Subscribe

2 Dec 2016

ԿԱ՞Յ ԱՐԴԵՕՔ ԻՐԱԿԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՈՆ ՄԸ ՄԵԶ ՀԱՄԱՐ



      Օր չըլլար որ հեռատեսիլէն, թեթերէն կամ ընկերային հաղորդակցութեանց ցանցի միջոցաւ չլսենք հետեւեալ մոգական բառը . <<ազատութիւն>>:

     Խօսքի ազատութիւն, արտայայտուելու ազատութիւն, ապրելակերպի ազատութիւն, միասեռականներու ազատութիւն, հաւատքի ազատութիւն, եւայլն: Աշխարհիս ամեն կողմ մարդիկ ազատութիւն բառը հոլովելով փողոցները կը թափին, ցոյցեր կը կազմակերպեն, ապահովութեան պաշտօնեաներու հետ բախումի մէջ կը մտնեն, որովհետեւ մարդուս բնութեան մէջ ազատ ապրելու ցանկութիւնը կայ եւ ասիկա իր ամենէն բնական իրաւունքն է արդարեւ:

     Այնուամենայնիւ կարժէ մտածել մեր այս աշխարհիս վրայ ապրած կեանքին պայմաններուն մասին, անդրադառնալու համար թէ կա՞յ արդեօք իրական ազատութիւն մը մարդուս համար, թէ ոչ ազատութեան խորհուրդը նենգութիւն մըն է միայն: Մեր անձնաւորութիւնը մեր ծնած օրէն սկսեալ կը կազմուի ոչ թէ ըստ մեր ազատ կամքի, այլ ուրիշներու կողմէ մեզ պարտադրուած համակարգի մը ուղղութեան:

     Ո՞րքան իրապաշտական է խօսիլ մարդուս ազատութեան մասին, քանի որ մենք կ'ապրինք այդպէս համակարգի մը մէջ ուր մեզ չէ տրուած նոյնիսկ մեր անունը որոշելու ազատութիւնը: Դեռ աշխարհ չեկած մեր անունը արդէն իսկ որոշուած է մեր ծնողներու կողմէ եւ մենք կ'իւրացնենք մեզ վայլեցուած անունը: Որոշուած է նոյնիսկ մեր հաւատքը, մեր ստանալիք ուսումը եւայլն:

     Մեր փոքրիկ հասակէն սկսեալ ստիպողաբար կը ենթարկուինք զօրաւոր ուղեղալուացքի մը, երկրին մէջ ի զօրու եղող ազգային կրթութեան նախարարութեան կրթական ծրագիրի համաձայն, որ կը ցոլացնէ մեր ապրած երկրի մէջ տիրող վարչաձեւի մտայնութիւնը : Եթէ հայրենակիցն ենք համայնավար երկրի մը, մեր միտքը կը ձեւաւորուի ըստ համայնավար սկզբունքներու ուղղութեան, եթէ հայրենակիցն ենք իսլամական երկրի մը, մեր ուղեղը կը ձեւաւորուի ըստ իսլամական սկզբունքներու ուղղութեան, իսկ եթէ հայրենակիցն ենք եւրոպական աշխարհիկ երկրի մը, մենք կը դաստիարակուինք ըստ եւրոպական աշխարհիկ սկզբունքներու ուղղութեան:Կարելի է քննարկել թէ ասոնցմէ որն է աւելի ճիշտ կամ որը սխալ, բայց չի փոխուիր այն իրականութիւնը թէ ասոնցմէ ոչ մէկուն որոշումը մեր կողմէ չէ տրուած:

    Եթէ առնէք համայնավար ընտանիքի մը նորածին զաւակը եւ զայն յանձնէք ֆաշիստ ընտանիքի մը, այդ տղան ապագային կը վերածուի ծայրայեղ ֆաշիստի, որ եթէ յարկ եղած պայմանները ստեղծուին, անգիտակծաբար թշնամի կը դառնայ իր բուն հոր եւ եղբայրներուն նոյնիսկ կրնայ զանոնք սպաննել:

     Մեր փոքրիկ տարիքէն սկսեալ, ըստ մեր ծնողներու նախընտրանքին կը մղուինք դժուարին մրցումի մը մէջ, որպէսզի աւելի լաւ համալսարաններու մէջ ուսանելու իրաւունքը ձեռք բերենք եւ ապագային աւելի մատչելի ասպարէզի մը տիրանանք: Այս պայքարի տեւողութեան մեր միւս դասընկերները, որոնց հետ տարիներու տեւողութեան եղբայրական կապ հաստատած ենք, մեր կողմէ կը նկատուին մեր մրցակիցները: Անոնք պէտք է որ չի յաջողին որպէսզի մեր յաջողելու հաւանականութիւնը աւելնայ:Այսպէսով մեր փոքրիկ տարիքէն սկսեալ մեր մէջ կը տեղաւորուի,մեր բաղթը ուրիշին դժբախտութեան վրայ հիմնելու մտայնութիւնը:

     Համալսարանը աւարտելէ վերջ երբ կը մտնենք աշխատութեան կեանքի մէջ, հոն աւելի խստօրէն կը գործադրուի այս մտայնութիւնը: Մեր տնօրէնի կողմէ գնահատուած պաշտօնեայ մը ըլլալով աւելի լաւ պայմաններու տիրանալու համար, պէտք է մեր միւս գործընկերներէն աւելի շատ արտադրենք:Անոնք պէտք է որ կորսնցնեն որպէսզի մենք շահինք: Եթէ հարկ է պէտք է անոնց ոտքը սահեցնենք որպէսզի մենք բարձրանանք:Այսպէսով բոլորս կարճ ժամանակուայ մէջ կը վերածուինք աշխատութեան կեանքի մոլիներու:

     Եթէ դիտէք առաւօտ կանուխ դէպի իրենց աշխատած հաստատութիւնները սուրացող մարդոց վիճակը, կը տեսնէք թէ բոլորն ալ անբնական աճապարանքի մը մէջ են: Վազվռտուք մը կը տեսնէք ընթուղիի, կամ հանրակառքի կայարաններու մէջ: Ոմանք բոկեղ մը խածնելով իրենց նախաճաշը ճամբու վրայ ընել կը ջանան, ոմանք պտուղի ջուր մը կը խմեն եւ կը վազեն որպէսզի ուշ չի մնան իրենց գործին, ապա թէ ոչ պիտի քննադատուին իրենց տնօրէնին կողմէ: Որպէսզի արժէքաւոր եւ գնահատուած պաշտօնեայ մը ըլլանք մեր հաստատութեան վարչութեան կողմէ, պէտք է միշտ պայքար մղենք աւելի շատ արտադրելու եւ նոյնիսկ աշխատինք մեր աշխատութեան ժամերէն դուրս եւս:

     Արտադրութեան գործի մէջ առաջնահերթութիւնը տրուած է նիւթական շահի արտադրութեան: Այն պաշտօնեան որ աւելի մեծ գումար կը շահեցնէ իր հաստատութեան, բոլորէն աւելի կը գնահատուի:Կարեւորութիւն չունի թէ այդ պաշտօնեան ինչ խարդախութիւններ գործի դրած է այդ շահը ձեռք բերելու համար: Եթէ լաւ հասոյթ կ'ապահովէ մնացածը շատ ալ կարեւոր չէ աշխարհիս վրայ այսօր տիրող համակարգի համար:

     Բոլոր տարի մը չարաչար կ'աշխատինք, որպէսզի տարեկան արձակուրդ ընելու իրաւունքին արժանանանք, այն ալ կախեալ է մեր տնօրէնին մեզ տալիք արտօնութիւնէն, ան է որ կը որոշէ թէ որ թուականներուն եւ քանի օր կրնանք արձակուրդի երթալ:

     Պետութիւններուն իրենց հայրենակիցներուն պարտադրած տուրքի համակարգն ալ այլ տեսակ բռնակալութիւն մըն է: Ձեր դօշակը դեռ ձեր ձեռքը չանցած, կարեւոր մէկ մասը արդեն իսկ ձեզմէ կը խլուի: Ձեր շահած ամէն մէկ ղրուշին համար ստիպուած էք պետութեան տուրք վճարելու: Չնայած որ դուք արդէն ձեր տուրքը վճարած էք ձեր ստացած դօշակէն, ձեր գնած բոլոր առարկաներուն համար ալ ստիպուած էք յաւելեալ ունեւորութեան տուրք վճարելու: Ջերմութեան համար ձեր սպառած վառելանիւթի կամ հաղորդակցութեան համար գործածած հեռաձայնի հաշուեցոյցերու մէջ, ձեր օգտագործման սակէն զատ դարձեալ յաւելեալ տուրքերեր կը վճարէք: Ձեր խմած ջուրին, շնչած օդին համար նոյնիսկ տուրք կը վճարէք:

     Պետութիւններուն իր հայրենակիցներուն պարտադրած հարկային համակառքը, այսօր վերածուած է զանոնք հարստահարելու միջոցի: Եթէ իրենց հարցնենք, կըսեն որ այս տուրքերով պետութիւնը մեզ համար կը շինէ ճամբաներ,կամուրջներ, հիւանդանոցներ եւայլն, բայց այս ալ ուրիշ խաբկանք մըն է քանի որ անոնցմէ օգտագործուելու համար, դարձեալ ստիպուած ենք վճարում ընելու:

     Այս վիճակը մեզ բնական կը թուի, որովհետեւ մեր բոլորիս ուղեղը լուացուած է այս ուղղութեամբ, այսպէս տեսած ենք մեր մեծերէն եւ այս բոլորը օրէնքի տակ առնուած է մեզմէ վերադաս համարուողներու կողմէ: Ափսոս որ այդ անձերն ալ նորէն մեր կողմէ է որ կընտրուին:

     Վերջին հաշուով ազատութիւն կոչուածը, մեր մէջը ապրած համակարգին հնազանդելու պայմանաւ, հազիւ շունչ առնելու եւ զմեզ ազատ զգալու չափ, մեզ շնորհուած փոքրիկ ազատ շրջանակէ ուրիշ բան մը չէ: Իսկ եթէ չհնազանդինք համակարգին, այդ ազատութեան իրաւունքը նոյնիսկ չենք ունենար: 


Մարմարա Օրաթերթ 
2 Դեկտեմբեր  2016 - Պոլիս  




 




 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 
 
 

No comments: