20 Aug 2013
Մտածումներ յետ Թուրք գործընկերուհիիս հետ վիճաբանութենէ
Երեք ամիս առաջ, Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակի վրայ գտնուող <<Կէզի>> կոչուած զբօսավայրի պատճառաւ պայթած դէպքերու ժամանակ, գործընկերներէս մէկը որ Քեմալական մտայնութիւն ունեցող Թրքուհի մըն է, առաւօտ մը կանուխ ներս մտաւ ջղայնացած եւ հայհոյելով անոնց, որոնք քուէարկած էին վարչապետ Էրտողանի կուսակցութեան, գիտնալով հանդերձ որ ես ալ անոնցմէ մեկն եմ: Ես ալ ջանացի իրէն բացատրել թէ ինչու համար քուէարկած եմ այդ կուսակցութեան ի նպաստ, որովհետեւ կը հաւատամ որ անձ մը քննադատելէ առաջ պէտք է պատճառը հարցնել:Ոստիկան մըն անգամ երբ ձերբակալէ մարդասպան մը, անոր կը հարցնէ թէ ինչու համար սպանած է այդ անձը:Հետազօտական եւ պատասխանատու վարուելակերպը այդ կը պահանջէ: Ես ալ ուզեցի իրէն բացատրել թէ ինչու համար ես, եւ իմ նման շատ անձեր որոնք կամ ոչ իսլամական են կամ ալ պատկանելով հանդերձ իսլամ կրօնքին , իսլամական կրօնամետ մտայնութիւն չունին այլ ունին աշխարհիկ մտայնութիւն, կը շարունակեն քուէարկել Երտողանի կուսակցութեան ի նպաստ:Այսպէսով կը մտածէի թէ ինք պիտի կարենար էմփաթի ընել եւ հասկընալ թէ այս հողերու վրայ ապրող հպատակներուն կարելի է կէսէ աւելին ինչ մեծ դժուարութիւններու մէջ ապրած է, ինչ տառապանքներ քաշած է, հարստահարուած է ասկէ առաջուայ Քեմալական մտայնութիւն ունեցող բոլոր կառավարութիւններու ժամանակ որոնք գաւազանը իրենց ձեռքին իշխեցին շուրջ եօթանասունինը տարիներ:Կուզէի իրէն բացատրել թէ մենք, մասնաւորապէս փոքրամասնութիւններս Էտրողանի շնորհիւ է որ հիմա քիչ մը շունչ կ'րնանք առնել: Մեր ազգային հաստատութիւններուն կալուածները որոնք առաջ մեզմէ կը գրաւուէին առաջ քշելով անհիմն պայմաններ եւ պատրուակներ, հիմա սկսան մեզ ետ վերադարձուիլ: Մեր հաստատութիւնները հիմա իրաւունքը ստացան իրենց կալուածները շահագործել եւ անոնցմէ դրամ շահիլ որպէսզի կարենան ապահովել իրենց գոյատեւումը: Մեր ազգային հաստատութիւններու մատակարար մարմինները որոնք առաջ վախի ու դողի մէջ էին որովհետեւ ամեն վայրկեան կ'րնային ձերբակալուիլ անհիմն պատրուակներով եւ չարչարանքի ենթարկուիլ, բանտարկուիլ հիմա ազատ են եւ այս ազատութեան պատճառով է որ մեր համայնքին ձայնը հիմա աւելի զօրաւոր կ'ելլէ երբ անարդարութեան մը հետ դէմ դիմաց գտնուինք: Այս բոլորը ջանացի բացատրել իրեն որովհետեւ այս երկրին մէջ կան իր նման շատ անձեր որոնք հակառակ որ կ'ապրին Թուրքիոյ մէջ, Թուրքիան իրենց համար բաղկացած է միայն Պոլսոյ քանի մը բարեկեցիկ ու շքեղ թաղերէ եւ հարաւային Թուրքիոյ մէջ գտնուող, երկրին մեծահարուստներուն եւ իրենք զիրենք << էլիթ >> նկատողներուն յաճախած ամառնային ծովափնեայ արձակուրդի գիւղաքաղաքներէ:Անոնք երբեք չեն հետաքրքրուած թէ ուրիշներ ի՞նչ պայմաններու մէջ կ'ապրէին այս երկրին մէջ, անոնց իրաւունքները կը յարգուէի՞ն արդեօք թէ ոչ, անոնք այս երկրին մէջ որեւէ անհանգստութիւն ունէի՞ն արդեօք: Կարեւորը այն էր որ իրենք հանգիստ էին, իսկ եթէ պատահէր որ ժողովուրդը իր անհանգստութեան ձայնը բարձրացնէր, այն ժամանակ իրենց զօրաւոր բանակը իր գաւազանովը զանոնք կառքի կը բերէր:Անգամ մըն իսկ չեն հետաքրքրուած թէ իրենցմէ զատ այս երկրին վրայ ապրող այլ հայրենակիցներ ինչ հարցեր ունին:
Այսպէսով կը կարծէի թէ պիտի յաջողէի իմ գործընկերուհիիս էմփաթի մը ընել տալ, որպէսզի հասկընայ թէ ինչու համար մենք կը քուէարկենք վարչապետ Էրտողանի կուսակցութեան ի նպաստ:
Երբ ես այս պատճառաբանութեան սկսայ, իմ Թուրք գործընկերուհիս որուն հետ տասնըութը տարիներէ ի վեր օրական ութը, տասը ժամ միասին աշխատած ենք: Մեր լաւ եւ վատ ժամանակները միասին անցուցած ենք մեր գործատեղիի մէջ, որուն հետ աւելի շատ ժամանակ անցուցած եմ քան իմ ընտանիքին անդամներուն հետ, որուն հետ ընտանեօք կը տեսնուէինք մինչեւ այդ օր, զայրացած ինծի հետեւեալ պատասխանը տուաւ . Եթէ դուք այս երկրին մէջ այսչափ մեծ տառապանքներ կրած էք ուրեմն դող ձգէիք այս երկիրը եւ հեռանայիք: Բոլորդ ալ արտասահմանի մէջ ազգականներ ունիք ինչու՞ համար չէք գաղթէր եւ կը շարունակէք ապրիլ այս երկրին մէջ ու անհանգստութիւն պատճառել մեզի:
Այս վիճաբանութենէ վերջ անգամ մը եւս անդրադարձայ թէ երբեք կարելի պիտի չըլլայ այս երկրին մէջ փոխել Քեմալականներուն ատելութեան զգացումը փոքրամասնութիւններու եւ Թորք չեղողներու հանդէպ եւ անոնք մտային այն հասունութիւնը չունին որպէսզի ընդունին թէ մենք ալ այս երկրին տէրերն ենք եւ նոյնիսկ իրենցմէ շատ աւելի հին ենք այս հողերու վրայ:Անոնք տակաւին կը հետեւին այն իթթիհատական քարոզչութեան որուն կարգախօսն է . <<Թուրքիա կը պատկանի Թուրքերուն, անոնք որոնք Թուրք չեն, միայն Թուրք եղողներուն ծառայելու համար է որ այս երկրին մէջ իրաւունք ունին ապրելու>>:
Այս պատահածը զիս անգամ մը եւս անդրադարձուց թէ մինչեւ որ Թուրքիոյ մէջ չի հիմնուի Եւրոպական ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած կուսակցութիւն մը, մենք. այս երկրի մէջ մինչեւ այսօր արհամարհուած ազգերս, վարչապետ Էրտողանէն եւ իր ԱՔ կուսակցութենէն զատ այլընտրանք չունինք:
Օշին Էլակէօզ
20 Օգոստոս 2013 - Պոլիս
Subscribe to:
Post Comments (Atom)
1 comment:
Հապա ինչ՞ պատահեց այս ջերմ վիճաբանութենէ վերջ:
Post a Comment