9 May 2017
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՄԵՏԻԱՆ ԵՒ ՄԵՆՔ
Մարդս բոլոր իր կեանքի տեւողութեան հաւնուելու կարիքը կը զգայ: Մենք մեր մանկութիւնէ սկսեալ ջանք կը թափենք, ուրիշներու կողմէ հաւնուելու համար: Նախ մեր փոքրիկ հասակին զանազան կապկութիւններ ընել կը սկսինք, մեր ծնողքին կողմէ հաւնուելու համար: Երբ մեզ ծափահարեն կուրախանանք: Յետոյ երբ դպրոց յաճախել կը սկսինք, կը ջանանք մեր ուսուցչուհիներուն հաւանութիւնը շահիլ: Աւելի վերջ մեր պատանութեան տեւողութեան մեր ընկերներուն, մասնաւորապէս հակառակ սեռի կողմէ հաւնուելու համար մեծ ջանք կը թափենք: Կուզենք լաւ հագուիլ, գեղեցիկ երեւիլ որպէսզի ուրիշներ մեզ համակրանքով մօտենան: Վարսավիրաներու, նորաձեւութեան հաստատութիւններու եւ կամ գեղագիտութեան սրահներու բազմախուռն գոյութեան պատճառը մարդոց ուրիշներու կողմէ հաւնուելու կարիքն է:
Գործի կեանքի մէջ այս կարիքը ալ աւելի կը սաստկանայ եւ գործընկերներու միջեւ մրցոյթի կը վերածուի: Այս մրցոյթը երբեմն կրնայ նոյնիսկ թշնամական վերաբերմունքի վերածուելով իրարու վնաս պատճառելու աստիճանին հասնիլ :
Մարդուս ուրիշներու կողմէ հաւնուելու ծարաւը, աշխարհիս դրամատիրական համակարգի կողմէ կը շահագործուի: Այս շահագործութիւնը այսօր այլեւս դրամականէն վերածուած է բարոյականի: Այսօրուայ աշխարհիս միջազգայնացած համակառքին մէջ կը գործեն զանազան կազմակերպութիւններ, որոնց նպատակն է նոր միջոցներ հնարել տալով մարդիկ բարոյալքումի ենթարկել: Մեծ գումարներ տրամադրելով մեկենասութիւն կ'ընեն այս նպատակով: Քանի կը տկարանայ ժողովուրդին բարոյական արժէքները, այնքան կը տկարանան ընտանեկան կապերը: Քանի ընտանիքները կը ձուլուին ալ աւելի կը ձուլուին համայնքները ու ի վերջոյ իր բարոյական արժէքներէն եւ ընտանեկան կապերէն հեռացած ժողովուրդները կը տկարանան եւ այսպէսով շատ աւելի թիւրին կըլլայ զանոնք գրգռել, ի շահ հետին նպատակներու:
Անոնք կը գործեն գաղտնօրէն, առանց մեզ զգացնելու, այդպէս ձեւացնելով թէ մեր օգտագործումին համար հաճելի, զուարճալի եւ անվնաս նոր սարքաւորումներ կը հնարեն: Այս միջոցներէն մէկն է ընկերային մետիան, որ այսօր հասած է յիմարութեան մակարդակին ու վնաս կը պատճառէ մարդուս բարոյական հիմնական արժէքներուն:
Հինէն ընկերականացում բառը կը նշանակէր համայնքային կեանքի մէջ ներառուիլ: Մասնակցիլ համերգներու, թատրոններու, յաճախել պարասրահներ ,ուրիշներու հետ գրական, քաղաքական կամ գիտական նիւթերու շուրջ զրուցելով գաղափարային փոխանցումներ իրականացնել, եւայլն:Այբ բոլորը մարդուս մտային եւ բարոյական որակը բարձրացնող կարեւոր ազդակներ են: Իսկ այսօր կ՛ապրինք այդպէս այլասերած աշխարհի մը մէջ, ուր այլեւս մարդիկ սկսած են իրենց բոլոր պահերը հրապարակել հանրութեան ընկերային մետիայի շնորհիւ, առանց նկատի ունենալու թէ անոնցմէ ոմանք անձնական, յատուկ պահեր են եւ վայելուչ չէ զանոնք հրապարակել համացանցի վրայ: Նիւթեր, որոնք առաջ ընտանիքէն դուրս ազգականներու միջեւ նոյնիսկ խօսիլը ամօթ կը համարուէր այսօր բացէ ի բաց կը հրապարակուի համացանցի վրայ: Այլեւս չէ մնացած առանձնական կեանքի մտապատկերը եւ այս իրավիճակը մարդուս հոգեկան, մտային եւ բարոյական որակին վրայ արդարեւ ունի իր ժխտական ազդեցութիւնները:
Համացանցի վրայ կարելի է տեսնել երիտասարդ օրիորդներու կամ մանկամարդուհիներու իրենց կողմէ հրապարակուած նկարները, որոնք ազդուած հեռատեսիլի միջոցաւ իրենց հետեւած ստորին յաջորդական ֆիլմերու մէջ տեսածներէն, կը հրապարակեն իրենց տարիքին եւ բարոյական հասկացողութեան անվայելուչ հագուստներ հագած եւ երեսնուն վրայ ծանր դիմայարդարումով, կամ ծովափի վրայ լողազգեստով քաշուած նկարները, առանց գիտակից ըլլալու իրենց դէմ առ դէմ մնացած վտանգէն: Իսկ այդ նկարներուն տակ կը կարդանք իրենց ծնողքին տարեկից բարեկամներու . կիներու կամ այրերու քաջալերական մեկնաբանութիւնները, որոնք փոխանակ զանոնք ընկերային մետիայի վտանգներու դէմ զգուշացնելու, ալ աւելի կը քաջալերեն նման մեկնաբանութիւններով . << ապրիս հոգիս, որքան գեղեցիկ ես մաշալլա, կը շնորհաւորեմ>>: Անպատասխանատուութեան եւ անտարբերութեան վերջին աստիճանը:
Մարդիկ այլեւս երբ ճաշարան մը երթան, առաջին գործ ըլլալով կը փաթթուին իրենց առձեռն հեռաձայններուն եւ ուղիղ եթեր կը հրապարակեն իրենց կերած ճաշերը: <<Մենք հիմա այսինչ ճաշարանն ենք, կը ճաշենք>>: Կը տեսնէք մարդիկ, որոնք ձեռքերնին բացած կը պարեն եւ նկարներուն տակը կը զետեղուին <<լայք>> երը:
Ճաշարաններու մէջ յաճախ կը տեսնեմ երիտասարդ զոյգեր, որոնք հաւանաբար սիրահարներ են, սեղանի մը շուրջ դէմ դիմաց նստած կը ճաշեն առանց իրարու երեսին, առանց իրարու աչքերուն նայելով իրարու ռոմանթիք երկու խօսք ըսելու:
Իրենց աջ ձեռքով ճաշը բերաննին կը թխմեն, առանց գիտակից ըլլալու թէ ինչ կ'ուտեն, իսկ ձախ ձեռքով հեռաձայնին պաստառը դէպի վեր կը սահեցնեն : Առանց իրենց սիրած անձին հետ հաճելի ժամանակ մը ապրելու գիտակցութիւնը ունենալու, առանց այդ հաճելի պահը միասնօրէն ապրելու: Իրենց համար միակ կարեւորութիւնը ընկերային մետիայի վրայէն ուրիշները <<լայք>> ընել եւ ուրիշներէն <<լայք>> ստանալն է:
Իմ աշխատութեան կեանքի տեւողութեան շատ անգամներ ներկայ գտնուած եմ նման դէպքերու . երբ մնած եմ հաստատութեան մը գրասենեակէն ներս, տեսած եմ որ պաշտօնեաները աշխուժօրէն գործի լուծուած են համակարգիչին գլուխը, այդպէս որ երբեմն զգուշութեամբ մօտեցած եմ իրենց որպէսզի զիրենք ժամավաճառ ընելով անհանգստութիւն չպատճառեմ: Բայց երբ մօտեցած եմ, տեսած եմ որ անոնք գործի լուծուած են ոչ թէ իրենց հաստատութեան ի նպաստ աշխատութիւն մը ընելու նպատակով, այլ խիստ վիճաբանութեան բռնուած են ուրիշներու հետ ընկերային մետիայի միջոցաւ եւ իրենց համար ուրիշ ոչ մէկ բան կարեւորութիւն ունի այդ պահուն, քան ուրիշներուն խօսք հասցնել: Հոգերնին անգամ չէ թէ հեռաձայնը ժամերէ ի վեր կը հնչէ, եւ յաճախորդները ընկալուչին միւս կողմը համբերութեամբ կը սպասեն, որպէսզի իրենց գործը հարթուի: Բազմաթիւ հաստատութիւններ այսօր իրենց հաստատութեան համացանցային մայր սարքաւորումի վրայ, ընկերային մետիայի կայքէջերու հասանելիութեան արգելափակում դրած են, բայց կարելի չէ անձնական առձեռն հեռաձայնները արգելափակել:
Ընկերային մետիայի վնասը, սահմանուած չէ միայն իր մարդուս վրայ ունեցած հոգեկան, մտային եւ բարոյական որակի նուազեցումով, այլ ունի ուրիշ վնասներ եւս: Ըստ Ամերիկեան Հոգեբանութեան Միութեան շուրջ չորս հազար անհատի վրայ կատարած ուսումնասիրութենէ վերջ հրատարակած մէջ տեղեկագրութեան, ընկերային մետիան մարդուս հոգեբանական հաւասարակշռութեան վրայ եւս ունի իր ժխտական ազդեցութիւնները: Բժշկական փորձարկումները ապացուցանած են որ, օրական քանի մը ժամ ընկերային մետիայով զբաղողներուն սթրէսի աստիճանը շատ աւելի բարձր է չզբաղողներէն եւ առաջինները, շատ աւելի ջղային կազմ ունին քան երկրորդները: Ասկէ զատ ընկերային մետիան կը նուազեցնէ մարդուս մտային արտադրութեան մակարդակը եւ որակը եւս:
Ամերիկեան Հոգեբանութեան Միութիւնը կ'առաջարկէ զմեզ պարբերաբար ենթարկել թուային թոյնահանումի, այսինքն <<տիճիթըլ տէթոքս>> ի, որոշ ժամանակի մը համար հեռանալով ամէն տեսակ թուային գործիքէ . առձեռն հեռաձայններէ, համակարգիչներէ եւայլն:
Խոստովանիմ որ ես ալ մինչեւ մօտ անցեալին ընկերային մետիայի մոլիներէն մէկն էի եւ երբ իմ վրայ անձամբ զգացի իր հոգեկան եւ մտային ժխտական ազդեցութիւնները վճռեցի վերջ տալ այս մոլութեան եւ անմիջապէս առձեռն հեռաձայնես անհետացուցի դիմատետրի գործադրութիւնը եւ դժուարացուցի իրէն հասանելիութեան բոլոր միջոցները: Կարճ ժամանակուայ մէջ բոլորովին ազատեցայ այս մոլութիւնէն եւ արդարեւ վերագտայ իմ ներքին խաղաղութիւնս:
Անտարակոյս ընկերային մետիան ունի իր օգուտերը եւս, բայց եթէ հաշուեյարդար մը կատարելու ըլլանք, իր վնասները շատ աւելի են քան թէ օգուտները:
Իմ մեծ հօրս մայրը հարիր տարի առաջ յաճախ կը գործածէ եղեր հետեւեալ նախադասութիւնը. << չափաւորութիւնը երկրորդ Աստուած մըն է >>:
Մարմարա Օրաթերթ
Subscribe to:
Post Comments (Atom)
No comments:
Post a Comment