Աշխարհահռչակ մտաւորական,փիլիսոփայ եւ քաղաքական նիւթերու քննադատ Նաօմ Չոմսքի ի հետեւեալ խօսքը, իմ ամենէն հաւնած խօսքերէս մէկն է .<<հանրութեան մեծամասնութիւնը անտեղեակ է աշխարհիս վրայ պատահած անցուդարձներէն: Անտեղեակ է նոյնիսկ իր անտեղեակութենէն>>:
Արդարեւ, այսօր հանրութեան մեծամասնութիւնը ճշգրիտ տեղեակութիւն չունի աշխարհիս վրայ պատահած դէպքերու մասին, որովհետեւ անոնք մեզի կը ներկայացուին ոչ այդպէս ինչպէս որ են, այլ այդպէս ինչպէս աշխարհը կառավարող համակառքը կուզէ որ մենք հաւատանք:
Աշխարհիս վրայ կը գտնուին կազմակերպութիւններ, որոնք կը գործեն այս նպատակով: Լրատուական հաստատութիւններէն շատեր եւս դժբախտաբար կը գտնուին այս համակառքին կամ որոշ քաղաքական մտայնութիւններու ազդեցութեան տակ եւ անոնք աշխարհիս վրայ պատահած իրադարձութիւնները հանրութեան կը ցոլացնեն ոչ ըստ անկողմնակալ լրագրութեան սկզբունքներու, այլ ըստ այդ համակառքին կամ ըստ այդ քաղաքական մտայնութեան նպատակներուն որովհետեւ անոնք ալ իրենց կառքին շահ ձեռք կը բերեն անոնցմէ:
Եթէ հետազօտելու միջոցաւ խորքը իջնենք աշխարհիս քաղաքականութեան մէջ պատահած պատմական կարեւորութիւն ունեցող դէպքերուն, պիտի անդրադառնաք որ անոնք իրականութեան մէջ մեզ ցոլացուածին պէս չեն իրականացած այլ ունին բոլորովին տարբեր դրդապատճառներ:
Ահաւասիկ վերջին հինգ տարիներու ընթացքին միջն արեւելեան երկիրները դժոխքի վերածող այդպէս կոչուած <<արաբական գարունը>> վերջին օրինակներէն մէկն է: Մեզ այդպէս մը ներկայացուեցաւ որ կը ծրագրուի միջին արեւելքի մէջ հաստատել ժողովրդավարութեան սկզբունքներու վրայ հիմնուած համակառք մը, որու շնորհիւ այդ երկիրներու հայրենակիցները պիտի ազատէին բռնապետական կառավարումներէ: Հետին նպատակ կրող այս յոռին համակառքը լաւ ճանչցողները եւ Միջին Արեւելեան երկիրներուն մէջ տիրող ընկերաբանական զարգացումներուն մօտէն հետեւողները, շուտով անդրադարձան որ նպատակը մեզ յայտարարուածին պէս չէր: Իսկ իրենց առջեւ դրուող պնակին մէջի ճաշը անմիջապէս լափողները հաւատացին եւ տակաւին կը շարունակեն հաւատալ, թէ այսպէսով Միջին Արեւելեան երկիրներուն մէջ պիտի հաստատուի բարելաւուած նախագիծ:
Կարելի է արդեօք առանց մեր գլխուն մէջ հարցման նշաններ գոյանալու հաւատալ որ, Աֆղանիստանէն եկող խումբ մը ահաբեկիչներ ԱՄՆ ի նման աշխարհիս ամենէն զօրաւոր եւ իր պաշտպանութեան համար ամենէն արդիական դրութիւնները ունեցող երկրի մը դէմ, 11 Սեպտեմբերի ահաբեկչական դէպքերուն նման ծայր աստիճան խեղաթիւրեալ գործողութիւն մը իրականացնելով հազարաւոր հայրենակիցներ զոհեն, եւ նոյնիսկ յարձակելով վնաս պատճառեն ԱՄՆ ի զինուած ոյժերուն կեդրոնը եղող Փէնթակոնին: Իսկ բոլոր այս ահաբեկչական գործողութենէն ԱՄՆ ի հետախուզական կազմակերպութիւնը տեղեակ չըլլայ: Այսօր թէ ԱՄՆ ի եւ թէ Եւրոպական երկիրներուն մէջ կը հրատարակուին տեղեկագրութիւններ, անվտանգութեան մասնագէտներու, ԱՆՄ ի հետախուզական կազմակերպութեան նախկին անդամներու եւ կամ հետազօտող լրագրողներու կողմէ, որոնք կը յայտարարեն այսպէս բանի մը անհաւանականութիւնը: Այս տեղեկագրութիւնները հրատարակողները կը քննադատուին ԱՄՆ ի պետական մարմիններու կողմէ, այն պնդումով որ անոնք դաւադրութեան տեսութիւններ են, բայց ամէն դաւադրութեան տեսութիւն իր մէջ կը պարունակէ ճշմարտութեան կարեւոր մէկ մասը եւս:
Այս խաբէական համակառքը մեր առջեւ չներկայանար միայն քաղաքական նիւթերու մէջ, այլ մեր առօրեայ կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ մեր դէմ կ'ելլեն որոշ անցեր եւ հաստատութիւններ որոնք կը ջանան մեզ ուղղել դէպի իրենց փափաքած ուղղութեան:
Օրինակի համար, առողջապահական նիւթերու եւ աշխարհիս բնական աղբիւրներուն պահպանման հարցին մէջ, գիտնականներու կողմէ կը յայտարարուին իրարու դէմ տեղեկագրութիւններ: Գիտնականներէն ոմանք կը յայտարարեն թէ, քաղաքներուն մէջ զետեղուած բջջային հեռաձայններու կայանները վնասակար են մեր առողջութեան համար: Նոյնպէս կը յայտարարուին տեղեկագրութիւններ, որոնք կը փաստեն որ ջերմոցային կազը ժխտական ազդեցութիւն ունի աշխարհիս կլիմային վրայ,եւ եթէ այսպէս շարունակուի բնութեան հաւասարակշռութիւնը պիտի կործանի եւ աշխարհ հետզհետէ պիտի ենթարկուի բնական աղէտներու:Այդպէս ինչպէս առայժմ սկսած է ենթարկուիլ:
Գիտնականները տեղեկագրութիւններ կը հրատարակեն յայտարարելով որ իրենց մէջ հորմոն եւ ծինականօրէն ձեւափոխուած կազմուածքներ պարունակող սերմերը ծայր աստիճան վնասակար են մեր առողջութեան համար, եւ եթէ այսպէս շարունակուի մարդուս ապագայ սերունդները ծինային փոփոխութիւններու պիտի ենթարկուին:Նոյնպէս կը հրատարակուին փաստաթուղթեր որոնք կը քննադատեն դեղագործութեան մէջ գործածուած որոշ դեղերը, այն պատճառաւ որ անոնք ընդհակառակը վնասակար են մարդուս առողջութեան համար: Բայց անմիջապէս կը հրատարակուին այս քննադատութիւնները հերքող նոր տեղեկագրութիւններ ուրիշ գիտնականներու կողմէ, որոնք կը հերքեն առաջիններուն քննադատութիւնները պնդելով որ առ այժմ գիտական ոչ մէկ ստոյգ տուեալ կայ վերոյիշեալ նիւթերու գործածումին ժխտական ազդեցութիւններու մասին եւ դեռ կանուխ է նման յայտարարութիւններ ընել: Մինչդեռ բոլորիս յայտնի է այսօր քաղցկեղի տարածման աճի սարսափելի արագութիւնը եւ բնութեան հաւասարակշռութեան կործանումի նշանները: Եթէ այդ գիտնականներու մասին հետազօտութիւն ընենք, պիտի անդրադառնանք որ անոնք հակա-առողջապահական արտադրութիւններ կատարող հզօր հաստատութիւններու կողմէ վարձուած գիտնականներ են, իրենց արտադրութիւններու ի նպաստ տեղեկագրութիւններ պատրաստելու նպատակով, որպէսզի հանրութիւնը պէտք եղած զգայնութիւնը չցուցաբերէ եւ շահերնին չի նուազի:
Այս խաբէական համակառքէն փրկուելու միակ միջոցն է, կասկածով մօտենալ մեր առջեւ դրուած տեղեկութիւններուն եւ տարբեր աղբիւրներէ հետազօտութիւններ ընելով յանգիլ առողջ արդիւնքի, ապա թէ ոչ մենք ալ պիտի վերածուինք այն հոտին մէջի ոչխարներէն մէկուն որ բոլորը իրարու հետեւելով անդունդէն վար կը գլորին եւ կը ոչնչանան: Այս ալ անտարակոյս ունի իր անպատեհութիւնները:
Ինչպէս ըսած է Գերմանացի յայտնի փիլիսոփայ Ֆրիտրիխ Նիցշէ.<<ամեն անհատ պէտք է դիմադրէ որպէսզի չկորսուի հանրութեան մէջ: Եթէ այսպէս վարուիք հաւանաբար առանձին պիտի մնաք, երբեմն ալ պիտի վախնաք: Բայց մարդուս ինքնատիրապետութիւնը ամէն բանի կարժէ: Ազատութիւնը, առանձնաշնորհում մըն է որուն շատ քիչեր կը յաջողին տիրանալ>>:
Հաւանաբար պիտի ենթարկուինք հանրութեան խիստ քննադատութեան, որովհետեւ հանրութիւնը չի գնահատեր իրմէ անկախ վարուողներէն: Հետեւաբար պիտի դատապարտուինք առանցին մնալու մեր կեանքի տեւողութեան եւ ստանձնել մեր տալիք որոշումներուն հետեւանքները:
Առանձնութիւնը սարսափ կը պատճառէ մարդուս, որովհետեւ սխալելու պարագային այդ սխալին բոլոր պատասխանատուութիւնը մեր ուսերուն վրայ պիտի բեռնաւորուի: Կարելիութիւնը պիտի չունենանք մեր գործած սխալին համար մեղսակիցներ գտնելու, եւ զանոնք մեղադրելով սխալին հետեւանքները մեղմացնելու: Պիտի տանք մեր անձնական որոշումները, պիտի ունենանք մեր անձնական գաղափարները առանց ուրիշներու մտայնութեան ազդեցութեան տակ մնալու: Ի հարկ է որ պիտի ըլլան մեր անձնական սխալները եւս: Այսուհանդերձ ասիկա կարժէ բոլոր դժուարութիւններուն, որովհետեւ միայն այսպէս կարելի պիտի ըլլայ տիրանալ մեր մտական եւ հոգեկան ազատութեան:
Ամերիկացի յայտնի բանաստեղծ Ռապըրթ Ֆրօսթ ի <<չընտրուած ճամբան>> անուն բանաստեղծութեան մէջ կը կարդանք հետեւեալ տունը:
Անտառին մէջ իմ առջեւ, ելան երկու ճամբաներ
Ես բռնեցի անոնցմէ, նուազ նախընտրուածը
Անկէ վերջ
Ամեն բան փոխուեցաւ
Մարմարա Օրաթերթ
20 Փետրուար 2017- Պոլիս
28 Feb 2017
Subscribe to:
Post Comments (Atom)
No comments:
Post a Comment