Ահաւասիկ, տարի մը եւս սահեցաւ եւ դարձեալ կը գտնուինք նոր տարուան ու Ս. Ծննդեան տօնի սեմին: Հրապարակները սկսան Նոր Տարուայ առթիւ լոյսերով սարքաւորուիլ, եւ խանութները սկսան իրենց ցուցափեղկերը զարդարել գոյնզգոյն զարդերով: Մարդիկ կը պատրաստուին ամենալաւ կերպով տօնելու Նոր Տարուայ գիշերը, եւ այս ուղղութեամբ կը դիմեն քաղաքին մէջ գտնուող բազմաթիւ շքեղ գիշերային ակումբներուն ու պանդոկներուն որպէսզի ժամ առաջ կատարեն իրենց ամրագրումը ապա թէ ոչ կրնան <<դատապարտուիլ>> տունը մնալու:Այդպէս մեծ վազվռտուք մը կը գոյանայ, որ կարծէք թէ մարդիկ տարի մը բնաւ չեն զուարճացած, չեն կերած, չեն խմած ու միայն նոր տարուայ երեկոյեան է որ պիտի զուարճանան: Այդ պատճառաւ նոր տարուայ գիշերը ճաշարաններու կամ գիշերային ակումբներու մէջ գիները կը քառապատկուին:
Քրիստոնէական տօնի մը հանդէպ Թուրքիոյ մէջ նաեւ Թուրք հայրենակիցներու կողմէ ցուցաբերուած այս համակրանքը, իր կարգին անհանգստութիւն կը պատճառէ իսլամ կրօնքին պատկանող կարգ մը հայրենակիցներուն եւ որոշ կազմակերպութիւններուն, որոնք կը բողոքեն ըսելով թէ կաղանդը իրենց մշակոյթին պատկանող տօն մը չէ, եւ պէտք չէ որ իսլամ կրօնքին պատկանող երկրի մը մէջ կաղանդի տօնը, այս աստիճանի սեփականացուի եւ անմիջապէս վիճաբանական մթնոլորտ մը կ'ստեղծուի երկրին մէջ կաղանդի տօնը տօնելու թեր ու դէմ եղողներու միջեւ:
Արդարեւ անիմաստ եւ չափազանցուած կը նկատեմ Թուրքիոյ մէջ որոշ շրջաններու կողմէ ցուցաբերուած այս խիստ հակազդեցութիւնը, քանի որ Միջին Արեւելքի բազմաթիւ իսլամական երկիրներու մէջ եւս կը տօնուի կաղանդի տօնը, առանց այսչափ խիստ հակազդեցութեան աղմուկ հանելու, բայց այնուամենայնիւ կը մտածեմ որ պէտք ենք համակրական հասկացողութիւն ունենանք այն իսլամականներու հանդէպ, որոնք դէմ են որ կաղանդը տօնուի իրենց երկրին մէջ:
Մենք Քրիստոնեաներս արդեօք գոհ պիտի մնայի՞նք , եթէ Քրիստոնէական երկրի մը մէջ իսլամ կրօնքի պատկանող տօն մը տօնուէր: Օրինակի համար պիտի փափաքէի՞նք որ Ֆրանսայի, Իտալիոյ կամ այլ Քրիստոնէական երկրի մը մէջ Ռամազանի կամ իսլամական մատաղի տօնը տօնուէր այդպէս ինչպէս կը տօնուի Թուրքիոյ մէջ: Ի՞նչ պիտի ըլլար մեր հակազդեցութիւնը եթէ Փարիզի կամ Հռոմի ամենամեծ հրապարակներուն վրայ կազմակերպուէին իֆթարի վրաններ ու սարքուէին հսկայ իֆթարի ճաշասեղաններ, պատճառ հանդիսանալով որ քաղաքին քրիստոնէաշունչ մթնոլորտը փոխուէր եւ վերածուէր իսլամականի: Անկեղծօրէն խոստովանիմ, որ ես խստօրէն պիտի հակառակէի: Կը ճանչնամ բազմաթիւ անցեր, որոնք խստօրէն դէմ են նաեւ Թուրքիոյ մէջ Ռամազանի ամսուայ տեւողութեան, մեր ազգային հաստատութիւններու եւ կամ վարժարաններու կողմէ պատրաստուած իֆթարի սեղաններուն ի յարգանս սոյն հաստատութիւններու մէջ պաշտօնավարող իսլամ հայրենակիցներուն:
Մեր բոլորիս յայտնի է Եւրոպայի յառաջդիմական երկիրներու մէջ, իսլամական կրօնքին պատկանող հայրենակիցներուն եւ իրենց մշակութային աւանդութիւններուն հանդէպ գտնուած ժխտական դիրքորոշումը եւ թշնամութիւնը, որ օրէ օր աւելի կը խստանայ: Գերմանիա,Աւստրիա,Զուիցերիա եւ Հոլանտայի նման ոչ թէ միայն Եւրոպայի, այլ աշխարհիս ամենէն ժողովրդավարական եւ յառաջդիմական երկիրներուն մէջ նաեւ իսլամ հայրենակիցներուն եւ իրենց կրօնական սովորութիւններուն ու աւանդութիւններուն դէմ խիստ նոր օրէնքներ կը որդեգրուին: Եթէ մենք չենք փափաքիր որ Քրիստոնէական երկիրներու մէջ իսլամական տօները տօնուին այդպէս ինչպէս կը տօնուին իսլամական երկիրներու մէջ, ուրեմն պէտք է հասկացողական վերաբերմունք ունենանք այն իսլամ հայրենակիցներու հանդէպ, որոնք կը հակառակին իսլամական երկրի մը մէջ Քրիստոնէական տօներուն տօնուելու գաղափարին, պայմանաւ որ այդ հակառակութիւնը սահմանուած մնայ խօսքի եւ գաղափարի ազատութեան սկզբունքի սահմաններու մէջ, եւ չվերածուի թշնամական վերաբերմունքի կամ յարձակողական գործողութեան:
Ժողովրդավարական երկրի մը մէջ ամեն հայրենակից իրաւունք ունի իր գաղափարը ազատօրէն յայտնելու: Այս պայմանը կը վերաբերի խօսքի եւ արտայայտուելու ազատութեան սկզբունքին, բայց նաեւ ամէն հայրենակից ազատ է իր կրօնքը եւ աւանդութիւնները ազատօրէն ապրելու: Կարեւորը այն է որ պետութիւնը, առանց խտրականութեան, բոլոր իր հայրենակիցներուն ապահովէ իրենց կրօնական եւ մշակութային աւանդութիւնները իրականացնելու իրաւունքը: Ըստ իս եթէ մենք մեր երկրին մէջ իրաւունք ունինք մեր կրօնական ծէսերը ազատօրէն իրականացնելու, ուրեմն աւելորդ է կեդրոնանալ որոշ ծայրայեղական շրջաններուն յայտարարութիւններուն, եւ այս յայտարարութիւնները պէտք չէ մեզ բարոյալքելով արգելք հանդիսանայ որ մենք մեր կրօնական ծէսերը կատարենք, ապա թէ ոչ մենք այսպէսով քաջալերած պիտի ըլլանք հակառակորդները: Ինչպէս նախապէս գրեցի հակառակ արտայայտութիւնները եւս ժողովրդապետութեան չափանիշներէն մէկն է:
Այս տարի եւս ինչպէս ամէն տարի, մենք բոլորս դարձեալ պիտի տօնենք մեր Կաղանդի եւ Սուրբ Ծնունդի տօները մեր եկեղեցիներու, հաստատութիւններու եւ մեր տուներու մէջ, մաղթելով իրարու առողջութիւն եւ արեւշատութիւն, յուսալով որ նոր տարին նախորդինէն աւելի խաղաղ տարի մը ըլլայ մեր բոլորիս համար: Յոյս մը, որ հետզհետէ ալ աւելի կը տկարանայ նկատի առած մեր գտնուած աշխարհագրական շրջանին մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակը: Այնուամենայնիւ մարդս իր յոյսերով է որ կը յաջողի շարունակել իր գոյատեւումը:
Շնորհաւոր եւ խաղաղ տարի մը կը մաղթեմ ձեր բոլորին:
Մարմարա Օրաթերթ
31 Դեկտեմբեր 2017

No comments:
Post a Comment