Subscribe

11 Jan 2015




                                                            Շարլի Հէպտօ, արտայայտուելու ազատութիւն

                                                                               եւ սրաբան Տիէօտօնէ:


 
        7 Յունուար թուականին ահաբեկչական վայրագ յարձակում մը գործադրուեցաւ <<Շարլի Հէպտօ>> երգիծաթերթի վրայ:Ըստ ահաբեկիչներուն յայտարարութեան, յարձակումը իրականացուցած էին իսլամ մարգարէ Մուհամմէտի հասցէին թերթին մէջ հրատարակուած երգիծանկարներու պատճառաւ: Այս յարձակումը անմիջապէս նկատուեցաւ յարձակում մը արտայայտուելու ազատութեան դէմ:

       Բայց իսկապէս արտայայտուելու ազատութիւ ՞ն էին այդ երգիծանկարները թէ վիրաւորանք մը մարդոց սրբութիւններու դէմ: Ամերիկայի հռչակաւոր թերթերէն <<Նիւեօրք Թայմզ>> ի գրող Տէյվիդ Պրուքս, իր  <<Ես Շարլի չեմ>> խորագիր յօդուածին մէջ կը նշէ թէ այդ ծաղրանկարները երբեք կարելի չէ հրատարակել ԱՄՆ ի մէջ, որովհետեւ այդ երկրին մէջ նման երգիծանկարներ հրատարակել կը նկատուի ատելութեան ոճիր:

       Կարել ի է ըսել որ օրէնքները երկիրէ երկիր փոփոխութեան կրնան ենթարկուիլ եւ Ֆրանսիոյ մէջ այդ երգիծանկարները կը գնահատուին արտայայտուելու ազատութեան շրջանակի մէջ, բայց այդպէս չէ իրականութեան մէջ: Լսա ՞ծ էք արդեօք <<Տիէօտոնէ>> անունը: Տիէօտոնէ մեր <<Ճեմ Եըլմազ>> ի նման  թատրոնի դերասան մըն է: Արաբական ծագում ունի եւ իսլամ կրօնքին կը պատկանի, իր բեմադրութիւններու մէջ կը ծաղրէ եւ կը քննադատէ երկրին դիւանագէտները եւ կրօնքը բայց ան մասնաւորապէս հակառակ կը խօսի Իսրայէլի դէմ Պաղեստինի մէջ իր գործած ոճիրներու պատճառով: Տիէօտօնէի թատրոնը քանիցս փակուեցաւ եւ ինքն ալ դատապարտուեցաւ հրէատեաց ճառախօսութիւն ըրած ըլլալու պատրուակով: Կարելի ՞ է որ երկրի մը մէջ որուն սահմանադրութեան ամէնակարեւոր ազդակներն եւ ազատութիւն, հաւասարութիւն, եղբայրութիւն որ նոյնպէս ընդունուած է ժողովրդավարական վարչութեան կեդրոն, Քրիստոնէութեան եւ Իսլամի ամենասուրբ արժէքները հայհոյանք նկատուելու աստիճան  ստորնաբար ծաղրող երգիծանկարները ընդունուին արտայայտուելու ազատութիւն, իսկ հրէաներու դէմ եղած կատակերգութիւնները իբր հրէատեաց քարոզչութիւն եւ անոր դերասանը դատապարտել ու թատրոնը փակել:  Կարելի ՞ է ասիկա ընդունիլ  իբր արդար, հաւասարակշիռ եւ եղբայրական վարուելակերպ մը իր հայրենակիցներու հետ, մանաւանդ որ Ֆրանսացի Իսլամականները  փոքրամասնութիւն են եւ կը գանգատին որ պետութիւնը իրենց դէմ արդար չի վարուիր:

         Եթէ քննարկենք Միացեալ Ազգերու խօսքի ազատութեան պայմանագիրը, հոն կը տեսնենք թէ այդ ազատութիւնը որոշ սահման մը ունի:Պայմանագրութիւնը խստորէն կ'արգիլէ անցերու համբաւը եւ պատիւը ոտնակոխել:Խօսքի ազատութեան պայմանագիրը խիստ արժէքաւոր եւ նուրբ պայմանագիր մըն է որ պէտք չէ այլասերի որոշ անցերուն անոր միջոցաւ ուրիշները վիրաւորելու միջոցի մը վերածուելով:


         Գալով երգիծաթերթին խմբագրական կազմին վրայ կատարուած յարձակումին: Դէպքին առաջի օրէն մինչեւ վերջի օրը, առաւօտէն մինչեւ գիշէր Ֆրանսական հեռատեսիլի կայաններու միջոցաւ հետեւեցայ պատահարին եւ պէտք է ըսեմ որ կան մեծ հարցման նշաններ որոնք երբեք կարելի պիտի չըլլայ ստուգել, որովհետեւ ահաբեկիչները սպաննուած եւ նիւթը փակուած է:

 
Երբեք կարելի պիտի չըլլայ պատասխանել այն հարցումներուն թէ.

-Ֆրանսական ոստիկանութեան կողմէ հետապնդուած եւ ամիս մը առաջ բանտէն արձակուած այս ահաբեկիչները ի ՞նչպէս կրցան այսքան ազատ շարժիլ:

-Ինչպէ ՞ս լուր ունեցան թէ այդ օր ընդհանուր ժողով մը կար խմբագրատան մէջ:

-Ինչպէ ՞ս յաջողեցան խմբագրատան դրան գաղտնաբարի միջոցաւ կղպուած պողպատէ    դռնէն ներս մտնել:

-Կարելի ՞ է հաւատալ որ այսքան լաւ մարզուած արուեստաւոր ահաբեկիչներէն մէկը իր ինքնութեան թուղթն ալ իր հետը առնէ եւ ինքնաշարժին մէջ մոռնայ: Իսկ եթէ այս ձեւով կ'ուզէին իրենց ինքնութիւնը յայտարարել  այն ժամանակ ինչու ՞ համար իրենց երեսը ծածկած էին յատուկ դիմակով:

-Երկու եղբայր ահաբեկիչները որոնք ապաստանած էին շէնքի մը մէջ եւ որ շրջապատուած էին հարիւրներով նշանառու ոստիկաններով, ի վերջոյ նահատակ ըլլալու նպատակով կրակելով դուրս ելան եւ յարձակեցան ոստիկաններուն: Այդ պահուն փոխանակ զիրենք սպաննելու ինչու ՞ համար իրենց ոտքերէն վիրաւորելով չի ձերբակալեցին, որպէսզի պարզուի թէ ովքե ՞ր կան այս կազմակերպութեան ետին, ո ՞վ է գլուխը Ֆրանսիոյ մէջ : Ո ՞վ հայթայթեց   իրենց այսքան մեծ քանակութեամբ զինուորական հրազէնները եւ ռազմամթերքը որպէսզի կանխեն եթէ ասկէ վերջ կատարուելիք այլ ահաբեկչութիւններ կան:

  -Վերջին ըլլալով ի՞նչ մեծ զուգադիպութիւն մըն է որ  այս ահաբեկչութիւնը հետազօտող ոստիկանապետ  Հէլրիք Ֆրետու, 7 Յունուարի գիշերը այսինքն իր հետազօտութեան սկսելէն օր մը վերջ իր գլխէն զարնուելու հետեւանքով մերած գտնուեցաւ իր գրասենեակին մէջ: Ոստիկանութիւնը յայտարարեց թէ Ֆրետու անձնասպան եղած է իր ատրճանակով եւ երկար ժամանակէ ի վեր հոգեկան անհանգստութիւն  ունէր, բայց իր գործընկերները այդպէս չեն մտածէր: Արդէն հաւատալի չէ որ այսպէս կարեւոր ահաբեկչութեան խուզարկում մը յանձնուի անձնասպան ըլլալու աստիճան ծանր հոգեկան անհանգստութիւն ունեցող մէկու մը:

 

Այս հարցումներուն պատասխանը երբեք պիտի չկարենանք առնել այդպէս ինչպէս չկրցանք առնել 11 Սեպտեմբերի ահաբեկչութեան դէպքէն վերջ մարդոց գլխուն մէջ յղացած հարցումներուն  պատասխանները: 

 

             

 

 
 

No comments: