ԳՐԱՏԱԽՏԱԿ
Չենք գիտէր իսլամական օրէնքը ուրեմն ձեզ պիտի սպաննենք - 23 Նոյեմբեր 2010 Պոլիս
Տանս մէջ նորոգութիւն կար, պատերը կը ներկուէին ու ներկարարները Քիւրտ էին:Երբ Քիւրտերու հետ միատեղ գտնուիմ, իրենց կը յայտնեմ թէ ես Հայ եմ եւ խօսակցութեան ժամանակ նիւթը անպայման 1915 ի տարիներուն պատահած դէպքերու շուրջ կը խորացնեմ, որովհետեւ գիտեմ թէ Քիւրտերը 1915 ի ոճիրին ամենամեծ ականատեսները նոյնիսկ մասնակիցներն էին ուստի իրենցմէ կարելի է քաղել նոր տուեալներ :Քիւրտերը հիմա կընդունին իրենց պապերուն այդ տարիներուն գործած ոճիրը բայց իրենք զիրենք կարդարացնեն ըսելով թէ իրենց պապերը այդ ժամանակ Թուրքերուն խաղին եկած են:Այս պատճառաբանութիւնը ես երբեք չեմ ընդունիր բայց շարունակեմ գրութիւնս քանի որ մեր նիւթը հիմա ուրիշ է:Արդէն Քիւրտի պատմածներուն մէջ յայտնի է իսկական պատճառը:
Իմ Քիւրտ ներկարարիս գերդաստանը, Արեւելեան Թուրքիոյ Սիիրթ քաղաքի գիւղերէն մէկուն մէջ կը բնակի եղէր:1915 ի տարիներուն երբ այդ ժամանակուայ պետութիւնը արտօներ է հալածել տեղւոյն Հայ բնակչութիւնը, անոնք շրջապատեր են իրենց դռացի հայկական գիւղը ու ըսեր են թէ պէտք է որ անոնք իսլամանան ապա թէ ոչ բոլորն ալ պիտի սպաննուին:Հայ գիւղացիները ստիպուած ընդուներ են իսլամանալ որպէսզի փրկեն իրենց կեանքը ու հարցուցեր են իրենց թէ ինչպէս կրնան իսլամանալ, ինչ է օրէնքը:
Քիւրտ գիւղացիները կը պատասխանեն ըսելով որ իրենք ալ չէն գիտէր թէ ինչ է կանոնը իսլամանալու համար ու ի վերջոյ բոլորն ալ կը սպանեն:
Քիւրտ ներկարարս կըսէր որ խնդիրը իսլամութիւն չէր այլ հայերուն պատկանող հողերուն եւ տուներուն տիրանալը որովհետեւ եթէ զանոնք իսլամացնէին առանց սպաննելու, պիտի չի կարենային տիրանալ անոնց հարստութեան :
Մեր Քուրտ ազգականները - 21 Նոյեմբեր 2010 Պոլիս
Գործատեղիիս մէջ ընդամէնը եօթը գործընկերներ ենք որոնց մէջի միակ հայը ես եմ:Ցերեկները, կէս ժամուայ դադար մը ունինք ճաշելու համար:Ընդհանրապէս մեր ցերեկուայ ճաշը հեռաձայնի միջոցաւ կ'ապսպրենք մօտակայ ճաշարաններէն ու բոլորս միասին կը ճաշենք ժողով կատարելու համար յատկացուած սենեակին մէջ:
Երբ սպասեակը մեր ապսպրած ճաշը բերէ, կը նայիմ իր երեսին ու կը գուշակեմ թէ երիտասարդ քուրտ տղայ մըն է եւ իսկոյն կը հարցնեմ իրէն.
- Քու՞րտ ես:
- Այո աղբարիկ:
- Ու՞ր տեղացի ես:
- Վանեցի եմ , կամ Կարսցի,կամ Տիգրանակերտցի եւ կամ Ուրֆացի:
- Ազգականական կապ մը ունի՞նք իրարու հետ:
Կը տեսնեմ թէ տղան չէ հասկցած ըսածս ու շուարած երեսս կը նայի եւ իսկոյն կը շարունակեմ.
- Ես հայ եմ անոր համար հարցուցի :
Տղուն դէմքը կը փոխուի ու ժպտելով կը պատասխանէ.
- Իմ մեծ մայրս ալ հայ է եղէր :Կամ, իմ քեռկինս ալ հայ է եղէր :Կամ, կան անոնք որոնք կ'արտայայտուին ըսելով թէ իրենց արմատը ատենօք հայ եղած է եղէր բայց յետոյ դաւանափոխ եղէր են :
Ես այս իրողութիւնը արդէն գիտեմ, բայց կուզեմ որ իմ Թուրք գործընկերներս անգամ մըն ալ զայն լսեն իրենց ականջներով Քուրտ տղոց բերնէն:
Խառն ամուսնութիւններու մասին - 11 Նոյեմբեր 2010 Պոլիս
13 տարեկան դուստրիս հետ միասին խառն ամուսնութիւններու մասին կը խօսէինք :Ես օրինակներ տալով կը բացատրէի իրէն թէ մեր ազգին համար որքան սխալ որոշումներ են խառն ամուսնութիւնները :
Դուստրս ինծի սա հարցումը ուղղեց . Լաւ հայրիկ բայց եթէ հայ մը սիրահարուի օտարի, այդ պարագային ին՞չ պիտի ըլլայ:
Պատասխանեցի . Պիտի չի սիրահարուի աղջիկս :Հայ մը սիրահարուելու իրաւունքը չունի:Ամէն անձ ստիպուած է իր պատկանած ազգին իր վրայ բեռնաւորած պարտականութիւններու ուղղութեամբ ապրելու:Երբ կը ծնինք, մեզ չեն հարցնէր թէ որ ազգին պատկանել կամ որ երկրին մէջ ապրիլ կուզենք:Կը ծնինք ու այդքան, եւ ամէն ազգ իր անպատեհութիւնները եւ պատեհութիւնները ունի:Պէտք է քաջալերուինք պատեհութիւններով ու հակակշռենք անպատեհութիւնները:
Եթէ մենք այսօր Ափրիկեցի ըլլալով ծնած ըլլայինք, հիմա սովով, հիւանդութիւնով ու այլ փորձանքներով տառապող վիճակի մը մէջ պիտի ըլլայինք իսկ հիմա փառք Աստծոյ ամէն ինչ ունինք:Մեր փորը կուշտ է գիշերները հանգիստ կը քնանանք բարեկեցիկ կեանք մը ունինք:Ինչպէս որ Ափրիկեցիներուն բնութեան կողմէ չէ արտօնուած որ կշտանան կամ երկար ու առողջ կեանք մը ունենան մեզ հայերուս ալ չէ արտօնուած որ մեր ուզած անձին սիրահարուինք:Եթէ մէկու մը պիտի սիրահարուինք այդ անձը հայ մը պէտք է որ ըլլայ այլ ոչ թէ օտար մը:Պէտք է որ մենք մեզ սկիզբէն այսպէս պայմանաւորենք:
Եթէ մենք ըլլայինք թուրքերուն պէս 72 միլիոն բնակչութիւն ունեցող ազգ մը որ օրէ օր կաճի ու կը բազմանայ այն ժամանակ մենք ալ իրաւունքը կունենայինք մեր նախընտրած անձին սիրահարուելու:Այն ժամանակ այդ անձին հայ կամ օտար ըլլալը կարելի է այնքան ալ մեծ կարեւորութիւն պիտի չունենար:Բայց նկատի առած որ մենք ափ մը ժողովուրդ ենք որ մեր թիւը օր է օր կը նուազի թէ մեր ազգին մէջ ծննդաբերութիւններու թիւը քիչ ըլլալու պատճառաւ եւ թէ այլասերումներու պատճառաւ ուրեմն մենք ալ ալդ գիտակցութիւնը պէտք է որ ունենանք թէ մենք հայերս միայն հայու մը սիրահարուելու իրաւունքը ունինք:Հետեւաբար մեր ամուսնութիւնները ստիպուած ենք տրամաբանական շրջանակի մէջ իրականացնելու այլ ոչ թէ սէրային: Ապա թէ ոչ երբ դուն քու մեծ մայրիկիդ տարիքը հասնիս աշխարի վրայ հայ ազդ մը գոյութիւն պիտի չի կարենայ ունենալ:
Այսպէս խրատեցի իմ դուստրիս , բայց նորէն ալ կը խուսափիմ մեծ խօսելէ որովհետեւ յայտնի չէ թէ ապագան մեզի ինչ անակնկալներ կը ծրագրէ:
Օշին Էլակէօզ
Պոլիս
Subscribe to:
Posts (Atom)

