ԵՐԵԿ ԿԱՊԿԱՄԱՐԴ, ԱՅՍՕՐ ՄԱՐԴ, ԻՍԿ ՎԱՂԸ՞ ......
Պոլսոյ Հարպիյէ թաղամասի մէջ, <<Վալի Քոնաղը>> կոչուած պողոտային վրայ զբօսավայր մը կայ որ կը կոչուի <<Արուեստի Զբօսավայր- Sanat Parkı>>, որուն մէջ կը գտնուին արձաններ: Այս զբօսավայրը նոյնպէս յայտնի է իր մէջ գտնուող կատուներու տուներով եւ բազմաթիւ կատուներով: Ես Հարպիյէ կը բնակիմ եւ յաճախ կանցնիմ այս զբօսավայրի առջեւէն եւ ամէն անգամ որ անցնիմ, ներս կը մտնեմ եւ կատուները կը սիրեմ: Քանի մը օր առաջ դարձեալ ներս մտայ զբօսավայրէն, նստեցայ նստարանի մը վրայ ու կատուներէն մէկը քովս կանչեցի: Կատուն անմիջապէս եկաւ, ցատկեց նստարանին վրայ եւ քովս եկաւ ու սկսաւ երեսս նայիլ, ես ալ իր գլուխը կը շոյէի:
Կատուն անշարժ երեսս կը նայէր, ես ալ անոր գեղեցիկ աչքերը կը դիտէի: Քանի մը վայրկեան երես առ երես զիրար դիտեցինք: Միշտ մօտեցած եմ կատուներուն, շուներուն եւ միշտ սիրած եմ անասունները, բայց առաջին անգամն էր որ այսչափ ուշադրութեամբ կը քննէի անոնցմէ մէկը: Այդ պահուն տարօրինակ զգացում մը ճնշել սկսաւ վրաս. այդ կատուն որքան ալ կը նմանէր մեզի այսինքն մարդուս: Գլուխ մը որուն վրայ կը գտնուէին երկու աչքեր, իրենց մէջտեղը քիթ մը, իսկ տակը բերան մը, բերնին մէջ ակռաներ ու լեզու մը, գլխուն երկու կողմերը ականջներ: Գլխուն տակը վիզ մը, որուն մէջէն կանցնի շնչափողը: Յետոյ թոքերը, սիրտը, ստամոքսը, լեարդը, երիկամները, աղիքները: Չորս հատ թաթ, կամ կարելի է ըսել երկու թեւ եւ երկու ոտք: Եւ այս բոլորը անդամները կը գտնուին ճիշտ հոն, ուր կը գտնուին մերինները:
Անոնք ալ ճիշտ մեզի պէս կ'ուտեն կը խմեն, կը սիրաբանին, ծննդաբերութիւն կ'ընեն, զաւակ կունենան:Իրենց յատուկ լեզու ունին եւ կը խօսին իրենց միջեւ:Կատուն կը մլաւէ, շունը կը հաչէ, ձին կը վրնջէ, թռչունը կը ճռուողէ եւայլն: Ճիշտ այդպէս ինչպէս անգլիացին կը խօսի անգլերէն, ֆրանսացին ֆրանսերէն, հայը հայերէն:
ԱՄՆ ի մէջ կը գտնուի Սմիթսօնիան կոչուած աշխարհահռչակ հաստատութիւն մը որ հիմնուած է 1846 թուականին: Այս հաստատութիւնը աշխարհիս ամենամեծ թանգարանը եւ կրթութեան ու հետազօտական համալիրն է, որ իր մէջ կը պարունակէ 19 կարեւոր աշխարհահռչակ թանգարաններ:Այս համալիրին պաշտօնն է ձեւաւորել ապագան պաշտպանելով մարդկութեան ժառանգութիւնը, բացայայտել նոր գիտելիքներ եւ զանոնք տարածել աշխարհիս վրայ ըստ մարդկութեան օգուտին:Սմիթսօնիան հաստատութեան կողմէ կատարուած խուզարկումներու եւ յայտարարուած տեղեկագրութիւններու համաձայն, մարդս աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի շուրջ վեց միլիոն տարիէ ի վեր:Մարդուս մարմնային այսօրուայ ձեւը բարեշրջումի ենթարկուելով կազմուած է երկու հարիւր հազար տարի առաջ:
Այսինքն վեց միլիոն տարի առաջուայ մարդը թէ մարմինով, թէ ապրելակերպով եւ թէ մտային կազմով բոլորովին տարբեր էր այսօրուանէն: Ազգի մը պատկանելիութեան գիտակցութիւնը չկար այն ժամանակ, ոչ ալ գոյութիւն ունէին այսօրուայ պէս բազմաթիւ լեզուներ, այլ մարդ արարածը չորքոտանի էր ճիշտ այսօրուայ անասուններուն նման եւ անոնց նման ձայներ կը հաներ: ժամանակի տեւողութեամբ բարեշրջում ունեցաւ եւ վերածուեցաւ <<հօմօ-էրէքթուսի>>, այսինքն շիտակ մարդու եւ սկսաւ իր երկու ոտքերուն վրայ քալել: իսկ մարդուս մշակութային քաղաքակրթութիւնը գոյութիւն ունի միայն վեց հազար տարիէ ի վեր:
Կան նոյնպէս բազմաթիւ տեսութիւններ, որոնք կը բացայայտեն որ շուրջ ինը հազար տարի առաջ աշխարհիս վրայ գոյութիւն ունէին քաղաքակրթութիւններ որոնք մեզմէ շատ աւելի զարգացած էին:
Անոնցմէ ամենէն յայտնին է Աթլանթիս կոչուած քաղաքակրթութիւնը որուն մասին առաջին գրողներէն մէկը եղած է յայտնի Յոյն փիլիսոփայ Պղատոն, որ Ն.Ք. 359-347 տարիներու միջեւ գրի արած Թիմէաուս եւ Քրիտիաս կոչուող իր երկու տրամախօսութիւններու մէջ կը խօսի Աթլանթիս կոչուած Աշխարհամասի մասին, հիմնուելով Ն.Ք.569-525 թուականներու միջեւ պաշտօնավարած Աթէնքի յայտնի պետական գործիչ, օրէնսգիր և բանաստեղծ Սօլօնի կողմէ գրի առնուած տուեալներուն վրայ:
Բազմաթիւ պատմաբաններ այսօր իրենց մէջ կը բանավէճէն ըսելով թէ Եգիպտական բուրքերը կրնան շինուած ըլլալ, այս զարգացած քաղաքակրթութեան պատկանող ազգերու կողմէ, որովհետեւ այն դարերուն ի զօրու եղող արուեստագիտութեան մակարդակով, անկարելի էր բուրքերու նման ճարտարագիտական գլուխգործոց շինութիւններ կառուցանել:
Իսկ յետոյ պատահեցան իրարու յաջորդ մեծ աղէտներ, որոնք պատճառ եղան որ այս յառաջադէմ քաղաքակրթութիւնները անհետանան աշխարհէն:Կըսուի որ այսօր մարդ արարածը յաջորդած է այդ կորսուած քաղաքակրթութիւններուն:
Նկատի արած մարդուս բարեշրջութեան պատմութիւնը եւ տեղեկանալով թէ ինչ էինք մենք միլիոն տարիներ առաջ եւ ինչ ենք այսօր, անտրամաբանական չի թուիր ինծի այն մտածումը, թէ մեր աշխարհիս վրայէն անհետանալէն վերջ մեր տեղը պիտի գրաւեն այսօր մեր կողմէ <<անասուն>> կոչուելով ստորադասուած այն էակները, որոնցմէ ոմանք արթէն իսկ կապրին մեզի հետ, մեր տուներուն, մեր թաղերուն մէջ, ինչպէս կատուները շուները եւայլն:
Եթէ միլիոն տարիներ առաջ ապրած նախամարդու մը նկարին նայելու ըլլանք, մեծ հաւանականութեամբ պիտի կարծենք թէ վայրի անասունի ցեղ մըն է, այլ ոչ թէ մարդ: Ինչու՞ չէ, կարելի է այսօր մեր անասուն կոչած այն էակներուն մէջէն ալ պիտի գոյանան ցեղեր, որոնք ժամանակի բերմամբ բարեշրջումի ենթարկուելով պիտի ստեղծեն իրենց քաղաքակրթութիւնը, իրենց մշակոյթը: Պիտի կազմեն իրենց երկրները, պիտի ապրին իրենց կառուցած տուներու մէջ: Անոնք ալ պիտի աշխատին, ընտանիք պիտի կազմեն, պիտի ուսանին իրենց դպրոցներուն մէջ եւ պիտի խօսին մեր մասին իբր պատմութեան մէջ գոյութիւն ունեցած, բայց բնութեան շնորհքները ըստ իրենց շահին վատնելով ինքզինքնին ոչնչացուցած, շահամոլական, եսասէր, պատերազմելու սիրահար քաղաքակրթութիւն մը:
Յուսամ անոնք մեզմէ աւելի մեծ կարեւորութիւն կ'ընծայեն բնութեան իրենց պարգեւած շնորհքներուն, ի հարկ է եթէ մենք անոնց այդ գեղեցկութիւնները վայելելիք բնութիւն մը ձգենք:

No comments:
Post a Comment