Մենք
ընտանիոք շատ կը սիրենք Ֆրանսայի հարաւը,Միջերկրական ծովուն ափին վրայ գտնուող Նիս
քաղաքը : Նիսը ունի իրեն յատուկ կապոյտ երկինք եւ արեւը առաւօտուն մօտաւորապէս
ժամը հինգին կը ծագի եւ գիշերը ժամը տասնին մարը կը մտնէ:Գեղեցիկ քաղաք մը
,հոյակապ ծով մը ,մաքուր օդ,ազնիւ ժողովուրդ:
Նիսը,
մեզի համար այլեւս երկրորդ տուն մը դարձած
է եւ մենք կը ջանանք մեր բոլոր արձակուրդները անցնել այդ քաղաքին մէջ:Երբ
երթանք, պանդոկի մէջ չենք իջեւանիր, այլ շաբթուան մը համար տուն կը վարձենք:Մեր
վարձած տունն ալ միշտ նոյն բնակարանն է
. քաղաքին ամենէն նշանաւոր պողոտայի`
Փրոմէնատի վրայ ծովահայեաց , մեծ պատշգամով տուն մը: Տուն վարձելը թէ' նիւթական տեսակէտէ
շատ աւելի յարմար է, եւ թէ մենք մեզ աւելի ազատ կզգանք տան մէջ:
Պանդոկի
մէջ ստիպուած էք ամէն ինչ նոյն փոքր սենեկային մէջ ընել . հոն պառկիլ, հոն նստիլ,
հոն հեռատեսիլ դիտել, հոն գիրք կարդալ եւ նաեւ երբեմն ալ եթէ կը փափաքիք ձեր այդ
նոյն փոքրիկ սենեակին մէջ ճաշել, կամ նախաճաշել: Ընդհակառակը, եթէ տուն վարձէք տան
միւս սենեակներուն մէջ ալ առանձնանալու
կարելիութիւնը կ'ունենաք:
Մենք
տարիներէ ի վեր միշտ նոյն տունը կը վարձենք, այդպէս որ տանտիրոջ հետ այլեւս
բարեկամ եղած ենք, եւ այդ տունն ալ կը գոչենք << մեր տունը>>:
Այս
տարի ալ դարձեալ Յունիս ամիսին <<մեր տունը>> գացինք արձակուրդի
համար: Տանտիրոջմէ տան բանալիները առինք
եւ տեղաւորուեցանք:Առաջին երկու օրերը շատ հանգիստ անցան, բայց երրորդ օրը
անդրադարձայ որ տան երկրորդ դրան բանալին կորսուած էր: Հաւանաբար փողոցը գրպանես
ինկած էր:
Չմոռնամ
ըսելու որ տունը երկու դուռ ունի . մայր դուռ եւ երկրորդական դուռ:
Հեռաձայնս առի եւ տանտէրը փնտռեցի յուսալով որ ինք երկրորդական բանալի մը կ'ունենար, բայց դժբախտաբար
կորսուածը միակ բանալին էր եւ կղպանքը փոխելէ ուրիշ ճառ չկար: Տանտէրը յանձնարարեց որ տան դռնապանին դիմեմ, որովհետեւ ան իրենց
տան գործերը ընող փականագործ մը կը ճանչնար ու այդ անձը կրնար աւելի աժան գինով կղպանքը փոխել
կղպանքը:Շնորհակալութիւն յայտնեցի ու դիմեցի դռնապանին որ անմիջապէս
հեռաձայնելով փականագործին յաջորդ
առաւօտեան համար ժամադրութիւն առաւ:Յաջորդ առաւօտ փականագործը եկաւ, դուռը քննեց
եւ ըսաւ որ կղպանքը պէտք է կոտրէ եւ զայն նոր կղպանքով մը պիտի փոխէ:
-Այս
բոլորը քսան վայրկեանի գործ մըն է պարոն:
- Լաւ,
պարտքս ո՞րքան պիտի ըլլայ արդեօք:
-Կղպանքին հետ միասին ընդամէնը չորս հարիւր իննսուն եւրօ:
-Ի՞նչ,
որքա՞ն:
-Չորս
հարիւր իննսուն եւրօ պարոն:
- Ի՞նչ
կ'ըսէք, ինչու՞ համար այդքան սուղ, կղպանք մը հազիւ երեսուն եւրօ կ'արժէ:
- Այո`,
բայց գործաւորչէքը սուղ է Ֆրանսայի մէջ:
- Լաւ,
բայց ես քսան վայրկեանի մէջ չորս հարիւր իննսուն եւրօ չեմ շահիր իմ երկրիս մէջ:
Մարդը
առանց պատասխանելու երեսս կը նայէր:
Շնորհակալութիւն յայտնեցի եւ ճամբեցի: Կը մտածէի թէ եթէ Պոլսէն իմ
փականագործիս օդանաւի տոմսակ մը գնէի եւ Ֆրանսա բերէի ու կղպանքը փոխել տայի,
աւելի աժանի ապրանք պիտի ըլլար ինծի:Յանկարծ յիշեցի թէ օր մը Պոլսոյ մէջ, երբ մեր
տան կղպանքը փոխել կուտայի, իմ փականագործս ըսած էր թէ ոչ մէկ կղպանք ապահով էր
գողի դէմ եւ ինծի բացատրած էր թէ գողերը որքան դիւրաւ կը կոտրեն
կղպանքները:Բաւական էր որ կղպանքին ծայրը դուռէն քիչ մը դուրս ըլլար, գողը աքցանով
մը զայն ծայրէն սերտօրէն կը բռնէր եւ մէկ
ձախ, մէկ աջ դարձնելով քանի մը
երկվայրկեանի մէջ կը յաջողէր կոտրել:Որոշեցի.ես ալ այդպէս պիտի ընէի:Ես ինքս պիտի
հարթէի այս խնդիրը եւ ամբողջ դրամն ալ
գրպանս պիտի մնար:Այդչափ դրամը այդ
փականագործին գրպանը դնելու չափ
անկարո՞ղ էի միթէ:
Դարձեալ
մեր տանտէրը փնտռեցի եւ պատմեցի գլխես անցածը: Կինը զիս մտիկ ըրաւ եւ ըսաւ:
-Գործաւորչէքը սուղ է Ֆրանսայի մէջ:
- Այո`,
փականագործն ալ այդպէս ըսաւ արդէն, բայց ես քսան վայրկեանի մէջ այսչափ դրամ չեմ
վաստկիր իմ երկրիս մէջ, եւ ըսի թէ ինքս պիտի փոխէի կղպանքը, ստելով, թէ ես նախապէս քանիցս ըրած էի նոյն
գործը:Այդպէս արտօնութիւն առի իրմէ,
որպէսզի կղպանքը ես փոխեմ:
Անմիջապէս այս գործի հարմար գործիքներ ծախող խանութ մը գացի ու տասը եւրոյի
աքցան մը եւ երեսուն եւրոյի ալ նոր կղպանք մը գնեցի:Ընդամէնը քառասուն եւրօ եւ գործի
լծուեցայ:Որոշեցի որ դրան դուրսի կողմէն այս գործը ընելը աւելի հարմար պիտի ըլլար,
քանի որ կղպանքին ծայրը հոն աւելի դուրս կը մնար ուրեմն աքցանը աւելի լաւ պիտի կարենար կղպանքին դուրս
մնացած մասը բռնել:Նախ կղպանքին շուրջը գտնուող պտուտակները քակեցի եւ կղպանքին
կափարիչը հանելով զայն լաւ մը մէջտեղ հանեցի: Յետոյ աքցանով սերտօրէն կղպանքը
բռնելով նախ դէպի ձախ ծրեցի: Կղպանքէն ճարճատում մը լսուեցաւ, իսկ յետոյ դէպի աջ
ծռեցի եւ յետոյ դարձեալ ձախ:Յանկարծ կոտրելու զօրաւոր ձայն մը լսուեցաւ եւ կղպանքը կոտրեցաւ:Այսքա՞ն
, այո`, այսքան:Յաջողած էի : Բնաւ չէի կրնար երեւակայել թէ այդքան թիւրին պիտի ըլլար կղպանք մը կոտրել:
Ուրեմն
ո`չ մէկ դուռ, ոչ մէկ կղպանք ապահով էր
իրականութեան մէջ:Էթէ ես կրցած էի այսչափ դիւրաւ կոտրել, փորձառու գողի մը համար
ոչինչ պիտի նշանակէր այս կղպանքը կոտրել:Երբ այսպէս զարմացած կը դիտէի կոտրած
կղպանքս, յանկարծ անդրադարձայ որ ետեւս մէկը կար:Դարձայ նայեցայ եւ տեսայ թէ շուրջ
ութսուն տարեկան, տարիքոտ տիկին մը զարմանքով ինծի կը դիտէր, ճիշտ այնպէս ինչպէս
ես կը դիտէի կոտրած կղպանքս:Նշմարեցի թէ նեղ կացութեան մէջ էի. ձեռքիս մէջ ծայրը կոտրած կղպանքին կէսը եւ աքցան մը:
Կացութիւնս փրկելու համար խնդումերես դէպի տարիքոտ կինը դարձայ ու զինք բարեւեցի:
-Պոնժուր մատամ :
-Պարոն
դուք ի՞նչ կ'ընէք հոս:
-Տան
բանալին կորսնցուցի, ուրիշ բանալի ալ չկայ, ուրեմն կղպանքը կը փոխեմ:
-Բայց
ինչու՞ փականագործ մը չէք կանչեր այս գործը ընելու համար:
-Կանչեցի տիկին, բայց ինձմէ չորս հարիւր ինիսուն եւրօ պահանջեց:
-Այո`,
գործաւորչէքը սուղ է Ֆրանսայի մէջ:
-Սորուեցայ տիկին, բայց ես այսչափ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ այսչափ դրամ չեմ
շահիր ուստի որոշեցի կղպանքը անձամբ փոխել:
Կինը
ապշած երեսս նայեցաւ ու կռնակը դարձնելով հեռացաւ, ես ալ կէս ձգած գործս
շարունակեցի: Պտուտակաւարովս կղպանքին ներսը մնացած մասը հրելով
հակառակ կողմէն վար նետեցի: Հիմա մնացած էր կղպանքին լեզուն ետ
քաշելու գործը որպէսզի դուռը բոլորովին բացուէր:
Խոստովանիմ
թէ ասիկա սպասածէս շատ աւելի դժուար եղաւ, որովհետեւ այս գործը ընելու համար պէտք
ունէի ծայրը ծուռ փառակ ցուպի եւ ես
չունէի:Վերջապէս ասպարէզով կղպանք կոտրող մը չէի այնպէս չէ՞:
Շուրջ
քսան վայրկեան չարաչար աշխատելէ վերջ, ի
վերջոյ յաջողեցայ լեզուն ալ ետ քաշել ու
դուռը բանալ:Տան դուռը հիմա իմ դիմաց մինչեւ ետին
բացուած էր:
Հազիւ
թէ քանի մը վայրկեան յաղթանակս վայելած էի, երբ քայլեր լսեցի ետեւէս:Ետ նայեցայ,
տեսայ որ առջեւէն երկու տարազաւոր ոստիկաններ եւ անոնց ետեւէն ալ մեր տան դռնապանը
դէպի ինծի կը մօտենային:Հասկցայ որ տարիքոտ տիկինը ինծի չէր վստահած ու
ոստիկանութեան դիմած էր:Արդարեւ հիմա աւելի դժուարին կացութեան մէջ էի. գետինը
կոտրած կղպանք մը, կղպանքը կոտրած բաց դուռ մը, որուն առջեւ ես` ձեռքիս մէջ աքցան մը եւ դիմացս երկու ոստիկաններ:
-Անշարժ
մնացէք պարոն, հրահանգեց ոստիկաններէն մին ձեռքերը բարձրացնելով :Հնազանդեցայ:
-Ի՞նչ
կ'ընէք հոս այսպէս:
-Դրան
բանալին կորսնցուցի եւ ուրիշ բանալի ալ չկայ, ուստի կղպանքը կոտրեցի որպէսզի զայն փոխեմ:
-Ինչու՞
համար փականագործ մը չկանչեցիք:
-Կանչեցի, դռնապանն ալ վկայ է բայց չորս հարիւր իննսուն եւրօ դրամ պահանջեց
այս գործին համար:
-Այս
երկրին մէջ գործաւուրչէքը սուղ է պարոն:
-Այո`,
իմացայ եւ երբեք պիտի չմոռնամ, բայց ես քսան վայրկեանի մէջ այսչափ դրամ չեմ շահիր:
-Ատիկա
զիս չի հետաքրքրէր պարոն, դուք այս տան կղպանքը կոտրեցիք եւ ձեր մասին գանգատ
յայտնեցին:
-Բայց
տանտէրէն նախապէս արտօնութիւն առած էի
ասոր համար:
Ոստիկանը դռնապանին դառնալով բաներ մը ըսաւ, ան ալ իր բջիջային հեռաձայնը
հանեց եւ մէկը փնտռեց:Հասկցայ թէ մեր տանտէրը կը փնտռէր:Լաւ որ արտօնութիւն առի
իրմէ, կը մտածէի: Հապա եթէ առած չըլլայի՞:Ծօ, կ'ուզես որ տանտէրը ըսէ թէ բանէ մը
տեղեակ չէ, կը մտածէի:Այն ատեն իսկապէս ոչ ոք կրնար զիս ազատել: Բայց մեր սիրելի
բարեկամ տանտէրը ըսաւ որ ինք տեղեակ էր կացութենէն եւ ինք է որ հովանաւորութիւն
տուած է: Աւելի վերջ իմացայ թէ նոյնիսկ փականագործն անգամ առանց տանտիրոջ
պաշտօնական արտօնութեան իրաւունք չունէր տան դուռը կոտրելու:Լաւ ազատած էի եւ
ծախսերը իյնալէ վերջ չորս հարիւր յիսուն
եւրօն ալ գրպանս մնացած էր:
Քանի մը
օր վերջ տան դրան առջեւ մեր տարիքոտ տիկինին հանդիպեցայ:
-Բարեւ
տիկին:
Կինը
լուրջ դէմքով ինծի կը նայէր:
-Գիտէք
այդ օր յաջողեցայ տան կղպանքը փոխել եւ դրամը գրպանս մնաց:Էթէ օր մը դուք ալ
կարիքը ունենաք ինծի լուր տուէք, ամենայն սիրով ձեր դուռն ալ կը բանամ:
-Դուք
ի՞նչ գործով կը զբաղիք պարոն:
-Օդանաւային հաստատութեան մը մէջ կ'աշխատիմ:Պահ
մը կեցայ ու շարունակեցի, իսկ ազատ ժամերուս ալ տուներուն կղպանքները կը կոտրեմ:
Օշին Էլակէօզ
Մարմարա Օրաթերթ
25 Յուլիս 2013 - Պոլիս

No comments:
Post a Comment