Subscribe

9 May 2017

ՄԻԹԷ ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ ԱՆԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ



 




 
 
        Անգործութիւնը մարդուս ամենամեծ երկիւղներէն մէկն է:Ամէն անց, ի մասնաւորի այրերը, իրենց ուսումը վերջացնելէ վերջ անմիջապէս կը լուծուին լաւ գործ մը գտնելու աշխատանքին, որպէսզի տնտեսական մտահոգութիւններէ հեռու, բարգաւաճ ապագայ մը եւ երջանիկ ընտանիք մը կազմելու կարելիութիւնը ձեռք բերեն:

        Անձ մը եթէ գործ չունի չի կրնար ապրիլ, իր առօրեայ հացը նոյնիսկ չի կրնար ապահովել: Երկրի մը մէջ երբ անգործութեան տոկոսը բարձրանայ խառնակութիւններ կը սկսին եւ յանցագործութիւնները կը շատնան, որովհետեւ մարդիկ իրենց գոյատեւումը շարունակելու համար գողնալ եւ կամ ուրիշներու ինչքը յափշտակել կը ստիպուին: Այս դէպքերը կանխելու համար, ընկերային իրաւունքներուն պետութեան պաշտպանութեան տակ գտնուած յառաջդիմական երկիրները, գործազուրկ վիճակի մէջ գտնուող հայրենակիցներուն յատուկ թոշակ մը կը տրամադրեն, որպէսզի մինչեւ որ նոր գործ մը գտնեն կարենան իրենց ապրուստը ապահովել առանց դժնդակ կացութեան մատնուելու: Վերջին հաշուով, բոլորիս համար մեծ ողբերգութիւն մըն է անգործ մնալ:

        Այս իրողութիւնը լաւ գիտցող դիւանագէտները, ընտրութիւններէ առաջ իրենց տարած ընտրարշաւի տեւողութեան, հայրենակիցներուն կը խոստանան որ եթէ իրենց կուսակցութիւնը գործի գլուխ գայ պիտի յաղթահարեն անգործութիւնը եւ աշխատանքի նոր հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծեն, բայց մինչեւ այսօր չեն յաջողած եւ ըստիս որ երկրի մէջ, որ կառավարութեան իշխանութեան տակ որ ալ ապրինք, այսօրուայ մեր ապրած աշխարհիս պայմաններուն տակ, մասնաւորապէս բնակչութեան թիւը բարձր եղող երկիրներուն մէջ երբեք կարելի պիտի չըլլայ յաղթահարել անգործութիւնը, ուստի պէտք չէ հաւատալ դիւանագէտներուն խոստումներուն:

        Իմ կարծիքով այսօր անգործութիւնը յաղթահարելու միակ միջոցն է այսօրուայ թէքնիքագիտութեան մակարդակը նուազեցնել առնուազն յիսուն տարուայ առաջուայ մակարդակին: Անհետացնել համացանցը, փակել բոլոր համացանցային առեւտրական կայքէջերը եւայլն: Բան մը, որուն իրականացումը այսօր այլեւս անկարելի է եւ պահանջելն իսկ զաւեշտական:

        Կրնամ ձեզ շատ պարզ քանի մը օրինակներ տալ ամրացնելու համար իմ այս մտածումս: Կը յիշէ՞ք արդեօք, մօտ անցեալին մեր տան մէջ սպառած ելեկտրականութեան, ջուրի,հեռաձայնի հաշուեցոյցներուն վճարումները ընելը որքան դժուար էր: Ամեն անգամ որ հաշուեցոյց մը ստանայինք, կը ստիպուէինք ժամերով հերթ սպասել դրամատուներու առջեւ: Պաշտօնեաներուն համար ալ աւելի մեծ տառապանք մըն էր այս վիճակը, քանի որ գործէն բացակայելու համար իրենց տնօրէնէն արտօնութիւն պէտք էին ստանալ, որովհետեւ դրամատուները եւս փակ կըլլային պաշտօնեաներուն ցերեկուայ արձակուրդի ժամերուն: Ամեն օր դրամատուներու առջեւ երկար հերթեր կը կազմուէր: Հիմա այլեւս այս վիճակը գոյութիւն չունի, քանի որ բոլոր վճարումները կ'իրականացուին համացանցի միջոցաւ:

        Անցեալ օր տանս մէջ նստած, առձեռն հեռաձայնիս միջոցաւ չորս հատ վճարում կատարեցի երկու վայրկեանի մէջ: Ինչ մեծ թիւրութիւն այդպէս չէ՞: Բայց որպէսզի այս թիւրութիւնը ձեռք բերենք քանի հազար դրամատան պաշտօնեաներ գործազուրկ եղան որովհետեւ իրենց պէտք չկայ այլեւս դրամատուներու մէջ, քանի որ այլեւս բոլոր վճարումները կարելի է ընել համացանցի միջոցաւ:

        Ես կաշխատէի օդանաւային հաստատութեան մը մէջ, եւ մեր հաստատութիւնը ունէր տոմսակ վաճառելու գրասենեակ մը, որուն մէջ կ'աշխատէին վեց պաշտօնեաներ: Երբ այլեւս օդանաւի տոմսակները սկսան կտրուիլ ճամբորդներու կողմէ համացանցի միջոցաւ, հաստատութիւնը անմիջապէս փակեց գրասենեակը այն պատրուակով թէ այլեւս իրենց կարիք չկար ուրեմն աւելորդ էր վեց պաշտօնեայ պահելու համար ծախս ընել: Նոյնը ըրին աշխարհիս վրայ գործող բոլոր օդանաւային հաստատութիւնները եւ քանի հարիւր հազար պաշտօնեաներ գործազրկուեցան: Աշխատանքի բոլոր հատուածներուն մէջ նոյնը եղաւ վիճակը եւ պատճառ եղաւ որ, աշխարհիս վրայ միլիոններով պաշտօնեաներ իրենց գործը կորսնցնեն: Կրնամ բազմաթիւ օրինակներ տալ այս նիւթի շուրջ:

        Վերջերս գործի կեանքի մէջ սկսած են ներառուիլ <<արհեստական խելք>> կոչուած համակարգեր: Այս համակարգերը կարողութիւնը ունին մարդու նման մտածելու, սորուելու եւ որոշումներ առնելու: Քանի մը օր առաջ կարդացած մէկ լուրիս համեմատ, Ճափոնիայի մէջ հաստատութիւն մը իր երեսունըչորս պաշտօնեաները գործէն հանելով իրենց տեղ տեղաւորեր է արհեստական խելք կոչուած այս համակառքերէն մէկը, որ կարողութիւնը ունի առանցին բոլոր այդ պաշտօնեաներուն գործը կատարելու: Հաստատութիւնը յայտարարած է որ այսպէսով մէկ տարուայ մէջ պիտի խնայէ չորս միլիոն տոլար:

        Ճափոնական Նօմուրա հետախուզութեան հաստատութեան կողմէ հրապարակուած մէկ տեղեկագրի համաձայն, այս համակառքերը Ճափոնիայի մէջ մինչեւ 2035 թուական պիտի ստանձնեն, աշխատանքային բոլոր մասնաճիւղերուն մէջ իրականացած գործերուն կէսը: Այս ալ կը նշանակէ որ մօտ ապագայի մէջ երկրին մէջ աշխատող պաշտօնեաներուն կէսը անգործ պիտի մնայ: Որքա՜ն սարսափելի իրավիճակ:

        Առաջին ակնարկին ասիկա մեծ գիւտ մը, արուեստագիտական մեծ յաջողութիւն մը կրնայ երեւիլ բայց ապագային գէշ օրինակ մը պիտի ներկայացնէ աշխարհիս վրայ գործող բազմաթիւ հաստատութիւններուն, որպէսզի անոնք ալ հետեւին սոյն օրինակին: Բան մը որ պատճառ պիտի ըլլայ աշխարհիս վրայի անգործութեան տոկոսին ալ աւելի բարձրանալուն: Այսօր այլեւս համալսարաններէ շրջանաւարտ եղող երիտասարդները դէմ առ դէմ կը մնան անգործ մնալու վտանգին հետ քանի որ ոչ մէկ երաշխաւորութիւնը ունին ապագային գործ գտնելու:

        Ցաւալին այն է որ, ապագային մարդուս վնաս պատճառելիք այս համակարգերը կը հնարուին դարձեալ մարդոց կողմէ, առանց նկատի ունենալու թէ անոնք վնաս պիտի պատճառեն ապագայ սերունդներուն այսինքն սոյն գիւտը ընողներուն զաւակներուն եւս :

        Ճիշտ է որ օրէ օր կը կազմուին գործի նոր մասնաճիւղեր, բայց այդ պարագային եւս մտայնութիւնը միշտ նոյնը կը մնայ. աւելի քիչ պաշտօնեայ աշխատցնելով աւելի շատ գործ իրականացնել, այսպէսով խնայել եւ աւելի բարձր շահ ձեռք ձգել: Այս ալ պատճառ կըլլայ որ աշխարհիս մէջ անգործութեան տոկոսը օրէ օր աւելի բարձրանայ:

        Տուեալ պայմաններու տակ սրամիտ ըլլալու կարիքը չկայ գուշակելու համար թէ, երբեք կարելի պիտի չըլլայ աշխարհիս վրայ տիրող անգործութիւնը յաղթահարել ինչպէս կը խոստանան դիւանագէտները, ընդհակառակը վիճակը օրէ օր ալ աւելի պիտի վատթարանայ:



Մարմարա Օրաթերթ

28 Ապրիլ 2017






 

 






No comments: