4 Oct 2017
ՄԻ ՎԱԽՆԱՔ ՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԿՈՉՈՒԵԼԷ
Հազիւ տասնըութ տարեկան երիտասարդ մըն էի, երբ առաջին անգամ լուծուեցայ աշխատանքային կեանքի: Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտ էի եւ դրամի կարիք ունէի: Գիտնալով որ հօրս տնտեսական վիճակը փայլուն չէր, չէի ուզեր իրմէ դրամ պահանջել: Երբ ինծի հարցնէր թէ դրամի կարիք ունէի՞ արդեօք, կը պատասխանէի որ վարժարանին մէջ ամէն ինչ ունէինք ուստի ո՝չ մէկ բանի կարիք ունէի: Բայց իրականութեան մէջ այդպէս չէր հարկաւ, քանի որ երիտասարդ էի եւ ունէի անձնական ծախսեր: Այսպէսով շաբաթը երկու օր, Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը սկսայ աշխատիլ վարժարանին մօտ գտնուող չինական ճաշարանի մը մէջ իբրեւ սպասեակ:
Վարժարանը աւարտելէ վերջ ալ ամառուայ եղանակին սկսայ աշխատիլ Վենետիկի մէջ գտնուող իտալական ճաշարանի մը մէջ, ուր կարճ ժամանակուայ մէջ ստանձնեցի ճաշարանը կառավարելու պաշտօնը: Ճաշարանին տէրը Իվանօ Ֆանթին մեծ վստահութիւն ունէր իմ վրաս: Բաւական ծանր էր գործը. առաւօտուայ ժամը ութ էն մինչեւ գիշերուայ մէկը բուռն աշխատանք մը կար ճաշարանին մէջ: Այդ ճաշարանին մէջ էր որ ես ստիպողաբար սորուեցայ նաեւ իտալան փիծծա պատրաստել երբ օր մը մեր փիծծաի վարպետը անակնկալօրէն հիւանդացաւ եւ քանի մը օր բացակայեցաւ: Բարեբախտաբար փիծծա պատրաստելու հետաքրքրութիւնը ունենալով, նախապէս հետեւած էի մեր վարպետին եւ բաներ մը սորուած էի իրմէ: <<Ամէն հարց նոր առիթներ կ'ստեղծէ>> կ'ըսէ արածը, այս առիթով ես փիծծա պատրաստել ալ սորուած եղայ եւ ապագային աշխատեցայ նաեւ իբրեւ փիծծաի վարպետ:
Երբեմն կը պատահէր որ պետական քննիչները ճաշարանները քննէին: Այն ժամանակ մենք կամացուկ մը ետեւի դռնէն կը բախէինք, կամ ալ այդպէս կը ձեւացնէինք թէ յաճախորդ էինք եւ նստելով սեղանի մը շուրջ ճաշ կ'ապսպրէինք, քանի որ աշխատելու իրաւունք չունէինք եւ եթէ քննիչները անդրադառնային կրնայինք ձերբակալուիլ եւ երկրէն արտաքսուիլ, քանի որ Եւրոպայի մէջ եւս ապօրինի կարգավիճակի տակ աշխատողները կը ձերբակալուին եւ երկրէն կարտաքսուին: Միայն պատերազմի պատճառով իրենց երկրէն փախիլ ստիպուելով Եւրոպա ապաստանողներն են, որ որոշ շրջանէ մը վերջ աշխատելու իրաւունք կստանան, իսկ մենք ապաստանեալի կարգավիճակ չունէինք այլ ունէինք ուսանողի կարգավիճակ եւ փախստականօրէն կ'աշխատէինք պարզապէս դրամ շահելու համար:
Երբ համալսարանը բացուեցաւ, ստիպուեցաւ այլեւս բաժնուիլ այդ ճաշարանէն, քանի որ այլեւս օրուայ տեւողութեան համալսարան պէտք է յաճախէի: Բաժնուած օրս, գործատէրը իմ մինչեւ այդօրուայ աշխատանքիս փոխարէն շատ լաւ վարձատրութիւնով մը շնորհակալութիւն յայտնելով եւ յաջողութիւն մախթելով զիս ճամբեց: Մինչեւ այսօր, հակառակ որ շուրջ երեսունհինգ տարիներ անցած են, երբ մէկը երթայ այդ ճաշարանը եւ իմ անունս տայ, գործատէրը Իվանո լաւ զեղջ մը կընէ իրեն: Երբ մենք ընտանեօք քանի մը տարի առաջ գացած էինք Վենետիկ արձակուրդի համար, մեզ ձրիաբար հիւրասիրած էր իր պանդոկին մէջ ըսելով. <<հոս քու տունդ է, երբ որ ուզես կուգաս>>:
Մուրատ Ռափայելեան վարժարանը աւարտելէ վերջ փոխադրուեցայ Վենետիկի մօտ գտնուող Փատօվա քաղաքը, քանի որ Վենետիկ շատ սուղ քաղաք մըն էր եւ տան վարձքերը շատ բարձր էին, բայց համալսարանը կը գտնուէր Վենետիկի մէջ: Ամէն օր Վենետիկ կ'երթայի եւ իրիկուան կը վերադառնայի: Իսկ շաբաթը չորս օր . Հինգշաբթիէն Կիրակի, գիշերը ժամը տասէն մինչեւ առաւօտուայ hինք կ'աշխատէի այն ժամանակ Փատօվա քաղաքին ամենէն շքեղ գիշերային ակումբին մէջ իբրեւ կառապան կամ այսօրուայ նորաձեւական շքեղ անունով իբրեւ Վալէ:
Շահս լաւ էր, կառքերուն տէրերը լաւ դրամ կը ձգէին իբրեւ պախշիշ, մասնաւորապէս երբ գիշերուայ վերջաւորութեան կը մեկնէին, գիշերային ակումբին մէջ ծանօթացած գեղեցիկ պարմանուհիի մը ընկերակցութեամբ եւ քիչ մըն ալ ոգելից ըմպելիին ազդեցութեան տակ մտած, առատօրէն կը վարձատրէին զիս: Երբ պատահեր որ բնաւ գործ չգտնայինք աշխատելիք եւ դրամի կարիք ունենայինք, այն ժամանակ ուրիշ ճար չկար, ստիպուած էինք ժամը առաւօտուայ երկուքին երթալ քաղաքին պտուղի կեդրոնական շուկան եւ բեռնակրութիւն ընել մինչեւ ժամը ութը, որպէսզի մինչեւ որ գործ մը գտնէինք օրը փրկելու չափ դրամ մը ապահովէինք մեր ապրուստին համար:
1984 թուականին որոշեցի այլեւս Պոլիս վերադառնալ: Զինուորութեան պարտականութիւնս լրացնելէ վերջ, 16 Դեկտեմբեր 1986 թուականին քսանչորս տարեկանիս գործի ընդունուեցայ Ալիթալիա. Իտալական օդանաւային հաստատութեան կողմէ : Լաւ իտալերէն գիտնալս եւ Անգլերէն ու Ֆրանսերէն լեզուներուն ալ տիրապետելս, դրական ազդեցութիւն գործած էր հաստատութեան կողմէ ընդունուելուս մէջ:
Քսանութ տարիներ աշխատելէ վերջ հաստատութեան բոլոր բաժիններուն մէջ, 2014 թուականին, յիսուն երկու տարեկանիս որոշեցի այլեւս հանգստեան կոչուիլ եւ դիմում կատարեցի այդ ուղղութեամբ: Հաստատութեան վիճակն ալ շատ փայլուն չէր արդէն եւ պայմանները չէին գոհացներ զիս: Իմ հանգստեան կոչուելէս շուրջ երկու տարի վերջ, հաստատութիւնը բոլորովին փակեց Թուրքիոյ իր գրասենեակը: Ես նախատեսած էի կացութիւնը :
Որոշած էի այլեւս չաշխատիլ, բացի քանի մը պզտիկ գործերէ: Երբ Իտալական առեւտրականութեան գրասենեակը Պոլսոյ մէջ ցուցադրութիւն մը կազմակերպէ զիս կը հրաւիրէն իբրեւ թարքման քանի որ իրենց գրասենեակին արձանագրուած թարքմաններէն մին եմ:
Իմ հանգստեան կոչուելէս վերջ բարեկամներուս կողմէ հարցումներու տեղատարափի ենթարկուեցայ, երբ լսեցին թէ այլեւս որոշած էի չաշխատիլ: Կը հարցնէին թէ արդեօք երիտասարդ չէ՞ի հանգստեան կոչուելու համար, իսկ հիմա ի՞նչ գործ պիտի ընէի, ի՞նչպէս կ'անցնէի ժամանակը, արդեօք չէի՞ նեղուէր եւայլն:
Արդարեւ որոշած էի այլեւս չաշխատիլ քանի որ հանգստեան կոչուած էի: Բառին նշանակութիւնը իր մէջ ներփակուած էր արդէն իսկ. հանգստեան կոչուիլ: Եթէ պիտի շարունակէի աշխատիլ, ինչու՞ համար հանգստեան կոչուէի: Իսկ ե՞րբ ու քանի՞ տարեկանիս պիտի հանգստեան կոչուէի եթէ ոչ միջին տարիքիս, որպէսզի կարենամ քիչ մըն ալ ժամանակ յատկացնել ինքզինքիս: Միթէ անթացուպի դատապարտուած ժամանակի՞ս էր որ հանգստեան պիտի կոչուէի: Երեսունհինգ տարիներէ ի վեր աշխատած էի ուրիշներու համար, իսկ հիմա կը փափաքէի իմ սիրած ժամանցներովս զբաղիլ: Կը զարմանամ երբ ինծի կը հարցնեն թէ ի՞նչպէս կ'անցնեմ ժամանակս: Ի՞նչու ջանամ ժամանակը անցնել: Յիսուն հինգ տարիներ արդէն անցեր են աչք մը թարթելու արագութեամբ, եւ մէկ այսչափ մըն ալ չունիմ այլեւս ապրելիք: Կարծէք թէ շաբաթ մը առաջ էր երբ հայրս զիս արձանագրեց Մխիթարեան վարժարանի մանկապարտէզի դասարանը, իսկ այսօր իմ դուստրս հասեր է իր քսան տարեկանին: Ուրեմն որչափ դանդաղ անցնի մնացած ժամանակը այդչափ աւելի իմ օգուտին է: Ոչ, բացարձակ չեմ նեղուիր, քանի որ հիմա ալ ունիմ բազմաթիւ զբաղումներ: Երանի թէ նեղուէի, որովհետեւ եթէ նեղուինք կը նշանակէ որ ժամանակը արաք չանցնիր, իսկ քանի որ չեմ նեղուիր կը նշանակէ որ ժամանակը կը շարունակէ արագօրէն սուրալ կեանքի նրբանցքին մէջ: Մարդ եթէ ուզէ կրնայ բազմաթիւ զբաղումներ հայթայթել: Ընելիք շատ բաներ կան մեր կեանքին մէջ որոնց համար կարելի չէ ժամանակ տրամադրել մեր աշխատած շրջանին:
Աշխատած շրջանիս ճանչցած եմ անձեր, որոնց համար իրենց գործը միակ ազդակն էր իրենք զինենք օգտակար զգալու համար: Անոնց ամենամեծ վախն էր հանգստեան կոչուիլ: Իսկ երբ հանգստեան գոչուեցան հոգեկան մեծ տագնապի մատնուեցան, քանի որ իրենք զիրենք անօգուտ սկսան նկատել: Ես միշտ հաւատացած եմ հետեւեալ փիլիսոփայութեան. աշխատիլ ապրելու համար այլ ոչ ապրիլ աշխատելու համար: Աշխատանքային կեանքէ դուրս ալ շատ օգտակար զբաղումներ կան մեզ համար արդարեւ:
Գալով ամենակարեւոր նիւթին, այսինքն դրամականին: Գիտեմ որ հիմա ընթերցողը կը մտածէ թէ միթէ կարելի՞ է պետութեան վճարած չնչին հանգստեան թօշակով ապրուստ ապահովել: Իմ ամբողջ աշխատանքային շրջանին միշտ խորհուրդ տուած եմ իմ պատկանած զբօսաշրջութեան ոլորտի մէջ ծանօթացած բոլոր թոշակառուներուն, որ աշխատին միայն այն հաստատութիւններու մէջ, որոնք պաշտօնապէս պետութեան կը յայտարարէն իրենց պաշտօնեաներուն վճարած ամսականները, ու անոնց վրայէն տուրք կը վճարէն:
Դժբախտաբար կան բազմաթիւ գործատեղիներ, որոնք հակառակ որ գնահատելի թօշակ մը կը վճարեն պաշտօնեաներուն, պակաս տուրք վճարելու համար պետութեան մօտ այդպէս կը ձեւացնեն որ իրենց գործատեղիին մէջ կը գործադրուի նուազագոյն աշխատավարձի վճարում (asgari ücret): Անոնք կը համոզեն իրենց պաշտօնեաները, անոնց ամսական աշխատավարձին վրայ քանի մը հարիւր լիրա աւելցնելով եւ ըսելով.փոխանակ պետութեան տուրք վճարելու ամսականդ աւելցնեմ, դուն ալ աւելի շահէ ես ալ: Բայց իրականութեան մէջ ասիկա ապագային շատ մեծ յուսախաբութեան մը պիտի վերածուի պաշտօնեանին համար, քանի որ տարիները շուտով պիտի անցնին եւ երբ հանգստեան կոչուելու ժամանակը հասնի, իրենց թօշակը պիտի ըլլայ այդպէս ցած գումար մը, որով կարելի պիտի չըլլայ առանց ուրիշ գործ մը ընելու ապրուստ ապահովել:
Այսօր բոլոր իր աշխատութեան շրջանի տեւողութեան, աշխատանքային օրէնսդրութեան համաձայն գործող հաստատութեան մը մէջ աշխատող եւ սոյն հաստատութեան կողմէ հարկ եղած տուրքերը վճարուած պաշտօնեայ մը, երբ հանգստեան կոչուի, պետութիւնը չնչին տարբերութիւնով մը, իր վերջին ամսականին մօտ հանգստեան թօշակ մը կը յատկացնէ իրեն եւ տարին երկու անգամ ալ հաւելում կ'ընէ:
Վերչին խօսքով, երբ ժամանակը հասնի մի վախնաք հանգստեան կոչուելէ: Հանգստեան կոչուելը վերջ մը չէ, այլ սկիզբն է ձեր կեանքին մէջ նոր շրջանի մը, եւ վարձատրութիւն մը ձեր աշխատած բոլոր տարիներու փոխարէն:
Աշխատանքային կեանքէ դուրս ալ մեզ համար գոյութիւն ունին բազմաթիւ հաճելի զբաղումներ: Բոլոր մեր երիտասարդութեան եւ միջին տարիքին պատկանող տարիները ուրիշներու շահին համար աշխատելով վատնելէ վերջ, վերջապէս ժամանակը հասած է որ այլեւս մենք մեզ համար ժամանակ տրամադրենք, ուրեմն այս առիթը պէտք է լաւ արժէքաւորել, որովհետեւ ասկէ վերջ գալիք շրջանը այլեւս սահմանափակումներու, անկարելիութիւններու եւ հիւանդութիւններու շրջան մը պիտի ըլլայ մեզի համար եւ ժամանակը երբեք կարելի չէ ետ բերել:
Մարմարա Օրաթերթ
3 Հոկտեմբեր 2017 - Երեքշաբթի
Subscribe to:
Post Comments (Atom)
No comments:
Post a Comment