Հաւկիթը ունի շատ հին աւանդութիւն մը, որ կ'երկարի Քրիստոնէութենէ աւելի հին դարերու: Կարմիր հաւկիթը այլեւս բոլոր աշխարհիս մէջ ընդունուած է իբրեւ Զատիկի տօնի խորհրդանիշը:Պատմութեան մէջ հաւկիթը, միշտ եղած է նոր կեանքի մը խորհրդանիշը: Հեթանոսութեան ժամանակ, մարդիկ կը հաւատային որ երկինք եւ երկիր բաղկացած են մէկ հաւկիթի երկու կէսերէ:Յոյները, Չինացիները, Պարսիկները եւ Եգիպտացիները, Գարնան տօնի օրերուն իրարու հաւկիթ կը նուիրէին:
Քրիստոնէութեան հետ միասին, հաւկիթը խորհրդանիշը եղաւ նաեւ Յիսուս Քրիստոսի վերածնունդման պատկերին:Միջնադարի մէջ վերածնունդի տօնակատարութեան տեւողութեան, երեխաներուն հաւկիթ կը նուիրէին:Այսօր ալ Գերմանիոյ եւ Ֆրանսիոյ որոշ շրջաններուն մէջ, կը տիրէ աւանդութիւն մը ըստ որուն պարտէզին մէջ հողին տակը հաւկիթ մը կը պահուի ու յետոյ երեխաները կը հրաւիրուին զայն գտնելու:Հաւկիթը գտնող երեխան կը նկատուի ճարպիկ, աշխուժ եւ ուշիմ:
Ըստ Հիւսիսային Եւրոպական երկիրներուն մէջ գտնուող մէկ հաւատքի, աւագ Հինգշաբթի օրը ածուած հաւկիթով մը եկեղեցի երթալը անձը կը փրկէ չար հոգիներու փորձառութենէ:
Ուղղաբար եկեղեցիի հաւատացեալները, մեռելոցի օրը իրենց հանգուցեալներու գերեզմաններուն վրայ կարմիր ներկուած հաւկիթներ դնելու աւանդութիւնը ունին: Ասիկա կը նկատեն անդենական կեանքի համար բարեմաղթութիւն մը, որովհետեւ ըստ աւանդութեան երբ Յիսուս փոքրիկ էր իր մայրը Մարիամ գոյնզգոյն ներկուած հաւկիթներ տուած էր իրէն որպէսզի խաղայ:Տարիներ վերջ, Յիսուսի խաչելութենէ երեկ օր վերջ երբ գացած էր իր գերեզմանը այցելելու անոր պարապ տապանաքարին վրայ գտած էր գունաւոր հաւկիթներ:
Ըստ պատմութեան Մարիամ Մագդաղենացին կը ներկայանայ կայսր Տիբերիոսին եւ իրեն կը նուիրէ կարմիրի ներկուած հաւկիթ մը, իբրեւ փաստ Յիսուս Քրիստոսի յարութեան:
Անգլիոյ թագաւոր Էդուարդ առաջինի հաշուապահական գրառումներու մէջ գտնուած են տասնըութ էջեր, որոնց մէջ արձանագրուած են չորս հարիւր յիսուն ոսկեզօծ հաւկիթներ որոնք պատրաստուած են որպէսզի Զատիկի տօնի առթիւ նուիրուին քաղաքին պատուելի անձնաւորութիւններուն:
Ամենէն անուանի հաւկիթներու շարքին կը գտնուի Փէթէր Քարլ Ֆապերժէի կողմէ ստեղծագործուած հաւկիթը, որ իրէն ապսպրուած էր Ռուսիոյ Ցար Ալեքսանդր երրորդի կողմէ իբրեւ Զատիկի անակնկալ մը իր սիրեցեալ տիկին Մարիա Ֆիոտորովնիայի: Հաւկիթի դուրսի մասը ճարմակ իսկ ներսը ոսկեզօծ, ռուսական մաթրուշկաներու նման իրարու մէջ բացուող տուփերէ բաղկացած արժէքաւոր գոհարեղէն մըն էր: Որուն մէջ կը գտնուէր զուտ ոսկիէ բաղկացած, սուտակէ աչքեր ունեցող հաւ մը, որուն վրայ ի վերջոյ կը գտնուէր կայսերական ոսկի թագը որուն մէջտեղը տեղաւորուած էր դարձեալ սուտակէ փոքրիկ հաւկիթ մը:Զարուհին այնքան հաւնած է այս հաւկիթը որ Ֆապերժէ իր այս յաջողութենէ վերջ նշանակուած է կայսերական ոսկերիչ:
Ահաւասիկ այս տարի ալ արժանի եղանք Զատիկը տօնելու: Վաղը բոլորս ընտանեօք պիտի տօնենք Զատիկը:Այս տօնական օրերուն մեր տուներուն մէջ անպակաս կ'ըլլան գոյնզգոյն ներկուած հաւկիթները:Որոնք սեղաններու շուրջ զիրար զարնշտկելով շատ հաճելի խաղ մը կը խաղանք եւ յետոյ զայն կը մաքրենք եւ կուտենք:Գոյնզգոյն կեղեւները աղբաման կը նետենք եւ կը վերջանայ:Առանց մտածելու թէ մեր այդ պահուն խաղացած այդ խաղին ենթական եղող հաւկիթը ունի հազար տարիներու պատկանող աւանդութիւն մը:
Թող այս աւանդութիւնը գոյատեւէ յաւիտեանս, թող մեր սեղանները միշտ շեն ու պայծառ մնան, թող Աստուած պահպանէ ու պաշտպանէ Հայութիւնը ուր որ պաշտպանութեան կը կարօտի , թող Աստուած խաղաղութիւն տայ համայն Հայ աշխարհին:
Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց,
Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի:
Օշին Էլակէօզ
18 Ապրիլ 2014
Մարմարա Օրաթերթ - Պոլիս
21 Apr 2014
Subscribe to:
Post Comments (Atom)
No comments:
Post a Comment