Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճէմիլ Չիչէք, Մարաշ քաղաքի թշնամիի ձեռքէն ազատագրումի 92րդ տարեդարձի հանդիսութիւններու ընթացքին, ըրած ազգայնաշունչ ճառախօսութեան միջոցին ըսաւ որ Թուրքերու պատմութեան մէջ մէկ հատ իսկ սեւ արատ չկայ:
Որքան յաւակնոտ յայտարարութիւն մը։
Աշխարհիս վրայ գոյութիւն ունի՞ արդեօք պետութիւն մը, որ իր պատմութեան մէջ <<սեւ էջ >> չունենայ։Մանաւանդ պետութիւն մը որ վեց հարիւր տարի զէնքի ուժով իր տիրապետութեան տակ արած ըլլայ աշխարհիս երեք ցամաքամասերը ու իր պատմութեան մէջ սեւ էջ մըն իսկ չունենայ:Բոլոր պետութիւնները իրենց պատմութեան մէջ ունեցած են սեւ էջեր, բայց անոնք փոխանակ զանոնք ժխտելու քաջութիւնը ունեցած են դէմ դիմաց գալ ու ներողութիւն խնդել անոնց համար ։
Երբ խորհրդարանի նախագահ Ճէմիլ Չիչէք Մարաշ քաղաքի մէջ կընէր այս ազգայնաշունչ յայտարարութիւնը, կը մոռնար որ երկու ամիս առաջ 12 Դեկտեմբերին նոյն Մարաշի մէջ Ալէվի դաւանանքի պատկանող հաստատութիւնները ոգեկոչեցին ու դատապարտեցին 1978 թուականին Մարաշի մէջ Ալէվիներու դէմ իրագործուած կոտորածին 33 րդ տարեդարձը:Ահաւասիկ ձեզ, պատմութեան սեւ էջերէն մէկը որ կը պատկանի միայն 33 տարի առաջուան:
Այս թուականէն ամիս մը առաջ, 23 Նոյեմբերին վարչապետ Էրտողան շատ խիստ խօսքերով արտայայտուեցաւ Տէրսիմի կոտորածներու մասին ու ծանր խօսքերով դատապարտեց ընդդիմադիր կուսակցութիւնը եւ իթթիհատական մտայնութիւնը, Տէրսիմի մէջ 1936-1939 թուականներուն Ալէվի Քիւրտերու դէմ իրենց իրագործած կոտորածներուն համար ու ըսաւ որ եթէ ներողութիւն մը պէտք է խնդրուի այդ դէպքերուն համար ինք պատրաստ է պետութեան անունով ներողութիւն խնդրելու:
Վարչապետ Էրտողան արդեօք ինչու՞ համար էր որ ներողութիւն կը խնդրէր պետութեան անունով։Այս կոտորածն ալ միւսին նման պատմութեան սեւ մէկ էջը չէ՞ր արդեօք։
Այս օրինակները կարելի է աւելցնել Սեբաստիոյ մէջ Ալէվի Քիւրտերու դէմ զատ թուականներուն գործադրուած մէկէ աւելի կոտորածները։Զինուորական յեղաշրջումները ,16 հազարի շուրջ մարդասպանութիւնները որոնք մինչեւ այսօր անյայտ մնացած են որ կը կասկածուի թէ պետութեան կողմէ գործադրուած են :Սպաննուողներուն բոլորն ալ Քիւրտ, Ալէվի ու ձախակողմեան մտայնութիւն ունեցող մտաւորականներ, լրագրողներ կամ հայրենակիցներ էին:Անոնք առաւօտ մը իրենց տունէն դուրս ելան ու այլեւս չի վերադարձան։ Կամ ալ ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուեցան եւ անհետացան : Անոնց ընտանիքները տարիներ վերջ հիմա տակաւին կը սպասեն, յուսալով որ իրենց հարազատը պիտի վերադառնայ կամ ալ պիտի գտնուին անոնց դիակները որպէսզի խեղճերը գերեզման մը ունենան:
Ասոնց վրայ աւելցնել պէտք է Թուրքիոյ մէջ ոչ Իսլամ փոքրամասնութիւններուն դէմ իրագործուած թալանները եւ յանցագործութիւնները։Թրակիոյ մարզի մէջ Հրեաներու դէմ կատարուած ազգայնապաշտ յարձակումները, 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը, ունեւորութեան տուրքը,դէպքեր որոնք թէ Թուրք մտաւորականներու եւ թէ Թուրք ժողովուրդի կողմէ ընդունուած են իբրեւ պատմութեան սեւ էջեր։
Ըստ իս ամենացաւալին այն է որ, վարչապետ Էրտողանին իթթիհատականներուն եւ իրենց մտայնութեան որքան հակառակ ըլլալը բոլոր Թուրք հայրենակիցները գիտեն:Գիտեն թէ ան, ամէն առիթով որքան խիստ խօսքերով կը դատապարտէ իթթիհատականներուն այս հողերու վրայ գործած բոլոր ոճիրները:Բայց երբ նիւթը բացուի նոյն իթթիհատականներու կողմէ 1915 ի տարիներուն այս հողերուն վրայ ապրող Հայերուն դէմ իրագործուած ոճիրներուն մասին, վարչապետը բոլորովին տարբեր կեցուածք մը կառնէ ու երբեք չի դատապարտէր իթթիհատականները:
Չեմ սպասէր հարկաւ որ Թուրքիոյ վարչապետը արտասանէ <<ցեղասպանութիւնն>> բառը,որովհետեւ ասիկա երեւակայական ակնկալութիւն մը պիտի ելլայ: Բայց ես վարչապետ Էրտողանէն կը սպասեմ որ դատապարտէ նաեւ իթթիհատականներու կողմէ հայերուն դէմ գործադրուած կոտորածները,նոյնպէս ինչպէս կը դատապարտէ Քիւրտերու ու Ալէվիներու դէմ գործադրուածները։Ոչինչ աւելին։
Վարչապետ Էրտողան իր բոլոր յայտարարութիւններու ընթացքին միշտ կըսէ սա խօսքը ։<<մենք ստեղծուածը կը սիրենք ի յարգանս Ստեղծողին >>:Այս նախադասութեան մէջ վարչապետը կուզէ շեշտել որ ինք եւ իր կուսակցութիւնը ըլլալով հաւատացեալ, Աստուածասէր ու Աստուածավախ, բոլոր ստեղծուած էակները հաւասարապէս կը սիրեն ու կը յարգէն առանց իրենց մէջ խտրութիւն դնելու, որովհետեւ անոնք բոլորն ալ ստեղծուած են Աստծոյ կողմէ:
Կարծեմ թէ մենք Հայերս Թուրքիոյ մէջ չունենալով Քիւրտերու ու Ալէվիներու նման բարձր բնակչութեան թիւ եւ ընտրութիւններու ժամանակ քուէի ազդու զօրութիւն չենք արժանանար <<Արարիչին կողմէ ստեղծուած>>ներու կարգին մաս կազմելու:
Օշին Էլակէօզ
Մարմարա օրաթերթ Պոլիս
16 Feb 2012
Subscribe to:
Post Comments (Atom)
No comments:
Post a Comment