Subscribe

13 Sept 2017

ԵՆԻԳԻՈՒՂԻ ՄԵՐ ՀՕՐԵՆԱԿԱՆ ԱՊԱՐԱՆՔԸ



                          



Ծնած եմ Փանկալթը Զաֆէր փողոց, 21 թիւը գտնուող Լեւենթ անուն բնակարանին մէջ: Մեր տունը կը գտնուէր Զաֆէր եւ Սիւլէյման Նազիֆ կոչուած փողոցներուն անկիւնը: Շէնքին մէկ ճակատը կը գտնուէր Զաֆէր փողոցի, իսկ միւսը Սիւլէյման Նազիֆի վրայ, Մխիթարեան վարժարանէն հազիւ հարիւր մեթր հեռու: Իսկ ամառները կը փոխադրուէինք Վոսբորի ափին, Ենիգիւղ թաղամասին մէջ գտնուող մեր հօրենական երեքյարկանի ամառնային ծովափնեայ ապարանքը, զոր երկար տարիներ առաջ ծախու առեր է իմ հօրս մեծ հայրը, Տէրսիմ Չըմըշկածաքցի փաստաբան Նիշան էֆենտի Հալեբլեան: Այդ տարիներուն ծովափնեայ ապարանքի տէր ըլլալը հիմակուայ պէս մեծահարուստներուն պատկանող առանձնաշնորհում մը չէ եղէր, օրինակ մեր դրացի ապարանքի տէրերը Յոյն ձկնորս ընտանիք մըն էր, որոնք առաւօտուն կանուխ իրենց ապարանքէն նաւակներով կը բացուէին ծով եւ մինչեւ իրիկուն ձուկ կը որսային: Իսկ յետոյ այդ ձուկերը կը ծախէին թաղին մէջ գտնուող ճաշարաններուն: Այդպէս կ'ապահովէին իրենց ապրուստը: Ապարանքը նախապէս պանդոկ մըն է եղեր որ կը կոչուի եղեր ֆրանսերէն << Պել Վիւ>> այսինքն գեղեցիկ տեսարան:


Աչէն ձախ. Նիշան էֆէնտի Հալեբլեան,Մեծ մայրս Աննա Հալեպլեան, իր քոյրը Սրբուհի Հալեբլեան եւ Մաքրուհի Հալեբլեան-Գալֆաեան 

Ենիգիւղի մեր ապարանքը ինծի եւ զարմիկներուս համար կատարեալ սրբավայր մըն էր, որուն տան տէրերն էին Նիշան էֆենտի Հալեբլեանին երկու դուստրերը, այսինքն իմ մեծ մայրս Աննա (Հալեբլեան) Էլակէօզ, եւ իր քոյրը Սրբուհի (Հալեբլեան) Կարապետեան: Աննա Էլակէօզ մայրն էր Պերճ եւ Արա Էլակէօզ եղբայրներուն: Իսկ իր քոյրը Սրբուհի Կարապետեան մայրն էր Կարօ Կարապետեան եւ Անահիդ Կարապետեան-Հեքիմեան քոյր եղբայրներուն: 
 

Ամառները մեր ապարանքին տանիքին տակ կը բնակէինք տասնըվեց հոգիներէ բաղկացած եւ իրարու հետ ազգականական կապ ունեցող հինգ ընտանիքներ. ես, մայրս , հայրս, Ֆլօրանս եւ Պերճ Էլակէօզ: Մեծ մայրս եւ մեծ հայրս .Աննա (Հալեբեան)Էլակէօզ եւ Վահրամ Խաչատուր Էլակէօզ: Մեծ մօրս քոյրը .տէր եւ տիկին Միհրդատ եւ Սրբուհի Կարապետեան եւ իրենց զաւակները Կարօ եւ Անահիտ : Կարօ եւ Ռօզէթ Կարապետեան ամոլը ունէին երկու զաւակներ. Առնօ եւ Քէյ, իսկ Անահիդ Կարապետեան ամուսնացած էր Ֆրանսահայ Յովհաննէս Հէքիմեանի հետ: Փարիզաբնակ էին եւ միայն ամառները Պոլիս գալով կը միանային մեզի իրենց ամառուայ արձակուրդը անցնելու համար: Անոնք ունէին երեք զաւակներ Ռաֆֆի, Ատոմ եւ Վէտի: Հօրեղբայրս Արա Էլակէօզ ալ նախքան իր ամուսնանալը սոյն տան մէջ կը բնակի եղեր: Մեզի հետ կը բնակէր նաեւ օրիորդ Մելինէ, որուն հետ հակառակ որ ոչ մէկ ազգականական կապ ունէինք, այնուամենայնիւ ինք բոլորիս կողմէ շատ յարգուած անձ մըն էր: Արդարեւ օրիորդ Մելինէ տան մէջ իւրայատուկ հեղինակութիւն մըն էր, որ արժանացած էր մեր բոլորիս վստահութեան եւ յարգանքին եւ բոլոր որոշումները իր կարծիքը առնելէ վերջ կը տրուէր:

Մեր ապարանքին կից փոքրիկ շէնք մըն ալ կար որ կը պատկանէր մեր ապարանքին, որուն մէջ ամառ եւ ձմեռ կը բնակէր Յոյն ընտանիք մը. Պարպա Անտօնի, իր ամուսինը Փէնէլոփէ եւ իրենց երկու դուստրերը: Պարպա Անտօնի ձկնորս էր եւ նոյն ժամանակ մեր ապարանքին պահակութեան պաշտօնը ստանձնած էր: Մենք բոլորս իրմէ սորուած էինք ձուկ բռնելու խորագիտութիւնները: Մեր հայրերը երբեմն կէս գիշերէ վերջ Պարպա Անտօնիի նաւակով, իրենց հետ զօրաւոր փարոս առած Լիւֆէր կոչուած ձուկը որսալու կ'ելլէին: Մենք ալ ունէինք մեր նաւակը, որ լայն քիթով տախտակէ նաւակ մըն էր: Որուն ետեւը կը գտնուէր <<Սիկալ>> վաճառանիշով երկու ձիի ոյժ ունեցող շարժակ մը

Add caՁախէն աչ. մեծ հայրս Վահրամ Էլակէօզ, Մաքրուհի Հալեպլեան-Գալֆաեան   ,հայրս Պերճ Էլակէօզ,հօրեղբայրս Արա Էլակէօզ,մեծ մայրս Աննա Էլակէօզ, Սրբուհի Կարապետեան
   

Երբ դպրոցները փակուէին եւ ամառուայ արձակուրդի եղանակը բացուէր, նախ մենք Պոլսեցիներս կը փոխադրուէինք Ենիգիւղի մեր ապարանքը, իսկ քանի մը օր վերջ Փարիզէն գալով մեզ կը միանային մեր Հէքիմեան զարմիկները: Շատ մեծ կ'ըլլար մեր ուրախութիւնը եւ խանդավառութիւնը երբ մեր երեք ընտանիքներու տղաքը իրար կը միանայինք, բայց նոյնքան ալ մեծ կ'ըլլար մեր սուգը, երբ ամառուայ վերջաւորութեան վերադարձի ժամանակը կը հասնէր: Արդէն մէկ, երկու շաբաթ առաջուընէ մեր փորի ցաւերը կը սկսէին եւ քանի մեր Փարիզաբնակ զարմիկներուն մեկնումի օրը կը մօտենար ալ աւելի նշմարելի կը դառնար մեր տխրութիւնը: Իրարմէ բաժանումի օրը արդարեւ ողբերգութիւն մըն էր մեզ համար: Բոլորս իրարու փաթթուելով կուլայինք եւ չէինք ուզէր իրարմէ բաժնուիլ: Տեսնողը կը կարծէր թէ մեկնողները դէպի անվերադարձ աքսորի է որ կ'երթան, այլ ոչ թէ կը վերադառնան իրենց քաղաքը եւ տունը:

Երբ փոքր էինք ժամանակը անցնիլ չէր գիտէր եւ այդ մէկ ձմեռը որ պիտի անցներ մինչեւ որ յաջորդ ամառ գար եւ մենք նորէն իրարու միանայինք, մեզ դարի մը չափ երկար կը դուէր: Իսկ հիմա օրերը, ամիսները եւ տարիները այդպէս արաք կ'անցնին որ ինծի վախ կը պատճառէ: Կարծէք թէ շաբաթը բաղկացած ըլլայ միայն երկու օրերէ. Երկուշաբթի եւ Ուրբաթ: Երբեմն յիշողութեանս մէջ դէպի ետ կը նայիմ եւ կը զարմանամ, տեսնելով թէ որքան շուտ են անցեր տարիները: Թեր երէկ մենք հազիւ ութը, տասը տարեկան տղաներ էինք, իսկ այժմ մեր զաւակները նոյնիսկ հասեր են իրենց քսան տարեկանին: Տէր իմ, երբ անցան բոլոր այս տարիները, իսկ երբ կը նայիմ դէպի ապագայ, կը տեսնեմ թէ շատը արդէն իսկ գացեր է եւ քիչն է որ մնացեր, եւ մէկ այսչափ մըն ալ չունիմ ապրելիք:

Մեր ապարանքին մուտքը կը գտնուէր երկաթէ ձողապատ մը, որուն առջեւ կար թուփերով շրջապատուած փոքրիկ պարտէզ մը: Դռնէն ներս մտնելնուս ձախին, կար խաղողի տունկերով ծածկուած փոքրիկ արիշ մը որուն խաղողները շատ համեղ չէին, բայց իր խաղողի տերեւներով մեր մայրիկները շատ համեղ տոլմաներ կը փաթթէին: Իսկ աչ կողմը կը գտնուէր Մալթայի սալորի ծառ մը, որուն պտուղները արդարեւ շատ համեղ էին: Քանի մը քայլ առաջ երթալով կը հասնէինք փոքրիկ հողամասի մը, որուն վրայ տնկուած էին պղպեղ եւ սմբուկ, որոնցմով մեր մայրիկները համեղ ճաշեր կը պատրաստէին: Իսկ աջ կողմը կը գտնուէին գոյնզգոյն դրախտավարդի (հօրթէնսիա) տունկեր:Կար նաեւ իր մէջ կարմիր ձուկեր պարունակող աւազան մը որ մեր ամենասիրելի վայրերէն մէկն էր: Աւազանին քով կը գտնուէր հսկայ բալենի մը ուրկէ քանի անգամներ վար ինկած եւ վիրաւորուած ենք փալ ուտելու սիրոյն:Բալենիի դիմացը կը գտնուէր կեռասենի մը, իսկ անոր քով կար կարմիր սալորի հսկայ ծառ մը :Պարտէզին մէջտեղը կը գտնուէր կանանչ սալորենի մը որուն վրայ յաճախ կը մագլցէինք սալոր ուտելու համար, իսկ մեր մայրիկները մեզ հեռուէն տեսնելով կ'ազդարարէին պոռալով <<ծօ` տղաք վար պիտի իյնաք, մեր գլխուն փորձանք պիտի հանէք>>: Միթէ կարելի է ծառ ելլել պտուղ ուտելու համար եւ ծառէն վար չ'իյնալ, ան ալ իր համը ունի այդպէս չէ՞ : Ձախին կը գտնուէր վերջէն կառուցուած փոքրիկ մէկ հարկանի կապելայ մը որ թրքերէն <<քիւմէս>> այսինքն հաւնոց կը կոչէինք, բայց հոն հաւեր գոյութիւն չունէին այլ այդ կապելան շինուած էր որպէս հաւաքավայր: Տան երիտասարդները հինէն հոն խրախճանքի հաւաքոյթներ կը կազմակերպեն եղէր: Պատերուն վրայ թրքական Հաճվաթի եւ Գարակէօզի նկարներ կը գտնուէին եւ մենք մեր ժամերուն շատը հոն կ'անցնէինք այդ <<հաւնոց>>ին երթիկին տակ խաղալով եւ պահուըտելով: Հաւնոցին քով կը գտնուէր հասակը մեր երեք հարկանի ապարանքին չափ բարձր եղող շոճի մը, որուն ամենատոկուն ճիւղին վրայ կապուած էր մեր օրօրոցը: Այդ ծառին քով գետնին վրայ կը գտնուէր ջրհոր մը որուն ջուրը չէր խմուէր, բայց հինէն երբ դեռ սառնարանը գոյութիւն չունէր հոն կ'իչեցնեն եղէր ջուրի շիշերը եւ ձմերուկի ու սեխի նման պտուղները որպէսզի պաղին: Տան մուտքի դուռին առջեւ կը գտնուէր երկար սեղան մը, որուն վրայ մենք. տան բոլոր ընտանիքները կը հաւաքուէինք նախաճաշի, ճաշի եւ ընթրիքի համար: Բոլորս միասին կը ճաշէինք հաւաքուելով այդ սեղանին շուրջ:Իսկ պարտէզի գետինը ծածկուած էր իրենց վրայ խճանկարներ գտնուող քարերով: Այս քարերը պարբերաբար իրենց զետեղուած տեղերէն կ'ելլային եւ մենք անոնք մեծ գուրգուրանքով կը հաւաքէին եւ սինձով ու մեծ աշխատանքով իրենց տեղերը ետ կը զետեղէինք որպէսզի գետնի քարերուն ներդաշնակութիւնը չաւրուի:

Երբ քանի մը տարի վերջ մեր ընտանիքի մեծերու որոշումով այդ ապարանքը ծախուեցաւ, ապարանքին նոր տէրերը բոլոր իմ վերի տողերու մէջ երկարօրէն բացատրած պտուղի ծառերուն եւ բոյսերուն մէկ մասը արմատախիլ ընելով եւ խճաքարերուն վրայ կուպր թափելով իրենց ինքնաշարժերուն համար կառանոցի վերածեցին:Իսկ մեր ապարանքը բոլորովին բլցնելով իր տեղ արդիական նոր ապարանք մը կառուցանեցնի: Մեծ եղած էր յուզմունքս երբ տարիներ վերջ պարտէզի դուրսէն օտարի մը նման գողնովի ներս նայելով տեսած էի թէ իրենց ճիւղերուն վրայ մեր ձեռքի եւ ոտքի հետքերը գտնուող այդ ծառերուն մեծ մասը գոյութիւն չունէին այլեւս եւ իրենց տեղ արդիական թանկագին ինքնաշարժեր տեղաւորուած էին:

Երբ ապարանքի դռնէն ներս մտնայիք գետնայարկի վրայ ձախ կողմը կը գտնուէր մեծ խոհանոց մը, որուն մէջ մեր մայրիկները եւ մեծ մայրիկները միասնօրէն ճաշ կ'եփէին: Իսկ աջ կողմի դուռը տան մայր մուտքի դուռն էր: Խոհանոցին ետեւը կը գտնուէր մեր բաղնիքը, որ իր բուն իմաստով մարմարներով շրջապատուած թրքական բաղնիք մըն էր, որուն ճիշտ մէջտեղը կը գտնուէր շատրուան մը որուն մէջ տաք ջուր լեցնելով թասով ջուր կը թափուէինք: Օրը չեմ յիշեր, բայց շաբթուան մէկ օրը բաղնիքի օր էր եւ այդ օր տան բոլոր բնակիչներս մեր բաղնիքի խալաթները հագած կառքով բաղնիք կ'երթայինք, իսկ մեզ փոքրիկներս կը լուային մեր մայրերը: Նոյնպէս շաբթուան մէկ օրն ալ յատկացուած էր ընդհանուր լուացքի: Այդ օր մեր տան կից բնակող ապարանքին պահապան պարպա Անտօնիին կինը քիրիէ Փենելոբէ իրենց տան մէջ գտնուող լուացարանի մեծ կաթձային մէջ ջուր կը եռացներ եւ հոն կը լուացուէին բոլոր մեր ապարանքի սաւանները, մեր ճերմակեղէնները, շապիկները եւ ամեն ինչ: Հարկ է ըսեմ որ , թէ լուացարանի վառարանը եւ թէ բաղնիքի վառարանը երկուքն ալ փայտով է որ կը տաքնային: Այս նպատակի համար ալ ունէինք համեստ փայտանոց մը: Աւելի վերջ մաքրուած բոլոր լուացքները կը փռուէին Անտօնիներուն տան առջեւի պարապութեան վրայ պարզուած չուաններու վրայ որպէսզի չորնան:

Մենք առաւօտուն մեր նախաճաշը աւարտելէ վերջ մեր ծովի զգեստները հագուած քարափ կը բարձրանայինք եւ մեր մայրերուն եւ մեծմայրերուն հսկողութեան տակ մինչեւ կէսօր ծով կը մտնէինք: Շատ մեծ հաճոյք մըն էր ասիկա մեզի համար:Իսկ կէսօրուայ ճաշէն վերջ ստիպողաբար եւ մեր մեծ մայրիկներուն խիստ հսկողութեան տակ, տան առաջին հարկը գտնուող հիւրանոցին հսկայ բազկաթոռներուն վրայ, երկու ժամանոց ցերեկուան հանգիստի շրջան մը ունէինք , իսկ ավելի վերջ մեր հեծանիւները հեծած փողոց կ'ելլեինք եւ մինչեւ որ մեր հայրերը գործէն վերադառնային թաղին փողոցներուն մէջ վեր ի վար կը պտտէինք: Երբեմն ալ մեզ դրացի ընտանիքներու երեխաներուն հետ կը խաղայինք: Տան մէջ մեզ ամենաշատ հետաքրքրող վայրը անտարակոյս տան տանիքին տակ գտնուող վերնայարկն էր, ուր տարիներու տեւողութեամբ տան մէջ չգործածուած բոլոր առարկաները հոն դրուած էին: Մեր ամենամեծ հաճոյքն էր մեր մայրիկներէն եւ մասնաւորապէս օրիորդ Մելինէէն գաղտնի հոն ելլել եւ յայտնագործութիւն ընել հոն դիզուած կարասիներու մէջ: Մեծ եղած էր մեր ուրախութիւնը երբ օր մը անոնց մէջ պղինձէ սաղաւարտ մը եւ երկաթէ հին սուր մը գտած էինք, որոնք հինէն թատրոնի ներկայացման ժամանակ գործածուած առարկաներ են եղէր:Ասկէ զատ վերնայարկին մէջ կը գտնուէին ջղջիկներու բոյները եւս, այս պատճառով մեզ գաղտնօրէն վերնայարկ բարձրանալը մեզի համար Օլիվէր Թուիստի արկածախնդրութիւններուն մասնակցելու նման հաճելի իրադարձութիւն մըն էր:

Երբ իրիկուն ըլլար եւ մեր հայրերուն գործէն վերադառնալու ժամը մօտենար, տուն կը վերադառնայինք եւ մեր մայրերուն հետ միասին պարտէզին սկիզբը գտնուող արիշին տակ նստած մեր հայրիկներուն վերադարձին կը սպասէինք: Այս սովորութիւնը բարեբախտաբար ներկայիս դեռ կը շարունակուի Գընալը կղզիի հայ համայնքին մէջ: Հաճելի է տեսնել տիկինները, որ իրենց ամուսիններուն գործէ վերադառնալու ժամին մօտ կը հաւաքուին կղզիի նաւամատոյցին մօտ գտնուող սրճարաններուն մէջ եւ կը սպասէն իրենց ամուսիններուն որպէսզի զանոնք դիմաւորէն:

Ուրբաթ օրերը ընթրիքին ընդհանրապէս ձուկ կ'ուտուէր եւ եթէ այդ օր ձկնորսէն ձուկ առնուած չըլլար, տան գիշերուայ ձուկը հոգալու պաշտօնը մեզի այսինքն տան տղոց կը տրուէր: Ես, Ռաֆֆի եւ Ատոմ Հէքիմեան եղբայրներուն հետ միասին, իրենց վրայ երկու ասեղներ գտնուող մեր կարթերը առած քարափ կ'ելլեյինք: Այն ժամանակ ձուկը շատ արատ էր Պոսվորի մէջ եւ կարճ ժամանակուայ մէջ բոլոր տան բնակիչները կշտացնելու չափ <<զմարիթ>> կոչուած ձուկէն կը որսայինք:

Ընթրիքէն վերջ դարձեալ բոլորս միասին ընտանեօք կը հաւաքուէինք մեր ամենօրեայ սրահին մէջ:Այն տարիներուն դեռ հեռատեսիլը այսօրուան պէս հասարակ չէր եւ մենք ալ մեր տան մէջ հեռատեսիլ չունէինք որպէսզի բոլոր իրիկունը այդ տուփին դիմացը քամուած, կախարդուածի նման սպասենք, տեսնելու համար թէ մէջէն ինչ գոյն նապաստակ պիտի ելլէ: Այլ ընտանեօք կը հաւաքուէինք եւ միասնաբար զանազան խաղեր կը խաղայինք: Ի վերջոյ գիշեր կ'ըլլար եւ բոլորս վերի հարկերու վրայ գտնուող մեր սենեակները կը բարձրանայինք: Առաջին հարկը կը պատկաներ մեր ընտանիքին, իսկ երկրորդ հարկը կը պատկանէր Կարապետեան եւ Հեգիմեան ընտանիքներուն: Օրիորդ Մելինէին սենեակն ալ նոյն հարկին վրայ կը գտնուէր:Երբ տան առտուան բնակիչները իրենց սենեակները քաշուէին եւ խոր գունին յանձնուէին, տունը կը յանձնուէր տան գիշերային բնակիչներուն: Տան մէջ մեզ հետ միասին կ'ապրէին կատուի մեծութեամբ մուկեր, որոնք մեզ օրուան մէջ բնաւ անհանգստութիւն չէին պատճառէր, կարծէք թէ տան այս երկու բնակիչներու մէջ չյայտարարուած համաձայնութիւն մը կար որուն համեմատ ցերեկները մեզ կը պատկանէր իսկ գիշերները մուկերուն: Մենք մեր անկողիններու մէջէն երբեմն կը լսէինք իրենց հանած աղմուկը բայց չէինք անհանգստանար: Մուկերը արդարեւ ծայր աստիճան խելացի անասուններ են: Մայրս պատմած էր որ գիշեր մը արթնցներ է ծարաւցած եւ խոհանոց իջեր է որպէսզի ջուր խմէ, եւ հոն տեսեր է թէ ինչպէս մուկերը կը գործեն օճառները գողնալու համար: Այն ժամանակ ճերմակ օճառները խոհանոցի պատնէշի վրայ կը շարուէին որպէսզի չորնան:Մուկերէն մէկը պատնէշին վրայ կը բարձրանայ եւ իր առջեւի ոտքերով օճառներէն մէկը հրելով կը բերէ մինչեւ եզերքը եւ հոնկէ վար կը նետէ, իսկ վարը սպասող ուրիշ մուկ մըն ալ այդ օճառը նոյն ձեւով կը հրէ եւ կը տանի իրենց բոյնը:

Օր մը կէս գիշերէն վերջ, մեր վերի հարկը գտնուող Հէգիմեններուն սենեակէն եկող ահռելի աղմուկով մը արթնցանք եւ կարծելով թէ ձախողութիւն մը պատահած է անմիջապէս վեր դէպի իրենց սենեակը վազեցինք: Երբ մտանք սենեակ տեսանք որ բոլորը իրենց գիշերանոցները հագուած, մուճակները իրենց ձեռքին կայնած էին իրենց անկողիններուն վրայ, իսկ իրենց հայրը Յովհաննէս Հէգիմեան իր ձեռքին ունէր երկաթէ փոքրիկ արկղ մը որ պատրաստ էր դռնէն ներս մտնողին գլխին իջեցնելու: Նախ մեծ եղաւ մեր զարմանքը բայց յետոյ տեղեկացանք որ մուկերը շատ աղմուկ հաներ են եւ Յովհաննէս Հէգիմեան իր հողաթափը շպրտեր է դէպի ձեղուն որպէսզի մուկերը դադրեցնեն աղմուկը, բայց հողաթափին հանած ձայնեն մուկերը ալ աւելի խռջէր են եւ սկսեր են ձախ' ու աջ վազվռտել: Հէգիմեանները կարծեր են որ մուկերը յարձակումի անցած են եւ ով ինչ որ գտեր է իր ձեռքը առած ելեր է անկողնին վրայ որպէսզի մուկերը եթէ սենեակէն ներս խուժեն իրենց գլխին իջեցնեն: Երբ հասկըցանք պատահարը բոլորս միասին սկսանք կէս գիշերին խենդերու մնան խնդալ: Մինչեւ այսօր երբ հաւաքուինք եւ հին օրերը յիշենք, կարօտով կը յիշատակենք այն երանելի օրերը:

Մեր Ենիգիւղի հօրենական ապարանքը տարիներու տեւողութեան հինցած էր եւ կը կարօտէր նորոգութեան, որովհետեւ շուրջ մէկ դարէ ի վեր դիմադրող այս տունը այլեւս գրեթէ փլատակի վերածուած էր, իսկ նորոգութիւնը մեծ գումարի կը կարօտէր: Ասկէ զատ պատմական շէնք մը ըլլալուն պատճառաւ պետութիւնը արտօնութիւն չէր տար նորոգութեան, այն պնդումով թէ եթէ նորոգուի իր ինքնուրոյնութիւնը պիտի կորսնցնէ: Չեմ հասկնար մեր պետութեան այս անիմաստ մտայնութիւնը, հին շէնքերուն նորոգութեան արտօնութիւն չի տրուիր պատմական ըլլալնուն պատճառաւ, իսկ եթէ չի նորոգուի շէնքը անբնակելի վիճակի կը մատնուի: Ու՞ր է հոս տրամաբանականութիւնը:

Քանի մը տարիներ վերջ մեր  ապարանքը ծախուեցաւ մեծահարուստ Թուրք ընտանիքի մը որ <<հարկ եղած տուգանքը>> վճարելէ վերջ ապարանքը նորոգելու ձեւակերպութեան տակ բոլորովին բլցուց քանդելով վերի տողերուս մէջ նախապէս իմ կարօտով գրի արած մեր տան պատկանող բոլոր առանձնայատկութիւնները եւ ծայրէ ի ծայր կառուցանել տուաւ նոր եւ արդիական ապարանք մը: Ու՞ր մնաց պատմական շէնքին ինքնուրոյնութեան պաշտպանումը: Դրամն է որ կը խօսի: Այնուամենայնիւ չեմ կրնար զիրենք դատապարտել որովհետեւ ապարանքը արդարեւ գրեթէ փլատակի վերածուած էր եւ նորոգելը շատ աւելի խրթին գործ մըն էր քան թէ զայն բոլորովին բլցնելով ծայրէն կառուցանել, բայց յամենայնդէպս փոխանակ այսօրուայ տգեղ ապարանքին շատ աւելի գեղեցիկ շինութիւն մը կարելի էր մէջտեղ հանել:

Մեր Ենիգիւղի հօրենական ապարանքին մէջ մեզի հետ միասին ապրող մեր հարազատներէն շատեր այսօր ոչ եւս են այլեւս: Անոնք մեզմէ բաժնուած եւ փոխադրուած են անդենական աշխարհ: Իմ մայրս Ֆլորանս Էլակէօզ , մեծ մայրս Աննա Էլակէօզ, իր քոյրը Սրբուհի Կարապետեան եւ ամուսինը Միհրդատ Կարապետեան, իրենց զաւակները Կարօ Կարապետեան եւ Անահիդ ու Յովհաննէս Հէգիմեան եւ մեր սիրելի օրիորդ Մելինէ: Մեզմէ առաջ ալ հոն ապրեր են մեր մեծ հայրերը եւ մեծ մայրերը ու իրենց մայրերը եւ հայրերը ինչպէս մեծ հայրս Վահրամ Էլակէօզի մայրը Տիրուհի Մանկասարեան Էլակէօզ, իմ մեծ մօրս մայրը Մաքրուհի Հալեբեան-Գալֆաեան որ ազգականն էր Գալֆաեան որբանոցի հիմնադիր մայր Սրբուհի Գալֆաեանին: Աստուած բոլորին ալ հոգին լուսաւորէ: Երանելի օրեր էին արդարեւ որ երբ առիթը ստեղծուի եւ մէկտեղուինք այդ օրերը կը յիշատակենք եւ թէ կը յուզուինք, թէ կը զուարճանանք յիշելով այդ օրերը եւ այն երանելի անցերը որոնք ոչ եւս են այլեւս:

2017 թուականը արդարեւ թախծոտ տարի մը եղաւ մեր գերդաստանին համար: 18 Փետրուար թուականին կորսնցուցի իմ հայրս Պերճ Էլակէօզ, իսկ իրմէ ամիս մը վերջ քառասունըվեց տարեկանին իր հոգին աւանդեց մեր Ֆրանսաբնակ զարմուհին Վետի Հէքիմեան երկարատեւ հիւանդութենէ մը վերջ, իր յետին դողելով երկու պզտիկ տղայ եւ սգաւոր ամուսին մը:Ես դեռ ինը տարեկան էի երբ Հեքիմեան ընտանիք ամառուայ արձակուրդի համար Ենիգիւղի մեր ապարանքը եկած էր ու Վետի հազիւ քանի մը ամսուայ մանկիկ մըն էր այն ժամանակ: Յիշեցի ինչպէս իրեն ճաշ կը կերցնէինք եւ կը գուրգուրայինք իր վրայ որովհետեւ ինք մեր բոլոր զարմիկներուն մէջ ամենափոքր աղջիկն էր: Իսկ 15 Յունիսին Մոնթրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքեց իմ հօրեղբայրս Արա Էլակէօզ, կարծէք չուզեց առանցին ձգել իր եղբայրը որ մահացած էր իրմէ չորս ամիս առաջ: Արա Էլակէօզ իմ հօրեղբայրս չէր միայն, այլ էր նաեւ իմ մկրտութեանս կնքահայրը, ինչպէս նաեւ կնքահայրը մեր ամուսնութեան եւ մեր զաւակը Տիգրիսին մկրտութեան:

Ամէն անգամ որ Ենիգիւղի մեր ապարանքին առջեւէն կ'անցնիմ կը մօտենամ եւ օտարի մը նման ներս կը դիտեմ: Ապարանքը զիս չի ճանչնար հարկաւ որովհետեւ վերջէն է որ կառուցուած է, իսկ մեր պզտիկութեան տարիներէն մինչեւ այսօր հասնիլ յաջողած քանի մը ծառերը զիս կը ճանչնա՞ն արդեօք չեմ գիտեր, բայց ինծ այդպէս կը թուի թէ այդ պահուն ծառերուն սօսափիւնը հայրենատենչական մեղեդիի մը կը վերածուի


Մարմարա Օրաթերթ                          




No comments: