Subscribe

5 May 2018

ԱՄՆ-Ի ԱՐԻՒՆԱՐԲՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԻՐ ՊԱՏԵՀԱՊԱՇՏ ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐԸ


                         


     

Խօզէ Պուսթանի, Պրազիլցի դիւանագէտ մըն է, որ կըսէ թէ տասնը հինգ տարիներ առաջ կարելի էր արգելք հանդիսանալ Իրաքի գրաւման: Պուսթանի 1997 թուականին <<ՕՓՃՎ>> կոչուած Քիմիական Զէնքի Արգելման Միջազգային Կազմակերպութեան նախարարն էր: Հակառակ որ Պուսթանի կարճ ժամանակ առաջ քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը շահելով երկրորդ անգամ ըլլալով վերընտրուած էր իր պաշտօնին, 2002 թուականին ԱՄՆ-ի կողմէ իր դէմ պատրաստուած բողոքագիր ի պատճառաւ պաշտօնազուրկ եղաւ:

ԱՄՆ կը պնդեր որ Պոսթանի կը թերանայ իր պաշտօնը կատարելու ժամանակ, բայց ճշմարտութիւնը տարբեր էր: Պուսթանի այն տարիներուն մեծ ջանք կը տանէր, որպէսզի Իրաք եւ Լիպիա մաս կազմէին ՕՓՃՎ կազմակերպութեան եւ ստորագրէին սոյն կազմակերպութեան կողմէ, քիմիքական զէնքերուն գործածումը արգիլելու համար պատրաստուած պայմանագրութիւնը եւ մեծ յաջողութիւն արձանագրած էր այս ուղղութեամբ: Արդարեւ թէ Սատտամ Հուսսէին եւ թէ Գատտաֆի համոզուած էին պայմանագրութիւնը ստորագրելու: ԱՄՆ գոհ չէր այս վիճակէն որովհետեւ եթէ ստորագրէին պայմանագրութիւնը, այն պարագային Իրաք պիտի ստիպուէր համաշխարհային քննիչներուն արտօնութիւն տալ որպէսզի խուզարկութիւններ կատարեն իր երկրին մէջ, ստուգելու համար թէ Իրաք քիմիքական զինամթերք ունի թէ ոչ:Իսկ եթէ այս խուզարկումը կատարուէր պիտի յայտնուէր թէ Իրաք քիմիքական ոչ մէկ զինամթերք ունէր, եւ ԱՄՆ այլեւս պատրուակ պիտի չունենար Իրաքը գրաւելու եւ իր կայսերական յոռին ծրագիրները գործադրելու համար:

Պուշ անպայման կուզէր Սատտամը տապալել եւ Իրաքը գրաւել: Հայր Պուշ իր նախագահութեան ժամանակ փորձած էր, բայց չէր յաջողած իսկ հիմա որդի Պուշ կուզէր իր հօրը չյաջողած ծրագիրը հասցնել իր աւարտին:

Պուսթանի դատ բացաւ Համաշխարհային Աշխատանքային Կազմակերպութեան մօտ, պնդելով որ իր պաշտօնազրկութիւնը արդար եւ անկողմնակալ վերաբերմունք չունէր եւ դատը շահելով հատուցում ստացաւ, բայց այլեւս Իրաք կործանած եւ շուրջ մէկ միլիոնէ աւելի անմեղ մարդ. այր, կին, երեխայ արդէն իսկ զոհուած էին: ԱՄՆ հասած էր իր նպատակին: Իրաքի գրաւումէն վերջ որթի Պուշ, զաւեշտական յայտարարութիւն մը ընելով ըսաւ որ Իրաքի մէջ քիմիքական զինամթերք չէր գտնուած եւ մեղադրեց հետախուզական կազմակերպութիւնները, ըսելով որ այդ կազմակերպութիւնները իրեն սխալ տեղեկութիւն տուած էին: Իրականութեան մէջ թէ ԱՄՆ եւ թէ ԱՄՆ-ի արեւմտեան բոլոր դաշնակիցները շատ լաւ գիտէին, որ Իրաքի մէջ քիմիական զէնք գոյութիւն չունէր:

ԱՄՆ ծրագրած էր Իրաքը գրաւելով իր կայսերական նպատակներու ուղղութեամբ միջին արեւելքի մէջ նոր նախագիծ մը գործի դնել, իսկ Եւրոպական այդպէս կոչուած ժողովրդավարական եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան երկիրները, երբ տեսան որ ԱՄՆ-ի ծրագրած Իրաքը կործանելու ծրագիրէն իրենք ալ շահ ձեռք պիտի բերեն ոչ մէկ ջանք թափեցին որպէսզի կանխեն այս ոճիրը, այլ ընդհակառակը մէկդի դնելով մարդու իրաւունքի սկզբունքները եւ ժողովրդավարութեան չափանիշները, թիկունք կանգնեցան ԱՄՆ-ին արիւնարբու քաղաքականութեան, ու մաքսաւորներու նման սկսան ձեռքերնին շփելով սպասել որպէսզի իրենց իյնալիք բաժինը յափշտակեն:

Վայրի բնութեան մէջ ալ նոյնը կը պատահի. երբ վայրի գազանները իրենց փորը կշտացնելու համար եղջերու մը որսան եւ զայն ուտել սկսին, իրենցմէ քիչ հեռու, իրենց շուրջ գիշակեր անասուններ հաւաքուիլ կսկսին. ինչպէս շնագայլեր, անգղներ եւ բորենիներ: Անոնք համբերութեամբ կսպասեն որ գազանները իրենց որսը ուտելով կշտանան: Երբ գազանները բոլորովին կշտանան եւ վայրէն հեռանան այն ժամանակ հրապարակը իրենց կը մնայ եւ հաւաքուելով գազանին որսաց եղջերուի դիակէն մնացած արիւնոտ միսի կոյտին շուրջ, մեծ ախորժակով դիակէն մնացածները ուտելով, ոսկորները կրծելով իրենց փորը կը կշտացնեն:

Ահաւասիկ այս է դժբախտաբար այսօր միջին արեւելքի վիճակը: Ժողովրդավարական եւ մարդու իրաւունքի սկզբունքները բոլորովին ոտնակոխուած են ԱՄՆ-ի ստորին քաղաքականութեան եւ այդ քաղաքականութիւնէն իրենց կարգին շահ ձեռք բերելու նպատակ ունեցող արեւմտեան իբրեւ թէ յառաջդիմական երկիրներու կողմէ:

Այսօր այլեւս գաղտնիք մը չէ որ Տաէշ կոչուած ահաբեկչական կազմակերպութիւնը հիմնուած է ԱՄՆ-ի կողմէ, այդ ուղղութեամբ գոյութիւն ունին համաշխարհային հետախուզական կազմակերպութիւններու կողմէ պատրաստուած բազմաթիւ տեղեկագրութիւններ ու յայտարարութիւններ: Այժմեան ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամփ եւս քանիցս յայտարարեց, որ Տաէշ հիմնուեցաւ ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Օպամայի կողմէ:

Տաէշ հիմնուեցաւ ու արձակուեցաւ Իրաքի եւ Սուրիայի մէջ, որպէսզի միջին արեւելքի մէջ անդորրութիւնը խանգարուի եւ արտաքին երկիրներու, ի մասնաւորի ԱՄՆ-ի միջամտութեան կարիքը գոյանայ իսկ ԱՄՆ, շատոնց ծրագրած էր Սուրիան երեք մասի բաժնել ի նպաստ Իսրայէլի:

Հոլիվուտեան ֆիլմերու մէջ, չարերը ի վերջոյ միշտ կը պարտուին եւ բարին է որ կը յաղթէ, բայց իրական կեանքին մէջ ճիշտ հակառակն է դժբախտաբար: Բարին դատապարտուած է միշտ կորսնցնելու: Բարին որպէսզի յաղթական ելլէ չարին դէմ, ստիպուած է առնուազն չարին չափ չարանալ: Այս պարագային յաղթողը նորէն չարն է որ պիտի ըլլայ որովհետեւ բարին, յաղթելու համար չարացած պիտի ըլլայ:

Ուրախալին այն է որ պատմութեան մէջ աշխարհը իրենց տիրապետութեան տակ առնել ծրագրող բազմաթիւ կայսերական պետութիւններ եւ բռնակալ կայսրութիւններ գոյութիւն ունեցած են որոնք այսօր անհետացած են աշխարհիս վրայէն:Կը հաւատամ որ այսօր նոյն նպատակը կրող պետութիւններուն ապագան ալ նոյնը պիտի ըլլայ:

Ինչպէս կըսէ արածը պատմութիւնը կրկնութիւն է:


Մարմարա Օրաթերթ

No comments: