Subscribe

13 Oct 2008

Ապակեայ Անօթը Եւ Երկու Բաժակ Գինին


Երբ պատահի որ բողոքենք թէ շատ զբաղած ենք եւ օրուան քսանչորս ժամերը այլեւս բաւարար չեն որպէսզի մեր գործերը լրացնենք,յիշենք այս "ապակեայ անօթը եւ երկու բաժակ գինի"ի պատմութիոնը:


* * *


Դպրոցի մը մէջ փիլիսոփայութեան դասի ուսուցիչը աշակերտներուն զարմացած ակնարկներուն տակ իր հետ բերած զանազան առարկաներով դասարան կը մտնէ:Առարկաները կը տեղաւորէ իր սեղանին տակի մասը գտնուող պահարանին մէջ ու պահ մը կը սպասէ ,որպէսզի աշակերտները հանդարտին ու լռեն եւ իսկույն կը սկսի իր դասին: Ձեռքը ապակեայ անօթ մը կ 'առնէ եւ զայն կոլֆի գնդակներով կը լեցնէ ու բարձրացնեկով աշակերտներուն կը հարցնէ թէ արդէօք անօթը լեցա՞ծ էր թէ ոչ:Աշակերտները բոլորն ալ միաբերան կը պատասխանեն թէ անօթը բոլորովին լեցած է:Ուսուցիչը սեղանին տակէն մէջը փոքր քարեր պարունակող պարկ մը կը հանէ եւ զայն կը պարպէ կոլֆի գնդակներուն վրայ:Երբեմն անօթը կը շարժէ որպէսզի փոքր քարերը լաւ մը տեղաւորուին կոլֆի գնդակներուն միջեւ գտնուող պարապութիւններուն մէջ:Ուստի դարձեալ կը բարձրացնէ ապակեայ անօթը եւ կը հարցնէ աշակերտներուն թէ արդէօք անօթը լեցա՞ծ է թէ ոչ:Աշակերտները դարձեալ կը պատասխանեն ըսելով թէ անօթը լեցած է: Ուսուցիչը այս անգամ սեղանին տակէն կը հանէ մէջը բարակ աւազ պարունակող փոքր տոպրակ մը ու զայն կը պաարպէ ապակեայ անօթին մէջ:Աւազին հատիկները սողոսկելով կոլֆի գնդակներուն եւ փոքր քարերուն մէջ բոլոր պարապութիւնները կը լեցնեն :Ուսուցիչը դարձեալ կը բարձրացնէ ապակեայ անօթը ու կը հարցնէ իր աշակերտներուն թէ արդէօք անիկա լեցա՞ծ էր թէ ոչ:Աշակերտները այս անգամ աւելի համոզուած կերպով կը պանասխանեն ըսելով թէ ապակեայ անօթը այլեւս բոլորովին լեցած էր:Ուսուցիչը սեղանին տակէն երկու բաժակ գինի կը հանէ եւ զանոնք կը լեցնէ ապակեայ անօթին մէջ գտնուող կոլֆի գնդակներուն ,փոքր քարերուն եւ աւազի հատիկներուն վրայ ու անօթին կափարիչը կը գոցէ:Պահ մը կը սպասէ ,որպէսզի աշակերտները հանդարտին ու յետոյ կը շարունակէ իր դասը :

-Հիմա ենթադրեցէք որ այս ապակեայ անօթը ձեր կեանքն է,իսկ մէջը դրուած կոլֆի գնդակները ձեր կեանքին ամենակարեւոր տարրերը կը ներկայացնեն.ձեր ընտանիքը ,ձեր զաւակները ,ձեր գործը,ձեր ընկերները:Այսինքն այդպիսի բաներ,որոնցմով դուք առանց ուրիշ բանի մը կարիքը զգալու կրնաք ձեր կեանքը շարունակել:Փոքր քարերը երկրորդական կարեւորութիւն ունեցող տարրերն են,ձեր տունը,ձեր ինքնաշարժը եւլն:Իսկ ի վերջոյ աւազն ալ բոլոր միւս սնացածները կը ներկայացնէ:Եթէ ապակեայ անօթը նախ աւազի հատիկներով լեցնենք,կոլֆի գնդակներուն տեղ չի մնար:Նոյն բանը ձեր կեանքին համար ալ կարելի է ըսել,եթէ դուք ձեր ամբողջ ոյժը սպառէք ձեզի համար երկրորդական կարեւորութիւն ներկայացնող բաներուն,անհրաժեշտ եղողներուն համար սպառելիք ոյժը եւ ժամանակը երբեք պիտի չունենաք:Երջանիկ կեանք մը ապրելու համար նախ եւ առաջ ձեզի համար առաջնահերթ կարեւորութիւն ունեցող նախասիրութիւնները կարգի դրէք: Աւելի ժամանակ տրամադրեցէք ձեր ընտանիքին,զբաղեցէք ձեր զաւակներուն հետ:Ընտանիքի մը տէր ըլլալէ հաճոյք զգացէք,ձեր երջանիկ պահերը ապրեցէք ձեր ընտանիքի անդամներուն հետ:Ձեր առողջութեան արժէքը գիտցէք,օր մը պիտի գայ որ զայն պիտի կորսնցնէք:Ձեր ծնողներուն յարգը գիտցէք օր մը պիտի գայ որ անոնք այլեւս պիտի չկարենան ձեր քովը ըլլալ: Ձեր կեանքին ամենակարեւոր տարրերը ապակեայ անօթին մեջ գտնուող կոլֆի գնդակներն են,բոլոր միւս մնացածները միայն աւազի հատիկներ են:Աշակերտներէն մէկը խօսք առնելով ուսուցիչին կը հարցնէ թէ բոլորովին լեցած ապակեայ անօթին մէջ,կափարիչը գոցելէ առաջ լեցուցած երկու բաժակ գինին ինչ կը նշանակէր:Ուսուցիչը գլուխը շարժելով կը պատասխանէ:

-Ձեր կեանքին մէջ որչափ ալ զբաղած ըլլաք,հարազատ ընկերոջ մը հետ երկու բաժակ գինի խմելու համար միշտ ժամանակ տրամադրեցէք:Այդ երկու բաժակ գինին ալ այդ կը նշանակէ:





Օշին Էլակէօզ
4 Յուլիս 2008 Ուրբաթ
Մարմարա Օրաթերթ

No comments: