10 Nov 2016
ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱ՞Ր ԹԷ ՄԽԻԹԱՐԱՆՔ
Վերջին տարիներուն աշխարհ մղուած է այդպէս կոչուած <<ահաբեկչութեան դէմ խիստ պայքար>>ի մը մէջ :Ահաբեկչական կազմակերպութիւնները միշտ գոյութիւն ունեցած են աշխարհիս վրայ, բայց անոնց գործունէութիւնը մինչեւ այսօր տարածաշրջանային էր ու սահմանափակուած քաղաքական մտայնութեամբ իրենց հակառակորդ նկատուած երկրով: Մինչդեռ այսօր ահաբեկչութեան ծաւալը հասած է միջազգային մակարդակի:
Ահաբեկչական հաստատութիւնները փոքրիկ հրոսախումբերէ բաղկացած չեն այլեւս, անոնք վերածուած են կատարեալ զինուորական բանակներու:Ունին հրասայլեր ,հրթիռներ, թնդանօթ եւ ամեն տեսակի արդիական զինամթերք: Պիտի չի զարմանամ եթէ վաղը անոնք տիրանան նաեւ պատերազմական օդանաւերու եւ ուղղաթիռներու:
Պետութիւններու նախագահներն ու վարչապետները ամեն առիթով կը յայտարարեն թէ պիտի շարունակեն իրենց պայքարը մինչեւ որ ահաբեկչութիւնը վերջ գտնէ, իսկ հայրենակիցները պէտք չէ որ մտահոգուին որովհետեւ ի վերջոյ պիտի յաղթահարեն ահաբեկչութիւնը: Ի~նչ նենգական յայտարարութիւն: Ահաբեկչական կազմակերպութիւնները ու՞րկէ կը ճառեն արդեօք այս մակարդակի արդիական զինամթերքը :
Կասկածներ կան, թէ այսօր աշխարհիս վրայ տիրող ահաբեկչական համակառքը ստեղծուած է հզօր պետութիւններու կողմէ, իբր ուրիշ պետութիւններու դէմ պատերազմելու միջոց: Փոխանակ ուղղակիօրէն պատերազմի մէջ մտնելու կ'օգտուին իրենց հովանաւորութեան տակ կազմուած ահաբեկչական կազմակերպութիւններէ, այդպէս ձեւացնելով թէ պատերազմողը իրենք չեն այլ ահաբեկչական կազմակերպութիւնն է, իսկ իրենք ալ դէմ են անոնց:
Անոնք նախ զինելով կը քշեն ահաբեկչական կազմակերպութիւնները աշխարհին այն աշխարհագրութեան վրայ, որ կը ցանկան իրենց տիրապետութեան տակ առնել, իսկ յետոյ երբ այդ երկիրը չի յաջողիր անոնց դէմ պէտք եղած պայքարը մղել, կը ներկայանան իբրեւ փրկարար ոյժ իրենց իշխանութեան տակ առնելով այդ երկիրը:
Այդպէս կ'երեւի թէ ահաբեկչութիւնը այսօր մեզ բոլորովին իր հակակշռին տակ առած է եւ մեր բոլոր ապրելակերպը ձեւաւորուած է ըստ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի սկզբունքներու, որ նոյնքան վնաս կը պատճառէ բոլորիս :
Որպէսզի ճշգրտօրէն հասկնանք այսօր ստեղծուած իրավիճակը, նախ եւ առաջ պէտք է հասկնալ թէ ինչ է ահաբեկչութեան բուն նպատակը: Ահաբեկչութիւն. բառին բուն իմաստով կը նշանակէ սարսափի ենթարկելու կամ սաստիկ վախցնելու գործողութիւն: Ահաբեկչութեան բուն նպատակն է ժողովուրդը անհանգստացնել եւ զանոնք ահաբեկելով, իրենց ապրելակերպը անհանդուրժելի կացութեան մատնել, իսկ սպանութիւնը այս նպատակին հասնելու համար միջոց մըն է միայն այլ ոչ թէ վերջնական նպատակ: Իրենց նպատակին հասնելու համար ահաբեկիչները կ'օգտագործուին ռմբակոծումներէ, սպանութիւններէ ու հանրութեան պատկանող ինչքերը կրակի տալէ եւայլն, որոնք շատ ազդու պատճառներ են, որպէսզի ժողովուրդը սարսափի մատնուի:
Պետութիւնները շարունակ ալ աւելի կը խստացնեն ահաբեկչութեան դէմ ձեռնարկուած միջոցառումները որպէսզի զայն յաղթահարեն: Բան մը որ կը ծառայէ ահաբեկիչներուն նպատակին, որովհետեւ այս ուղղութեամբ այդ ուղղութեամբ առ նուած ամեն քայլ, մեր հիմնական ազատութեան մէկ մասը կը սահմանափակէ վերածելով ժողովրդավար պետութիւնները հետզհետէ աւելի բռնակալ երկիրներու, զանոնք զիջումներ ընելու ստիպելով անձնական իրաւունքներէ:
Անդրադառնալու համար թէ ահաբեկչութիւնը այսօր որքան իրականացուցած է իր նպատակը, կը բաւէ քննել մեր առօրեայ ապրելակերպը: Առեւտրական բոլոր կեդրոններու մէջ տեղաւորուած են ապահովութեան ճառագայթարձակ գործիքներ, որոնց մէջէն ամէն օր բազմաթիւ անգամներ կ'անցնինք, տեղեակ ըլլալով հանդերձ թէ այդ գործիքները առողջապահական չեն, այլ քաղցկեղի պատճառ կ'ըլլան: Ստիպուած ենք անոնց մէջէն անցնիլ ապա թէ ոչ ներս չենք առնուիր:Ռումբի վտանգէն պաշտպանուելու համար քաղցկեղի վարակուելու վտանգի տակ կը մնանք:
Կը զգուշանանք բազմութեան մէջ մտնելէ, վախնալով թէ կրնայ ահաբեկչական արարք մը պատահիլ:Գետնուղիի, նաւի կամ հանրակառքի ճամբորդութեան ժամանակ, երբ ըստ մեր կարծիքին կասկածելի մէկու մը քով գտնուինք անմիջապէս մեր տեղը փոխելով կը հեռանանք հոնկէ, վախնալով որ այդ անձը կրնայ ինքզինք պայթեցնել, իսկ օդանաւային ճամբորդութիւնը վերածուած է կատարեալ տառապանքի:
Օդակայանի մուտքի ատեն մենք բոլորս կը խուզարկուինք մինչեւ մեր ներքնազգեստները, բազմաթիւ անգամներ անցնելով վերոյիշեալ հակաառողջապահական ճառագայթարձակ գործիքներու մէջէն: Կ'ստիպուինք հանել մեր գօտիները,կօշիկները,վերարկուները:Մեր պայուսակներէն դուրս հանել մեր համակարգիչները: Մեր պայուսակին մէջ գտնուող շիշ մը ջուրը անգամ մեզմէ կը գրաւուի:Իրաւունք չունինք մեր ձեռքի պայուսակներուն մէջ շիշ մը հոտ կամ հեղուկի այլ տեսակ մը փոխադրելու:
Աչքիս առջեւէն չ'անհետանար այն տեսարանը, որուն ներկայ գտնուած եմ օդանաւի ճամբորդութեան մը ժամանակ, երբ Եւրոպայի օդակայաններէն մէկուն մէջ ապահովութեան պաշտօնեան, հազիւ վեց տարեկան փոքրիկ տղու մը ձեռքէն նութելլա կոչուած քաղցրեղէնի անօթը առնելով աղբաման նետեց, առանց կարեւորութիւն տալու երեխային թափած արցունքներուն եւ իր մօր աղաչանքներուն , այն պատճառաբանութեամբ թէ անիկայ կրնար գործածուիլ օդանաւին մէջ ահաբեկչական արարք մը իրականացնելու նպատակով:
Բոլոր այս պայմաններու տակ որքա՞ն իրատեսական են պետութիւններուն ըրած յայտարարութիւնները թէ կը յաղթահարեն ահաբեկչութիւնը: Այդպէս կ'երեւի թէ ահաբեկչութիւնը առայժմ մեր առօրեայ կեանքը տակնուվրայ ընելով, մեզ բոլորովին իր ազդեցութեան տակ առած է արդէն իսկ:
Ահաբեկչութիւնը յաղթահարելու համար նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է որ պետութիւնները թիկունք չի կանգնին ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն, դասաւորելով անոնցմէ ոմանք իրենց համար օգտակար կազմակերպութիւններ իսկ ոմանք վնասակար: Աշխարհիս վրայ գոյութիւն չունի ո`չ մէկ ահաբեկչական կազմակերպութիւն որ օգտակար ըլլայ: Ի վերջոյ ան հիմնուած է մէկու մը վնաս պատճառելու նպատակով:
Պէտք է պետութիւնները հրաժարին այդ կազմակերպութիւնները ըստ իրենց ազգային շահերու շահագործելու մտայնութենէ: Այսօր ձեր շահագործած ահաբեկչական կազմակերպութիւնը վաղը ձեզ ալ կը զարնէ: Միշտ այդպէս եղած է:
Զինամթերք չվաճառել ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն եւ հալածել ու դատապարտել զէնք արտադրող հաստատութիւնները որոնք զինամթերք կը վաճառեն անոնց: Կասեցնել դէպի ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն իրականացող դրամի հոսքը:
Նկատի առած այսօր աշխարհիս վրայ տիրող քաղաքական հիւանդոտ մտայնութիւնը, այդպէս կ'երեւի թէ տակաւին երկար տարիներ ստիպուած ենք ապրելու այս ահաբեկչական համակառքին մէջ, որ փոխանակ բարելաւելու հետզհետէ ալ աւելի կը վատթարանայ, իսկ մենք զմեզ պիտի շարունակենք մխիթարել հաւատալով թէ աշխարհիս վրայ իսկապէս պայքար կը մղուի ահաբեկչութեան դէմ:
Մարմարա Օրաթերթ
10 Նոյեմբեր 2016 - Պոլիս
Subscribe to:
Post Comments (Atom)
No comments:
Post a Comment