Subscribe

28 Feb 2012

Պոլսոյ Կարօտը



Մօրեղբայրս Պերճ Ագչա, 1915 թուականին Անգարայէն աքսորուած ու ճամբան իր անդամներէն վեցը զոհ տուած մեծմօրս երկրորդ զաւակն էր: Ան քառասուներկու տարի առաջ ամուսնացած էր քեռկինիս հետ, որուն ընտանիքն ալ նոյն աղետալի տարիներուն Պուրսայի Քիրմասթի գիւղէն աքսորուած, ճամբան իր ընտանիքի անդամներէն ոմանք զոհ տալէ ու զանազան արկածախնդրութիւններ ապրելէ վերջ, նախ Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքը գաղթած, աւելի վերջ Քան հաստատուելով Ֆրանսահպատակութիւն ստացած ընտանիքի մը թոռն էր: Զարմանալի էր որ քառասուներկու տարիներու տեւողութեան Ֆրանսա ապրած, հոն աշխատած ու ի վերջոյ հանգստեան կոչուած ելլալով հանդերձ մօրեղբայրս ինքզինքը երբեք չէր կրցած Ֆրանսացի զգալ ու միշտ օտար մը ըլլալով ապրած էր այդ երկրին մէջ։Այս քառասուներկու տարիներու տեւողութեան պահած էր իր Թրքական անցագիրը ու Ֆրանսական հպատակութիւն ստանալու համար դիմում իսկ չէր ըրած:Երբ իրէն հարցնէինք թէ, ինչու հպատակութեան համար դիմում չի ընէր զանազան պատրուակներ կը հնարէր բայց ես գիտէի որ ինք չափազանց կապուած ելլալով իր արմատներուն կը հաւատար, թէ եթէ զոյգ հպատակութիւն ունենար ինքզինքը մասամբ հեռացած պիտի զգար իր արմատներէն եւ իր սիրելի Պոլիսէն, ուր իր պատանութեան ամենագեղեցիկ տարիները անցուցած էր։Բոլոր այդ քառասուներկու տարիներու ընթացքին որ ապրած էր Ֆրանսա իր միտքը միշտ Պոլիս եղած էր։Ամէն անգամ որ Պոլիս գար իր ընտանիքով, կը մտածէր հոս տուն մը գնելու մասին: Վստահ եմ որ եթէ կարելիութիւնը ունենար շատ պիտի փափաքէր վերահաստատուիլ Պոլիս, բայց ընտանեկան պայմանները չէին արտօներ։ Հակառակ որ ինք Քան քաղաքի մէջ կապրէր բարեկեցիկ կեանք մը։

Վերջի անգամ երբ ընտանեօք գացած էինք Ֆրանսայի Քան քաղաքը եւ այցելած էինք զինք, գիշեր մը մեզի ըսաւ որ ընթրիքի համար մեզ յատուկ նշանակութիւն ունեցող ճաշարան մը պիտի տանի։ Ճաշարանը կը գտնուէր Քան քաղաքէն ինքնաշարժով քսան վայրկեան հեռաւորութիւն ունեցող գիւղաքաղաքներէն մէկուն ծովեզերքը։
Երբ հասանք ճաշարան անդրադարձայ որ ճաշարանը ոչ մէկ յատկութիւն ունէր։Ընդհակառակը պարզ ու սովորական ճաշարան մըն էր։ Կը մտածէի թէ ինչ պէտք կար այս ճաշարանը գալու համար այսչափ ճամփայ երթալու, քանի որ Քան քաղաքի մէջ ասկէ շատ աւելի գեղեցիկ ճաշարաններ կային։Երբ նստանք սեղանի շուրջը ու օրուան ճաշերուն ցանկը բացի, տեսայ որ ճաշերն ալ սովորական ճաշեր էին որոնք ամենահասարակ ճաշարանի մը մէջն իսկ կարելի էր գտնել:Կնոջս հետ աչք աչքի եկանք ու հասկցայ թէ ան ալ ինծի պէս նոյն բանը կը մտածէր:Կուզէի մօրեղբօրս հարցնել թէ ինչ էր այս ճաշարանին յատկութիւնը բայց կամչնայի։Ի վերջոյ երբ առիթը հանդիսացաւ հարցուցի մօրեղբօրս թէ ինչ էր այս ճաշարանին յատկութիւնը։
Մօրեղբայրս խնդաց ու ըսաւ որ գիշերը, երբ օդը մթննայ ու քաղաքին լոյսերը վարին այն ժամանակ է որ պիտի հասկնանք թէ ինչու համար մեզ հոն բերաւ։
Սպասեցինք՝։ Ի վերջոյ գիշէր եղաւ քաղաքին բոլոր լոյսերը վառեցան։ Կնոջս հետ անհամբերութեամբ կը սպասէինք։Քիչ վերջ մօրեղբայրս ներս գնաց եւ նեղ ու երկար, մեր օղիի գաւաթներուն նմանող չորս հատ գաւաթ առած ետ վերադարձաւ։ Գրպանէն ըմպելիի փոքր շիշ մը հանեց ու պարպեց գաւաթներուն մէջ։Օղիի բուրումնաւէտ ու զօրաւոր հոտը ռունգերէս ներս կը թափանցէին ։Անդրադարձայ որ ճաշարանին սպասեակները վարժ էին այս կացութեան քանի որ անմիջապէս մեզ փոքրիկ թոյլ մը սառ, պանիր ու պտուղ բերին։Մօրեղբայրս գաւաթներուն մէջ օղին պարպած ժամանակ ակնոցին վրայէն մեզ նայեցաւ ու ըսաւ << այս օղին մեր երկրին օղին է >>։

Յետոյ բաժակները բարձրացուցինք, իրարու առողջութիւն մաղթեցինք ու օղիներնես քանի մը ումպ խմեցինք։Մօրեղբայրս գաւաթը վար դրաւ ու ըսաւ։

-Դուն հարցուցած էիր թէ ի՞նչ է այս ճաշարանին առանձնայատկութիւնը, թէ ինչու՞ համար ձեզ հոս բերի:Հիմա սա դիմացի եզերքը նայէ եւ ըսէ թէ ինչ կը տեսնես։

Ֆրանսայի Նիս կամ Քան քաղաքները այցելողները գիտեն, որ հոն ծովը եւ երկինքը իրենց յատուկ գեղեցիկ գոյն մը ունին եւ անոր համար է որ այդ ափը կը կոչուի Côte d'Azur, որ Ֆրանսերէն կը նշանակէ <<կապոյտ ափ>>։Հրաշալի ծով մը ունի, բայց ծովուն դիմացը ուրիշ ափ մը չկայ մեր Պոսֆորին պէս ուստի գիշեր ատեն երբ ծովը դիտէք մուս մութ կերեւի, բայց հոս այդպէս չէր որովհետեւ ծովուն միւս կողմը ուրիշ ափ մը գոյութիւն ունէր, ուր կար բնակչութիւն մը որոնք գիշերը իրենց տան լոյսերը վառած էին ։Երբ դիմացի ափը նայեցայ, անդրադարձայ որ տուներուն լոյսերը այդպէս ներդաշնակութեամբ մը քով քովի վառած էին որ երբ դիմացի ափէն դիտէիք կը նմանէին ճիփս ճիշտ Փաշապահչէի, Պէյքօզի եւ Չուպուքլուի ծովեզերքին։ Հասկցայ որ մօրեղբայրս յաճախ իր օղին կառնէր ու այդ ճաշարանը կուգար, հոն կը նստէր, գաւաթ մը օղին կը խմէր ու ինքզինքը Պոսֆորի ափին վրայ գտնուող ձուկի ճաշարաններէն մէկուն մէջ կը երեւակայէր եւ այսպէսով Պոլսոյ հանդէպ ունեցած իր կարօտը կառնէր :

Մօրեղբայրս մահացաւ 2009 թուականին։Այս յիշատակը մեր իր հետ ունեցած վերջին յիշատակնիս եղաւ։Իր կտակին համեմատ դագաղը Պոլիս բերուեցաւ եւ իր ընտանեկան գերեզմանին մէջ հողին յանձնուեցաւ։ Յուղարկաւորութեան օրը տեղատարափ կ’անձրեւէր:Այդչափ սաստիկ փոթորկոտ օդ մը կար որ, պահ մը մտահոգուեցայ թէ թաղումը պիտի չի կարենայ կատարուիլ։

Երբ դագաղը դրուեցաւ փոսին մէջ ու վերջին քանի մը բահ հողը իր վրան կը նետէին, յիշեցի Հրանդ Տինքի հետեւեալ խօսքը :

<<Այո՝ , մենք հայերս աչք ունինք այս հողերուն վրայ որովհետև մեր արմատները հոս կը գտնուին, բայց ոչ թէ այս հողերը առնել տանելու, այլ գալ ու անոնց խորքը թաղելու համար>>



Օշին Էլակէօզ

Պոլիս - 17 Փետրուար 2012

1 comment:

ՍԻԼՄԱՐԺԱՆ said...

Ազդեցիկ ու իմաստալից...