Քանի մը օր առաջ մասնակցած էի գրական հաւաքոյթի մը, ուր հրաւիրեալներու միջեւ կային նաեւ արտասահմանէն քաղաքս ժամանած սփիւռքահայ գրագէտներ եւ խմբագրապետեր եւս: Անոնցմէ ոմանք արտայայտուեցան ըսելով թէ, պարբերաթերթի մը համար անհրաժեշտ է որակաւոր գրող ունենալը, որովհետեւ միայն այսպէսով կարելի է ընթերցողներու թիւը շատցնել, քանի որ որակաւոր գրողն է ընթերցողը ընթեռնելու մղողը, բայց ես համաձայն չէի իրենց հետ:
Հարկաւ թէ որակաւոր գրողը մեծ կարեւորութիւն ունի ընթերցողին համար , բայց ըստ իս հաւատարիմ ընթերցողն ալ որակաւոր գրողի մը չափ, նոյնիսկ շատ աւելի կարեւոր է եւ այս երկուքը յարաբերական կապ ունին իրարու հետ: Ընթերցողը կիզանիւթն է գրողին:
Մեր ազգին գրականութեան պատմութեան մէջ բազմաթիւ են, առանց շահ հետապնդելու եւ այս հետեւանքով չքաւորութեան մէջ մահացող գրողները: Գրելը գաղափարապաշտական ասպարէզ մըն է: Գրող մը առանց շահոյթ հետապնդելու կրնայ շարունակել գրել եթէ կան ընթերցողներ, որոնք կը հետեւին իր գրութիւններուն, բայց չի կրնար շարունակել գրել առանց իր գրութիւնները կարդացող ընթերցողներու գոյութեան եւ գնահատանքին:
Ընթերցողը ոգեւորութիուն մըն է գրողին համար, որուն բացակայութիւնը զինք անտրամադրութեան կը մատնէ: Երբ կը զրուցեմ մեր համայնքին ծանօթ գրողներէն ոմանց հետ, որոնք բազմաթիւ հատորներ հրատարակած են, կը տեսնեմ որ նոյնիսկ անոնք կը գանգատին ըսելով թէ երբեմն կը ծուլանան գրելու, մտածելով թէ հակառակ իրենց մեծ աշխատանքին գիտեն որ գոհացուցիչ պիտի չըլլայ ընթերցողներուն թիւը, որովհետեւ համայնքը կը ծուլանայ հայերէն կարդալէ: Ուստի երբեմն կը մտածեն թէ կարժէ՞ արդեօք շարունակել այս պայքարը մղել: Բայց յետոյ գաղափարապաշտութիւնը կը գերակշռէ եւ կը շարունակեն գրել, ի սէր ու յարգանք իրենց մայրենի լեզուին:
Եթէ իրենց նման արհեստաւոր ու վաստակաւոր գրողներ այսօր կը գանգատին ընթերցողներու պակասէ, մեզի նման երկրորդական գրողներ ինչպէս պիտի քաջալերուին եւ շարունակեն հայատառ գրելու պայքարը: Ըսել չէ որ մեր հայրենակիցները գիրք կարդալու սովորութիւն չունին, կամ մենք չենք ունեցած որակաւոր գրողներ: Մենք մեր պատմութեան տեւողութեան ունեցած ենք հարուստ գրականութիւն մը:
1915 ի եղեռնէն առաջ ունէինք բազմաթիւ որակաւոր գրողներ, որոնց արտադրած գրականութիւնը հասած է մինչեւ այսօր: Ունեցած ենք շատ որակաւոր գրողներ եղեռնի շրջանէն վերջ եւս: Այսօր ալ ունինք բազմաթիւ տաղանդաւոր գրողներ, բայց մեր նոր սերունդները, մեր երիտասարդները չէ որ գիրք չեն կարդար կամ չեն սիրէր կարդալ հայ գրագէտներու ստեղծագործութիւնները, այլ կը ծուլանան կարդալ հայերէն: Երբ հայ գրագէտի մը ստեղծագործութիւնը թարգմանուի թրքերէնի,անգլերէնի կամ ֆրանսերէնի, սիրայօժար կը կարդան: Աշխարհիս վրայ տարածուած հայ գրատուներու շնորհիւ, դիւրաւ կարելի է գտնել մեր հին եւ նոր գրագէտներու ստեղծագործութիւնները եւ զանոնք գնել համացանցի միջոցաւ: Համացանցը արդարեւ ինքնին հայ գրականութեան ովկիանոս մըն է, որ մեզ կը թոյլատրէ գտնել ամեն տեսակի հայերէն գիրքեր ու գրութիւններ եւ ձրիաբար բեռցնել մեր համակարգիչին վրայ: Ուրեմն հարցը գրութեան որակը չէ, այլ լեզուին հայերէն ըլլալն է դժբախտաբար:
Այսօր որպէսզի հայերէն գրողները բազմանան, հարկ է որ բազմանայ հայերէն ընթերցողներուն թիւը: Ասիկա շատ պարզ տնտեսագիտական կանոն մըն է. պահանջը պէտք է աճի որպէսզի աճի արտադրութիւնը: Եթէ ապրանք մը յաճախորդ չունի, այլեւս չարտադրուիր:
Քանի բազմանան ընթերցողները, պիտի բազմանան նաեւ գրողները, նոյնիսկ ընթերցողներուն մէջէն ալ պիտի ըլլան անձեր, որոնք պիտի մղուին գրելու գործունէութեան եւ այս բոլորին մէջէն որակաւոր գրողները երեւան պիտի ելլեն, որոնք պիտի շարունակեն ալ աւելի հարստացնել մեր գրականութիւնը:
Ըստ իս հակառակը կարելի չէ, այսինքն կարելի չէ գրողներուն քանակը եւ որակը շատցնել առանց շատցնելու ընթերցողները:
Հակառակ որ բազմաթիւ հայկական կազմակերպութիւններ աշխատանք կը տանին կանխելու համար արեւմտահայերէնի նահանջը, դեռ շօշափելի արդիւնք մը ձեռք չէ ձգուած դժբախտաբար եւ ապագայի համար ալ մեծ յոյսեր չկան: Հարկաւ թէ մեր ապրած երկիրներու լեզուներուն տիրապետութիւնը եւ մասնաւորապէս հեռատեսիլը, ժխտական մեծ դեր ունին այս կացութեան վրայ: Ունիմ բարեկամներ, որոնք գիտեմ թէ հակառակ որ ատենօք հայախօս ընտանիքներ էին, հետզհետէ վերածուեցան թրքախօս ընտանիքներու, հեռանալով իրենց մայրենիէն եւ հետեւաբար այսօր իրենց զաւակներն ալ թրքախօս դարձած են:
Մեր համայնքային կեանքին մէջ ոմանց կողմէ խստօրէն կը քննադատուին իրենց մայրենի լեզուէն հեռացող անձերը, առանց հասկնալ ջանալու թէ ինչ է իրենց պատճառաբանութիւնը եւ ասիկա պատճառ կ'ըլլայ որպէսզի անոնք հետզհետէ աւելի հեռանան իրենց մայրենիէն: Յատկանշական է տեսնել որ անոնց մեծամասնութիւնը ունի զօրաւոր հայկական ինքնութիւն եւ իրենք ալ ցաւ կ'զգան իրենց այս վիճակին համար, ուստի հարցը հայկական ինքնութիւնը չէ:
Պատճառաբանութիւններէն մէկը այն համոզումն է թէ, հայերէնը փոքր համայնքի մը կողմէ խօսուած անօգուտ լեզու մըն է եւ փոխանակ հայերէնի տիրապետելու համար ջանք թափելու, կարելի է անգլերէնի կամ ֆրանսերէնի նման շատ աւելի գործնական լեզուներ սորուիլ: Հետեւաբար փոխանակ զանոնք քննադատելու պէտք է հարցը ձեռք առնել ընկերաբանական տեսանկիւնէ եւ հասկնալ ջանալ թէ, որոնք են պատճառները որ զիրենք կը հեռացնէ իրենց մայրենի լեզուէն եւ ծրագիրներ արտադրել այս համոզումը փոխելու եւ պատճառները անհետացնելու համար:
Բժշկութեան մէջ հիւանդութիւն մը դարմանելու նախապայմանն է ճշգրիտ ախտաճանաչումը, եւ այս ալ կարելի կ'ըլլայ շնորհիւ բժիշկին եւ հիւանդին միջեւ ստեղծուած մտերիմ երկխօսութեան:Հարկաւ թէ բաւական դժուարին աշխատանք մըն է այս աշխատանքը, որ կը կարօտի կայուն ու անընդհատ գործողութեան:
Ինչպէս ըսած է Ալպերթ ԱյնշԹայն <<շատ աւելի դժուար է ջախջախել մարդոց նախապաշարումները քան թէ հիւլէի մէկ հատիկը>>:
Օշին Էլակէօզ
Մարմարա Օրաթերթ
21 Հոկտեմբեր 2016
No comments:
Post a Comment