Մեր բոլորիս կեանքին մէջ կան պահեր, որոնք երբ կ'ապրինք նոյնիսկ չենք անդրադառնար թէ անոնք անվերադառնալի պահեր են, և անգիտակցաբար
կը վատնենք զանոնք: Իսկ տարիներ վերջ երբ յիշենք, մեր ձեռքէն<<երանի թէ>> ըսելէ եւ ափսոսելէ զատ բան չի գար: Ահաւասիկ այդ պահերէն մէկն է, որ ապրած եմ իմ Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեանվարժարանի մէջ աշակերտած տարիներուս:
համար թէ ինչ պիտի ըսէր տեսուչ հայրը:Հայր Վարդան պահ մը կեցաւ, մեզ դիտեց եւ մատը դէպի ինծի երկարելով
ըսաւ.
Երբ սենեակ մտայ, տեսայ որ սենեակին մէջ բաց գոյն վերարկու մը հագած,
երկար կզակով, գանգուր մազերով, պարոն մը կար: Երբ զիս տեսան
դադրեցուցին իրենց խօսակցութիւնը: Հայր Վարդան ինծի դարձաւ եւ ըսաւ .
Շուարած և զայրացած էի. ֆութպոլի խաղս կէս ձգած էի որպէսզի այս մարդուն բեռնակրութիւն ընեմ: Անմիջապէս բողոքեցի:
-Վարդապետ, վարը կարևոր մրցում մը ունինք, դող ուրիշ ընկեր մը
առաջնորդէ պարոնը ես չեմ կրնար:Վարդան պատուհանը պիտի բանար և ձեռքի զանգակը չալելով զբօսանքին
վերջ պիտի տար և բոլորս վեր, դէպի դասարանները սերտողութեան պիտի
ղրկէր իբր պատիժ և այս պատիժին պատճառն ալ ես եղած պիտի ըլլայի:
Ուստի ակամայ ընդունեցի ինծի ստանձնուած պաշտօնը: -Տասը վայրկեանէն կը վերադառնաս - ըսած էր տեսուչ հայր, բայց միթէ կարելի՞ էր այսչափ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ երթալ երկաթուղիի կայարան և վերադառնալ,
մնաց որ ճամպրուկ մըն ալ պիտի կրէի <<քարէթթօ>>ով : Առնուազն ժամուայ մը գործ էր: Վենետիկ բաղկացած է հարիւր տասնըութ կղզեակներէ, որոնք
իրարու միացած են կամուրջներու միջոցաւ: Երբ Վենետիկի մէջ քալէք,
ստիպուած էք տևական կամուրջ ելլել և իջնել իսկ <<քարեթթօ>> Վենետիկի
յատուկ բեռնակառք մըն է, որու շնորհիւ կարելի կ‘ըլլայ կամուրջներու
վրայէն անցնիլ երբ կրելիք ապրանք ունինք ձեր հետ:
Պարոնին հետ միասին իջանք վարի հարկը, վարժարանին դռան գովը
գտնուող դռնապանի սենեակը, ուր արդէն պարոնին ճամպրուկը
տեղաւորուած էր քարէթթօյին վրայ:Դռնապանը հեռաձայնեց տեսուչ հոր և
արտօնութիւն առաւ որ ես պարոնը առաջնորդեմ դէպի երկաթուղիի
կայարան, որովհետև առանց արտօնութեան մեզ կարելի չէր վարժարանէն
դուրս ելլել: Շաբաթը միայն երկու օր չորսական ժամ արտօնութիւն ունէինք
դուրս, պտոյտի ելլելու: Ան ալ եթէ նախապէս ստացած պատիժ չունենայինք:
կ'երթայի իսկ ճերմակ վերարկուով պարոնը քայլ մը ետեւէս ինծի կը հետևէր: Թիւրին գործ չէ քարէթթօն կամուրջներու վրայէն անցնելով յառաջանալ:
Յատուկ թէքնին մը ունի որ փորձառութիւն պէտք է ունենալ: Շուրջ կէս ծամ
տևող ճամբորդութենէ մը վերջ հասանք Վենետիկի Սանթա Լուչիայի
երկաթուղիի կայարանը: Շոգեկառքին մեկնումին թեր ժամանակ կար:
Պարոնը առաջարկեց որ նստինք և սուրճ մը խմենք, իսկ ես ժամ առաջ ետ
վերադառնալ կ’ուզէի: Պարոնին պնդումով նստեցանք և միասին սուրճ մը խմեցինք: Ինք ինծի հարցումներ կ’ուղղէր թէ ուրկէ եմ, քանիերորդ
դասարանն եմ ևայլն: Իսկ ես կտրուկ պատասխաններ կ’ուտայի առանց
նոյնիսկ իր երեսը նայելու, որովհետև ինք պատճառ եղած էր որ ես իմ խաղս
կէս ձգեմ եւ իր համար բեռնակրութիւն ընեմ : Ի վերջոյ շոգեկառքի մեկնումի
ժամը եկաւ: Ուղղուեցանք դէպի պարոնին նստելիք վակոնը: Ինք վեր
բարձրացաւ, ես վարէն ճամպրուկը իրէն տալով հազիւ <<երթաք բարով>> մը ըսի և անմիջապէս հեռացայ, առանց սպասելու որ շոգեկառքը ճամբայ ելլէր:
Չէի գիտեր որ զիս հոնկէ հեռացնելու համար իմ նետած
ամէն մէկ քայլս պատճառ կ’ըլլար որ ես կորսնցնէի այդ պահը լիուլի ապրելու առիթը: Առիթ մը, որ այլեւս երբեք վերապրելու կարելիութիւնը պիտի չունենայի յաւիտեանս: Առիթ մը, որ եթէ հիմա կրկնուէր պիտի ջանայի
իր ամէն մէկ պահը արժէքաւորել ջանալով անձամբ մտերմանալ այդ
պարոնին հետ: Հարցումներ ուղղելով իրէն պիտի ջանայի իր կեանքի
պատմութիւնը լսել, իր փորձառութիւնէն բաներ մը սորուիլ:Շատ աւելի
մտերմաբար պիտի վարուէի իր յետ փոխանակ զայրանալու, որովհետև
ֆութպոլը ամէն օր կ’րնայի խաղալ, իսկ այդ աշխարհահռչակ համբաւ
ունեցող ու բոլորին կողմէ սիրուած եւ յարգուած պարոնին հետ անձամբ
ծանօթանալու և միասին ժամ մը անցնելու և զրուցելու առիթը այլևս երբեք
պիտի չունենայի:
-Երթաք բարով պարոն…
-Երթաք բարով Շարլ Ազնաւուր:
Օշին Էլակէօզ
Պոլիս- 10 Յունիս 2015

No comments:
Post a Comment