Subscribe

29 Jan 2017

ՍՊԱՆՆԵԼՈՒ ԱՐՏՕՆՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑՈՂ ՄԱՐԴԻԿ



 

 
 
Եթէ փողոցը մէկու մը հետ կռիւի բռնուիք եւ հարուած մը տալով զինք վիրաւորէք, ոստիկանութեան կողմէ կը ձերբակալուիք, կը դատուիք եւ հատուցումի կը ենթարկուիք: Ձեր դիմացինին պատճառած վնասին համեմատ, կրնաք նոյնիսկ բանտարկութեան դատապարտուիլ:

Եթէ ձեր պետութիւն ուրիշ պետութեան մը հետ կռիւի բռնուի եւ դուք դիմացի երկրին հայրենակիցներէն յիսուն հոգի սպանէք, կը պարգեւատրուիք, մեծ պատիւ կ'ընծայուի ձեզ ու ազգային հերոս կը հռչակուիք: Հայրենակից մը իրաւունք չունի իր թշնամին նկատած մէկու մը վնաս հասցնելու, բայց պետութիւնները իրաւունք ունին իրենց թշնամին նկատած երկրի մը հայրենակիցները իր հայրենակիցներուն սպաննել տալու: Իսկ այդ պարագային հայրենակիցները իրաւունք չեն ունենար հակառակելու: Եթէ հակառակին առարկելով թէ իրենք այդ անձերուն դէմ ոչ մէկ թշնամութիւն ունին, անոնք ոչ մէկ վնաս պատճառած են իրենց, ուրեմն պատճառ չունին զանոնք սպաննելու, այդ պարագային հակառակողները կը ձերբակալուին, կը դատուին եւ բանտարկութեան կը դատապարտուին իբրեւ ազգային դաւաճան:

Ահաւասիկ կ'ապրինք այսպէս խայտառակ աշխարհի մը մէջ:

Առաջին ակնարկով այս գրութիւնս ձեզի անտրամաբանական կրնայ թուիլ : Այս տողերը գրելուս նպատակը, քարոզչութիւն ընել չէ որ ամեն ոք պէտք է իր հաշիւը տեսնելու արտօնութիւնը ունենայ, այլ ընդհակառակը կ'ուզեմ անդրադարձնել թէ այս աշխարհիս վրայ գոյութիւն ունին որոշ անձեր, որոնք արտօնութիւն ունին իրենց կողմէ յարմար տեսնուած անձերը իրենց հայրենակիցներուն սպաննել տալու: Իսկ այդ անձերը կը կոչուին <<դիւանագէտ>>:

Աշխարհիս վրայ կը գործեն անկախ կազմակերպութիւններ կամ լրատուական գործակալութիւններ , որոնք քաղաքական դէպքերու մասին անկողմնակալ հետազօտութիւններ կատարելով, վերլուծական տեղեկագրութիւններ կը հրատարակեն, որպէսզի ժողովուրդը տեղեակ դառնայ որոշ դիւանագէտներու կողմէ գործուած ոճիրներու մասին:Այս կազմակերպութիւններուն թիւը քիչ է դժբախտաբար, որովհետեւ քաջութիւն է արդարեւ հիմնել այսպէս կազմակերպութիւն մը, կամ աշխատիլ հոն եւ տեղեկագրութիւններ արտադրել:

Եթէ այդ դիւանագէտները կը պատկանին հզօր պետութիւններուն, այն ժամանակ այս կազմակերպութիւնները կը հալածուին պետութիւններու կողմէ: Անոնք ամէն միջոցով խափանել կը ջանան իրենց հասցէին հրատարակուած տեղեկագրութիւնները, որովհետեւ անոնք երեւան կը հանեն այնպէս պետական գաղտնիքներ, որոնց հրատարակուիլը նեղ կացութեան կրնայ մատնել հզօր պետութիւնները:
Այս կազմակերպութիւններէն մէկն է քանատացի մտաւորական, տնտեսագէտ, փրոֆեսոր Մայքըլ Չօսուտովսկիի կողմէ հիմնուած globalresearch կազմակերպութիւնը, որ իր <<www.globalresearch.ca>> կայքէջին վրայ կը հրատարակէ այս մասին քաղաքական տեղեկագրութիւններ: Թուրքիոյ մէջ ալ կարելի հետեւիլ <> երկամսեայ պարբերաթերթին, որ թարգմանաբար թրքերէնով կը հրատարակուի եւ աշխարհիս վրայ գործող քաղաքական դէպքերու մասին կարեւոր վերլուծումներ արտադրող հաստատութիւններու կողմէ հրատարակուած տեղեկագրութիւնները կը հրատարակէ:    

Ըստ վերոյիշեալ կազմակերպութեան հրատարակած բազմաթիւ տուեալներուն , այդ հանգամանքի դիւանագէտներէն մէկն է ԱՄՆ ի նախկին արտաքին նախարար եւ այժմ ԱՄՆ ի ազգային ապահովութեան խորհրդատու, ինիսուն երկու ամեայ Հէնրի Քիսսինճէր, որ իր պաշտօնավարած 1960 թուականէն մինչեւ 1970 թուական Վիեթնամի, Գամպոճեայի, Լաօսի եւ Էնտօնեզիայի մէջ իր մշակած յարձակողական քաղաքականութեան պատճառաւ իրականացած քաղաքական խռովութիւններու, ներքին պատերազմներու եւ զինուորական յեղափոխութիւններու հետեւանքով մահացած են երկու միլիոնէ աւելի անմեղ քաղաքացի: Տուեալներ կան որոնք կը բաստէն որ այդ երկիրներու մէջ արձակուած են չորս ու կէս միլիոն թօն ռումբ:Այս քանակութիւնը երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տեւողութեան արձակուած ռումբերուն ընդհանուր քանակութեան կրկնապատիկն է:

Տեղեկագրութեան մէջ հարց կը տրուի թէ, ինչպէս կարելի է որ այս անցը այսօր ազատօրէն կը պտըտի մեր մէջ եւ նոյնիսկ պատիւներու կ'արժանանայ: Յիշեցնեմ որ Հէնրի Քիսսինճէր 1973 ին արժանացած է խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի, արատաւորելով այս մրցանակին անունը:

Ասկէ զան կան բազմաթիւ տեղեկագրութիւններ որոնց մէջ կը յիշուի որ, որպէսզի ԱՄՆ աշխարհիս վրայ իր գերիշխանութիւնը հաստատէ, երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն մինչեւ այսօր, իբրեւ թիրախ ընտրած երեսուն եօթը երկիրներու մէջ մշակած յարձակողական քաղաքականութեան հետեւանքով հանած պատերազմներու պատճառաւ, մահացած են քսան միլիոնէ աւելի ժողովուրդ: Բոլոր այս ոճիրներուն պատասխանատուները դարձեալ որոշ դիւանագէտներ են:

Վերջին քսան տարիներու ընթացքին, մարդկութեան դէմ եւ իր հայրենակիցներուն հանդէպ բռնապետութեան դիմած առաջնորդներէն ոմանք դատուեցան ու դատապարտուեցան պաշտօնական դատարաններու կողմէ, ինչպէս Սերպիոյ առաջնորդ Միլօսեւիչ եւ Իրաքի նախագահ Սատտամ Հուսսէին: Իսկ Ռումանիոյ նախագահ Չավուշէսքու եւ Լիպիոյ առաջնորդ Կէտտաֆի, ժողովուրդին կողմէ տապալեցան եւ սպաննուեցան: Ճիշտ է, որ վերոյիշեալ անձերը զանազան ոճիրներ գործած էին անմեղ քաղաքացիներու դէմ, իրենց իշխանութեան շրջանի տեւողութեան, բայց միթէ իրե՞նք էին աշխարհիս վրայ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն գործած միակ առաջնորդները: Արեւմտեան երկիրներու եւ ԱՄՆ ի մէջ գոյութիւն չունի՞ն արդեօք այլ դիւանագէտներ, որոնք ըստ իրենց երկիրներու քաղաքական կամ տնտեսական շահերուն, ոճրագործ ծրագիրներ կը պատրաստեն Ափրիկէի, Աֆղանիստանի, Միջին եւ Ծայրագոյն Արեւելեան երկիրներու մէջ, պատճառ ըլլալով որ միլիոններով անմեղ ժողովուրդ մահանայ: :

Այդպէս կ'երեւի որ իրենց գործած ոճիրներու պատճառաւ կը դատապարտուին միայն այն դիւանագէտները, որոնք աշխարհը կառավարող համակառքին դէմ կ'ելլեն: Իսկ անոնք որոնք կը գործակցին սոյն համակառքին հետ անպատիժ կը մնան եւ նոյնիսկ կը վարձատրուին:

Այսօր աշխարհ վերածուած է պատերազմի հսկայ դաշտի մը, որուն մէջ յայտնի չէ թէ ով կը պատերազմի որու հետ: Նկատի առած այսօր աշխարհիս վրայ տիրող հիւանդոտ քաղաքականութիւնը, դժուար չէ ենթադրել թէ մօտ ապագայի մէջ ընդհանուր համերաշխութեան կարելիութիւն մը չերեւիր եւ ինչպէս միշտ ամենամեծ տառապանքը կը կրէ անմեղ ժողովուրդը: 



Մարմարա Օրաթերթ
25 Յունուար 2017       

Աղբիւրներ
http://www.globalresearch.ca/us-has-killed-more-than-20-million-people-in-37-victim-nations-since-world-war-ii/5492051

http://www.globalresearch.ca/crimes-against-humanity-why-is-henry-kissinger-walking-around-free/5358322

Amerika'nın terörime karşı savaşı - Michel Chossudovsky






No comments: