Subscribe

4 Jan 2018

ԿԵԱՆՔԻ ԲԱԽՏՈՐՈՇ ՍԽԱԼՆԵՐԸ


                    





       Դրուագներ Մուրատ Ռափայէլեան Վարժարանի աշակերտական կեանքէ:

Մեր գործած սխալները վճռական տեղ մը կը գրաւեն մեր կեանքին մէջ: Մարդս իր ծնած օրէն սկսեալ իր գործած սխալներով եւ այդ սխալներէն դաս հանելով է որ կեանքի փորձառութիւն կը շահի : Կարելի է ըսել որ մեր գործած ճիշտերը կեանքի մասին շատ բան չեն սորվեցներ մեզ, այլ մեր գործած սխալներն են որ մեզ կը դաստիարակեն, որովհետեւ ճիշտը ինքնոյն ճիշտ է եւ անպատեհութիւն մը չունի եթէ զայն կրկնենք, իսկ սխալները ունին իրենց հետեւանքները եւ մենք, այդ հետեւանքները կրելով է որ կը դաստիարակուինք երբ կը յառաջանանք կեանքի փշոտ արահետին մէջ:

Մենք ընդհանրապէս կը դժուարանանք ընդունիլ մեր գործած սխալները, մասնաւորապէս հանրութեան առջեւ: Կը մերժենք, չենք սիրեր ընդունիլ մեր սխալը, որովհետեւ սխալին ընդունումը նկատուած է ստորադասում, մասնաւորապէս մերինին նման միջին արեւելեան հասարակութիւններու մէջ:

Վարժարանս Մուրատ Ռափայէլեան լաւ վարժարան մըն էր արդարեւ, կը սիրէի դպրոցս, մասնաւորապէս աշակերտութեան մէջ գտնուող եղբայրական միասնութեան զգացումը: Որքան որ ալ կռուէինք իրարու հետ, որքան ալ հակառակութիւն ունենայինք իրարու հանդէպ, ամենապզտիկ մէկ նեղութեան առջեւ առանց վարանելու բոլոր հակառակութիւնները մէկդի դնելով կաջակցէինք իրարու: Բայց եւ այնպէս պակասութիւնը կ'զգայինք, մեր ապագայի մասին կարեւոր որոշումներ առնելու ժամանակ, իր փորձառութիւնով մեզի թիկունք ըլլալու կարողութիւնը ունեցող անձերու: Հիմա կը տեսնեմ որ վարժարաններուն մէջ, կամ վարժարաններէն դուրս եւս գոյութիւն ունին մանկավարժեր որոնք այս նիւթի վրայ ուսում ստացած ըլլալով, կը հետեւին աշակերտին եւ օգնական կ'ըլլան իրէն, իր ապագայի մասին տալիք որոշումներուն մէջ: Մենք մեր մօտ չունէինք ոչ հայր, ոչ մայր, ոչ մանկավարժ եւ ոչ ալ ազգական որպէսզի իր խորհուրդը առնէինք: Երբ խորհուրդ մը առնելու պէտք ունենայինք, կը դիմէինք բարձր դասարանի մեր «երէց եղբայրներուն» որոնք եղբայրական զգացումով մեզ կը ջանային օգտակար ըլլալ, բայց ո՞ր փորձառութիւնով ճիշտ խորհուրդ մը կրնայ տալ ուրիշին, երիտասարդ տղայ մը որ իր հազիւ տասը տարեկանին եկեր փակուէր է գիշերօթիկ վարժարանի մը մէջ:

Իսկ մեր վարդապետները, դժբախտաբար բոլորովին անտարբեր էին մեզի հանդէպ, կարծէք իրենց միակ պարտականութիւնն էր խիստ կարգապահութիւն եւ կրօնքի դաստիարակութիւն: Վարժարանէն շրջանաւարտ ըլլալնուս պէս կը ճամբէին մեզ հոնկէ առանց հետաքրքրուելու թէ մնալիք տուն մը գտա՞ծ էինք արդեօք, ի՞նչ պիտի ընէինք ասկէ վերջ:

Եօթը տարիներ գիշերօթիկ վարժարանի մը մէջ, հսկայ պատերու եւ փակ դռներու ետեւ ապրելէ վերջ յանկարծ, օտար երկրի մը մէջ, դէմ դիմաց կը մնայինք կեանքի դժուարութիւններու հետ:

Ըստիս Սուրբ Ղազարի միաբանութեան այսօր իր մէջը գտնուած դժնդակ կացութեան պատճառը, վարդապետներուն այս անտարբերութիւնն է, որ պումերանկի ազդեցութիւն գործելով վնաս պատճառեց բոլոր միաբանութեան եւ այսօր պատճառ կըլլայ ժամանակին հայ մշակոյթին ամենակարեւոր օճախը եղող Մխիթարեան Միաբանութեան հետզհետէ ոչնչացման:

Հակառակ որ Վարժարանին աշակերտութեան թիւը բարձր էր մեր ժամանակ եւ հակառակ որ այն ժամանակուընէ սկսած էր հնչել ահազանգը միաբանութեան ապագային մասին, վարդապետները ոչ մէջ ջանք դափեցին որպէսզի կանխեն այս անկումը: Կարելի չէ՞ր միթէ պարբերաբար աշակերտութեան մէջէն յարմարութիւն ունեցող անձերը զատել, եւ անոնց ուսումին համար թօշակ եւ մնալիք տեղ ապահովելով, միաբանութեան ու վարժարանին գործունէութիւնը շարունակելու ուղղութեամբ անձեր հասցնել: Դժբախտաբար վարժարանի սաներէն շատեր, իրենց կրած նիւթական եւ ընկերաբանական զանազան դժուարութիւններու պատճառաւ այսօր չեն յաջողած շարունակել իրենց համալսարանի ուսումը եւ զայն կէս ձգելով լուծուած են աշխատանքային կեանքի:

<<Մարդ հասցնել>> Միթէ այս չէ՞ վարդապետի մը առաջնահերթ պարտականութիւնը:

Բայց ոչ, անոնք ունէին այն վատառողջ մտայնութիւնը որ այսօր պատճառ եղած է ամբողջ Մխիթարեան Միաբանութեան անկումին . <<միաբանութեան տէրը մենք ենք, ինչ ուզենք կընենք, ոչ ոք կրնայ մեզ խառնուիլ>>:

Ըստ պատկանելութեան զգացման հասկնալի է որ վարդապետները իրենք զիրենք տէրը զգան միաբանութեան, բայց այս զգացումին չափազանցուած իւրացումը թէ բարոյական եւ թէ մանաւանդ նիւթական մեծ վնաս պատճառած է, եւ այսօր ալ կը շարունակէ պատճառել սոյն միաբանութեան: Օրինակները յայտնի են բոլորիս:

Շատ աւելի դրական մտայնութիւն մը որդեգրած պիտի ըլլային, եթէ վարդապետները իրենք զիրենք նկատէին ոչ թէ միաբանութեան տէրը, այլ միաբանութեան գոյատեւումը ապահովելու համար պաշտօն ստանձնած պահակներ:Երանի թէ անոնք այսօր ունեցած ըլլային այն գիտակցութիւնը, այդպէս ինչպէս ունէին իրենց երանելի նախնիները, թէ միայն աշխատելով ու նոր արտադրութիւններ մէջտեղ հանելով էր որ կարելի պիտի ըլլար միաբանութեան գոյատեւումը ապահովել, այլ ոչ թէ իրենց երանելի նախնիներուն կողմէ իրենց ժառանգուած անցեալով սնանելով: Փառապանծ անցեալ մը որուն ժառանգորդները այսօր անոր պատերուն վրայ նոր աղիւս մըն իսկ աւելցնել չեն յաջողիր: Իմաստուն կին մը եղող իմ մեծ հօրս մայրը Տիրուհի Մանկասարեան Էլակէօզ հետեւեալ խօսքը կարծէք ճիշտ այս պարագային համար ըսեր է. <<կը վախնամ ապագայէս, ներկան ինձմէ խոյս կուտայ,կը սնանիմ անցեալովս>>:

Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանի աշակերտութեանս վերջին տարին, որոշած էի ուսումս շարունակել Վենետիկի լեզուի եւ գրականութեան համալսարանին մէջ, որովհետեւ հետաքրքրութիւն ունէի գրականութեան հանդէպ: Պզտիկուցս սկսած էի կարճ հեքիաթներ եւ թատերական խաղեր գրի առնել երբեմն մտքիս մէջ, երբեմն ալ թուղթի վրայ: Երբ նամակ կը գրէի կը սիրէի գրած տողերուս գրական ոճ մը տալ: Պարզ գրի առնուած նամակ մը ինծի համար մասամբ հում մնացած ճաշի կը նմանէր:

Վկայականս ստանալէ վերջ փոխադրուեցայ Փատովա քաղաքը: Մեր նախկին սաներուն բնակած տան մէջ ինծի համար ալ սենեակ մը ապահոված էի: Հինգ հոգի նոյն տան մէջ պիտի մնայինք եւ տան վարձքը պիտի կիսէինք մեր մէջ: Բոլորս հայ, բոլորս Մուրատ Ռափայէլեանցի: Համալսարան արձանագրուելէս քանի մը օր առաջ, նոյն տան մէջ բնակող մեր Քեսաբցի նախկին սաներէն Վարդգէս Սողոմոնեան, զիս համոզեց որ արձանագրուիմ տնտեսագիտութեան մասնաճիւղին, ապա թէ ոչ ապագային կրնայի դժուարանալ գործ գտնելու մէջ: Ըստ իրէն, տնտեսագիտութիւնը շատ աւելի մատչելի եւ պահանջուած ասպարէզ մըն էր քան թէ գրականութիւնը: Այսպէսով ես ալ Վարդգէսին խորհուրդին հետեւելով արձանագրուեցայ համալսարանին տնտեսագիտութեան մասնաճիւղին: Բան մը որ ինծի համար պիտի ըլլար կեանքիս ամենէն ճակատագրական որոշումը: Ես ո՜վ, տնտեսագիտութիւնը ով: Իմ նման աշակերտ մը որ սիրահարն էր գրականութեան եւ յաջող աշակերտ մը գրական, պատմութեան եւ լեզուի դասերու մէջ եւ ընդհակառակը ծայր աստիճան անյաջող թուաբանութեան դասի մէջ, ի՜նչպէս կրնար համարձակիլ համալսարանին տնտեսագիտութեան մասնաճիւղին արձանագրուելու: Տարի մը ետք անդրադարձայ որ սխալ ընտրութիւն մը ըրած էի բայց ուշ մնացած էի այլեւս, քանի որ տնտեսական դժուարութիւններու պատճառաւ լուծուած էի աշխատանքային կեանքին:

Ահաւասիկ եթէ այսօր ինծի հարցնէք թէ որն է իմ կեանքիս ամենէն ճակատագրական սխալը, կրնամ ըսել որ անիկա իմ տնտեսագիտութեան համալսարանը արձանագրուելու որոշումս է:

Բայց եւ այնպէս ամէն սխալ բացասական իրավիճակ մը չի ներկայացներ, այլ կան որոշ սխալներ որոնք կրնան մեր կեանքը դրականօրէն փոխել: Հիմա կը մտածեմ որ եթէ արձանագրուած ըլլայի գրականութեան համալսարանը մեծ հաւանականութեամբ հոնկէ շրջանաւարտ ըլլալով Իտալիա հաստատուած պիտի ըլլայի: Հաւանաբար ամուսնացած պիտի ըլլայի իտալուհիի մը հետ, բախտաւորուած պիտի չըլլայի այսօրուայ իմ զաւկովս: Տանս մէջ հայերէն պիտի չխօսուէր բացի քանի մը բառերէ, ան ալ այդպէս ձեւացնելու համար որ դեռ հայ եմ, այդպէս ինչպէս այսօր կը պատահի սփիւռքահայ ընտանիքներուն մեծամասնութեան մէջ: Ընտանիքս բոլորովին օտարներէ բաղկացած պիտի ըլլար.կինս, կնոջս հարազատները, բարեկամներուս խիստ մեծամասնութիւնը եւ ինչու չէ նաեւ իմ հարազատ զաւակս: Միջավայրս բաղկացած պիտի ըլլար օտարներէ: Տանս մէջ հնարաւորութիւնը պիտի չունենայինք հիմակուայ պէս մայրենիով խօսելու: Հայերէնը այլեւս վերածուած պիտի ըլլար երրորդական լեզուի մը եւ հաւանաբար կորսնցուցած պիտի ըլլայի մայրենիի տիրապետութիւնս: Ինքնութիւնս կորսնցուցած, բոլորովին ուրիշ անձի մը վերածուած պիտի ըլլայի, նոյնիսկ հնարաւորութիւնը պիտի չունենայի այս գրութիւնը գրելու:

Այսօր երբ կը մտածեմ անցեալին իմ գործած այս ճակատագրական սխալիս մասին, կ'ըսեմ լաւ որ գործեր եմ այդ սխալը, լաւ որ Վարդգէս Սողոմոնեան զիս համոզեր է որպէսզի համալսարանի ուսումս շարունակեմ համալսարանին տնտեսագիտութեան բաժինին մէջ այլ ոչ գրականութեան այդպէս ինչպէս փափաքած էի նախապէս, ապա թէ ոչ իմ կեանքս բոլորովին տարբեր եղած պիտի ըլլար այսօր:


 

No comments: