Զատկուայ Խորհրդակցութիւններ
Բլուրի մը վրայ գտնուող անտարի մը գագաթը կապրէին երեք ծառեր:Օր մը անոնք իրենց մէջ սկսան խօսիլ իրենց ցանկութիւններու եւ փափաքներու մասին:
Առաջին ծառը ըսաւ որ կը փափաքէր որ իր փայտերով շինէին շատ արժէքաւոր ու գեղեցիկ սնտուկ մը եւ ղրկէին թագաւորական պալատ,որպէսզի թագուհին իր մէջ պահէր իր թանկագին գոհարեղէնները:
Երկրորդ ծառը ըսաւ որ կը փափաքէր վերածուիլ հսկայ ու տոկուն նաւի մը ու փոխադրել թագաւորներ,թագուհիներ եւ այլ կարեւոր անձնաւորութիւններ զանոնք պաշտպանելով փոթորիկներէ,ալեկոծ ծովերէ եւ այլ վտանգներէ:
Եւ վերջապէս երրորդ ծառը ըսաւ որ կը փափաքէր աճիլ ու մեծնալ եւ դառնալ աշխարհիս ամենաբարձր ծառը,որպէսզի մարդիկ զայն տեսնէին ու զմայլէին թէ ան որքան բարձր եւ մօտիկ է Աստուծոյ :
Անցան տարիներ, ու այս տարիներու տեւողութեան ծառերը կ'աղօթէին որպէսզի իրականանային իրեն փափաքները:
Օր մը, անտարէն կ'անցնէին քանի մը փայտավաճառներ: Անոնցմէ մէկը եկաւ ու կեցաւ առաջին ծառին տակը եւ մտածեց . ահաւասիկ տոկուն ծառ մը,վստահ եմ որ զայն կրնամ լաւ գինով վաճառել ատաղձագործի մը եւ սկսաւ ծառը կտրել:Ծառը շատ ուրախ էր որովհետեւ կը հաւատար որ պիտի վերածուէր թանկագին սնտուկի մը, որուն մէջ պիտի պահուէին արքայական գոհարեղէններ եւ այսպէսով իրականացած պիտի ըլլար իր աղօթքը:
Երկրորդ փայտավաճառը, եկաւ ու կեցաւ երկրորդ ծառին տակը ու մտածեց որ այս ծառը տոկուն ու զօրաւոր ծառ մը կերեւէր ուստի զայն կրնար լաւ գինով մը ծախել նաւաշինարանի մը, որպէսզի իր փայտով կառուցանէին տոկուն նաւակ մը եւ սկսաւ կտրել ծառը, որը իր կարգին շատ ուրախ էր որովհետեւ կը հաւատար որ պիտի վերածուէր թագաւորական հսկայ նաւի մը ու պիտի փոխադրէր թագաւորն ու թագուհին:
Երրորդ ծառը շատ կը վախնար որ փայտավաճառներէն մէկն ալ պիտի գայ եւ զինք կտրէ, որովհետեւ ան կտրուիլ չէր ուզեր, այլ մեծնալ եւ բարձրանալ կուզէր եւ եթէ զայն կտրէիրն իր փափաքը երբեք պիտի չկարենար իրականանալ: Ծառին ահն ու դողը ոչ մէկ ազդեցութիւն գործեց փայտավաճառին վրայ եւ իսկոյն եկաւ ու կտրեց ծառը:Ան դեր չէր մտածած թէ ինչի պիտի գործածէր զայն, բայց զօրաւոր տոկուն ծառ մը ըլլալուն համար չէր ուզեր զայն ուրիշ մէկ փայտավաճառի ձգել: Ուսի մտածեց . զայն կտրեմ շտեմարանս տանիմ ,յետոյ կը որոշեմ թէ ինչ պիտի ընեմ:
Առաջին ծառը կտրուած ու վերածուած էր տախտակէ մեծ ու երկար ամանի մը եւ տեղաւորուած էր ախոռի մը մէջ, որուն մէջէն անասունները իրենց առօրեայ ուտելիքը կուտէին:Հարկաւ թէ ասիկա ծառին փափաքածը չէր եւ ան բնաւ գոհ չէր իր վիճակէն:
Երկրորդ ծառը նաւաշինարանի մը մէջ կտրուած եւ անոր փայտերով շինած էին ձկնորսի փոքրիկ մակոյկ մը, իսկ ծառը կը փափաքէր վերածուիլ թագաւորական հսկայ նաւի մը:Իսկոյն երկրորդ ծառին փափաքն ալ չէր իրականացած:
Իսկ երրորդ ծառը, կտրուած եւ նետուած էր մուդ շտեմարանի մը մէջ:
Տարիներ անցած, ծառերը այլեւս մոռցած էին իրենց ցանկութիւնները:Ոչ մէկուն փափաքը իրականացած էր եւ նկատի առած իրենց մէջը գտնուած պայմանները, այլեւս ոչ մէկ յոյս կար որ ապագային իրենց փափաքը իրականանար:Անձրեւոտ գիշեր մը այր եւ կին ախոռէն ներս մտան:Կինը հոն ծննդաբերութիւն ըրաւ բայց նորածինը պառկեցնելու համար տեղ չկար:Մարդը, անասուններուն մէջէն ճաշ կերած փայտէ ամանը պարպեց,տակը քիչ մը խոտ դրաւ ու վրան իր վերարկուն տարածելով անկողին մը շինեց եւ նորածինը անոր մէջ տեղաւորեց:Ծառը որուն փայտով շինուած էր այդ ամանը զգաց այս իրադարձութեան կարեւորութիւնը :Գիտակից էր որ ստացած էր բոլոր ժամանակներու ամենարժէքաւոր գանձը:
Անցան տարիներ,քանի մը ձկնորսներ փոքրիկ նաւակով մը ձուկ կը որսային:Անոնցմէ մէկը յոգնած էր ու կը քնանար:Յանկարծ սաստիկ փոթորիկ մը պայթեցաւ:Նաւակը պիտի տապալէր ու ձկնորսները պիտի խեղդուէին:Գացին եւ արթնցուցին քնացող մարդը:Ան ոտքի ելաւ ուղղուելով ալեկոծ ծովուն հրամայեց <<հանդարտէ ' >> իսկոյն ծովը անմիջապէս հանդարտեցաւ:Այս փոքրիկ նաւակը երկրորդ ծառին փայտով շինուած նաւակն էր: Ծառը հասկցաւ որ այդ պահուն իր վրայ կը գտնուէր <<Արքաներու Արքան >>:
Վերջապէս օր մը մարդիկ եկան եւ երրորդ ծառը առին ու զայն բեռնաւորեցին դատապարտեալի մը ուսերուն:Խեղճ դատապարտեալը երբ զայն կը կրէր իր ուսերուն վրայ ու կանցներ փոշոտ փողոցներէն, ժողովուրդը զայն կը հարուածէր ու կը հայհոյէին անոր երեսն ի վեր:Ի վերջոյ բլուրի մը գագաթը գացին եւ հոն դատապարտեալը այդ փայտին վրայ քամեցին ու ցայն դէպի երկինք բարձրացնելով այդ վիճակի մէջ ձգեցին որպէսզի մեռնի: Երբ եկաւ Կիրակի օրը, ծառը գիտեր, որ ինք աշխարհիս ամենաբարձր եւ ամենամօտ ծառը եղած էր Աստուծոյ քանի որ Յիսուսն էր խաչուած իր փայտի վրայ:
Երբ տեսնենք թէ իրադարձութիւնները մեր ցանկացածին պէս չեն յառաջանար պէտք է գիտնանք որ Աստուած բոլորիս համար ծրագիր մը ունի:Եթէ մենք հաւատք ունինք Իրէն,Ան մեր բոլորն ալ պիտի պարգեւատրէ:Իւրաքանչիւր ծառ ստացաւ այն ինչ որ կը ցանկար, որուն համար աղօթած էր Աստուծոյ բայց ոչ իր մտածած ձեւով:Մենք չենք կրնար գիտնալ թէ Աստուած ինչ ծրագրած է մեզի համար,գիտենք որ Իր ճամբան մերինէն տարբեր է բայց իր ճամբան միշտ ամենալաւն է:
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց
Օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի
Թարգմանութիւն
Օշին Էլակէօզ
No comments:
Post a Comment