Subscribe

15 Oct 2016

Ո՞ՐՔԱՆ ԵՒՐՈՊԱՑԻ Է ԹՈՒՐՔԻԱ



   


Ամեն գիշեր հեռատեսիլէն սփռուած լուրերու միջոցաւ կը տեղեկանանք թէ, Թուրքիոյ քաղաքներէն մէկուն մէջ, հայրենակիցներու միջեւ ելած կռիւի մը պատճառաւ քանի մը հոգի մահացած եւ շատեր ալ վիրաւորուած են:

Երբ համացանցի վրայ պրպտեմ հասկնալու համար թէ ինչ եղած կրնայ ըլլալ այդ ընտանիքները քանդող, այսքան մեծ ողբերգութեան մը դրդապատճառը, կը տեղեկանամ թէ պատճառը արդարեւ շատ չնչին եւ նոյնիսկ ծիծաղելի է: Այսքան մեծ կռիւ մը պայթած է ահաւասիկ կամ երկու ինքնաշարժի վարորդներուն միջեւ երթեւեկի առաջնահերթութեան պատճառաւ վիճաբանութիւնէ մը, կամ ալ նոյն տան մէջ բնակող երկու ընտանիքներու միջեւ տեղի ունեցած պատշգամէն դուրս լուացք փռելու, կամ գորգ թօթուելու հարցով ծագած անհամաձայնութեան պատճառով:

Երկար տարիներ ապրած եմ Եւրոպայի մէջ եւ այժմ ալ յաճախ կը ճամբորդեմ դէպի Եւրոպա: Ամէն օր անպայման կը հետեւիմ Եւրոպական հեռատեսիլի կայաններուն մէջ սփռուած լուրերուն, բայց մինչեւ այսօր հանդիպած չեմ նմանօրինակ որեւէ լուրի:

Թուրք հայրենակիցներու միջեւ տիրող այս հոգեբանական հիւանդագին վիճակի պատճառը, ըստ իս այն է որ, մինչ Եւրոպայի մէջ ժողովուրդին իրարու հանդէպ ունեցած յարաբերութիւնը հիմնուած է իրարու դէմ յարգալիր վերաբերմունքի եւ դիմացինին անհանգստութիւն չպատճառելու հիման վրայ, Թուրքիոյ մէջ հիմնուած է ժողովուրդին իրարու նկատմամբ ունեցած յարգանքի պակասին եւ մէկուն պատճառած անհանգստութիւններուն նկատմամբ միւսին ցուցաբերած հանդուրժողականութեան հիման վրայ:

Աւելի հասկանալի ըլլալու համար հետեւեալ օրինակը տամ. երբ ձեր դրացին իր աղբը ձեր դռան առջեւ դնէ եւ դուք իրէն ազդարարութիւն ուղղէք, նախ վիճաբանութիւն մը, յետոյ վերեւ պատահած կռիւի նման դէպք մը կրնայ պատահիլ: Դրացին իր աղբը ձեր դռան առջեւ պիտի դնէ եւ դուք ատոր պիտի հանդուրժէք առանց առարկելու, իսկ վաղը երբ դուք պատշգամէն ձեր գորգը ձեր դրացիին գլխուն վրայ պիտի թօթուէք, ան ալ ձեզի պիտի հանդուրժէ առանց առարկելու, յիշելով որ դուք ալ ձեր կարգին օր մը առաջ իրէն բարեացակամութիւն ցոյց տուած էիք: Դրացիներու հետ ձեր յարաբերութիւնը այսպէս, իրարու նկատմամբ հանդուրժողութեան հիման վրայ պիտի շարունակուի մինչեւ որ օր մը ձեր կամ դրացիին համբերութիւնը սպառի եւ կռիւ մը պայթի:

Իսկ Եւրոպացին գիտէ եւ կը գործադրէ հասարակութեան մէջ միասնօրէն ապրելու կանոնները ու իր աղբը ձեր դռան առջեւ չի դնէր, դուք ալ իր գլխուն ձեր գորգը չէք թօթուէր, այսպէս դրացնութեան աւելի առողջ յարաբերութիւն մը հաստատուած կ'ըլլայ երկու դրացիներու միջեւ:

Այս օրինակը կարելի է քննարկել մեր ամէնօրեայ միջ-հայրենակցական յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն: Օրինակ Եւրոպայի մէջ երբ փողոցի երթեւեկի լապտերը կանանչ վարի, ձեր ետեւի ինքնաշարժներուն վարորդները անմիջապէս չեն կոխեր ճչակին եւ քաղաքավարօրէն կը սպասեն որ ճամբայ ելլէք: Կամ երբ երթեւեկի պողոտային վրայ հետիներու գծաւոր ճամբէն դիմաց կ'անցնիք, ինքնաշարժները կը սպասէն որպէսզի դուք հանգստօրէն դիմաց անցնիք, իսկ Թուրքիոյ մէջ ճչակին կոխելով իրենց կառքը ձեր վրայ կը քշեն եւ հաւանաբար ինքնաշարժին պատուհանը բանալով ձեզ վիրաւորական խօսք մըն ալ կ'ուղղեն: Եթէ դուք ձեր ինքնաշարժը կեցնէք առաջնահերթութիւն տալու համար հետիոտն դիմաց անցնողին, ձեր ետեւի վարորդները ճչակին կը կոխեն որպէսզի շարունակէք ձեր ճամբան: Այս պատճառաւ ալ բազմաթիւ են հետիներու յատուկ անցքին վրայ պատահած արկածները, որոնց հետեւանքով մարդիկ կը վիրաւորուին կամ կը մեռնին:

Թուրքիոյ մէջ կը պակսի հայրենակիցներուն իրարու հանդէպ յարգալիր վերաբերմունքի եւ ուրիշին իրաւունքը յարգելու դաստիարակութիւնը: Եթէ մօտէն հետեւելու ըլլաք ժողովուրդին առօրեայ վարքագիծին պիտի անդրադառնաք որ ան անգիտակծաբար հիմնուած է ուրիշին իրաւունքը բռնաբարելու հիման վրայ: Կամ ուրիշի մը ճամբան կը փակեն, կամ հերթի մը մէջ ուրիշին առջեւը անցնիլ կը ջանան,կամ ճաշարանները իրենց սեղանները կը տեղաւորեն ուրիշին դրան առջեւ եւայլն:

Ասոնք հարկաւ շատ փոքր օրինակներ են, բայց ունին իրենց ժխտական ազդեցութիւնը ժողովուրդին հոգեբանութեան վրայ եւ կրնան ունենալ շատ աւելի ծանր հետեւանքներ. Հարսանիքի նման ուրախ առիթի մը ժամանակ կամ ֆութպոլի յաղթանակէ մը վերջ օդին մէջ պարպուած ատրճանակներու պատճառաւ պատուհանէն դուրս դիտող անմեղ անձեր մանաւանդ երեխաներ իրենց կեանքը կը կորսնցնեն:

Եւրոպայի մէջ ժողովուրդին յաճախ գործածած բառերէն մէկը <<բարի օրեր>>ն է, իսկ միւսն ալ <<ներողութիւն>>: Մարդիկ երբ սխալ վերաբերում մը ցոյց տան, չեն վարանիր իրարմէ ներողութիւն խնդրելու, որովհետեւ իրենց փոքրիկ հասակէն սկսեալ այսպէս դաստիարակուած են: Հարկ եղած ժամանակ ներողութիւն խնդրելը կամ ուրիշին իրաւունքը իրեն յանձնելը մարդս չի նուաստացներ, ընդհակառակը զայն կը վեհացնէ: Իսկ մեր մօտ մարդիկ կը վախնան իրարմէ ներողութիւն խնդրելէ, որովհետեւ ըստ մեր մտայնութեան ներողութիւն խնդրելը իր յանցանքը ընդունիլ կը նշանակէ եւ ասիկա տկարութիւն կը նկատուի մեր մօտ: Ներողութիւն խնդրելու պարագային ալ ընդհանրապէս կը գործածուի <<թերութիւնը անտեսէ>> (քուսուրա պաքմա) խօսքը, որ կերպով մը իր մէջ կը պարունակէ հրամայական շեշտ, այլ ոչ թէ խնդրանք: Կարծէք ուրիշին իրաւունքը յարգել կամ ձեր իրաւունքը ուրիշին տալը ընդունուած է իբրեւ տկարութիւն, իսկ ուրիշին իրաւունքը ձերբակալելը քաջութիւն:

Մանչ զաւակներուն առնուած առաջին խաղալիքներէն մէկը ատրճանակն է: Ընտանեկան հաւաքոյթներու ժամանակ ամենէն հաճելի պահերէն մէկն է փոքրիկ տղուն հայհոյել տալու սովորութիւնը: Ընտանիքի մեծերը տղան իրենց դիմացը արած իրեն կ'ըսէն. օն..հայհոյանք մը անձակէ նայինք այս մօրեղբօրդ տեսնենք թէ ինչպէս կը հայհոյես, եւ յետոյ կուրախանան եւ զինք կը ծափահարեն: Երբ երեխան կռիւի մը բռնուի իր ընկերներէն մէկուն հետ, ասիկա շատ բնական ըլլալով կընդունուի ընտանիքին մեծերուն կողմէ: Մանչ զաւակ է, հարկաւ կռիւ պիտի ընէ, իսկ եթէ տղան պարտուած է, կը քաջալերուի որպէսզի յաջորդ անգամ աւելի կատաղօրէն կռուի իր ընկերոջ հետ:Ի վերջոյ տղուն ենթագիտակցութեան մէջ կը տեղաւորուի այն հիւանդագին մտայնութիւնը թէ իրաւ տղամարդ մը ըլլալու նախապայմաններն են լաւ հայհոյել եւ լաւ կռուիլ:

Դպրոցներու մէջ աշակերտներուն չափազանցուած կերպով կը դասաւանդուին պատմութեան մէջ տարուած ռազմական յաղթանակները եւ իրենց ենթագիտակցութեան մէջ կը տեղաւորուի այն մտայնութիւնը թէ թուրք ազգը ռազմիկ եւ զինուոր ազգ մըն է եւ ասիկա իբրեւ պարծանք կ'ընդունուի:

Կարելի՞ է սպասել արդեօք որ այսպէս դաստիարակուած պզտիկ մը վաղը երբ մեծնայ, յարգալիր եւ քաղաքակիրթ անհատ մը ըլլայ:Մինչդեռ Եւրոպացին պարծանք կը զգայ արուեստագէտ ազգ մը ըլլալէ:

Եւրոպացին իր տղան կը դաստիարակէ ըսելով թէ կրուիլը կամ հայհոյելը սխալ ու անքաղաքակիրթ վարուելակերպեր են:Արդէն տղան իր ծնողներէն կամ իր միջավայրէն չի տեսներ այսպիսի վերաբերմունք մը:Երբ երեխայ մը իր աղբը գետին նետէ, մայրը զինք կ'ազդարարէ եւ այդ աղբը գետնեն վերցնել տալով աղբաման նետել կուտայ, որպէսզի զաւակը այսպէս դաստիարակուի:

Եւրոպացի ըլլալ նախ եւ առաջ կը նշանակէ ունենալ քաղաքակիրթ հասունութեան որոշ մակարդակ եւ ժողովրդավարական ապրելակերպի հասունութիւն:Այս ալ կարելի է միայն նոր սերունդները այս ուղղութեամբ դաստիարակելով, բան մը որ կարճ ժամանակուայ մէջ իրականանալիք ծրագիր մը չէ, այլ կը կարօտի շատ երկար ժամանակի :

Եւրոպայի կողմէ թելադրուած օրէնքները երկրին խորհրդարանին մէջ որդեգրելը բաւարար չէ Եւրոպացիական մտայնութեան տիրանալու համար: Այս է պատճառը որ Թուրքիոյ մէջ տակաւին փափաքելի չափով տարածուած չէ Եւրոպացիական քաղաքակիրթ ապրելակերպը:Հարկաւ բացառութիւնները յարգելի են:

Կարելի է քանի մը տարուայ մէջ շինել աշխարհիս ամենէն երկար կամուրջը, փապուղին կամ ամենամեծ օդակայանը, բայց սերունդները դաստիարակելը շատ աւելի երկար ժամանակի կը կարօտի :Եթէ հարուստ էք կրնաք ձեր փափաքած ամեն ինչը գնել, բայց կարելի չէ դրամով ծախու առնել մշակոյթը եւ քաղաքակրթութիւնը: Ընդհակառակը, հարստութիւնը շատ անգամներ ժխտական ազդեցութիւն կ'ունենայ քաղաքակրթութեան վրայ, մանաւանդ եթէ անձը նիւթական զօրութեան տէր ըլլալու հասունութիւն չունի:

Չեմ ուզեր ըսել թէ Եւրոպացիներուն բոլոր ըրածները ճիշտ են, իսկ մերինները սխալ: Անոնք ալ ունին իրենց մշակութային թերութիւնները, ինչպէս որ մենք ալ ունինք մեր առաւելութիւնները: Հարկ է առաւելութիւնները իւրացնել եւ թերութիւնները սրբագրել, միայն այս կերպով նոր սերունդները պիտի կարենան տիրանալ քաղաքակիրթ, ազնիւ ու ժամանակակից ապրելակերպի:
   

               
Մարմարա Օրաթերթ

14 Հոկտեմբեր 2016

No comments: