Պուլկարիոյ Քըրճաալի գաւառի բնակչութիւնը մեծ ուրախութեան մէջ էր .սաստիկ ձմեռէ մը վերջ եկած էր գարունը:Արտերը կանանչի ներկուած, ծառերը իրենց ծիլերը տուած եւ բոյսերն ալ իրենց գեղեցիկ, գոյնզգոյն ու բուրաւէտ ծաղիկներով հրապուրիչ մթնոլորտ մը ստեղծած էին գաւառին մէջ: Անբիծ կապոյտ երկնքին վրայ կը փայլէր պայծառ արեւը ու կը տաքցներ հողը:Գաղջ գիշեր մըն էր, ժողովուրդը իրենց տան պատուհանները բաց ձգած էր որպէսզի թարմ ու բուրաւէտ օդը լենար իրենց սենեակներուն մէջ ու հաճելի գուն մը քնանային:
Բոլոր այս խաղաղ մթնոլորտին մէջ, գաւառի բարեկեցիկ թաղերէն մէկուն մէջ կար տուն մը, որուն մէջ ընդհակառակը մեծ ողբերգութիւն մը կը տիրէր: Տան տասնըերեք տարեկան տղան, ամիսներէ ի վեր սոսկալի մղձաւանջ մը կապրէր գիշերները եւ ծնողքը չէր գիտեր ինչ ընել, որու դիմել:Այդ գիշեր ալ փոքրիկ տղեկը ժամերով քունի հետ պայքարած էր որպէսզի չի քնանայ, բայց ի վերջոյ յանձնուած էր քունին:Անկողնին մէջ անհանգիստ էր:Գլուխը մէկ ձախ, մէկ աջ կը դարձնէր:Անբնական ձայներ կը հաներ յայտնի էր որ սոսկում մղձաւանջ մը զինք դարձեալ իր ճիրաններուն մէջ էր առած .
Մութ գիշեր էր եւ անսահման անապատի մը մէջ կորսուած էր: Աւազին վրայ մինչեւ ոտքերուն դաստակը մխրճուած կը ջանար քալել:Աւազին մէջէն իրենց արմուկներէն անջատուած, արիւնոտ ձեռքեր զինք իր ոտքերէն բռնելով կը ջանային աւազին մէջը քաշել: Ինք բոլոր իր ուժով կը պայքարէր անոնց դէմ որպէսզի փրկէ իր ոտքերը բայց իր դաստակները բռնող ձեռքերը մեծ եւ զօրաւոր էին:Քանի ինք կը ջանար անոնցմէ ազատիլ անոնք ալ աւելի զօրաւոր կը փակէին իր սրունքներուն ու զինք կը քաշէին աւազի մէջ:Անապատի աւազը բոլորովին ծածկուած էր արիւնոտ ձեռքերով եւ ազատում չկար անոնցմէ:Աւազի մէջէն արիւն կը բխէր ու բխող արիւնը, անապատի աւազը վերածած էր ճահիճի, ու ինք մինչեւ իր մէջքը մխրճուած էր արիւնոտ աւազին մէջ: Անջատուած արիւնոտ ձեռքերը սկսած էին իր մարմինէն վեր մագլցիլ եւ յարձակիլ իր կոկորդին ու զայն սեղմելով շնչասպառ ընել զինք:Իր կոկորդը սեղմող ձեռքերուն անջատուած արմուկներէն արիւնոտ երակներ կախուած էին:Անոնցմէ ազատելու համար զանոնք կը քաշէր, բայց անոնք շատ զօրաւոր էին եւ չէր յաջողէր:Հետզհետէ ալ աւելի կը մխրճուէր արիւնի ճահիճի մէջ:Կը պոռար, օգնութիւն կը կանչէր բայց իր ձայնը անապատին մէջ կարձագանքուէր միայն:Հիմա բոլորովին մխրճուած էր արիւնի ճահիճի մէջ ու միայն իր քթին ռունգերը դուրսը մնացած էին, որոնցմէ ներս սկսած էր ներխուժել արիւնոտ աւազը, պոռալ կ'ուզէր բայց իր կոկորդը սերտօրէն սեղմող ձեռք մը չէր արտօներ:Բոլոր այս խաղաղ մթնոլորտին մէջ, գաւառի բարեկեցիկ թաղերէն մէկուն մէջ կար տուն մը, որուն մէջ ընդհակառակը մեծ ողբերգութիւն մը կը տիրէր: Տան տասնըերեք տարեկան տղան, ամիսներէ ի վեր սոսկալի մղձաւանջ մը կապրէր գիշերները եւ ծնողքը չէր գիտեր ինչ ընել, որու դիմել:Այդ գիշեր ալ փոքրիկ տղեկը ժամերով քունի հետ պայքարած էր որպէսզի չի քնանայ, բայց ի վերջոյ յանձնուած էր քունին:Անկողնին մէջ անհանգիստ էր:Գլուխը մէկ ձախ, մէկ աջ կը դարձնէր:Անբնական ձայներ կը հաներ յայտնի էր որ սոսկում մղձաւանջ մը զինք դարձեալ իր ճիրաններուն մէջ էր առած .
Յանկարծ պոռալով արիւն քրտինքի մէջ վեր ցատկելով քունէն արթնցաւ եւ սկսաւ հեծկլտալով լալ:Մայրը քովի սենեակէն անմիջապէս եկաւ իր տղուն քով եւ զինք գրկելով իր կուրծքին սեղմեց:
-Խեղճ տղաս, նորէն այդ չար երազը տեսար արդեօք:
-Այո ' մայրիկ, նոյն երազը տեսայ պատասխանեց տղան հեւն ի հեւ ու լալագին:Կը վախնամ գիշերները քնանալէ, որովհետեւ ամեն անգամ որ քնանամ նոյն երազն է որ կը տեսնեմ:
-Կ'անցնի տղաս մի վախնար, պարզ մղձաւանջ մըն էր պատասխանեց մայրը, տղուն գաւաթ մը ջուր բերաւ ու քիչ մը իր քովը մնալով զինք հանդարտեցուց:Յետոյ զինք իր ճակտէն համբուրելով բարի գիշեր մախթեց ու վերադարձաւ իր սենեակը:Տղան մինչեւ առաւօտ չքնացաւ, որովհետեւ գիտէր թէ եթէ քնանար նոյն մղձաւանջը մնացած տեղէն պիտի շարունակուէր:
Առաւօտուն նախաճաշի համար ընտանիոք հաւաքուեցան սեղանին շուրջ, բայց տղան ախորժակ չունէր ուտելու համար:Իր մօրը ստիպողականութեամբ հազիւ թէ գաւաթ մը թէյ խմեց եւ պատառ մը հաց նետեց բերանը ու բռնեց դպրոցի ճամբան:Ամիսներէ ի վեր խաղաղ քուն մը չկարենալ քնանալու պատճառով աչքերը ուռած ու իր դէմքը այլանդակ վիճակի մը մատնուած էր, այդպէս որ իր դասընկերները կը վախնային իրմէ եւ չէին մօտենար, դասարանն ալ առանցին կը նստէր արդէն:
Ուսուցիչը եկաւ ու ամեն օրուայ պէս արձանագրութեան տետրակը բացաւ, որպէսզի ներկաները արձանագրէ ու սկսաւ կարդալ աշակերտներուն անունները:
-Հասան Ֆէհմի
-Ներկայ-Ահմէտ Թահսին
-Ներկայ
Աշակերտներուն անունները կը կարդացուէր եւ հետզհետէ կառքը կուգար իր անունին:Չէր սիրեր իր անունը լսել,կ'ատէր իր անունը: Ձեռքերուն ափերովը ականջները սերտօրէն գոցեց որպէսզի չիմանայ իր անունը բայց փախուստ չկար այլեւս:Ուսուցիչը կը շարունակէր անունները կարդալ:
-Մուսթաֆա Նազմի
-Ներկայ
Եւ ի վերջոյ ռումբի մը նման պայթեցաւ իր անունը դասարանին մէջ:
-Մէհմէթ Թալէաթ ........
29 Մայիս 2013 - Պոլիս

No comments:
Post a Comment