՌԱՓԱՅԷԼԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ


  


Պոլսոյ Եշիլգիւղի Օդակայանի 212 թիւ սպասասրահին մէջ նստած կ'սպասենք, որպէսզի մեզ Վենետիկ տանելիք օդանաւը  առաջնորդեն: Հեռուէն տեսայ իր սեւ պարեգօտին մէջ երիտասարդ վարդապետ մը որ սրահներուն վերեւ գրուած թիւերուն նայելով, իր երթալիք սրահը կը փնտռէր: Հակառակ որ զինք չէի ճանչնար եւ առաջին անգամ էր որ կը հանդիպէի իրէն, գացի իր մօտ եւ ձեռքս երկարելով առանց տատամսելու ըսի . <<բարեւ վարդապետ ես Վենետիկի Մուրատ Ռափյաէլեան Վարժարանի նախկին սաներէն Օշին Էլակէօզ, ի՞նչպէս էք>>: Վարդապետը նախ վարանեցաւ, կը մտածէր թէ արդեօք նախապէս առիթով մը հանդիպա՞ծ էինք իրարու եւ ինք զիս չէ՞ր յիշած: Բայց ո`չ երբե`ք չէինք ծանօթացած: Մի՜թէ նախապէս ծանօթացած ըլլալու կարի՞քը կար հասկնալու համար թէ, այդ վարդապետը կը պատկանէր Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիի Մխիթարեան Միաբանութեան: Բաւական զօրաւոր յատկանիշ մը չէ՞ր արդեօք նշմարել իր մէջքին դրած կաշիէ լայն ու սեւ գօտին, որ միայն այդ միաբանութեան պատկանող վարդապետներն են որ կը կրեն: Վրացահայ հայր Անտոն վարդապետն էր որ Թպիլիսէն, Պոլսոյ վրայով կը վերադառնար Վենետիկ: Ծանօթացանք եւ հաճելի զրոյց մը ունեցանք իրարու հետ իսկ յետոյ օդանաւային հաստատութեան պաշտօնեաները մեզ հրաւիրեցին օդանաւ:

Երկու ու կէս ժամուայ ճամբորդութենէ մը վերջ հասանք Վենետիկ, իսկոյն գացինք եւ տեղաւորուեցանք մեր պանդոկը: Անհամբեր կ'սպասէի յաջորդ օրուան, որ պիտի այցելէինք ինծի համար կեանքիս անկիւնադարձերէն մէկը եղող իմ սիրելի վարժարանս Մուրատ Ռափյալէլեան վարժարան, որուն մէջ անցուցած էի իմ պատանութեանս եօթը ամէնակարեւոր տարիները: 1981 թուականին աւարտած եւ հեռացած էի վարժարանէն, ու մինչեւ այսօր առիթը չէի ունեցած անգամ մը եւս այցելելու: Գիտէի որ վարժարանը այլեւս փակուած էր: Նախ վերածուած էր պանդոկի բայց չէր յաջողած, իսկ այսօր իր պատմական սրահները կը վարձուէին զանազան մշակութային ձեռնարկներու իրականացման համար: Յաջորդ առաւօտ ընտանեօք ուղղուեցանք դէպի Մուրատ Ռափյաէլեան վարժարան: Մեծ եղաւ յուզմունքս երբ հասանք վարժարանին հսկայ շէնքին առջեւ, որ ԺԷ դարուն կառուցուած հին Վենետիկեան պալատ մըն է :Վարժարանին արտաքին տեսքը բաւարար եղաւ հասկնալուս, թէ այցելութիւնս շատ տխուր մթնոլորտի մը մէջ պիտի իրականանար: Շէնքին արտաքին պատին վերածեփին մէկ մասը թափած էր եւ կարմիր աղիւսները կ'երեւային, իսկ մայր դռան երկու կողմերը գտնուող ցուցանակներուն վրայ հայերէնով եւ իտալերէնով գրուած վարժարանին անունը գրեթէ անհետացած: Հնչեցուցինք դուրսի դռան զանգակը իսկոյն դուրը բացուեցաւ եւ մեզ դիմաւորեց ազնիւ հայ պարոն մը: Նախապէս ժամադրութիւն առած էի պարոն Սամուելէն, որ ստանձնած է վարժարանին պատասխանատուութեան պաշտօնը:Պարոն Սամուել մեզ դիմաւորեց եւ առաջնորդեց դէպի վերը գտնուող սրահներէն մէկը ուր ծանօթացանք հայր Մեսրոպին հետ: Արդարեւ մեծ եղաւ զարմանքս եւ ուրախութիւնս երբ նոյն սրահին մէջ տեսայ իմ բարեկամս, Աւետիս Հաճեանը որ զաւակն է Արժանթինահայ տաղանդաւոր գրող Պետրոս Հաճեանին,որուն հետ տարի մը առաջ տեսնուած էինք Պոլսոյ մէջ եւ միասին հաճելի զրոյց մը ունեցած էինք: Ինչքա՞ն փոքր է աշխարհ բացագանչեցինք երկուքս միասին: Աւետիս կը գտնուէր Վենետիկ իր պատրաստած նոր գիրքի պատճառաւ: Բոլորին հետ հաճելի զրոյցէ մը վերջ արտօնութիւն խնդրեցինք իրենցմէ որպէսզի այլեւս վերջապէս առանձնանամ եւ պտտելով, ժամանակի մէջ դէպի ետ երթալով կորսուիմ իմ վաղեմի սրբավայրս եղող եւ մանկութեանս եօթը տարիներըս ապրած Մուրատ Ռափայէլեան միջանցքներուն, սրահներուն եւ պարտէզներուն մէջ: Կը փափաքէի ընտանիքիս ցոյց տալ թէ ուր եւ ինչպէս մթնոլորտի մը մէջ մեծցած էի: Բայց աւաղ. քանի որ սրբավայրը կորսնցուցած էր իր ոգին: Դասարանները պարպուած, միջանցքները ամայիցած էին: Չէին լսուէր ընկերներուս պոռչտուքները ոչ դասարաններուն եւ ոչ ալ պարտէզին մէջ: Ականջներս սրեցի որպէսզի լսեմ Վարուժաններու, Երէթներու, Արթօներու, Գագիկներու ձայները բայց ապարդիւն: Դպրոցին պարտէզին մէջ կը տիրէր մեռելային լռութիւն մը, բացի ծառերուն վրայի թռչուններուն ճռուողիւնէն զատ ոչ մէկ ձայն կը լսուէր:Այն դաշտին վրայ ուր մենք ոտնագունդ կը խաղայինք ամէն օր վարժարանիս միւս դասարաններուն խումբերու հետ այժմ վայրենի բոյսեր էին հասած, իսկ պարտէզին ետեւը գտնուող մեր հաւնոցը եւ շուրջը գտնուող փոքրիկ վանդակները, որոնց մէջ նապաստակներ կը գտնուէին փլած էին: Մելամաղձութիւն մը կը տիրէր ամենուրէք: 

Գացի հայր Միքայէլ վարդապետ Յովհաննէսեանի սենեակին պատուհանին տակ, ուրկէ մեզ շաքար եւ շոքոլա կը նետէր եւ մենք զիրար հրելով, յափշտակել կը ջանայինք մեզ նետուած քաղցրեղէնները, բայց պատուհանը բակ էր եւ այդպէս կը թուէր որ երկար տարիներէ ի վեր չէր բացուած: Խարբերդցի Հայր Միքայէլ Հովհաննէսեան .հեղինակը Հայաստանի Բերդերը անուն մեծածաւալ գիրքին որ 1915 ի տարիներուն իր ութը տարեկան հասակին, վերջին անգամ իր հայրը բանտի երկաթէ ձողերուն ետեւը դողելով եկած էր Վենետիկեան Մխիթարեաններու Սուրբ Ղազար կղզին եւ հոն վարդապետ ձեռնադրուած: Մեր սիրելի <<Մխօն>> ոչ եւս է այլեւս: մեծ եղած էր վիշտս, երբ տարիներ առաջ իր մահուան դաժան լուրը ստացած էի, որովհետեւ Հայր Միքայէլ մեր վարժարանին ամեն ինչն էր: Մեր Հայոց պատմութեան ուսուցչութեան սուրբ պաշտօնէն զատ, ան ստանձնած էր նաեւ վարժարանին մատակարարման պաշտօնը եւս: Ամեն տասնըհինգ օրը մէկ մեզմէ չորս հոգինոց խումբով մը կը մեկնէր որպէսզի վարժարանիս պէտք եղած ուտեստեղէնները ապահովէ:Ամէն տեսակ շողոքորթութիւն կ'ընէինք որպէսզի իրէն օգնական ըլլալու համար այդ խումբին մաս կազմէինք, որովհետեւ այսպէսով թէ օր մը դպրոցէն դուրս առանց դասի անցուցած պիտի ըլլայինք եւ թէ մեր այդ օրուան յոգնութեան փոխարէն խոշոր տուփ մը շաքարով պիտի վարձատրուէինք:

 
Սանդուխներէն բարձրացայ, վեր դէպի մեր ննջարաններուն գտնուած հարկը բայց հոն ալ մեծ եղաւ յուսախաբութիւնս: Ամեն ինչ փոխուած էր եւ մեր լուացարանները մասամբ փլած:Մեր ննջարանի հարկը բաղկացած էր երկու հատ շուրջ երեսուն հոգինոց մեծ, եւ տասնըհինգ հատ ալ երկու հոգինոց փոքր ննջարաններէ : Մեծ ննջարանները կը նմանէին զօրանոցի ննջարաններուն եւ նորեկներն ու քանի մը տարուայ աշակերտները հոն կը պառկէին,իսկ նախ աւարտական եւ աւարտական դասարանի աշակերտները ունէին իրենց յատուկ երկու հոգինոց սենեակներ: Այժմ այդ բոլոր ննջարանները, շէնքը պանդոկի վերածելու անյաջող նախաձեռնութիւնէ մը վերջ փոփոխութեան ենթարկուած, եւ յետոյ եղածին պէս լքուած էին: Մեր պահարանները նոյնպէս մասամբ քանդուած էին: Արդարեւ տխուր էր երեւոյթը: Մեր ուսանողութեան տարիներուն, վարժարանին մէջ կային սենեակներ եւ միջանցքներ որոնց դռները միշտ կղպուած էին, եւ մենք բնաւ առիթը չէինք ունեցած տեսնել այդ դուռերուն ետեւի կողմը: Ահաւասիկ այժմ անոնք բոլորովին բաց էին եւ ես, հակառակ որ եօթը տարիներ գիշեր եւ ցերեկ ապրած էի վարժարանին երթիկին տակ առաջին անգամն էր որ մեծ հետաքրքրութեամբ կը պտտէի այդ դուռերուն ետեւի կողմը գտնուող սենեակները: Ահաւասիկ վարժարանիս բանադրանքներէն մէկը եւս տապալած էր բայց այնուամենայնիւ չէի կրնար ուրախանալ:

Միակ ուրախութիւնս այն էր որ, ընտանիքիս հետ միասին առիթը ունեցած էի պտըտիլ եւ իրենց ցոյց տալ իմ վարժարանս եւ բացատրել իրենց թէ մենք ինչպէս ապրեցանք, բայց արդարեւ տխուր ուրախութիւն մըն էր իմս քանի որ ժամանակին հայ մշակոյթին համար կրթական կարեւոր հիմնարկներէն մէկը եղած վարժարանս, այլեւս վերջ տուած էր իր սուրբ առաքելութեան:

Ի վերջոյ մեր այցելութիւնը վերջացաւ եւ մենք ողջագուրուեցանք մեզ այս առիթը տուող անձերուն հետ եւ բաժնուեցանք վարժարանէն: Միշտ փափաքած էի այցելել իմ սիրելի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանս, հոն ուր ապրած էի երկար տարիներ ստանալով հայեցի կրթութիւն որուն համար միշտ երախտապարտ եղած եմ Մուրատ Ռափայէլեան Վարժարանին եւ Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան: Ահաւասիկ տարիներ վերջ այսօր կ'իրականանար իմ փափաքս, բայց միթէ ուրա՞խ էի արդեօք այս պատճառաւ կամ եթէ գիտնայի վարժարանին այս վիճակը նորէն ալ պիտի ուզէի՞ այցելել վարժարանը: Չեմ կրնար ճշգրիդ պատասխան մը տալ այս հարցումին, բայց կրնամ յստակօրէն ըսել թէ պիտի չփափաքիմ անգամ մը եւս այցելել եւ նոյն վիճակին մէջ գտնել իմ մանկութեանս սրբավայրը, մեր սիրելի Մուրատ Ռափայէլեան Վարժարանը:


Մարմարա Օրաթերթ

26 Մայիս 2016 - Պոլիս


3 comments:

harry mardirossian said...

Շատ իրապաշտ եւ տպաւորիչ ուրագիծ մը կու տայ յօթուածագիրը:
Անշուշտ առանձին չէ ան: Ազգին լոյսի բացառիկ փարոսը շիջած է, քանի փարոսավարը լքած է զայն:
Ան ակնարկ մը կընէ Հայր Միքայէլ Յովհաննէսեանին մասին, ով իմ պատմութեան վարժապետն էր նաեւ:
Իւրաքանչիւր անհատ Օշինին այդ նոյն զգացումը կ՝ունենայ իւրաքանչիւր իր այցին եւ կարելի չէ հոգւոյն
մէջի ձայնը խլացնել ինչ Վարուժանը անձամբ պիտի բարձրաձայնէր այն տողերը որ մարգարէացաւ իր Մարած Օճախը գրելով
«Ծերուկն թոռը ծունկերուն մէջ առած
Պատմեց զրոյցն Արտաւազդի, Վահագնի
Անոր հոգւոյն տեղալով՝
Վերջին ազնիւ մնացորդը խոնջ օրերուն.....
Այսօր ոչ ոք այդ տուէն կ՝ելլէ կամ ոտքն անոր շեմին կը դնէ....

Այն ինչ այդ հայրերը ատենին դրին մեր մէջ պիտի ապրին այնքան ատեն որ մենք կանք:
Այս Սեպտեմբերի սկիզբը, Մխիթարեան Սանուց Միութիւնը Թորոնթոյի պիտի տօնակատարէ յիշատակը
այս փառահեղ հաստատութեան: Անոնք որոնք կը փափաքին, կրնան հոգեպէս վերանորոգուիլ թարմացնելով իրենց հին յուշերը մեզ հետ միասնաբար:

harry mardirossian said...

Շատ իրապաշտ եւ տպաւորիչ ուրագիծ մը կու տայ յօթուածագիրը:
Անշուշտ առանձին չէ ան: Ազգին լոյսի բացառիկ փարոսը շիջած է, քանի փարոսավարը լքած է զայն:
Ան ակնարկ մը կընէ Հայր Միքայէլ Յովհաննէսեանին մասին, ով իմ պատմութեան վարժապետն էր նաեւ:
Իւրաքանչիւր անհատ Օշինին այդ նոյն զգացումը կ՝ունենայ իւրաքանչիւր իր այցին եւ կարելի չէ հոգւոյն
մէջի ձայնը խլացնել ինչ Վարուժանը անձամբ պիտի բարձրաձայնէր այն տողերը որ մարգարէացաւ իր Մարած Օճախը գրելով
«Ծերուկն թոռը ծունկերուն մէջ առած
Պատմեց զրոյցն Արտաւազդի, Վահագնի
Անոր հոգւոյն տեղալով՝
Վերջին ազնիւ մնացորդը խոնջ օրերուն.....
Այսօր ոչ ոք այդ տուէն կ՝ելլէ կամ ոտքն անոր շեմին կը դնէ....

Այն ինչ այդ հայրերը ատենին դրին մեր մէջ պիտի ապրին այնքան ատեն որ մենք կանք:
Այս Սեպտեմբերի սկիզբը, Մխիթարեան Սանուց Միութիւնը Թորոնթոյի պիտի տօնակատարէ յիշատակը
այս փառահեղ հաստատութեան: Անոնք որոնք կը փափաքին, կրնան հոգեպէս վերանորոգուիլ թարմացնելով իրենց հին յուշերը մեզ հետ միասնաբար:

Anonymous said...

Շնորհակալութիւն յարգելի պարոն Կարապետ Արթին:

Օշին Էլակէօզ