
Հմայիչ Նախադասութեան Մը Վերապրեցուցած
Տպաւորութիւնները
* * * * * * * * * * * * * * * * *
18 Սեպտեմբեր թուակիր "Մարմարա" օրաթերթի մէջ,յարգելի Տիկին Մարիամ Տրամէրեանի "իրականացած Երազներս Դէպի Երեւան"վերնագիրը կրող գրութիւնը կը կարդայի:Գրութեան սկիզբը,երբ հասայ այն նախադասութեան,ուր Տիկին Տրամէրեան գրած էր,"Ամէն գիշեր ընթրիքէն վերջ,ընտանեօք ձայնասփիւռին շուրջ կը նստէինք անձայն ,լսելու "Երեւանն Է Խոսում" կարճ նախադասութիւնը:
Մարմինս փշաքաղեցաւ,աչքերս ջրոտեցան,կրկին վերապրեցայ այն զգացումները,որոնք 23 տարիներ առաջ կարգ մը գիշերներ ապրած էի:Տարին 1984ն էր եւ ես զինուորական պարտականութիւնս կատարելու համար Կարսի Կէօլէ քաղաքը կը գտնուէի:Պոլիսէն հետս տարած էի փոքրիկ թրանզիստէօրով ձայնասփիւռ մը:Այն գիշերները ,որ հերթապահի պաշտօն չէի ունենար զօրանոցէն հեռու վայրի մը մէջ,կամացուկ մը ձայնասփիւռին ընկալուչը ականջիս մէջ կը տեղաւորէի եւ կը սպասէի որ Երեւանի կայանը սկսէր իր գիշերուայ ծրագրին:Նախ մօտաւորապէս 10-15 վայրկեանի չափ ազդանշան մը կուտար ,որ ինծի ժամեր կը թուէր:Իսկ յետոյ,ահաւասիկ այդ կարճ բայց հմայիչ նախադասութիունը ."Երեւանն Է Խօսում". որուն անմիջապէս կը հետեւէր հայազգի աշխարհահռչակ եւ տաղանդաւոր երաժիշտ Խաչատուրեանի "Գայիանէ" թատերապարի երաժշտութենէն պզտիկ մաս մը իբրեւ ծրագրի բացման ժէնէրիք:Գտնուած վայրս բացօթեայ, պակաս 28 աստիճան ,ամէն կողմ ձիւնով ծածկուած,ցուրտ,ոտքերս սառած,հեռուէն գայլի եւ շունի ոռնումը կը լսուէր,իսկ ես ականջիս մէջ կը լսէի այդ նախադասութիւնը ."Երեւանն Է Խօսում"որ զիս կը տաքցնէր ,կը հեռացնէր այդ միջավայրէն եւ կը տանէր ուրիշ աշխարհ մը:Կարծէք թէ այդ պահուն իմ տաքուկ տունս կը գտնուէի իմ հարազատներուս հետ:Յետոյ կայանի խօսնակը օրուան լուրեր կը հաղորդէր ,իսկ աւելի վերջ հայերէն երաժշտութիւն կը սփռուէր:Բայց ես անհամբերութեամբ կը սպասէի որ ծրագիրը վերջանար եւ խօսնակը կայանի օրուայ ծրագրի բացման ժամանակ իր արտասանած այն հմայիչ նախադասութեան պէս ,փակման ժամանակ ալ արտասանէր աւելի քան հմայիչ եւ սուրբ այն նախադասութիւնը "եւ թող Աստուած լինի ձեր բոլորին պահապան":Այս բառերը իմ գտնուած այդ դժնդակ պայմաններուս տակ իմ հոգիս կը սնուցանէին:
Կուզեմ յայտնել իմ խորին շնորհակալութիւններս յարգելի Տիկին Տրամէրեանին,որ իր գրութեամբ առիթ տուաւ որ ես ժամանակի մէջ դէպի ետ ճամբորդութիւն մը ընեմ եւ վերապրիմ 23 տարի առաջուայ այն զգացումները,զորս պակաս 28 աստիճանին զիս տաք կը պահէին:
Թող Երեւանը միշտ խօսի,եւ թող Աստուած միշտ լինի պայապան մեր ազգին,մեր մշակոյթին եւ մեր լեզուին:
Օշին Էլակէօզ
21 Սեպտեմբեր 2007
Ուրբաթ
No comments:
Post a Comment