7 Oct 2016
ՄԵՐ ՏՆՕՐԷՆԸ
Շուրջ երեք տարիներ առաջ էին, երբ ես դեր հանգստեան չէի կոչուած եւ կը շարունակէի աշխատիլ Իտալական օդանաւային հաստատութեան մէջ: Ունէինք շատ երիտասարդ Իտալացի տնօրէն մը որ եօթը զատ երկիրներու մէջ մեր հաստատութեան ներկայացուցչութիւններուն ընդհանուր տնօրէնն էր եւ այս եօթը երկիրներու մէջ մաքոքի նման կը բաներ:Ամեն մէկ երկիր հազիւ քանի մը օր կրնար մնալ գործերը կանոնաւորելու համար, իսկ յետոյ կ'երթար միւս նահանգ: Ամուսնացած էր եւ ունէր աղուոր ընտանիք մը երկու փոքրիկ զաւակներով, բայց հազիւ քանի մը ամիսը անգամ մը ժամանակը կ'ունենար տուն երթալու եւ իր ընտանիքը տեսնելու: Առաւօտուն կանուխ երբ գրասենեակ երթայինք ինք արդէն հոն կ'ըլլար, իսկ գիշերները չէինք գիտէր թէ երբ տուն կը վերադառնար կամ կը վերադառնա՞ր արդեօք: Իր բոլոր օրերը կ'անցնէր պնակ մը պտուղով եւ շիշ մը ջուրով, թաղուած իր համակարգիչին մէջ, առանց տեղեակ ըլլալու թէ ինչ կը դառնայ իր շուրջ:
Օտար մեծ հաստատութիւնները շատ կը գնահատեն այսպէս ստրուկի նման իրենց ծառայող պաշտօնեաները եւ իրենց զանազան հրապուրիչ տիտղոսներ տալով եւ երբեմն ալ << օն՛ ապրիս>> մը ըսելով զիրենք կը քաջալերեն որպէսզի շարունակեն այսպէս ստրուկաբար աշխատիլ: Բայց կայսեր իրաւունքը կայսեր տալու համար ըսեմ որ այս մեր տնօրէնը արդարեւ շատ բարեսիրտ եւ ազնիւ անձ մըն էր, այդպէս որ մենք զինք մեր փոքրիկ եղբօր տեղ դրած էինք եւ կը ջանայինք ամէն ձեւով օգնական ըլլալ իրեն որպէսզի իր կռնակի բեռը քիչ մը թեթեւնայ: Օտար տնօրէններուն բարին արդարեւ շատ ազնիւ կ'ըլլայ իսկ չարը շատ վատ: Պաշտօնեաները կը նկատեն իրենց մէյմէկ ստրուկը եւ այդպէս կը վարուին իրենց հետ: Չէ որ իրենք եկած են Եւրոպական քաղաքավար երկիրէ մը իսկ մենք միջին արեւելքի յետամնաց երկիրներու քաղաքացիներ ենք, կը կարծեն թէ իրաւունքը ունին մեզ իրենց ծառաները նկատելու: Եթէ հարկ եղած ատեն ձեր բռունցքը սեղանին չիջեցնէք եւ զիրենք այս երազային վիճակէն չզթափեցնէք ի վերջոյ իսկապէս իրենց ծառաներուն կրնաք վերածուիլ: Երեսուն հինգ տարուայ աշխատութեան կեանքիս տեւողութեան շատ անգամներ նման օրինակներու վկայ եղած եմ : Բայց մեր տնօրէնը այդպէս մէկը չէր բացարձակապէս եւ եղբայրական յարաբերութիւն մը ունէինք իր հետ:
Օր մը, տարեդարձի մը առիթով ճաշարան մը հաւաքուած էինք գործընկերներովս միասին որպէսզի միասնօրէն հաճելի քանի մը ժամ անցնենք եւ մեր ընկերոջ տարեդարձը տօնենք:Մեր տնօրէնն ալ մասնակցած էր մեզի եւ ճիշտ իմ դիմացս կը նստէր, թաղուած նորէն իր համակարգիչի ստեղնաշարին միջանցքներուն մէջ: Ապսպրած էր միայն պնակ մը տապկուած գետնախնձոր եւ բաժակ մը գարեջուր: Իր ձախ ձեռքով գետնախնձորը բերանը կը դնէր իսկ աջ ձեռքով ալ համակարգիչին վրայ կ'աշխատէր առանց տեղեակ ըլլալու թէ ինչ կը դառնայ սեղանին շուրջ: Երբեմն մեր խօսակցութիւններուն կը մասնակցէր առանց գլուխը համակարգիչէն բարձրացնելու:
Յանկարծ բան մը զիս դրդեց եւ իրէն հետեւեալ հարցումը ուղղեցի.
- Քանի՞ տարեկան ես: Առանց գլուխը բարձրացնելու պատասխանեց:
-Երեսունը չորս , ինչու՞ հարցուցիր:
-Նայէ՛, ըսի իրէն, ես կարծես շաբաթ մը առաջ հազիւ քսան տարեկան երիտասարդ մըն էի, իսկ այսօր յիսուն երկու տարեկան եմ: Ահաւասիկ այսքան արաք անցան տարիները եւ աւելի ցաւալին ալ այն է որ, այսչափ մըն ալ չունիմ ապրելիք: Այսինքն կարծես շաբաթ մը վերջ, ես ոչ եւս պիտի ըլլամ այս աշխարհիս վրայէն: Դուն հիմա երեսուն չորս տարեկան ես, շաբթուան մը արագութեամբ եօթանասուն տարեկան ծերունի մը պիտի ըլլաս:Այսպէ՞ս է որ կը փափաքիս վատնել բոլոր քու տարիներդ:
Յանկարծ գլուխը համակարգիչէն վեր հանեց եւ երեսիս նայեցաւ: Շուարած կ'երեւէր, յայտնի էր որ մինչեւ այդ օր ոչ ոք իրեն այսպէս բան մը չէր ըսած եւ ինքն ալ չէր անդրադարձած:
-Ինչպէ՞ս այսպէս, ըսաւ:
-Ահաւասիկ հիմակուան պէս, աշխատելու համար ապրելով եւ առանց այս կեանքին գեղեցիկ պահերը եւ ուրախութիւնները վայելելով: Ոչ կերածէդ բան մը կը հասկնաս, ոչ խմածէդ, ոչ ալ մասնակցութիւն կը բերես այս տարեդարձի սեղանին ուրախութեան, խելքդ միտքդ գործիդ է: Դու՞ն ես այդ միակ անձը որ պիտի փրկէ այս հաստատութիւնը:Սքանչելի ընտանիք մը ունիս, ազնիւ տիկինով մը եւ երկու փոքրիկ զաւակներով բայց ոչ իրենց տխուր օրերուն իրենց մօտն ես, ոչ ալ իրենց ուրախ օրերուն: Ամիսը մէկ շաբաթավերջ հազիւ ժամանակ կը տրամադրես քու տունդ երթալու, ընտանիքիդ հետ միանալու: Կը յիշե՞ս արդեօք վերջին անգամ երբ էր որ ընտանիքիդ հետ շաբաթ մը արձակուրդ ըրիր առանց համակարգիչիդ եւ առանց առձեռն հեռաձայնիդ: Այո, գիտեմ, ինծի հիմա պիտի ըսես որ դուն իրենց համար լաւ ապագայ մը պատրաստելու համար է որ կ'աշխատիս:Ասիկա ալ ինքնախաբէութեան ամենէն անցողական արդարացումն է:
Քու զաւակներդ իրենց հօր ներկայութեանը կարիքը ունին, այլ ոչ թէ իրենց համար ապագայ պատրաստող անծանօթի մը: Մնաց որ այդպէս կեանք մը կ'ապրինք որ մեզմէ ոչ ոք գիտէ թէ ժամ մը ետք ինչ պիտի պատահի մեզի, ուրեմն կարելի չէ երբեք ապագայ մը ծրագրել այլ մեր ապագան կախեալ է մեր ճակատագիրէն: Տարիները շատ արագ կ'անցնին եղբայրս եւ կեանքը հակառակ բոլոր իր դժուարութիւններուն ու տգեղութիւններուն շատ գեղեցիկ է արդարեւ եւ ապրիլ պէտք է զայն: Երբ վաղը եօթանասուն տարեկանիդ հասնիս շատ ժամանակ պիտի ունենաս բայց հիմակուան ոյժը պիտի չունենաս կեանքին գեղեցկութիւնները ընտանեօք վայելելու: Զաւակներդ քեզմէ հեռացած պիտի ըլլան եւ հիւանդութիւններդ սկսած պիտի ըլլան:Երբ երիտասարդ ենք, կեանքը վայելելու համար պէտք եղած ոյժը եւ կարողութիւնը կունենանք բայց տնտեսական զօրութիւնը չենք ունենար: Իսկ երբ մեր տարիքը կը յառաջանայ մեր տնտեսականութիւնը զօրացած կ'ըլլայ բայց այն ժամանակ ալ մեզմէ կը պակսի այն ոյժը եւ այն եռանդը որ մեզի հարկ է կեանքը լիօրէն ապրելու համար:Գիտեմ որ դուն երկու կարելիութիւններն ալ միաժամանակ վայելելու կարողութիւնը ունիս. թէ կը պատկանիս հին ու ազնուական բարեկեցիկ իտալական գերդաստանի մը եւ թէ երիտասարդ ես, մինչեւ ե՞րբ պիտի վատնես քու կեանքդ աշխատելու համար ապրելով այլ ոչ թէ ապրելու համար աշխատելու: Վաղը երբ եօթանասուն տարեկանիդ հասնիս ու հանգստեան կոչուիս, կարելի է կը յիշես այսօր, այս սեղանին շուրջ իմ քեզ ըսածներս բայց կարելի պիտի չըլլայ ետ վերադարձնել վատնած տարիներդ ի սէր զանազան հաճելի տիտղոսներու եւ քու տնօրէններուդ կողմէ քեզ ուղղուած քանի մը քաջալերական խօսքի: Քանի դեր երիտասարդ ես եւ ժամանակ ունիս քիչ մըն ալ կեանքդ վայելէ:
Երբ խօսքս վերջացուցի, տեսայ թէ տնօրէնս պահ մը երեսս նայեցաւ մտածկոտ կերպով: Քանի մը վայրկեաններ այսպէս անցան, իսկ յետոյ իր համակարգիչը փակելով գետին դրաւ եւ սպասեակը կանչելով իրմէ օրուան ճաշերու ցանկը ուզեց:
Արդարեւ շատ արաք կը սպառի կեանքը, հետեւաբար զայն վայելել պէտք է ապրելու համար աշխատելով այլ ոչ թէ աշխատելու համար ապրելով մանաւանդ եթէ կարելիութիւնը ունինք այսպէս կեանք մը ապրելու, որովհետեւ երբեք կարելի պիտի չըլլայ կորսուած տարիները ետ բերել:
Մարմարա Օրաթերթ
Պոլիս - 29 Սեպտեմբեր 2016
Subscribe to:
Post Comments (Atom)
No comments:
Post a Comment