Կրօնքը, հաւատացեալներու համար իր ամենապարզ իմաստով , Աստուծոյ կողմէ մարգարէներու ձեռամբ մարդոց թելադրուած կանոններու շարան է, որպէսզի մարդիկ աւելի պարկեշտ, մարդկային եւ օրինակելի ապրին: Կրօնքի առաջնահերթ նպատակներէն մէկն է մարդոց փրկութիւնը, բայց երբ քննելու ըլլանք մարդկութեան վերջի երկու հազար տարուայ պատմութիւնը, կը տեսնենք թէ կրօնքի պատճառաւ մոլորած եւ սպաննուածները շատ աւելի բազմաթիւ են քան թէ փրկուածները:
Մարդկութեան պատմութիւնը լի է միջկրօնային պատերազմներով: Մանաւանդ այս վերջին տարիներուն կը տեսնենք թէ կրօնքը վերածուած է կատարեալ <
Մարդուս չէ տրուած նոյնիսկ իր կեանքը վերջացնելու իրաւունքը, բայց այսօր կը տեսնենք թէ մարդիկ նոյն Աստուծոյ անունը հոլովելով զիրար կը սպանեն: Մեռցնողը կը սպաննէ իրէն թշնամի նկատող անձը, առանց մտածելու թէ իր սպաննած մարդն ալ ստեղծուած է սոյն Աստծոյ կողմէ եւ դիմացինն ալ կը հաւատայ սոյն Աստուծոյ որ ինք կը հաւատայ:
Աստուած ստեղծած է մարդը եւ միայն մարդը, այլ ոչ թէ ազգերը, ցեղերը, աշխարհագրական տարբերութիւնները, կրօնական խտականութիւնները, դաւանանքները ու աղանդները: Այսօր թէ քրիստոնէութեան եւ թէ իսլամական կրօնքի մէջ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ դաւանանքները, որոնք բոլոր իրենց պատմութեան մէջ իրարու դէմ պատերազմած են, հնարուած են մարդուս կողմէ իբր իշխանութիւն ձեռք բերելու միջոց: Եթէ մտերմօրէն քննելու ըլլանք պատճառները, որոնք պատմութեան մէջ պատճառ եղած են որպէսզի նոյն կրօնքի մէջէն բազմաթիւ դաւանանքներ մէջտեղ ելլեն ու վերջն ալ իրարու ծայր աստիճան թշնամի ըլլան, կը տեսնենք թէ անոնք արդարեւ շատ չնչին եւ տրամաբանական ոչ մէկ հիմք ունեցող պատճառներ են: Դարերու տեւողութեամբ, քրիստոնէական կրօնքի մէջ տարբեր դաւանանքներու պատկանողները չարաչար զիրար սպաննեցին: Այսօր իսլամ կրօնի պատկանողները անխղճօրէն իրար կը սպաննեն: Վասն ինչի եւ որու: Վասն Աստուծո՞յ կամ վասն Քրիստոսի՞ միթէ: Այն Աստուածը որ մեզ պատուիրած է զիրար չսպանել, կամ այն Քրիստոսը որ մեզ պատուիրած է սիրել մեր թշնամին մեր անձին նման միթէ կարելի՞ է որ գնահատէ, այսօր աշխարհի վրայ տիրող այս վայրենի ու ոճրագործ համակարգը: Բայց այն ոյժերուն համար որոնք կ'իշխեն աշխարհիս համակարգին, ոչ մէկ կարեւորութիւն ունի թէ ինչ պատուիրած է մեզի Աստուած: Ընդհակառակը անոնք կը շահագործեն թէ կրօնքի մտապատկերը եւ թէ զԱստուած, ի շահ իրենց տիրապետական եւ քաղաքական խարդախ հաշիւներուն:
Կրօնքը այսօր շեղած է ի բուն նպատակէն եւ աշխարհիս հզօր պետութիւններու կողմէ վերածուած է իրենց տիրապետութեան տակ առնել ուզած երկիրին մէջ խռովութիւն հանելով, այդ երկրին պետութիւնը տապալելու եւ երկիրը քանդելու միջոց: Ահաւասիկ այս է տարիներէ ի վեր Իրաքի, Սուրիայի եւ մերձակայ միջին արեւելեան պետութիւններու մէջ պատահածը:
Նախ ի շահ իրենց քաղաքական շահերուն երկրին մէջ յեղափոխութիւն մը հանելով Իրանի շահը տապալեցին, ու տարիներէ ի վեր Ֆրանսայի մէջ ապաստանութիւն գտնող ու այդ երկրին զօրակցութիւնը ստանալով զօրացող Այաթոլլահ Հումեյնին գործի գլուխ բերին, որպէսզի պայքարի իրենց թշնամի նկատուող ու Ռուսամէտ քաղաքականութիւն մը եղող համայնավարութեան դէմ, գիտնալով հանդերձ որ Հումեյնի ծայրայեղ մահմետական մըն էր, որովհետեւ գիտէին թէ ծայրայեղ իսլամը ամենամեծ թշնամին էր համայնավարութեան: Աւելի վերջ, Իրանի հետ պատերազմի տեւողութեան զօրակցեցան Իրաքի բռնակալ Սատտամ Հիւսէյինին, այն պատճառաբանութիւնով թէ Իրան իսլամական պետութիւն մըն էր եւ թշնամի կը նկատուէր իրենց կողմէ: Բայց Հումեյնի սկիզբէն ի վեր ծայրայեղ իսլամական մոլլա մըն էր արդէն: Աւելի վերջ, պնդելով թէ Իրաք քիմիական զէնք կարտադրէ գրաւեցին Իրաքը, շուրջ մէկ միլիոն անմեղ քաղաքացիի. կին,երեխայ,տարիքոտ եւ երիտասարդի մահուան պատճառ ըլլալով ու կախաղան հանեցին Սատտամ Հիւսէյինը, հակառակ որ Իրաքի մէջ քիմիական զէնք գոյութիւն չունէր: Իսկ հիմա հերթը հասաւ Սուրիային, ուր շուրջ հինգ տարիներէ ի վեր կը տիրէ միջ դաւանանքային վայրենի պատերազմ մը, ուր յայտնի չէ թէ ով կը պատերազմի որու դէմ: Իրենց նպատակին հասնելու համար, օգտագործուեցան այդ երկիրներու մէջ գտնուող դաւանանքային ու աղադային զանազանութիւններու միջեւ սադրանքներ հրահրելով զանոնք իրարու դէմ թշնամացնելէ:Այսօր Սուրիոյ մէջ դաժանօրէն իրար սպանող բոլոր կողմերը կը պատկանին նոյն իսլամ կրօնքին:
Հակառակ որ այս պատերազմները կ'անուանուին <<միջդաւանանքային պատերազմներ>>, իր խորքին մէջ անոնք հզօր պետութիւններու եւ աշխարհիս համակարգին վրայ իշխող ոյժերու կողմէ, համաշխարհային աշխարհագրութիւնը իրենց տիրապետութեան շահերուն ի նպաստ վերադասաւորելու նպատակով հրահրուած պատերազմներ են, ուր կրօնքը կը շահագործեն օգտագործուելով այդ երկիրներուն բնակչութեան տգիտութիւնէն: Բան մը որ ոչ դրամով ոչ ալ այլ կերպով կարելի պիտի չըլլար իրականացնել, կարելի եղաւ Աստուծոյ անունը եւ դաւանանքային տարբերութիւնները շահագործելով: Աշխարհիս վրայ այսօր տիրող իրավիճակը ինքնին արդէն հակառակ է բոլոր կրօններու ըմբռնողութեան:
Կարելի չէ գուշակել թէ մինչեւ երբ պիտի տիրէ այս դժոխային վիճակը եւ որ երկիրները իր ազդեցութեան տակ պիտի առնէ, քանի որ մարդ արարածը ստեղծուած բոլոր կենդանի էակներու միջեւ այն միակն է որ չի գիտեր յագենալ:
Օշին Էլակէօզ
Մարմարա Օրաթերթ
1 Նոյեմբեր 2016
No comments:
Post a Comment