Subscribe

22 Nov 2013

Վարչապետ Էրտողանի վերաբերմունքը 1915 ի նկատմամբ


           Թուրքիոյ Հանրապետութեան Վարչապետ Էրտողան, կը գիտցուի իր  հակա իթթիհատական եւ հակա Քեմալական մտայնութեամբ:Ամեն առիթով կը քննադատէ եւ կը  դատապարտէ իթթիհատական մտայնութիւնը, պատմութեան մէջ իրենց այս հողերու վրայ ապրող ժողովուրդին դէմ գործած յանցագործութիւններու եւ  դաժանութիւններու պատճառաւ:

        

         Ամեն անգամ որ առիթը  ներկայանայ Վարչապետ Էրտողան կը յիշէ այս հողերուն վրայ,  Ալեւիներու  եւ Քիւրթերու դէմ  գործադրուած  կոտորածները  Իթթիհատականներու եւ նոյն  մտայնութիւնը որդեգրողներու կողմէ իրագործուած բոլոր դաժանութիւններու մասին ան շատ խիստ խօսքերով կ'արտայայտուի  եւ կը  դատապարտէ անոնց կողմէ գործադրուած բոլոր ոճիրները:

               Էրտողան իր վերչի մէկ հայտարարութեան ընթացքին երբ կ'անդրադարնար Տէրսիմի կոտորածներու մասին ըրաւ յետեւեալ հայտարարութիւնը .<< եթէ  հարկ է, ես իբր Թորքիոյ Հանրապետութեան Վարչապետ պատրաստ եմ նոյնիսկ ներողութիւն խնդրել այդ կոտորածներու համար>>: Ասիկա արաչին  անգամն էր որ Թուրքիոյ մէջ  վարչապետի  մը բեռնէն պատմութեան մէջ պատահած անարդարութեան մը համար ներողութիւն խնդրելու արտայայտութիւն մը կ'ելլէր: Այսպէսով Թուրքիոյ մէջ <<Թապու>> մը եւս տապալած կ'ըլլար: Ինչպէս ըսինք Էրտողան կը դատապարտէ Իթթիհատականներու կողմէ  գործադրուած բոլոր ոճիրները, ի բացառեալ 1915 ին Հայերու դէմ գործադրուած  մեծ ոճիրէն:

           Յուզիչ է տեսնել որ երբ խօսուի  1915 ի դէպքերուն վրայ, վարչապետ Էրտողան  կարծէք պաշտպան կը հանդիսանայ Իթթիհատականներուն եւ չընդունիր որ այն նոյն Իթթիհատականները որոնք ինք միշտ կը քննադատէ,  Քիւրտերու եւ Ալեւիներու դէմ իրենց կատարած  ոճիրներու պատճառաւ, շատ աւելի մեծը եւ աւելի վայրագը գործած  են Հայերու դէմ:

          Կարելի չէ հասկնալ  վարչապետ Էրտողանի այս վերաբերմունքը մասնաւորապէս երկու պատճառաւ .   Առաջինը այն է որ նոյն Իթթիհատականները 1919-1921 թուականներուն, Օսմանեան դատարանի կողմէ  առաջին աշխարհամարտին Հայերու դէմ իրենց  գործած ոճիրներու պատճառաւ դատուած եւ հեռակայ կարգով մահուան դատապարտուած էին արդէն: Հեռակայ կարգով կ'ըսեմ որովհետեւ իրենք առաջուընէ տեղեակ պահուելով որ պիտի դատապարտուէին երկրէն հեռացած եւ Գերմանիա ու  այլ երկիրներ ապաստանած էին:

        Ուրեմն ամենապարզ մէկ պատճառաբանութեամբ եթէ մտածելու  ըլլանք, ինչու ՞ համար ժամանակուայ Օսմանական  դատարանի կողմէ դատուած եւ մահուան դատապարտուած անցերուն գործած ոճիրը, ինիսուն երկու տարի վերջ հերքելով  նեղ կացութեան մէջ իյնալ: Այդ նոյն անցերը եւ նոյն մտայնութիւնը չէի ՞ն որ այս հողերուն վրայ ապրող բոլոր ժողովուրդներուն, նոյնիսկ Մահմետական Սիւննի Թուրք ժողովուրդին անգամ զուլում ըրին պատմութեան մէջ: Ինչու ՞ համար ինիսուն երկու տարիներ առաջ Օսմանական ատեանի կողմէ մեղաւոր նկատուած անցերը հիմա պաշտպանել եւ իրենց գործած ոճիրը անտեսել:

              Երկրորդ զարմանալի  կէտն ալ այն է որ վարչապետ Էրտողան իր գործի գլուխ եկած 2002 թուականէն սկսեալ, միշտ պայքարած է երկրին քաղաքականութեան մէջ տիրող զօրապաշտական խնամակալութեան  դէմ: Իր իշխանութեան  շրջանին դատավարութեան ենթարկուեցան եւ դատապարտուեցան  հանրապետութեան շրջանին Թուրքիոյ մէջ իրականացած զինուորական հարուածները եւ հարուածի փորձ ընողները: Առայժմ քանի մը տասնեակ  նախկին զօրավար եւ հարիւրէ աւելի բարձրաստիճան սպայ  բանտարկուած են զինուորական հարուած ծրագրած ըլլալու մեղադրանքով եւ դատավարութիւնները դեռ կը շարունակուին : Այդ հարուածներու ժամանակ դատապարտուող անցերուն եւ քաղաքագէտներուն պատիւը իրենց ետ վերադարձուած է  պետութեան կողմէ:

           Այս բոլորը լաւ բայց   հապա Իթթիհատականները: Անոնք ի՞նչպէս գործի գլուխ եկան Օսմանական Կայսրութեան ժամանակ արդեօք:Իթթիհատականներն ալ ի վերջոյ 13 Ապրիլ 1909 (31 Մարտ 1325) թուականին տեսակ մը զինուորական հարուածով է որ սուլթան Համիտը տապալելով իշխանութիւնը ձեռք անցուցին:Ուրեմն քանի որ վարչապետ Էրտողան դէմ է զօրապաշտական խնամակալութեան եւ քանի որ իր իշխանութեան շրջանին կը դատուին զինուորական յեղաշրջումները, ինչու ՞ համար չի դատել նաեւ  Իթթիհատականներու կողմէ կազմակերպուած զինուորական հարուածը: Կամ ալ ժամանակը պիտի գա ՞ յ եւ Իթթիհատականներու հարուածն ալ պիտի դատուի ՞ եւ դատապարտուի ՞ արդեօք: Եթէ այսպէս դատավարութիւն մը կատարուի եւ անոնք դատապարտուին զինուորական հարուած կատարելով ոճիր գործած ըլլալու մեղադրանքով այդ պարագային ցեղասպանութեան հարցն ալ կարելի կրնայ ըլլալ  լուծել որովհետեւ այդ դէպքն ալ Իթթիհատականներու գործած մէկ ոճիրն էր:      

         Սա, արդարեւ, իրականութիւն մըն է որ վարչապետ Էրտողան իր գործի գլուխ եկած 2002 թուականէն մինչեւ այսօրուայ տասնըմէկ տարիներու տեւողութեան, Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան որակը բարձրացնելու համար  շատ կարեւոր եւ նոյնչափ ալ վտանգաւոր քայլեր նետեց, որոնք տասնըմէկ տարիներ առաջ երազել անգամ կարելի չէր:Այս քայլերուն  ամէն  մէկը ժողովուրդին համար մէյմէկ Պերլինեան պատի փլուզում էր կատարեալ: Ահաւասիկ այժմ Քրտական հարցն  ալ կը հարթուի եւ կը հաւատամ որ եթէ այսպէս շարունակուի կառքը ի վերջոյ պիտի հասնի նաեւ հայկական հարցի լուծման :Վերջին տարիներուն Թուրքիա  հայկական հարցի մէջ ալ ըստ իս  շատ կարեւոր քայլեր նետեց: Հրատարակուած գիրքերը եւ կազմակերպուած դասախօսութիւնները  ասոր   ամենալաւ ապացոյցներն են: Իսկ վերջին երեկ տարիներուն Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ, մայր հրապարակներու վրայ սկսուած է 24 Ապրիլը  ոգեկոչուիլ Հայ, Քիւրտ եւ նաեւ Թուրք հայրենակիցներու  կողմէ, որ ասիկա ըստիս շատ կարեւոր զարգացում մըն է :Հակառակ որ Թուրքիա պաշտօնապէս չընդունիր ցեղասպանութիւնը կ'արտօնէ  որ փափաքողներ ոգեկոչեն 24 Ապրիլը: 24 Ապրիլի ոգեկոչումի ժամանակ պետութեան ոստիկանները, պաշտպանողական դիրք կ'առնեն  24 Ապրիլը ոգեկոչող հայրենակիցներուն դէմ ազգայնամոլ  կազմակերպութիւններու կողմէ կատարուելիք հաւանական յարձակումները կանխելու համար:  Այսինքն պետութիւնը կը պաշտպանէ անոնք որոնք 24 Ապրիլը կ'ուզեն ոգեկոչել:Աւելի ուրախալի է տեսնել որ այս երեք տարիներու ընձաքին զգալի ոչ մէկ դէպք պատահեցաւ բացի 24 Ապրիլի հակառակ ցոյց ընող սակաւաթիւ խումբերէ:Ես կը հաւատամ որ բոլոր այս զարգացումները, կառավարութեան  կողմէ Թուրք համայնքին մէջ   համոզմունք ստեղծելու համար մասնաւորապէս կ'արտօնուին, որպէսզի ժողովուրդը հետզհետէ լսելով վարժուի այդ գաղափարին եւ ուսումնասիրելով իմանայ թէ 1915 թուականին այս հողերուն վրայ Հայերու դէմ ոճիր մը իրագործուած է իսկապէս:

               Կը հաւատամ նաեւ  որ մօտ օրէն այս հարցն ալ պիտի հարթուի, կը բաւէ որ կողմերը զայն չի վերածեն վրէժխնդրութեան հարցի այլ  նկատեն պատմութեան մէջ պատահած անարդարութեան մը փոխարինութեան:

            Իսկ այս հարցին լուծումը կարելի կրնայ ըլլալ միայն վարչապետ Էրտողանի նման զօրաւոր,  իր արած որոշումը առանց վարանելու ամէն գինով  իրականացնող  առաջնորդի մը վարչապետութեան ժամանակ:

          Պէտք է գիտնալ նաեւ որ այս խնդիրը յաղթական ելլելու  կամ պարտուած մնալու հարց մը չէ: Ողբերգութեան յաղթականը չըլլար: Կողմերէն մէկը այս ոճիրը գործած ըլլալով իսկ միւսն ալ նոյն ոճիրը կրած ըլլալով արդէն պարտութիւն մը կրած են պատմութեան մէջ: Երբ օրը հասնի եւ կողմերը բանակցութեան սեղանի շուրջ նստին, երկուքն ալ պարտուած ըլլալով է որ պիտի սկսին բանակցութեան եւ    այս հարցը  լուծելով է որ միանգամայն պիտի ազատին հարիւր տարիներէ ի վեր զիրենք  կապող շղթաներէն:


Օշին Էլակէօզ

21 Նոյեմբեր 2013 - Պոլիս

No comments: