Յարգելի
ընթերցող,վաղը Զատիկը պիտի տօնենք:Եթէ ձեզ հարցնեմ թէ ինչ է Զատիկը, գիտեմ
թէ ինծ պիտի տաք հետեւեալ պատասխանը . <<Զատիկը Յիսուս Քրիստոսի յարութեան
տօնն է >>: Արդարեւ այդ է Զատիկի տօնը,
Յիսուս Քրիստոս ծնելով մարմնացաւ, իսկոյն մեզ խրատեց թէ ինչպէս պէտք է ապրինք նախ աւելի լաւ
անհատներ ըլլալու, իսկ յետոյ Աստծոյ
արքայութեանը արժանի կարենալ ըլլալու համար: Ինք իր քարոզներու ընթացքին մեծ բազմութիւններ հաւաքեց իր շուրջ:Անոնց
խրատեց թէ իրենց բռնած ճամբան ճիշտ ճամբայ մը չէր ու պէտք
էին փոխուիլ: Ժողովուրդը սկսաւ հետեւիլ իր խրատներուն :Իր այս ընթացքը որոշ
շրջաններուն անհանգստութեան պատճառ եղաւ, որովհետեւ անոնց միտքը կը լուսաւորէր եւ
քանի ժողովուրդը կը լուսաբանուէր, անոնք կ'սկսէին քննադատել զիրենք շահագործողները
եւ ըմբոստանալ անոնց դէմ:Անոնք որոնք չարակամութիւն ունին իրենց սրտերուն մէջ եւ
կը սիրեն ժողովուրդը գործածել ըստ իրենց
շահերուն կը նախընտրեն որ անոնք տգէտ մնան,
որովհետեւ տգէտ ժողովուրդը շահագործել շատ աւելի թիւրին է:Ուստի այն շրջանները
որոնք անհանգիստ էին Յիսուս Քրիստոսի գոյութենէ զինք զրպարտեցին մեղադրելով որ Յիսուս ժողովուրդը կը
մղէ աւանդութիւններուն դէմ ապստամբելու եւ պատճառ եղան որ մահուան
դատապարտուի:Հետեւաբար Յիսուս ձերբակալուեցաւ, չարչարուեցաւ,իր խաչը կռնակը
առած բարձրացաւ դէպի իր Գողգոթան ու հոն
խաչուեցաւ մահուան դատապարտուած երկու
աւազակներու հետ միասին:Զինք խաչողները, դիտմամբ
զայն երկու աւազակներու հետ միասին խաչեցին որպէսզի այսպէսով Ան
ստորադասուի աւազակներու կառքին:Բայց Յիսուս խաչուելէն երեք օր վերջ յարութիւն առաւ եւ դուրս ելաւ իր
գերեզմանէն:Այդ օրուընէ սկսեալ Յիսուսի հետեւորդները շատցան, պատեցին համայն աշխարհ:Այսօր Իր
հետեւորդներուն պատկանող Քրիստոնէութիւնը երկու միլիառէ աւելի հաւատացեալ ունի եւ
աշխարհիս ամենաբազմամարդ կրօնն է:Այս կը նշանակէ որ Յիսուսի մահուան դատապարտուելէ եւ խաչուելէ վերջ ժողովուրդը
հասկցաւ իրէն դէմ իրագործուած սխալը եւ անարդարութիւնը եւ զայն խաչողները
դատապարտուեցան թէ պատմութեան էջերուն եւ
թէ մարդոց սրտերուն մէջ:
Զատիկի
տօնը մեր ազգին համար բոլոր միւս Քրիստոնեայ ազգերէն շատ աւելի մեծ իմաստ մը ունի, որովհետեւ մեր
ազգին ճակատագիրն ալ կը նմանի Յիսուսի ճակատագրին:Հայ ազգն ալ պատմութեան մէջ
ամբաստանուեցաւ, դաւադրութեամբ մեղադրուեցաւ եւ իսկոյն մահուան դատապարտուեցաւ,
խաչը իր կռնակը առած բարձրացաւ դէպի իր գողգոթան, չարչարուեցաւ եւ ի վերջոյ
խաչուեցաւ: Բայց Հայ ազգը տակաւին չէ կրցած իր մահուընէ յարութիւն առնել: Հայ ազգը
գերեզման մը իսկ չունի հոնկէ յարութիւն առնելով դուրս գալու եւ վերածնելու
համար:Երբ պիտի գայ այն օրը որ
մեր նահատակները պիտի վերստանան
իրենց պատիւը, երբ մեր ազգը խաչողները պիտի հասկնան իրենց գործած սխալը , երբ
գերեզման մը տապանաքար մը իսկ չունեցող մեր պապերուն համար պիտի
կառուցուի յուշաքար մը եւ երբ
անոնք պիտի ոգեկոչուին համայն աշխարի կողմէ, միայն այն ժամանակ է որ մեր ազգը պիտի
տօնէ իր Զատիկը: Միայն այն ժամանակ է որ մեր պապերը յարութիւն պիտի առնեն:Միայն այն ժամանակ է որ
մեր ազգը պիտի ապրի յաւիտեանս յաւիտենից ամէն:
Քրիստոս Հարեաւ ի Մեռելոց
Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի
Օշին Էլակէօզ

No comments:
Post a Comment