Subscribe

9 Jun 2016

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՈՐՈՇՈՒՄԸ 1915 ԴԷՊՔԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ









2 Յունիս թուականին Գերմանիոյ Խորհրդարանը ընդունեց, որ 1915 ի շրջանին Օսմանական կայսրութեան կողմէ Հայերու դէմ գործադրուածը, ցեղասպանութիւն էր: Այս որոշումէն վերջ սկսան բարձրանալ Թուրքիոյ կողմէ բողոքի ձայներ: Թէ հանրապետութեան նախագահը, թէ վարչապետը եւ թէ Թուրքիոյ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները խիստ յայտարարութիւններ ըրին Գերմանիոյ հասցէին այս օրինագիծին իրենց խորհրդարանին մէջ ընդունուած ըլլալուն պատճառաւ, պնդելով թէ այս որոշումը անարդար եւ քաղաքական որոշում մըն է

Միշտ պաշտպանած եմ այն տեսակէտը թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունման պայքարին մէջ Քիւրտերուն եւ Գերմանացիներուն բերելիք վկայութիւնները շատ մեծ կարեւորութիւն ունին, որովհետեւ առաջինները այդ ոճիրին իրականացման մասնակիցներն էին, իսկ երկրորդները առաջին աշխարհամարտի ժամանակ իրենց հզօր բանակով կը գտնուէին Օսմանական կայսրութեան մէջ, եւ մասամբ կ'իշխէին թէ այդ ժամանակուայ Ժէօն Թիւրք կառավարութեան եւ թէ բանակին վրայ:Գաղտնիքն մը չէ որ այդ տարիներուն Օսմանական բանակին ընդհանուր հրամանատարը Պրօնսարտ Ֆօն Շելլենտորֆ Գերմանացի էր եւ ըստ Հայազգի պատմաբան եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասնագէտ Վահագն Տատրեանի, արխիւներու մէջ կան բազմաթիւ փաստաթուղթեր, որոնք կը վկայէն որ Հայ ազգը դէպի մահ տանող աքսորի հրամանը տրուած է իր կողմէ: Նոյնպէս Օսմանական բանակին մէջ կը ծառայէին մեծ քանակութեամբ Գերմանացի բարձրաստիճան սպաներ եւ բոլոր պատահածներուն վկաներն էին ուստի իրենց վկայութիւնը շատ մեծ կարեւորութիւն ունի:

Քիւրտերը այսօր կը խոստովանին, կ'ընդունին եւ ցաւ կը յայտնեն թէ իրենք ալ մասնակից եղած էն Հայ ազգին բնաջնջումին:Իսկ 2 Յունիս թուականին Գերմանիոյ մէջ բոլոր կուսակցութիւններու կողմէ միասնօրէն պատրաստուած ցեղասպանութեան բանաձեւը խորհրդարանին մէջ քուէարկութեան ենթարկուեցաւ եւ քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ ընդունեց որ 1915 ին Հայերու դէմ գործադրուածը ցեղասպանութիւն էր:
 
Արդարեւ հարկ է կարդալ օրինագիծը որպէսզի տեղեկանալ թէ ինչ կը պարունակէ բանաձեւը իր մէջ: Նախ եւ առաջ բանաձեւը պատասխանատու չի նկատէր այսօրուայ Թուրք պետութիւնը, այլ այն ժամանակուայ Ժէօն Թիւրք կառավարութիւնը ընդգծելով որ իրականացած արարքը նախապէս ծրագրուած կազմակերպութիւն մըն էր:Բանաձեւը չի դատապարտէր միայն Հայերու դէմ գործադրուած ոճիրները, այլ կը ներփակէ 1915 թուականին բոլոր Քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն դէմ գործադրուած դաժան վերաբերմունքները:

Բանաձեւին մէջ կան նաեւ խիստ յատկանշական արտայայտութիւններ, որոնք կարելի են ընդունիլ ստոյգ պատասխաններ Թուրքիոյ կողմէ ամեն անգամ իրենց ուղղուած մեղադրանքներուն դէմ, ներփակելով օրինագիծին մէջ հետեւեալ յօդուածները . <<գիտակից ենք որ մենք ալ մեղաւոր ենք Հրեաներու դէմ մեր գործադրած Հոլոգոստի պատճառաւ>>: Այսպէս ըսելով նախ շեշտած կ'ըլլան թէ այս բանաձեւը ընդունելով, չեն կամենար իրենց Հրեաներու դէմ գործադրած ցեղասպանութիւնը խափանել իսկ միւս կողմէ Թուրքիոյ կողմէ ինչպէս միշտ իրենց ուղղուած մեղադրանքները նախապէս պատասխանած կ'ըլլան: Ասկէ զատ կայ այլ յատկանշական արտայայտութիւն մը եւս .<<Գերմանիոյ խորհրդարանը մեծ ցաւ եւ ամօթ կ'զգայ, որ այդ տարիներուն Գերմանիա Օսմանեան կայսրութեան զինուորական գլխաւոր դաշնակիցը ըլլալով հանդերձ եւ հակառակ որ մեր դիւանագէտներէն եւ միսիոնարներէն մեզ տեղեկութիւններ կը հասնէի Հայերուն համակարգուած ձեւով բնաջնջումի մասին եւ հակառակ որ կարելիութիւնը ունէինք արգելք հանդիսանալու ոչինչ ըրինք: Խորհրդարանը կ'ընդունի Գերմանիոյ պատմական պատասխանատուութիւնը այս հարցի շուրջ եւ կը յարգէ ոչ միայն այդ ոճրագործութեան ժամանակ զոհ գացածներուն յիշատակը այլ նոյնպէս այդ դժնդակ շրջանին Հայ կիները եւ երեխաները փրկելու համար պայքարողներուն յիշատակը եւս>>:

Այսինքն Գերմանիոյ խորհրդարանը չի դատապարտէր միայն այդ ժամանակուայ Ժէօն Թիւրք կառավարութիւնը այլ խոստովանութիւն մը եւ ինքնադատապարտում մըն ալ կ'ընէ բացէ ի բաց ընդունելով իրենց պատասխանատուութիւնը: Այսպէսով անվաւեր կը թողու Թուրքիոյ կողմէ միշտ իրենց հասցէին ուղղուած եւ ուղղուելիք բոլոր ամբաստանութիւնները:

Թուրքիոյ 1915 ի դէպքերու մասին բռնած դիրքը բոլորիս ծանօթ է, եւ ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ օտար պետութիւններու կողմէ առնուած բոլոր որոշումներէն վերջ, Թուրքիոյ կողմէ կը բարձրանան նման աղմուկներ եւ սպառնալիքներ կուղղուին որոշումը առնող երկիրներու հասցէին:

Այնուամենայնիւ այսօր այլեւս իրականութիւն մըն է որ անցեալ հարիւր տարիներու ընթացքին, այս հարցը պէտք էր շատոնց լուծուած ըլլար Թուրքիոյ կողմէ, այսպէսով օտար երկիրները իրենց ձեռքերուն մէջ խաղաքարտ պիտի չունենային Թուրքիոյ դէմ շահագործելիք, իսկ հիմա եթէ այս խնդիրը կը շահագործուի այդպէս ինչպէս կը պնդուի Թուրքիոյ կողմէ, ասոր միակ մեղաւորը Թուրք քաղաքականութեան ուրացողական քաղաքականութիւնն է: Մինչեւ ե՞րբ կարելի պիտի ըլլայ հետաձգել այս հարցին լուծումը: Մինչեւ ե՞րբ Թուրքիա կրնայ պնդել թէ իրենց պատմութեան մէջ բացարձակապէս գոյութիւն չունին սեւ էջեր:Կա՞յ միթէ աշխարհիս մէջ պետութիւն մը, որ իր պատմութեան մէջ սեւ էջեր ունեցած չըլլայ:Արդէն ինքնին անիմաստ պնդում մըն է այս պնդումը:Մեծ կամ փոքր բոլոր պետութիւնները իրենց անցեալին մէջ ունեցած են սեւ էջեր: Քանի՞ հարիւր տարիներ եւս պէտք է անցնին որ այս հարցը լուծուի:Մինչեւ ե՞րբ կարելի պիտի ըլլայ այս հարցին լուծումը պատմաբաններուն ուղղելու պատրուակով հետաձգել: Այս հարցը պատմաբաններու կողմէ լուծուելիք խնդիր մը չէ, պատմաբաններէն կարելի է օգտագործուիլ միայն պատմութեան մասին վերագրութիւն քաղելու նպատակով եւ արդէն մեծ թիւով թէ Թուրք եւ թէ օտար պատմաբաններ այս նիւթին շուրջ իրենց վճիռը տուած են արդէն: Այլ իրողութիւն մըն ալ այն է որ, 1919 թուականին իթթիհատականները ժամանակուայ Թուրք պետութեան կողմէ հեռակայ կարգով դատուեցան եւ մահուան դատապարտուեցան:Իսկ այսօր ինչու՞ համար կ'անտեսուի նախապէս տրուած վճիռ մը: Արդէն Անատոլուի մէջ երբ գիւղացիներուն հարցնէք, ձեզ բացէի բաց կը պատմեն թէ ինչ պատահած է 1915 ի տարիներուն այդ հողերու վրայ բնակող Հայերուն: Ոչ թէ միայն այսօր որ Թուրք հանրութիւնը ազատօրէն կ'արտայայտուի 1915 մասին, այլ քսան կամ երեսուն տարիներ առաջ եւս եթէ Անատոլուի գիւղացիներուն այս նիւթի մասին հարցում ուղղուէր անոնք անկեղծօրէն կը պատմէին թէ որ նահանգի, որ գիւղի մէջ ինչպէս բնաջնջուեցան Հայերը:

Պահ մը այս բոլորը մէկ կողմ դնենք . ես իբր անհատ քանի՞ տարիներ  եւս կարելիութիւնը պիտի ունենամ ապրելու որպէսզի պաշտօնապէս ոգեկոչեմ իմ մեծմօրս նահատակուած ընտանիքին յիշատակը:
 
 
Կը հաւատամ որ այլեւս ժամանակը եկած է որ Թուրքիա դրական քայլ մը նետէ այս խրթին հարցին լուծման համար: Արդարեւ կը հաւատամ որ այս հարցին լուծումը թէ Թուրքիոյ ձեռքը պիտի զօրացնէ համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ, թէ Թուրքիոյ դէմ այլ նպատակներ հետապնդող պետութիւնները իրենց խաղաքարտը կորսնցուցած պիտի ըլլան, եւ թէ պատճառ պիտի ըլլայ որ Թուրքիոյ դէմ ժխտական մօտեցում ունեցողները փոփոխութեան ենթարկեն իրենց մտայնութիւնը եւ վերջապէս, հազար տարիէ ի վեր նոյն հողերուն վրայ ապրող Հայ եւ Թուրք ժողովուրդին միջեւ վերջին հարիւր տարիներու ընթացքին գոյութիւն ունեցող փոթորիկը պիտի թաթրի եւ բարեկամական անուշ զեփիւռ մը պիտի սկսի փչել այս երկու ազգերու միջեւ:                  

 
9 Յունիս 2016 - Պոլիս     
         

No comments: