Subscribe

28 Apr 2014

Ի՞նչ կը նշանակէ Վարչապետ Էրտողանի 24 Ապրիլի ուղերձը :


       
       23 Ապրիլ թուականին երբ Թուրքիոյ մէջ կը տօնուէր Ազգային Գերիշխանութեան տօնը եւ հետաքրքրութեամբ կը սպասուէր 24 Ապրիլին ԱՄՆ ի նախագահ Օպամայի 1915 ի  դէպքերու մասին ընելիք յայտարարութեան, Վարչապետարանի պաշտօնական կայքէջէն հրապարակուեցաւ Վարչապետ Էրտողանի  ուղերձը, որուն մէջ Վարչապետը ցաւակցութիւն կը յայտներ Հայերուն 1915 ի դէպքերու ընթացքին զոհուած Հայերուն համար:

       Այս ուղերձը ռումբի ազդեցութիւն գործեց  ոչ միայն Թուրքիոյ մէջ, այլ համայն աշխարհի  վրայ, որովհետեւ Թուրքիոյ Վարչապետի մը կողմէ 1915 դէպքերու մասին եղած  այս յայտարարութիւնը շատ աւելի կարեւոր էր քան թէ ԱՄՆ ի Նախագահինը:

       Այս ուղերձէն վերջ ծանր քննադատութիւններ կատարուեցան   որոշ Հայկական կազմակերպութիւններու եւ մտաւորականներու կողմէ: Անոնք կը քննադատէին Էրտողանը ըսելով թէ ան նոր բան մը չէր ըսած, ընդհակառակը իր ըսածները Թուրքիոյ կողմէ 1915 ի դէպքերու մասին մինչեւ այսօր եղած պետական յայտարարութիւններու վրայ նոր բան մը չէին  աւելցներ:

       Ճիշտ էր որ Վարչապետին ուղերձին մէջ կային  մասամբ մինչեւ այսօր կրկնուած յայտարարութիւններ ալ, բայց կային նաեւ մինչեւ հիմա ոչ մէկ Թուրք քաղաքագէտի կողմէ եղած յայտարարութիւններ եւս:

        Ինչու՞   կառչած  մնանք  տարիներէ ի վեր կրկնուած յայտարարութիւններուն  եւ չկեդրոնանաք նորերու շուրջ:

         Քանի մը քայլ ետ երթանք որպէսզի  աւելի լայն անկիւնէ մը  դիտենք ընդհանուր պատկերը եւ տեսնենք թէ ինչ նոր նշանակութիւններ կային իր ուղերձին մէջ:

 
- 91 տարուայ Թուրքիոյ հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամն էր որ Վարչապետ մը ցաւակցութիւն կը յայտնէր <<ուղղակիօրէն>> Հայերուն, 1915 ի դէպքերու ժամանակ զոհուածներու   համար:

 - Առաջին անգամն էր որ Թուրք Վարչապետ մը կը յայտարարէր  թէ <<Հայեր իրաւունք ունին իրենց վիշտը ազատօրէն ոգեկոչելու, իսկ անոնց մասնակցիլը    մարդկային պարտականութիւն մըն է>>:

 
- Առաջին անգամ ըլլալով Վարչապետի մը կողմէ ընդունուած եղաւ   որ, 1915 ին աքսորի ենթարկուած Հայերուն մէջը գտնուած պայմանները <<անմարդկային էին, եւ անոնք այս պատճառաւ է որ մեռան>>: Մինչդեռ մինչեւ այսօր պետական թէզերը պաշտպանողները կըսէին թէ, աքսորեալներու համար ամեն թիւրութիւն մտածուած էր, իրենց ճամբու ծախսն  անգամ պետութեան կողմէ ապահովուած էր: իսկ մեռնողները հիւանդութեան պատճառով  է որ մեռած էին:

 - Յայտարարութեան մէջ Վարչապետի մը կողմէ կը նշուէր թէ 24 Ապրիլը բոլոր Հայերու համար <<յատուկ նշանակութիւն>> մը ունի:

 - Առաջին անգամ ըլլալով կը նշուէր  թէ, այս հողերու վրայ ապրող ժողովուրդներուն պատմութեան մէջ կրած տառապանքները իրարու հետ բաղդատել կամ զանոնք իրարու հետ մրցակցեցնել սխալ վարուելակերպ մըն էր: Մինչդեռ մինչեւ այսօր 1915 ի դէպքերը կընդունուէին իբրեւ պատերազմի ժամանակ եղած փոխադարձ սպանութիւններ:    

 - Առաջին անգամ ըլլալով Թուրք Վարչապետ մը յայտարարեց թէ, 1915 ի դէպքերու մասին յայտարարուելիք բոլոր քաղափարները .  <<նոյնիսկ հակառակ քաղափարները>> ընդունելի  ու գնահատելի են եւ անոնք երկրին ժողովրդավարութեան զարգացման համար մեծ կարեւորութիւն ունին :

      Կարենալ հասկնալու  համար թէ ինչու համար  Վարչապետ Էրտողանին այս ուղերձը կարեւոր է, պէտք է ծանօթ ըլլալ Թուրքիոյ քաղաքական իրավիճակին: Նախ  յիշեցնենք որ Օգոստոսին,  Թուրքիոյ մէջ պիտի կատարուի Հանրապետութեան Նախագահի ընտրութիւնը որ Վարչապետ Էրտողանի համար մեծ կարեւորութիւն ունի: Մեծ հաւանականութեամբ  Էրտողան ալ թեկնածու պիտի ըլլայ նախագահութեան աթոռին:Պարզ է որ ժողովուրդին հակազդեցութեան պատճառ ըլլալիք սխալ մէկ յայտարարութիւն  իրէն քուէ պիտի կորսնցնէ եւ մենք գիտենք որ Էրտողան, իր առնելիք ամէն մեծ որոշումէն առաջ  իր մասնաճիւղին մէջ հմուտ կազմակերպութիւններուն հարցախոյզ ընել կուտայ, շօշափելու համար հանրային կարծիքը որպէսզի սխալ քայլ մը չնետէ: Այս ալ կը նշանակէ որ Թուրք  համայնքը այլեւս մեծամասնութեամբ համաձայն է կամ ծանօթ է թէ 1915 տարիներուն Թուրքիոյ մէջ Հայերու դէմ ոճիր մը գործադրուած է:   Զարգացում մը որ ապագային այս նիւթի շուրջ իրականանալիք Հայ-Թրքական բանակցութիւններու համար խիստ կարեւորութիւն ունի: Բան մը որ տասը տարիներ առաջ երազելն իսկ կարելի չէր Թուրքիոյ մէջ:

                                  Ի ՞նչ նորութիւններ կրնայ բերել Էրտողանի ուղերձը:

     Այս ուղերձէն վերջ աւելի մեծ թիւով Թուրք պատմաբաններ եւ մտաւորականներ կրնան նոր փաստեր մէջտեղ հանելով իրենց կարծիքը յայտնել 1915 ի դէպքերու մասին:Նոյն նիւթի շուրջ բանախօսութիւնները կը շատնան:

     24 Ապրիլին Թուրքիոյ մէջ եղած ոգեկոչումներուն մասնակցողներու թիւը օր է օր  կը շատնայ: Թորք հայրենակիցներն իսկ աւելի մեծ թիւով կրնան մասնակցութիւն բերել ոգեկոչումներուն:Թուրք կամ օտար պատմաբաններ աւելի ազատ կերպով կրնան իրենց պրպտումները շարունակել Թրքական արխիւներուն մէջ: Ասոնց բոլորն ալ մեծ կարեւորութիւն ունին  հանրային կարծիքը այս նիւթի շուրջ կեդրոնացնելու համար:

      Քանի որ ըսուած է թէ Հայեր իրաւունք ունին ազատօրէն ապրիլ իրենց ցաւը եւ ոգեկոչել  իրենց զոհերը, 24 Ապրիլին մեր եկեղեցիներուն մէջ Ապրիլեան զոհերու համար հոգեհանգիստի արարողութիւններ կրնան կատարուիլ:Մեր ազգային վարժարանները այդ օր կրնան սուգի պատճառով փակ մնալու արտօնութիւնը ստանալ, այդպէս ինչպէս կընեն Ծնունդի, Զատիկի եւ Վարդանանցի տօնի օրերուն:24 Ապրիլի զոհերուն  համար յուշարձան մը կարելի կըլլայ կարուացնել:

      Այժմ Թրքական թերթերուն մէջ կը կարդանք թէ կառավարութիւնը  աշխատիլ սկսած է պատրաստելու  համար նոր օրէնք մը, որպէսզի  1915 ի դէպքերու ժամանակ Թուրքիայէն այլ երկիրներ գաղթողներուն թոռներէն փափաքողներուն Թրքական հպատակութիւն տրուի:Օրէնք մը որ թիւրութիւններ կրնայ բերել  <<էնվալ ը մէթրուքէ >> ի բանակցութիւններու ժամանակ:

      Այս ուղղութեամբ Վարչապետ Երտողանի 24 Ապրիլի առթիւ ըրած ուղերձը, նկատի առնելով վերջին տասը տարիներու ընթացքին  1915 դէպքերու մասին խօսելու, այդ դէպքերը յիշատակելու  ազատութեան մէջ կատարուած բարեփոխումներուն եւ փոքրամասնութիւններուն վերադարձուած իրաւունքներուն  շատ կարեւոր ուղերձ մըն է:    

      Առաջին անգամ Հրանդ Տինքն էր, որ իր կեանքի գինով լուծուեցաւ Հայ - Թրքագան մերձեցման հարցին:Վստահ եմ որ եթէ հիմա ինք ողջ ըլլար, ուրախ պիտի ըլլալ լսելէ որ Թուրքիոյ  մէջ վարչապետ մը ցաւակցութիւն կը յայտնէ Հայերուն 1915 ի դէպքերու համար:

      Հարկաւ թէ այս ուղերձը իր կարեւորութիւնը  կը կորսնցնէ եթէ միայն ուղերձ ըլլալով մնայ, այլ պէտք է զայն արժէքաւորել այս  ուղղութեամբ  նետուելիք դրական քայլերով ու առնուելիք նոր որոշումներով: Կողմերը պէտք է հեռանան թշնամական զգացումներէ եւ մօտենան իրարու համակրական հասկացողութեամբ:Պէտք է գիտնալ նաեւ որ այս խնդիրը յաղթական ելլելու  կամ պարտուած մնալու հարց մը չէ: Ողբերգութեան մը յաղթականը չըլլար:

 
Օշին Էլակէօզ

Մարմարա Օրաթերթ
28 Ապրիլ 2014-Պոլիս

 

 

 

 


 

No comments: