Subscribe

16 Dec 2016

ՄԱՐԴՈՒՍ ԱՄԵՆԱՄԵԾ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆԸ



 

      Եթէ ինծի հարցնէք թէ որն է այս աշխարհիս վրայ մարդուս ցոյց տուած ամենամեծ քաջութիւնը, ձեզ կը պատասխանեմ ըսելով թէ կին ըլլալով ապրիլն է:
      Աշխարհիս բնակչութիւնը, այսօր հասած է շուրջ եօթը միլիառ եւ կէսի: Եւրոպական երկիրներու, ԱՄՆ ի եւ այլ ժողովրդավարական վարչաձեւով կառավարուող յառաջդիմական, քաղաքակիրթ եւ կանանց իրաւունքներու նկատմամբ յարգելից վերաբերմունք ցուցաբերող երկիրներու բնակչութեան թիւն է առաւելագոյն մէկ միլիառ եւ կէս:Ուրեմն այսօր աշխարհիս վրայ շուրջ վեց միլիառ մարդ կ'ապրի այդպէս երկիրներու մէջ, ուր չեն յարգուիր մարդու իրաւունքները եւ ժողովրդավարական արժէքները: Նկատի առած որ աշխարհիս բնակչութեան կէսը բաղկացած է կիներէ, կրնանք ըսել թէ երեք միլիառէ աւելի կին այսօր կ'ապրի անհանդուրժելի պայմաններու մէջ:
      Եթէ պահ մը հեռանանք մեր տուներուն մէջ մեր ապրած, հայաշունչ, խաղաղ միջավայրէն ուր զոյգերը իրարու հանդէպ յարգալիր վերաբերմունք ցոյց տուած, եւ եթէ համակրական հասկացողութեամբ մտածենք երեք միլիառէ աւելի կնոջ ապրած կեանքի պայմաններուն վրայ, որոնք մեծամասնութեամբ կ'ապրին Միջին Արեւելեան, ծայրայեղական իսլամական, կամ այլ յետամնաց Ափրիկեան եւ Մերձաւոր Արեւելեան երկիրներու մէջ ,պիտի անդրադառնանք որ այդ երկիրներուն մէջ կիներ կ'ապրին ստրուկի դժոխային կեանք մը եւ ամենամեծ տառապանքը իրենք են որ կը կրեն:
      Իրենց ծնած օրէն սկսեալ ժխտական վերաբերմունք կը ցուցաբերուի իրենց հանդէպ: Աղջիկ զաւակը յարգի չէ այդ երկիրներուն մէջ, զաւակէ չի սեպուիր, առանց նկատի առնելու թէ ան խնձորին միւս կէսն է եւ կարելի չէ նոյնիսկ ծնիլ առանց կանանց գոյութեան: Աղջիկ զաւակները իրենց փոքրիկ հասակէն սկսեալ խտրականութեան եւ բազմաթիւ ճնշումներու կը ենթարկուին:
      Կանայք իրաւունք չունին նախաձեռնութիւն ձեռք առնելու, սիրահարուելու եւ իրենց նախընտրած այրին հետ ամուսնանալով ընտանիք կազմելու, հաստատութեան մը մէջ աշխատելով տնտեսական անկախութիւն ձեռք բերելու, առանձին փողոց ելլելու եւայլն: Կանայք ստիպուած են ապրելու այրերու վերահսկողութեան տակ:

      Ափրիկեան երկիրներու մէջ ապրող աղջիկ զաւակները, ըստ իրենց աւանդութեան թլփատումի նման տառապալից եւ վտանգաւոր գործողութեան կ'ենթարկուին, ինչ որ պատճառ կըլլայ որպէսզի շատեր մահանան իրենց փոքրիկ հասակին մէջ :
      Բազմաթիւ յետամնաց երկիրներու մէջ կիներուն չարտօնուիր որ ուսանին, այն պատճառաբանութեամբ թէ կինը ուսանելու պէտք չունի եւ ուսանած կինը գլխու փորձանք կը դառնայ: Կանայք շարունակ կ'ենթարկուին այրերու բռնութեան:Առարկայի մը նման կը գնուին եւ կը ծախուին:Կը ծեծուին, սեռական ոտնձգութեան կ'ենթարկուին, կը բռնաբարուին: Բռնաբարուած կինը փոխանակ պաշտպանուելու եւ իր հարազատներու կողմէ իրէն հանդէպ գուրգուրելից վերաբերմունք տեսնելու, ընդհակառակը կը մեղադրուի եւ իր հասցէին մահուան վճիռ կ'արձակուի ընտանիքին պատիւը արատաւորած ըլլալու մեղադրանքով:Աշխարհիս մեծ մասին մէջ կինը, առարկայ մըն է արական սեռային կարիքը յագեցնելու, զաւակ աշխարհ բերելու եւ աղախնութիւն ընելու իր ընտանիքին համար: Կանայք իրենց կեանքի տեւողութեան այրերէն աւելի շատ կաշխատին բայց աւելի քիչ կը վարձատրուին:

      Արեւմտեան քաղաքակիրթ ու յառաջդիմական երկիրներու մէջ եւս կանայք, նոյնպէս կ'ենթարկուին արական բռնութեան: Իտալական հեռատեսիլի կայաններէն ՌԱԻ ի մէջ սփռուած լուրի մը միջոցաւ տեղեկացայ որ, Իտալիոյ մէջ տարուայ սկիզբէն մինչեւ այսօր արական բռնութեան պատճառով սպաննուած են հարիւր տասնըվեց կին եւ եօթը միլիոն կին ենթարկուած է յարձակումներու եւ սեռային ոտնձգութեան: Եթէ Իտալիոյ նման Եւրոպական միութեան հիմնադիր երկիրներէն մէկուն մէջ այս է վիճակը, կրնանք երեւակայել որ կանանց վիճակը իսկապէս ահազանգային է այսօր մեր ապրած աշխարհիս վրայ:


      Կան նաեւ զանազան պատճառներ եւս, որոնք պատճառ կ'ըլլան որպէսզի կանանց առօրեայ կեանքը ալ աւելի դժուարանայ, որոնց մասին ոչ ոք կ'անդրադառնայ:Բազմաթիւ գիտական հետազօտութիւններ կը վկայեն, որ արական ուղեղային կազմաւորումը եւ ըմբռնողութիւնը տարբեր է կնոջականէն, այնուամենայնիւ կ'ապրինք այնպիսի աշխարհի մը մէջ, որ արական գերակշռում կայ եւ ամեն բան հնարուած է արուներու կողմէ, ըստ արական ուղեղային ըմբռնողութեան: Իմ կարծիքով այսօր մեր առօրեայ կեանքին մէջ գործածուած առարկաներէն ոմանք, հակառակ են կնոջ ուղեղային ըմբռնողութեան եւ կանայք կը դժուարանան զանոնք գործածելու: Հաւանաբար այդ է պատճառը որ կանայք ընդհանրապէս դժուարութիւն կը կրեն ինքնաշարժ վարելու կամ ելեկտրոնիկային սարքաւորումներ գործածելու ժամանակ, այն պատճառով որ անոնք հնարուած են արուներու կողմէ, ըստ արական ուղեղային ըմբռնողութեան: Եթէ անոնք հնարուած ըլլային կանանց կողմէ արդիւնքը տարբեր կրնար ըլլալ:
      Նման դժուարութիւն մը կապրին նաեւ ձախլիկները, քանի որ ամեն ինչ հնարուած է ըստ աջլիկներու ուղեղային ըմբռնողութեան: Օրինակի մինչեւ այսօր բնաւ չեմ հանդիպած նկարահանելու կոճակը ձախ կողմը գտնուող լուսանկարչութեան մեքենայի մը, կամ կոճակները շրջանակին ձախ կողմը գտնուող, աջ դաստակի վրայ դնելու համար, ձախլիկներուն օգտագործումին հարմար ժամացոյցի մը : Օրինակները կրնանք բազմացնել:
      Ըստ իս պատճառը այն չէ որ կանայք կարողութիւն չունին նոր բաներ հնարելու, այլ այն է որ մարդուս այս աշխարհիս վրայ գոյութիւն ունեցած օրէն սկսեալ, կանայք միշտ արգելափակուած են աշխարհիս վրայ տիրող արական գերակշռումի մտայնութեան պատճառաւ: Միլիոններով տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող աշխարհիս վրայ, հազիւ վերջին յիսուն տարիներէ ի վեր է որ կանանց արտօնուած է, որ գոնէ քիչ մը ներառուին արական գերակշռում ունեցող այս աշխարհիս առօրեայ կեանքին մէջ , ան ալ միայն յառաջդիմական, քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ:
      Նկատի առած աշխարհիս վրայ կիներուն կրած տառապանքը, չափազանցած չեմ ըլլար եթէ ըսեմ թէ կին ըլլալով ապրիլը մարդուս ցոյց տուած ամենամեծ քաջութիւնն է արդարեւ: Յուսահատականն այն է որ, հակառակ որ այսօր կ'ապրինք 21.րդ դարու մէջ որ նկատուած է քաղաքակրթութեան դար, կանանց վիճակը փոխանակ բարելաւելու, հետզհետէ աւելի կը վատթարանայ:

Մարմարա Օրաթերթ
15 Դեկտեմբեր 2016 - Պոլիս

No comments: