Subscribe

24 Sept 2007

Տպաւորութիւններ հաճելի արձակուրթէ մը




Յուլիս ամսուան սկիզբը արձակուրդի նպատակով ընտանեօք Ֆրանսայի Նիս քաղաքը գացած էինք:Մեր պանդոկը քաղաքին ամենագեղեցիկ թաղերէն մէկուն մէջ ծովահայեաց դիրքի մը վրայ կը գտնուէր:Սենեակը ունէր
պատշգամ մը ,ուրկէ կարելի էր տեսնել բոլոր քաղաքը եւ ծովը:Նիս քաղաքը ունի իրեն յատուկ կապոյտ երկինք եւ արեւը առաւօտուն մօտաւորապէս ժամը հինգին կը ծագի եւ գիշեր ժամը տասնին մարը կը մտնէ:Գեղեցիկ քաղաք մը ,հոյակապ ծով մը ,մաքուր օդ,ազնիւ ժողովուրդ:Այսինքն շատ հաճելի արձակուրդ մը կանցընէինք:Բայց բոլոր այս բարեկեցութեան մէջ,կար բան մը, որուն պակասը կը զգայի,մանաւանդ երբ իրիկունը ժամը եօթը կ՛ըլլար ,որ իմ սովորական գործէ տուն վերադարձի ժամս է:
Պոլիս գտնուած ժամանակ ,երբ իրիկունը գործէս տուն կը վերադառնամ ,որպէս առաջին գործ,սեղանին վրայ օրուայ թերթը կը փնտռեմ,ասիկա սովորութիւն մը եղած է ինծի:Աչքերս տան մէջ գտնուող սեղանին վրայ հայ թերթը կը փնտռէ:
Այո՛ արձակուրդի ընթացքին բոլոր այդ բարեկեցութեան մէջ,զոր ես կ՛ապրէի ,կար միայն բան մը ,որուն պակասը կը զգայի:Այդ պակասը ուրիշ բան մը չէր,եթէ ոչ մեր հայերէն թերթը,մեր սիրելի "Մարմարա"ն:
Կարք մը օրեր կը պատահի,որ ես գործէն տուն յոգնած վերադառնամ եւ գիտեմ որ տրամադրութիւնը պիտի չունենամ օրուան թերթը կարդալու:Բայց հակառակ ատոր ,իմ աչքերս դարձեալ "Մարմարա"ն կը փնտռեն տան սեղանին վրայ:Կարեւոր չէ՛ թէ ես այդ օր պիտի կարդա՞մ օրուայ թերթը թէ ոչ ,կարեւորը այն է թէ հայ թերթը այդ օր մեր տունէն ներս մտած է:
Հիները խօսք մը ունին . այն տունը ուրկէ ներս արեւուն ճառագայթները չեն մտներ,հոն բժիշկ կը մտնէ:Այսպէս ալ ,այն տունը ուրկէ ներս հայ թերթ չի մտներ,հոն այլասերում կը մտնէ,անհետացումը կը մտնէ մեր մշակոյթին:"Մարմարա"ի ընթերցողները գիտեն որ թերթին մէջ խմբագրատան կողմէ հետեւեալ նախադասութիւնը կը գրուի շրջանակի մը մէջ.Հայ թերթը ընկերն է հայ տան:Ասիկա՛ շատ ճիշտ է հարկաւ,բայց հայ թերթը ո՛չ թէ միայն ընկերն է հայ տան,այլ շաղախն է հայ տան ,շաղախը հայ ընտանիքին,որ զայն ամուր պիտի պահէ այլասերումի եւ մշակութային անհետացումի դէմ:
Ես կը ցաւիմ ,երբ կը տեղեկանամ որ բարեկամներէս շատեր հայերէն թերթ չեն կարդար:Անոնք կ՛ըսեն որ հայերէն լեզուն գործածելու սովորութիւնը կորսնցուցած են այլեւս,եւ հայերէն չեն կրնար գրել,կարդալ,նոյնիսկ դժուարութիւնը ունին հայերէն խօսելու:Կա՞յ արդեօք անգլիացի մը որ անգլերէն չի կրնար խօսիլ ,իտալացի մը որ իր լեզուն այլեւս չի կրնար գործածել,կամ գերմանացի մը,հնդիկ մը,չինացի մը ,արաբ մը որ իր մայր լեզուն չի կրնար գործածել այլեւս եւ առանց անհանգստութիւն զգալու կ՛արտայայտուի այս նիւդի մասին,կարծէք թէ բնական բան մը ըլլար իր այս թերութիւնը:
Անձ մը 7-8 օտար լեզու կրնայ սորված ըլլալ,բայց եթէ իր մայրենի լեզուն չի գիտէր ,իրէն չե՞ն հարցներ ըսելով ."Մարդ Աստուծոյ 7-8 օտար լեզու սորվեր ես ,բայց ինչու՞ քու մայրենի լազուդ չես սորվեր":Մեր լեզուն շատ գեղեցիկ լեզու մըն է:Ամէն անգամ որ ես կարդամ հայերէն գիրք մը,կը զմայլիմ անոր հարստութեան ու նախադասութիւններու եւ արտայայտութիւններու հմայիչ ներդաշնակութեան վրայ:Հայերէն կարդալու հաճոյքը միայն հայերէն կարդացողները կրնան զգալ,իսկ չկարդացողները կը զրկուին այդ հաճոյքէն:Բայց դժբնախտաբար անոնք ոչ միայն իրենք զինենք կը զրկեն այս հաճոյքէն,այլ արգելք կ՛ըլլան նաեւ իրենց տան մէջ հայախօսութեան տարարծումին ,պատճառ դառնալով որ նոր սերունդները հետզհետէ հեռանան մեր մայրենի լեզուէն ու մշակոյթէն:
Մեր առաջին պարտականութիւններէն մէկը պէտք է նկատենք հայերէն լեզուի պահպանումը եւ պէտք է որ զայն տարածենք մանաւանդ նոր սերունդներու մէջ:Ինչպէս որ ամէն հայրենակից ստիպուած է իը տուրքը վճարելու իր պետութեան,նոյնպէս ալ պէտք է որ ամէն հայ ստիպուած նկատէ ինքզինքը հայերէն խօսելու,կարդալու եւ զայն տարածելու:Գիտենք որ եթէ անձ մը իր տուրքերը չվճարէ իր պետութեան,ի վերջոյ տուգանք կը վճարէ,իսկ եթէ հայերէն լեզուի դէմ իր պարտականութիւնը չկատարէ,ոչ ոք իրմէ տուգանք պիտի պահանջէ կամ պիտի պատժէ զինքը իր այս թերութեան պատճառաւ:Բայց այդ տուգանքը մեր զաւակները պիտի վճարեն,մեր թոռնիկները պիտի վճարեն եւ ի վերջոյ մեր ազգը պիտի կրէ պատիժը:
Մեր լեզուէն եւ մեր մշակոյթէն հեռացումը ամենամեծ պատճառը պիտի ըլլայ որ մեր նոր սերունդները եւ մեր երիտասարդները մօտենան ուրիշ մշակոյթներու ,որոնք օրէ օր պատճառ պիտի դառնան աւելի մեծ թիւով օտար ամուսնութիւներու,կրօնափոխութիւններու եւ մշակութային անհետացումի:Ուրեմն քիչ մը աւելի բարի կամեցողութեամբ եւ քիչ մը աւելի զոհողութեամբ կարելի պիտի ըլլայ որ մենք մեր մայրենի լեզուն պահպանենք եւ փոխանցենք մեր նոր սերունդներուն:Հաւատացէք որ հայերէնը վախնալու չափ ալ դժուար լեզու մը չէ:Մանաւանդ անոնց համար որ յաճախած են մեր ազգային վարժարանները:Սկիզբը, օրական կէս ժամ մը հայերէն կարդալու համար մեր ընելիք զոհողութիւնը աւելի վերջ ժամերով հայերէն կարդալու հաճոյքի պիտի փոխուի:Կը բաւէ՛ որ մենք այն կամքը ունենանք օրական գոնէ կէս ժամ հայերէն կարդալու:Մեր 1700 տարուայ սուրբ լեզուին համար այս փոքր զոհողութիւնը ընել չ՛արժե՞ր արդեօք:

Օշին էլակէօզ

Մարմարա
21 Oգոստոս 2007

3 comments:

Anonymous said...

Oscin jan,
aysor mer moorat-raphaelian alumni khumpen esdatsa ko blogi hastsen. Korzis krasenyagn em yev isgabes hajuikov gartatsi blogd yev ays hotvaze. Jishdn esem isgabes husvaz em ays vargyanis. Arite gunenam aveli krelu kez. shad parevner kezi yev endanikid Genova-en.
Vahan Shahbazaiants

-------------------------------------------- said...
This comment has been removed by the author.
Anonymous said...
This comment has been removed by a blog administrator.