Պայծառ կիրակի մըն էր,երկինքը ամպ մըն իսկ չկար եւ արեւին ճառագայթները այնքան զօրաւոր չէին ,որպէսզի ծովուն ջուրը շոգիացնելով ապականէին օդին պայծառութիունը:
Շատ նպաստաւոր օդ մըն էր լուսանկարչութեան համար: Ուստի ես ալ առաւօտ կանուխ լուսանկարչութեան գործիքս առի եւ գացի Հալիճի Զեյրէք թաղը ուրկէ պիտի սկսէի եւ պիտի երթայի մինչեւ Էյուպ Սուլթան պտըտելու համար բոլոր թաղերը ,նկարելու յարմար տեսարան մը գտնելու յոյսով:Երբ մտայ Ֆէնէրի թաղի այն փողոցը ուր կը գտնուէր յունաց կարմիր դպրոցը եւ սկսայ գալել այն հին քարերուն վրայ ,կը մտածեցի թէ քանի մը տասնեակ տարի առաջ արդեօք քանի՞ Նիոքլաներ,Ստավռօներ, Յակոբներ,Մարիամներ կոխած էին այն նոյն քարերուն վրայ ուր հիմայ ես կը կոխեմ:
Ճամբուն վրայ այլեւս աւերակի վերածուած կէս քարաշէն տուն մը կար որ ո’չ պատուհան ունէր եւ ոչ ալ բնակչութիւն իր մէջ, որպէսզի ժամանակի աւերիչ ազդեցութեան դէմ դիմանալու ոյժը տրուէր իրեն:Տան պատուհանները քանդուած էին,ուզողը դիւրաւ կրնար տունէն ներս խուժել, բայց դուռը շղթայով մը այնպես ամուր կապուած էր որ կարծես ազդարարութիւն մը կ’ընէր այն օտարներուն որոնք պիտի փորձէին տունէն ներս խուժել: Շղթայակապ դուռը կարծես թէ ըսել կ’ուզէր .այս դուռէն միայն իմ տերս կրնայ մտնել:Այն տէրը որ ով գիտէ ուր է հիմայ :
Երբ հին շէնք մը տեսնեմ , կ’երթամ ,ձեռքս կը դնեմ անոր պատին վրայ եւ ժամանակի մէջ դէպի ետ ճամբորդութիւն մը ընել կ’երազեմ:Այն տուները որոնք աւերակ են հիմայ ,որքան հոյակապ տուներ էին ատենօք :Կը լսեմ ուրախ զուարթ խօսակցութիւններ , կը տեսնեմ կիները որոնք իրենց ամենագեղեցիկ զգեստները հագուած կը պտըտին , իրարու կ’այցելեն :Ոմանք սուրճ եփած ,պատուհանէն քովի դրացիին կ’երկարեն բաժակը եւ կը շարունակեն իրենց խօսակցութիւնը:
Տուներուն ճակատը ներկուած ,փողոցները մասմաքուր գետնի քարերը ամուր գետնի մէջ,մարդիկ գեղեցիկ ,ուրախ, զուարթ եւ երջանիկ:Երեխաները պորչտալով կը խաղան եւ կը վազվզեն :Մայրերը իրենց զաւակները կը կանչեն .Եաննի՜ , Սիրանու՜շ :Հեռուէն դաշնակի մեղմ եղանակ մը կը լսուի:Չեմ ուզեր ձերքս տան պատէն քաշել որովհետեւ գիտեմ թէ պիտի աւրուի այն կախարդութիւնը որ զիս ժամանակի մէջ դէպի ետ ճամբորդութիւն մը ընել տուաւ եւ ես պիտի վերադառնամ ներկայ, ետին ձգելով բոլոր այն հաճելի վայրկեանները, զորս ապրած էի կարճ միջոցի մը համար:Բայց ժամանակը բաւական յառաջացած է արդէն եւ ես դեռ այցելելիք շատ թաղ ունիմ նկարչութեան իմ այսօրուան ծրագիրս աւարտելու համար:
Ակամա յ ձեռքս վար առի պատէն եւ ինքզինքս ներկայ ժամանակի մէջ գտայ դարցեալ:Տուներուն ճակատը աղտոտ,պատուհաններուն փայտերը մասամբ քանդուած,փողոցը մութ ո՜չ թէ անոր համար որ օդը ամպոտած էր ,այլ որովհետեւ չկային այլեւս այն փողոցին հին բնակիչները ,որոնք իրենց պայծառութ եամբ կը լուսաւորէին փողոցը:
Խորոված սոխի գարշելի հոտ մը կար փողոց ին մէջ ու գնչուի երեխաները կը վազվզէին աջ ու ահեակ:Գետնաքարերը, որոնք այլեւս ամուր չէին ինչպէս ատէնօք երանի’ թէ բերան ունենային եւ խօսէին ,պատմէին մեզի թէ ինչեր տեսած էին ,ինչեր ապրած էին:Տեսած էին հարկաւ շատ գեղեցիկ օրեր որոնց յաջորդած էին տխուր ու դժբախտ պատահարներ որոնք պատճառ դարձած էին որ այն անձերը որոնք իրենց պայծառութեամբ կը լուսաւորէին այն թաղերը,ձքէին իրենց տուները ,իրենց թաղերը ու երթային տարածուիլ աշխարհին չորս մէկ կողմը իրենց յետին թողլով մութն ու խաւարը:
Օշին Էլակէօզ
Մարմարա 22 Յունիս 2007
1 comment:
Գրութեան գեղեցիկ ոճ:
Յոյները ու հայերը եթէ մնային Թուրքիա, արդեօք Թուրքիոյ վիճակը ինչպէ՞ս պիտի ըլլար այսօր:
Post a Comment