Subscribe

18 Nov 2016

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅԵՐԷՆ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ ԹԷ ՔՈՎ ՔՈՎԻ

  

     Համացանցի միջոցաւ քանի մը հայ բարեկամներ  իրարու հետ գրութիւններ կը փոխանակէինք, որոնց մէջ կային նաեւ Հայաստանցի բարեկամներ: Երբ անոնցմէ մէկը բան մը գրեց ուղղուած բոլորիս, ես ալ իրէն պատասխանեցի արեւելահայերէնով, գործածելով  արեւելահայերէն ուղղագրութիւն: Քիչ վերջ արեւմտահայ մէկ բարեկամես զիս քննադատող   անձնական ել-գիր մը ստացայ:

    Բարեկամս զիս կը քննադատէր այդ պատճառաւ թէ ես գրած էի գործածելով արեւելահայերէն ուղղագրութիւն:Ան ինծի կը հարցնէր թէ, արդեօք չէի՞ գիտէր որ արեւելահայերէն ուղղագրութիւնը, Սովետական վարչաձեւի ժամանակ, լեզուի տարբերութիւն ստեղծելով  հայ ազգը իրարմէ բաժնելու նպատակը կրող   ծրագիրի մը համաձայն, գիտակցաբար փոփոխութեան ենթարկուած ուղղագրութիւն մըն էր, ուրեմն ինչու՞ համար ես զայն կը գործածէի եւայլն:

    Հարկաւ թէ  գիտէի  արեւմտահայ բարեկամիս պատմած նիւթը: Արժանթինահայ տաղանդաւոր գրող այժմ հանգուցեալ Պետրոս Հաճեան, իր 100 տարի 100 պատմութիւն<100 100=""> անուն գիրքին մէջ մանրամասնօրէն բացատրած է մեր պատմութեան այդ բախտորոշ  դրուագը,  բայց այս հարցը բանավէճելու  պարտականութիւնը մեզի չվերաբերիր, քանի որ մենք  ոչ հայագէտ ենք ոչ ալ լեզուաբան եւ ոչ մէկ իշխանութիւն ունինք այս նիւթի մասին վճիռ արձակելու ու մեր բարեկամները  քննադատելու: Այս նիւթին հետ զբաղող  բազմաթիւ ակադեմականներ եւ գրագէտներ  կան արդէն  որոնք իրենց մէջ կը վիճաբանին, քանի որ անիկա արդարեւ իրենց մէկ պաշտօնն է, թող մենք ալ զերծ մնանք ատկէ եւ ի զուր տեղ զիրար չվշտացնենք: Մնաց որ մեր իրարու հանդէպ ըրած քննադատութիւնները, զիրար անտեղիօրէն սրտաբեկելէ  զատ գործնական ոչ մէկ արդիւնք պիտի ունենայ:  
 
   Անգլիացիի մը հետ իրենց նման հաղորդակցելու համար մեծ ջանք կը թափենք, մեր բերանը կը ծրենք  որպէսզի իրենց պէս անգլերէն խօսինք: Հազիւ քիչ մը ֆրանսերէնի կը տիրապետենք անմիջապէս մեր հնչիւնը կը փոխենք, հնչելով <<ր>> տառը իբր <<ղ>> որպէսզի աւելի ֆրանսացի երեւինք, Պոլսոյ մէջ հայերէնը այլեւս կը խօսուի թուրքի առոգանութեամբ, ֆրանսայի  մէջ ֆրանսացիի, Ամերիկայի մէջ ամերիկացիի, իսկ երբ առիթը  հանդիսանայ մեր մայր հայրենիքէն ազգակիցի մը հետ հաղորդակցելու, անմիջապէս վերապահական վերաբերմունքի մէջ կը մտնենք արեւելահայերէնի հանդէպ:

   Գերմանացիի մը գործածած գերմաներէնը թէ առոգանութեամբ եւ թէ ուղղագրութեամբ   կը տարբերի  Աւստրիացիի մը գերմաներէնէն, իսկ Քանատացիի ֆրանսերէնը, ֆրանսացիինէն: Ամեն լեզու ունի իր տարբերութիւնները որոնք ըստ իս այդ լեզուին սեփական մէկ համն է:

   Ես երբ կը հաղորդակցիմ  արեւելահայ բարեկամներուս հետ, կը ջանամ գործածել իրենց Հայերէնը  իբր  յարգանք բարեկամներուս եւ ես ասիկա կը նկատեմ իբրեւ տեսակ մը համակրական հասկացողութիւն: Եթէ չի գիտնայի խնդիր չկար բայց քանի որ գիտեմ ինչու համար չգործածեմ: 

     Ուսուցումը ինքնին ուղեղալուացքի տեսակ մըն է: Ամեն պետութիւն ըստ իր երկրին մէջ տիրող վարչակարգի մտայնութեան, երկրին մէջ ի զօրու  եղող կրթութեան համակառքի միջոցաւ կը դաստիարակէ, այլ խօսքով ուղեղալուացքի կը ենթարկէ իր հայրենակիցները իրենց փոքրիկ տարիքէն սկսեալ: Իսկ հայրենակիցները ստիպողաբար  կը ենթարկուին այդ համակառքին: Եթէ պետութեան մտայնութիւնը կը կրէ  հորին նպատակներ,արդար վարուելակերպ մը պիտի չըլլայ այս պատճառաւ մեղադրել հայրենակիցները եւ խտրականական դիրք գրաւել անոնց դէմ:Իսկ եթէ հարց մը կայ որ լուծման կը կարօտի, ըստ իս անիկա այդ նիւթի մասին որոշում տալու հեղինակութիւնը ունեցող անձերու կողմէ է որ պէտք է հարթուի:       

    Մուրաթ Ռափայէլեան վարժարան յաճախած տարիներուս վարժարանին խիստ մեծամասնութիւնը բաղկացած էր պարսկահայերէ եւ ես իրենցմէ սորուած էի իրենց նման արեւելահայերէն խօսիլ ու գրել,  այնչափ որ զիս ալ իրենց քաղաքացի կը կարծէին եւ կը զարմանային թէ ինչու համար չեն ճանչնար զիս եւ իմ ընտանիքս: Երբ Պոլիս վերադարձայ, առիթը չունենալով խօսիլ շարունակելու  արեւելահայերէն, այսօր  հմտութիւնս քիչ մը  կորսնցուցած եմ բայց կը շարունակեմ հետեւիլ Հայաստանի հեռուստատեսութեան եւ մեծ հաճոյքով, արեւելահայերէնով  կը կարդամ արեւելահայ գրագէտներու վէպերը մասնաւորապէս Րաֆֆիի, Կոստան Զարեանի եւ Խաչատուր Աբովեանի:

    Մենք հայրենակիցներուս  առաջնահերթ պարտականութիւնն է տէր կանգնիլ մեր մայրենի լեզուին, ջանալով զայն ներառել մեր առօրեայ խօսակցական կեանքին մէջ  ու զայն փոխանցել մեր ապագայ սերունդներուն: Կը հաւատամ թէ այսպէսով մենք արեւմտահայերս, ի մասնաւորի սփիւռքահայերը  շատ աւելի օգտակար ծառայութիւն մը գործի դրած կ'ըլլանք մեր մայրենիին հանդէպ  եւ  մի գուցէ կարելի կ'ըլլայ փրկել արեւմտահայերէնը մօտ ժամանակուայ մէջ զինք սպասող ստոյգ անհետացումէ:   

    Քանի որ առիթը հանդիսացաւ,  յայտնեմ թէ ես ալ իմ կարգին ունիմ գանգատ մը  Հայաստանի մամուլի եւ հեռատեսիլի կայաններու հասցէին, բայց իմ գանգատս բոլորովին տարբեր է եւ լուծումն ալ շատ աւելի  թիւրին: Հայաստանեան մամուլը եւ հեռատեսիլի կայանները, իրենց լուրերու եւ ծրագիրներու տեւողութեան   շարունակ կը գործածեն ռուսերէն բառեր, հակառակ որ անոնց հայերէնները գոյութիւն ունին մեր հարուստ մայրենիին մէջ:

    Հայաստանի հեռատեսիլի կայաններէն սփռուած ծրագիրներու մէջ երբեմն կը հանդիպիմ  ծրագիրներու, որոնք կը գործածեն այնպէս զօրաւոր ռուսերէն առոգանութիւն եւ բառամթերք որ զանոնք կարենալ հասկնալու համար  առնուազն պէտք է քիչ մը տիրապետել ռուսերէնի:
  
 Հասկնալի է որ հասարակ ժողովուրդը իր առօրեայ խօսակցական լեզուին մէջ, երբեմն գործածէ օտար բառեր բայց մամուլը եւ հեռատեսիլը զերծ պէտք է ըլլան այս առանձնաշնորհումէն, որովհետեւ ասիկա պատճառ կ'ըլլայ որ մեր ազգակիցները հետզհետէ հեռանան իրենց մայրենի լեզուէն, կարծելով որ մենք ունենալով աղքատ լեզու մը ստիպուած ենք  գործածելու օտար բարեր:
 
  Կը հաւատամ թէ եթէ մենք ազգ ըլլալով, բոլոր մարզերու մէջ փոխանակ աւերիչ քննադատութիւններ ընելու իրարու հասցէին,  լուծուինք մեր իրական պարտականութիւնները աւելի արժանի կերպով իրականացնելու գործունէութեան,   մեզ ազգը պիտի ըլլայ շատ աւելի արտադրող ազգ մը ու շինիչ ներդաշնակութիւն մը պիտի տիրէ մեր բոլորիս միջեւ:


Մարմարա Օրաթերթ
18 Նոյեմբեր 2016

         

No comments: