Subscribe

22 Dec 2018

ՋԱՆԱՆՔ ՄԻՇՏ ՎԱՌ ՊԱՀԵԼ ՄԵՐ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ՈԳԻՆ ԵՒ ԵՐԵՒԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ


                



         Վերստին կը գտնուինք նոր տարուայ մը սեմին ու շուտով պիտի տօնենք Նոր Տարին այսինքն Կաղանդը, որ կը նշանակէ ամսագլուխ կամ ամսամուտ: Մենք Հայերս զայն կ'անուանենք Ամանոր, որ զուտ հայկական բառ մըն է: «Ամ» հայերէն կը նշանակէ տարի, իսկ ամանոր կը նշանակէ նոր տարի: Ըստ ժողովրդական սովորութեան՝ Ամանորին տօնածառ կը զարդարուի, որը դրախտի Կենաց Ծառի խորհուրդն ունի:
         
         Ամեն տարի այս շրջանին կը վերսկսին  վիճաբանութիւններ թէ Ս.Ծնունդի Թուականի  եւ թէ Կաղանդ Պապուկի գոյութեան շուրջ: Իսլամ աշխարհի մէջ գոյացած վիճաբանութիւնները եւ հակառակութիւնները դերեւս հասկնալի են, բայց նոյնքան անհասկնալի կը նկատեմ սոյն նիւթի շուրջ որոշ Եւրոպական աշխարհիկ շրջաններու մէջ գոյացող վիճաբանութիւնները:  Երբ կը լսեմ զանոնք  կը յիշեմ հետեւեալ պատմութիւնը որ չեմ վերյիշէր թէ ուր եւ երբ կարդացած եմ:
         
          Մեծ հայրիկ մը հեքիաթ  կը պատմէր իր չորս տարեկան թոռնիկին, երբ երեխան յանկարծ իր գլուխը վեր, դէպի ձեղուն բարձրացնելով կը պոռայ. նայէ մեծ հայրիկ նայէ, աստղերուն նայէ, որքան գեղեցիկ են: Մեծ հայրը կը խնդայ եւ գուրգուրանքով թոռնիկին գլուխը  շոյելով   կ'ըսէ. Հոսկէ աստղերը չենք կրնար տեսնել հոգիս, քանի որ կը գտնուինք փակ սենեակի մը մէջ: Բայց թոռնիկը կը պնդէ ըսելով. Ոչ մեծ հայրիկ, աստղերը կ'երեւան նայէ, դուն ալ նայէ: Մեծ հայրիկը երբ իր գլուխը, դէպի առաստաղ կը բարձրացնէ կ'անդրադառնայ որ արդարեւ ձեղունին վրայ կը գտնուին  լուսափայլութիւններ, որոնք գոյացած են փողոցի լոյսին առաստաղին վրայ գտնուող քամերուն վրայի ցոլացումէն: Թէպէտ աստղեր չէին  իրականութեան մէջ,  բայց կը նմանէին աստղապատուած երկինքի մը, ու միայն չորս տարեկան երեխայի մը անաղարտ  երեւակայութիւնն էր որ  կրնար զանոնք վերածել աստղերով պատուած երկնքի մը գոյութեան : 

         Երբ պզտիկ էի, Նոր Տարուայ գիշերները կը հաւաքուէինք հօրեղբօրս  Արա Էլակէօզի Էթիլեր գտնուող տան մէջ եւ զարմիկներուս հետ միասին անհամբեր կ'սպասէինք կաղանդ պապուկի այցելութեան:Այն ժամանակ Էթիլերի թաղը քաղաքէն դուրս կը նկատուէր, ամայի էր եւ ձմեռուան եղանակին երկար ժամանակ ձիւնով ծածկուած կը մնար: Իսկ խիստ ձմեռուայ շրջանին, գիշերները անօթի շուներ եւ նոյնիսկ գայլեր  կը թափառէին տուներու միջեւ ուտելիք գտնելու յոյսով: Նոր Տարիի գիշերը մեծ կըլլար մեր յուզմունքը երբ վերջապէս տան դուռը կը բացուէր եւ կաղանդ պապուկը ներս կը մտնէր իր կարմիր զգեստով, իր երեսի դիմակով, երկար եւ ճերմակ մօրուքով ու  իր ձեռքին անցուցած ճերմակ ձեռնոցներով  :

          Զարմիկներուս հետ միասին նախ իր ձեռքը կը համբուրէինք, իսկ յետոյ արտասանութիւններ կընէինք որպէսզի արժանի ըլլայինք իր գնահատանքին  եւ ստանայինք մեզի համար բերած նուէրները: Երբեմն Կաղանդ Պապուկը կը գանգատէր մեզմէ, ըսելով որ տարուան տեւողութեան  անառակութիւն  ըրած եւ նեղած էինք մեր ծնողքը եւ մեզ կազդարարէր ըսելով  որ, եթէ այսպէս շարունակէինք յաջորդ տարի կաղանդին մեզ նուէր պիտի չբերէր: Մենք ալ կը զարմանայինք թէ ուրկէ լուր ունեցած կրնար ըլլալ եւ կը խոստանայինք որ բարի պիտի ըլլայինք ասկէ վերջ:        

          Տարի մը, նոր տարուայ երեկոյեան դարձեալ հաւաքուած էինք հօրեղբօրս Էթիլերի տունը, տօնելու համար Նոր Տարին, սպասելով Կաղանդ Պապուկին այցելութեան: Դուռը զարնուեցաւ   եւ կաղանդ պապուկը ներս մտաւ իր կարմիր զգեստով, ճերմակ մօրուքով եւ իր կրնակի պարկով որուն մէջ կը գտնուէին մեր նուէրները, բայց այս անգամ կաղանդ պապուկը մոռցած էր ձեռնոց հագուիլ: Զարմիկներուս հետ միասին սկսանք իր ձեռքը համբուրել ըստ սովորութեան, բայց երբ կաղանդ պապուկին մերկ ձեռքը ափիս մէջ առի որպէսզի զայն համբուրեմ, անդրադարձայ որ այդ ձեռքը կը պատկանէր իմ հօրս: Ոչինչ ըսի իմ զարմիկներուս, բայց  այդ պահուն կարծէք թէ աշխարհ փուլ եկաւ իմ գլխուս: Հաճելի երազէ մը արթնցած ու անդրադարձած էի որ Կաղանդ Պապուկը գոյութիւն չունէր այլ անիկա իմ հայրս էր Կաղանդ Պապուկի կերպարանքի տակ:   Շատ մեծ եղաւ  յուսախաբութիւնս, այնքան մեծ որ Կաղանդ Պապուկին ինծի բերած նուէրները այլեւս կորսնցուցած էին իրենց կարեւորութիւնը, առասպել մը փլուզումի ենթարկուած էր իմ մանկական երեւակայութեանս մէջ: Կաղանդ Պապուկին առասպելական գոյութիւնը աւելի մեծ արժէք ունէր իմ մանկութեանս գոյատեւման  համար քան թէ իմ հօրս Կաղանդ Պապուկի  ծպտանքի տակ ինծի բերած նուէրները: Զգացի որ յանկարծ մեծցած էի այդ պահուն:

           Այդ օրուընէ սկսեալ Կաղանդ Պապուկին գալուստը  ինծի համար բոլորովին կորսնցուց իր յուզումը: Դարձեալ կը հաւաքուէինք հօրեղբօրս Էթիլերի տան մէջ, Կաղանդ Պապուկը դարձեալ մեզ կայցելէր իր կարմիր զգեստով, երկար եւ ճերմակ մօրուքով, իր կռնակի նուէրներով լեցուն պարկով: Ես ալ զարմիկներուս հետ միասին իր ձեռքը համբուրելով բարի գալուստ կը մախթէի իրեն այդպէս ձեւացնելով որ եկողը իրապէս Կաղանդ Պապուկն էր: Բայց պարզապէս բեմադրութիւն մըն էր իմ ըրածը, որպէսզի զարմիկներս որ ինձմէ պզտիկ էին չհասկնային որ անիկա իմ հայրս էր եւ իրենք ալ իմ նման հիասթափութիւն չզգային եւ  չարթննային այդ հաճելի երազէն:               

           Այսօրուայ էլեկտրոնիկային զարգացման միջավայրի եւ պարտադրուած կրթական համակառքի մէջ, պզտիկները  դժբախտաբար  հետզհետէ կը կորսնցնեն իրենց  մէջ գտնուող մանկական ոգին եւ երեւակայութիւնը , իսկ   բոլորիս համար շատ աւելի օգտակար  պիտի ըլլար  կարենալ պահել մեր մանկական  անխաթար երեւակայութիւնը, եւ քաջութիւնը ունենալ  երբեմն զմեզ գիտակցաբար խաբելու,  քան թէ ամէն նիւթի մէջ փնտռել տրամաբանական  պատճառաբանութիւն մը կամ գիտական բացատրութիւն մը:

           Աշխարհիս ամենակարեւոր գիտնականներէն մէկը նկատուող Այնշթայն նոյնիսկ  ըրած է հետեւեալ յայտարարութիւնը  ընդգծելու համար  երազելու կարեւորութիւնը. <<երազելը շատ աւելի կարեւոր է քան թէ գիտութիւնը, որովհետեւ գիտութիւնը սահման  ունի իսկ երազները անսահման են>>:
Կամ ինչպէս ըսած է Շէյքսփիր <<նախ երազները կը մեռնին, իսկ յետոյ մարդիկ>>:

           Ի վերջոյ այս աշխարհիս մէջ ոչ մէկ բան կը վայելէ  անսահման ազատութիւն մը ինչպէս կը վայելեն  մեր երազները եւ մեր երեւակայութիւնը, ուրեմն ջանանք միշտ ողջ պահել զանոնք, որովհետեւ երազել ու երեւակայել կը նշանակէ յուսալ, եւ  առանց յուսալու կարողութեան մեր կեանքը մեզի համար արդարեւ անհանդուրժելի կը դառնայ:      

          Կը մաղթեմ ձեզ. իմ բոլոր յարգելի եւ սիրելի ընթերցողներուս բարի երազներով եւ շողշողուն  յոյսերով լեցուն  երջանիկ Նոր Տարի մը: 


Պոլիս-23 Դեկտեմբեր 2018

 



                               

No comments: