Subscribe

17 Apr 2018

ԵՐԵՔ ՀՐԱՑԱՆԱԿԻՐՆԵՐ ՌՄԲԱԿՈԾԵՑԻՆ ՍՈՒՐԻԱՆ





                 
            Քանի մը շաբաթ առաջ Սուրիական բանակը արեւելեան Կութայի մէջ գտնուող հակառակորդներուն դիրքերը ռմբակոծեց: Այս ռմբակոծումէն անմիջապէս վերջ, ԱՄՆ եւ իր դաշնակիցները.Ֆրանսա եւ Անգլիա, առանց քննիչներու այս ուղղութեամբ կատարելիք խուզարկումը եւ իրենց պատրաստելիք տեղեկագրութիւնը սպասելու, որոշեցին ռմբակոծել Սուրիան այն պատրուակով որ Սուրիա ռմբակոծումի ժամանակ քիմական զէնք գործածած էր: Յատկանշական էր Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարին այս ուղղութեամբ ըրած հետեւեալ յայտարարութիւնը. <<ընկերային մետիայի միջոցաւ հրատարակուած տեսերիզներէն վստահ ենք, որ արեւելեան Կութայի մէջ քիմիական զէնք գործածուած է>>:

           Ճիշտ այնպէս ինչպէս ըրած էին տարիներ առաջ, Սատտամ Հիւսսէինը տապալելու եւ Իրաքը կործանելու համար իրենց պատրուակ ստեղծելու ժամանակ: Յետոյ յայտնուած էր որ Իրաքի մէջ քիմիական զէնք գոյութիւն չունէր:
       
          ԱՄՆ ու իր դաշնակիցները. Ֆրանսա եւ Անգլիա քանի մը օր առաջ ռմբակոծեցին Պաշար Էսատի բանակը, այն մեղադրանքով որ անոնք իրենց հակառակորդը ռմբակոծելու ժամանակ գործածած էին քիմիական զինամթերք: Սուրիայի մէջ եօթը տարիներէ ի վեր կը շարունակէ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի կողմէ ծրագրուած, եւ արեւմտեան այդպէս կոչուած <<յառաջդիմական>> երկիրներու կողմէ երաշխաւորուած ստորին պատերազմ մը, ուր յայտնի չէ որ ով որուն կը սպաննէ եւ որու հետեւանքով մինչեւ այսօր զոհուեցաւ կէս միլիոնէ աւելի մարդ . կին,այր,երեխայ եւ շուրջ ութը միլիոն հոգի ալ իր տունը, թաղը թողելով երկրէն փախչիլ եւ օտար երկիրներու մէջ աքսորականի կարգավիճակի տակ ապրիլ ստիպուեցաւ, բայց որու՞ն հոգը:
       
           ԱՄՆ եւ իր եւրոպացի դաշնակիցները այդպէս դիրք մը գրաւած են, որ կարծէք թէ զէնքով մարդ սպաննելը սովորական բան մը ըլլայ, իսկ սպաննելու ժամանակ քիմիական զէնք գործածելը մեծ ոճիր: Միթէ միայն քիմիական զէնքով մարդ սպաննուած ժամանա՞կ է որ այդ արարքը ոճիր, իսկ գործադրողն ալ ոճրագործ կը նկատուի:Մարդ սպաննելը եւ ուրիշ երկիրներու մէջ կայսերական յոռին նպատակներ հետապնդելու համար պատերազմ հանելը ինքնին մեծ ոճիր մըն է արդէն իսկ:Այս ռմբակոծումը ընող երկիրները չե՞ն արդեօք այսօր, միջին արեւելքը դժոխքի վերածող այն կայսերական երկիրները, որոնք այդպէս կոչուած <<արաբական գարուն>> մը հնարելով ժողովուրդը իրենց պետութիւններու դէմ ապստամբեցուցին, որպէսզի Իրաքը եւ Սուրիան իրենց կայսերական յոռին նպատակներու ուղղութեամբ մասերու բաժնելով, միջին արեւելքի մէջ իշխանութիւն ձեռք բերեն:
       
          Ռմբակոծումէն անմիջապէս վերջ ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամփ յայտարարեց, որ զինուորական գործողութիւնը իրականացած էր մեծ յաջողութեամբ: Հասկնալու համար թէ ճի՞շտ էր արդեօք Թրամփի յայտարարութիւնը եւ գործողութիւնը իրապէս յաջողած է թէ ոչ, կարիքը չկայ ռազմագէտ ըլլալու, այլ բաւարար է տեղական եւ միջազգային լրատուամիջոցներու մէջ խուզարկում մը կատարել եւ քիչ մըն ալ տրամաբանութիւն բանեցնել:

          Տեսնենք թէ ինչ եղած էր քանի մը օր առաջուայ ռմբակոծումի ժամանակ:
Ռմբակոծումը սկսած էր առաւօտ կանուխ ժամը 04:00 ին եւ տեւած էր քառասուն վայրկեան:Ամերիկեան մարտանաւերէն արձակուած էին հարիւր երեք ժամանակակից հրթիռներ որոնց իւրաքանչիւրը կ'արժէր 1,6 միլիոն Ամերիկեան տոլար, որոնց համար ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամփ երկու օր առաջ ըրած էր հետեւեալ զաւեշտական յայտարարութիւնը. <<պատրաստուէ Ռուսիա մեր նոր ու խելացի հրթիռները ճամբայ ելան, կ'ուգան>>: Այս հարիւր երեք <<խելացի հրթիռներ>>էն եօթանասուն մէկը օդին մէջ ոչնչացուեցան Սուրիական օդային պաշտպանութեան համակառքի կողմէ, որ յանձնուած էր Սուրիոյ, Սովետական Ռուսիայի կողմէ 1970 ական թուականներուն, այսինքն Թրամփին <<խելացի հրթիռներ>>էն եօթանասուն մէկը շուրջ յիսուն տարի առաջուայ արուեստագիտական մակարդակ ունեցող Ռուսական համակարգով մը ոչնչացուեցաւ:
       
          Մնացած երեսուն երկու հրթիռները հարուածեցին իրենց թիրախները, որոնք օրեր առաջ լքուած էին Սուրիոյ բանակի կողմէ, այսինքն պարպուած էին: Բոլոր այս ռմբակոծումէն վերջ յայտարարուեցաւ որ միայն երեք զինուորներ վիրաւորուած էին: Ռմբակոծումէն օր մը վերջ ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամփ իր իւրայատուկ ինքնահաւանութեամբ լրատուական միջոցներուն յայտարարեց, որ շատ յաջող ռազմական գործողութիւն մը կատարուած էր եւ մեծ վնաս պատճառած էին Սուրիական բանակին: Երբ Թրամփ կ'ընէր այս յայտարարութիւնը նոյն վայրկեանին Եւրոպական Եւրօնիւուս լրատուական կայանը կը հաղորդեր, որ Սուրիական բանակը բոլորովին իր հակակշռին տակ առած էր արեւելեան Կութա կոչուած քաղաքը, որ ռազմագիտական խիստ կարեւորութիւն ունի: Մինչեւ այսօր ոչ մէկ հերքում կատարուած է վերեւ տուած տեղեկութիւններուս համար:
                
          Այս առաւօտ այսինքն ռմբակոծումէն երկու օր վերջ, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը իր գումարած նիստի ժամանակ որոշում առաւ, անկողմնակալ քննիչներ ղրկել արեւելեան Կութա ստուգելու համար թէ, քիմիական զէնք գործածուած էր թէ ոչ: Ուրեմն ինչու՞ համար ԱՄՆ, Ֆրանսա եւ Անգլիա ռմբակոծեցին Սուրիան եւ ինչի՞ ծառայեց այս ռմբակոծումը որուն համար ծախսուեցաւ երկու հարիւր յիսուն միլիոն ամերիկեան տոլար:
      
         Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ ժողովուրդը եւ դիւանագէտները երկուքի բաժնուած են եւ ծանր քննադատութիւններ կ'ընեն, ըսելով որ ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամփ եւ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրօն իրենց երկիրներու մէջ իրենց գտնուած ծանր տաքնապային վիճակէն դուրս գալու եւ երկրին օրակարգը փոխելու համար է որ այսպէս գայլ մը նետեցին: 


    Մարմարա Օրթերթ

    13 Ապրիլ 2018 - Պոլիս  

No comments: