Subscribe

7 Feb 2012

Հայտարփաշայի Շոգեկառքի Կայարանը













104 տարուայ ականատեսը հանգստեան կը կոչուի


Անցեալները Պոլսոյ քաղաքապետութիւնը յայտարարեց թէ Պոլսոյ պատմական խորհրդանշաններէն մէկը եղող Հայտարփաշայի շոգեկառքի կայարանը, 1 Փետրուար թուականէն սկսեալ երկու տարուայ համար պիտի փակուի : Այս ժամանակամիջոցին, կայարանը պիտի նորոգուի ու յետոյ պիտի վերաբացուի մասամբ իբր պանդոկ և մասամբ իբր մշակութային կեդրոն:

Անցեալ կիրակի նկարչութեան գործիքս առի, ու գացի կայարան որպէսզի վերջին անգամ ելլալով զայն նկարեմ ու պատմական յիշատակ մը ըլլալով պահեմ։Կայարանը գրեթէ բոլորովին պարապ էր:Չկային այլեւս այն ճամբորդները որոնք աճապարանքով կը վազէին ձախ ու աջ:Լքուած վակոններուն մէջ կատուներ կը պտտէին միայն, ու ինծի նման քանի մը նկարիչներ:Յանկարծ ետեւէս ձայներ լսեցի. լաց, կոծ, պոռչտուք մարդիկ կը պոռային կարգախօսներ կ՛արձակէին:Ետ կը դառնամ մարդ չկայ ձախ ու աջ կը նայիմ մարդ չկայ:Հեռուն քարի մը վրայ աղբահաւաք մը նստած ծխախոտը կը ծխէ:Ձայները կը շարունակուին:Լա՜ց ու կոծ, արցունք անէծք իրար կը խառնուին: Անդրադարձայ թէ այս ձայները երեւակայական ձայներ էին, որոնք կը բխէին իմ ենթագիտակցութենէս: Յիշեցի կայարանի 104 տարուայ պատմութիւնը եւ անդրադարձայ թէ Հայտարփաշայի շոգեկառքի կայարանը որքա՜ն տխուր յիշատակներ ունի Պոլսոյ փոքրամասնութիւններու համար, քանի որ ան իր 104 տարուայ կեանքին մէջ, Պոլսոյ փոքրամասնութիւններուն ապրած ողբերգութիւններուն ամենամեծ ականատեսներէն մէկը եղած է :






Կայարանի շինութիւնը սկսած է Սուլթան Համիտի շրջանին, 30 Մայիս 1906 թուականին Օթթօ Ռիթթէր և Հէլմուդ Քունօ անունով երկու Գերմանացի ճարտարագէտներու կողմէ և աւարտած է 1908 թուականին: Կայարանը, նախ իր եօթը տարեկան հասակին ականատես եղած է 1915 ին Պոլիսէն դէպի անվերադարձ վայրեր աքսորուող Պոլսահայ մտաւորականներու ողբերգութեան:Գրիգոր Զոհրապներ, Ռուպէն Սևակներ, Սիամանթօներ, Դանիէլ Վարուժաններ, եւ ուրիշներ։ Շուրջ 220 Հայ մտաւորականներ իրենց մահուան ճամբորդութեան սկսան այս կայարանէն:Անոնք վերջին անգամ Պոլիսը այս կայարանէն դիտեցին։Անոնք իրենց անվերադարձ ճամբորդութենէ առաջ վերջին անգամ այս կայարանի սանդուխներու վրայ հրաժեշտ առին իրենց հարազատներէն:Լաց ու կոծ, կործանած ընտանիքներ, քանդուած երազներ ։Կիներ բաժնուած իրենց ամուսիններէն, զաւակներ իրենց հօրմէն, մայրը իր զաւկէն, եղբայրը իր եղբայրէն։ Երանի թէ կայարանը լեզու ունենար որպէսզի խօսէր ու պատմէր այդ օր ապրուածները։

Յետոյ 1942 թուականին ժամանակուայ կառավարութիւնը կազմող կուսակցութիւնը, որ այսօր եւ գոյութիւն ունի ու Թուրքիոյ ամենամեծ ընդդիմադիր կուսակցութիւնն է, երկիրը իր մէջ գտնուած ծանր տնտեսական պայմաններէն ազատելու պատրուակով <<ունևորութեան տուրք>> կոչուած տուրք մը որդեգրեց որ պատրուակ մըն էր ոչ իսլամական փոքրամասնութիւնները հարստահարել, ու անոնց պատկանող բոլոր դրամագլուխը իսլամականներուն ձեռքը անցնել:Ուստի տուրքին 87 տոկոսը բեռնաւորուեցաւ ոչ իսլամական փոքրամասնութիւններու ուսերուն, որոնք ստիպուեցան բոլոր իրենց պատկանող ինչքերը ոչինչ գինով ծախել Թուրք հայրենակիցներուն որպէսզի փրկուին Էրզուրում աքսորուելէ որովհետեւ անոնք հաւատացած էին թէ եթէ աքսորուին, հոն պիտի սպաննուին: Անոնցմէ շուրջ 1229 հոքի չի յաջողելով իրենցմէ պահանջուած տուրքը վճարել ի վերջոյ Հայտարփաշաի կայարանէն աքսորուեցան Էրզուրում - Աշգալէ:Նորէն լաց ու կոծ, կործանած ընտանիքներ, քանդուած երազներ, ողբերգութիւն եւ նորէն Հայտարփաշայի կայարանը:

Աւելի վերջ 6 Սեպտեմբեր 1955 թուականին, Յոյներու դէմ 6-7 Սեպտեմբերի աւերը իրականացնող խուժանին մէկ մասը նախապէս ծրագրուած կազմակերպութիւնով մը, Թուրքիոյ զանազան քաղաքներէն հաւաքուեցաւ ու բերուեցաւ Պոլիս որպէսզի 6 - 7 Սեպտեմբերի դէպքերը իրականացնեն:

6 Սեպտեմբերի գիշեր Յոյն ծագում ունեցող հայրենակիցներու դէմ սկսող թալանը 9 ժամ տեւեց ու 7 Սեպտեմբերին առաւօտեան դէմ դադրեցաւ: Այս կարճ ժամանակամիջոցին մէջ սպաննուեցան 15 Յոյն ու 1 Հայ հայրենակիցներ: ծանր կերպով վիրաւորուեցան երեսուներկու Յոյն հայրենակիցներ: Կիներ ու աղջիկներ բռնաբարուեցան : Չորս հազարէ աւելի տուն,շուրջ հազար գործատեղի, եօթանասուն երեք եկեղեցիներ, երկու վանք, քսան երեք դպրոց եւ հինգ հազարի մօտ այլ շէնքեր քանդուեցան կամ վնասուեցան:

Այս դէպքերէն վերջ, Թուրքիոյ Յոյն փոքրամասնութեան մէծ մասը իրենք զիրենք Թուրքիոյ մէջ այլևս ապահով չզգալու պատճառով լքեցին իրենց պապերուն հազարամեայ հողերը ու հեռացան այս երկրէն: Այս դալանը կատարելու նպատակով Իզմիթէն եւ Ատաբազարէն եկողները Պոլիս եկած էին Հայտարփաշայի կայարանէն:

Հայտարփաշայի կայարանը երկու տարի վերջ պիտի վերաբացուի իբրեւ պանդոկ եւ մշակութային կեդրոն:
Ատենուայ ողբերգութեան հաւաքավայրը պիտի վերածուի խնջոյքի վայրի:Հինէն լաց ու կոծ բարձրացող շէնքէն վաղը պիտի բարձրանան ուրախութեան ձայներ ու ժպիտ:Հինէն մեծ թիւով ընտանիքներու կործանումի ու իրարմէ բաժանման վայրը եղող շէնքին մէջ վաղը նոր ընտանիքներ պիտի կազմուին, հարսնիքներ պիտի կատարուին, ուրախութեան եւ երջանկութեան վայրի մը պիտի վերածուի:

Միթէ կարելի՞ է ուրիշներու ողբերգութեան վրայ երջանկութիւն հիմնել:Միթէ կարելի՞ է ուրիշներու լաց ու կոծի վրայ զուարճանալ :Միթէ կարելի՞ է ուրիշներու քանդուած ընտանիքներու վրայ երջանիկ ընտանիքներ կազմել: Միթէ կարելի՞ է հազարումէկ անէծքներ տեղացուած վայրի մը մէջ բարեմաղթանք ընել:

Երկու տարի վերջ երբ Հայտարփաշայի կայարանը վերաբացուի իբր պանդոկ ու մշակոյթի կեդրոն հոն զուարճացող ժողովուրդը արդեօք պիտի լսէ՞ հեռուէն լացի ու կոծի ձայներ:Անոնք պիտի մտածե՞ն արդեօք թէ տարիներ առաջ հոն ուր հիմա իրենք կը զուարճանան շատեր իրենց արցունքը հոսեցուցած են:

Ոչ̕ , քանի որ այս աշխարհի վրայ ամէն ոք կապրի իր սեփական վիշտը եւ ամէն ազգ կապրի իր ազգային ողբերգութիւնը :


Օշին Էլակէօզ

Մարմարա օրաթերթ Պոլիս - 7 Փետրուար 2012









No comments: