Subscribe

12 Dec 2007

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԸՆԹԱՑՔԸ

2008 ի առաջին եռամսեակին Հայաստանի մէջ նախագահական ընտրութիւններ պիտի կատարուին: Այս նիւթի առընչութեամբ թրքական թերթերու մէջ Հայաստանի անցուդարձերու հետ մօտէն հետաքրքրուող քրոնիկագիրները իրենց սիւնակներուն մէջ զանազան մեկնաբանութիւններ կ'ընեն ու կը մաղթեն որ տրամաբանութիւնը տիրապետէ Հայաստանի մէջ: Այս քրոնիկագիրներու գրութիւններէն այդպէս կ'երեւի թէ անոնք կը փափաքին որ Լեւոն Տէր Պետրոսեան որ տարիներ վերջ դարձեալ նախագահութեան թեկնածու հանդիսացած է, յաղթական դուրս գայ այս ընտրութիւններէն, որովհետեւ անոնք գիտեն Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախորդ նախագահական շրջանէն թէ ան երբեք ծայրայեղ հակաթուրք քաղաքականութիւն մը չէ զարգացուցած:
Կը յիշեմ թէ, երբ Լեւոն Տէր Պետրոսեան Հայաստանի նախորդ նախագահն էր, յայտնի թուրք լրագրող Մէհմէտ Ալի Պիրանտ հարցազրոյց մը ըրած էր իրեն հետ եւ այդ հարցազրոյցի ընթացքին, Տէր Պետրոսեան հակառակ դիւանագիտական կանոններուն, Պիրանտի հետ խօսած էր շատ սահուն թրքերէնով մը:
Ասկէ զատ, Տէր Պէտրոսեան իր նախագահութեան շրջանին դաշնակցական կուսակցութիւնը փակած էր: Իր այս գործադրութիւնը մեկնաբանուած էր որպէս Թուրքիոյ ի նպաստ վարուելակերպ մը եւ պատճառ եղած էր որ սփիւռքահայութեան հակազդեցութեան ենթարկուի եւ այս հակազդեցութեան հետեւանքով սփիւռքահայութիւնը իրեն հանդէպ հակառակ դիրքաւորում որդեգրէ: Հիմա այս պատճառաւ է որ Թուրք քրոնիկագիրները կը փափաքին որ Լեւոն Տէր Պետրոսեան դարձեալ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ ընտրուի: Բայց յիշեն որ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահն էր արդէն եւ իր նախագահութեան շրջանին Հայաստան դժուար կացութեան մէջ կը գտնուէր:
Մեծամօրի աթօմակայանը դեռ չէր բացուած, երկիրը ելեկտրականութեան եւ վառելանիւթի ճգնաժամի մէջ կը գտնուէր, Հայաստանի ժողովուրդը դժնդակ կացութեան մատնուած էր: Երկրի մէջ սովն ու սառնամանիքը կը տիրէին, ժողովուրդը փողոցներուն մէջ գտնուող ծառերը կը կտրէր որպէսզի վառէ ու տաքնայ: Այդ աղիտալի տարիներուն, Լեւոն Տէր Պետրոսեան ելեկտրականութիւն ստանալու համար համաձայնութիւն կնքելու նպատակով դիմում կատարած էր Թուրքիոյ: Բայց Թուրքիա Ղարապաղի հակամարտութիւնը պատճառ ցոյց տալով, մերժած էր Հայաստանին ելեկտրականութիւն վաճառել: Թուրքիոյ այդ շրջանի կառավարութիւնը չէր ուզած Հայաստանի հետ այդպիսի համաձայնութիւն մը ստորագրել, մտածելով որ եթէ Թուրքիա Հայաստանին ելեկտրականութիւն տայ, կը վշտացնէ Ատրպէյճանը:
Թուրքիոյ այս որոշումը քաղաքական տեսակէտով ճի՞շդ որոշում մըն էր արդեօք, ասիկա վիճելի է: Որովհետեւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի շրջանին, երբ Հայաստան կը գտնուէր տնտեսապէս աղիտալի կացութեան մէջ, ներքին եւ արտաքին աշխարհի իր հակառակորդները, որոնք կը բողոքէին իր Թուրքիոյ նկատմամբ վարած ոչ ծայրայեղ քաղաքականութիւնէն, յաջորդ ընտրութիւններուն իրենց օժանդակութիւններով եւ քարոզչութիւններով, պատճառ դարձան որ ան ետ քաշէ իր թեկնածութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ ընտրուի Քոչարեանը, որ ծայրայեղ հակաթուրք քաղաքականութիւն վարելու կողմնակից էր: Այս կացութիւնը աննպաստ ազդեցութիւն գործեց թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ տարածքաշրջանի անտեսական զարգացման վրայ, որովհետեւ սահմանակից երկիրներու համար մեծ կարեւորութիւն ունի տնտեսական զարգացումը, բարի յարաբերութիւնը եւ երկկողմանի վստահութիւնը:
Հայաստանի մօտալուտ նախագահական ընտրութիւններու առընչութեամբ յուսանք թէ տրամաբանութիւնը տիրապետէ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Թուրքիոյ մէջ եւ այս երկու դրացի երկիրները այս անգամ գիտնան արժեւորել առիթները:

Օշին Էլակէօզ
10-Դեկտեմբեր-2007 Երկուշաբթի
Մարմարա

1 comment:

Anonymous said...

Oshin, shad hamazayn chem esaznerid.
L.D.bedrossiane barzabes hayasdane gorzanumi gdaner ir kaghakaganutyamb.
Lav hishir vor mer yev turkio michev havasautyun goyutyun chuni. Havasarutyan debin turkya mezi hangsdoren gul guda...
Hishir turkya mez yev hzor yergir e, gbave jguydnis dank vor mer polor marmine gglle...
ciao
Vahan