Subscribe

20 Mar 2013

Յիսուներորդ Սպանութիւնը

 
 
     Մահուան դատապարտեալ մըն էր իր երկրին մէջ: Սպաննած էր քառասունինը  հոգիներ:Արդարեւ ի’նքն էր որ  սպանած էր անոնցմէ ոմանք, իսկ մնացածներն ալ  ոստիկանութիւնը բեռցուցած  էր իր վրայ, այդպէս ձեւացնելու  համար թէ երեւան չելած  ո 'չ մէկ ոճիր կայ քաղաքին մէջ:Փախստական ըլլալուն համար ան չէր կրնար ինքզինք արդարացնել  իր չգործած  ոճիրներու համար, հոգն ալ չէր արդէն:Ինք այդպէս մեծցած էր: Գողութիւն, սպանդ եւ բռնութենէ զատ բան մը չէր տեսած իր կեանքին տեւողութեան:Չէր ճանչցած ո 'չ մայր, ո 'չ ալ հայր: Աչքերը բացած էր ստորին որբանոցի մը մէջ  ու երբ հոնկէ փախչելով բաժնուած էր,արդէն իսկ գործած էր իր առաջին յանցանքը:Այդ օրուընէ սկսեալ յանցագործութիւնը իր կեանքի միակ  ընկերը եղած էր, չէր ճանչցած այլ զգացում:Բոլոր անոնք որոնք մօտեցած էին  իրէն, մօտեցած էին իր այս յատկութենէն օգտուելու  նպատակով: Ի վերջոյ պարտաւորուած  էր հեռանալ իր երկրէն, ապա թէ ոչ եթէ ձերբակալուէր զինք  կախաղան պիտի բարձրացնէին: Կ'ըսէին որ ինք յանցագործ էր, յանցանք կը գործէր եւ վտանգաւոր կը նկատուէր ժողովուրդին համար:Միթէ կար այլ ապրելակերպ իրէն համար,ինք կը վարուէր այդպէս ինչպէս տեսած էր իր ծնած օրէն սկսեալ:Միթէ միւս մարդիկ ուրի՞շ տեսակ ապրելակերպ  ունէին: Ինք ամբողջ  իր կեանքի  տեւողուտեան ուրիշ տեսակ ապրելակերպ մը չէր տեսած երբեք: Չէր գիրեր թէ մարդ երբ յանցագործ կը դառնայ եւ երբ պատուելի:
      Իր ապաստանած այս  նոր երկրին մէջ փոքրիկ հող մը գնած ու սկսած էր հողագործութեամբ  զբաղիլ  բայց աւա՜ղ,  տարիներէ ի վեր  կը գործէր հողի վրայ, կը հերկէր, կը տնկէր բայց սեւ  հողը ծիլ մը իսկ չէր տար, կարծես իր սպանած զոհերու հողի վրայ  թափած արիւնը եկած հասած էր մինչեւ իր արտը եւ կը թունաւորէր իր ցանած բոլոր հունձքը:Ոչ դռացի ունէր, ոչ ալ իր որպիսութիւնը հարցնող բարեկամ մը :Անիծուած էր համայն մարդկութենէ: Նախորդ գիշէր մինչեւ առաւօտ տեղատարափ անձրեւ տեղացած, բոլոր դաշտերը ջրհեղեղէ վնասուած էին:Ցանուած բոլոր արտերը վնասուած բոլոր բերքը վատնուած էր:Գիւղացին սուգի մէջ էր:Տունէն դուրս ելաւ եւ ուղղուեցաւ դէպի քիչ հեռու գտնուող իր արտը: Կը քալէր ճախնուտ հողի վրայ մխրճուելով ցեխի մէջ, երբ յանկարծ անդրադարձաւ որ  հեռուէն ձիաւոր մը քառարշաւ կը  մօտենար դէպի իր ուղղութեան:Մարդը ձեռքերը բարձրացուց որպէսզի կեցնէ ձիաւորը ու տեղեկութիւն առնէ իրմէ բայց ան ձին ուղղակի մարդուն վրայ քշեց: Եթէ վերջին վայրկեանին ինքզինք քով չի նետեր, ձիուն ոտքերուն տակ պիտի մնար:Ձիուն թեթեւ մը զինք սկրթելն իսկ բաւարար եղաւ որ մարդը քանի մը մեթր հեռու ցեխերու մէջ իյնայ:Զայրացած ոտքի ելաւ, բոլորովին ցեխոտած ու աղտոտած  էին հագուստները, ստորադասուած նկատեց ինքզինքը:Ով կրնար համարձակիլ, իրէն պէս տանիններու տեւողութեան բոլոր մարդկանց սարսափ պատճառած մէկու մը հետ այսպէս վարուիլ: Նայեցաւ հեռացող ձիաւորին ետեւէն ու մտածեց  . <<քառասունինը հոգի սպանողը  յիսուներորդն ալ կը սպանէ>>  ու մէջքէն ատրճանակը քաշելով ձիաւորին ետեւէն ձեռք մը կրակեց:Ատրճանակէն արձակուած փամփուշտը հասաւ ձիաւորին ու ճիշտ կռնակէն, երկու ուսերու մէջտեղէն մտաւ ու կրծքավանդակը ջախջախելով առջեւէն դուրս ելաւ:Ձիաւորը նախ հակեցաւ ձիուն վրայ, իսկ յետոյ դէպի ետ ձիէն վար ինկաւ ու տեղւոյն վրայ անշնչացաւ: Ատրճանակին պայթումին լեռներու մէջ հանած արձագանքի վերջի ալիքներն ալ վերջացան եւ լրութիւն տիրեց ամեն տեղ: Էթէ քիչ մը հեռուն կեցող ձին եւ գետնի վրայ  անշունչ պառկող ձիաւորը չըլլային կարծես թէ ոչինչ պատահած էր քիչ առաջ:
    Յանկարծ անուշ զեփիւռ մը հասաւ եւ շոյել սկսաւ մարդուն երեսը:Սեւ ամպերը փարատեցան եւ փայլուն արեւը դուրս ելաւ ու տաքցնել սկսաւ հողը:Երկնքի վրայ ամպ մըն իսկ չէր մնացած:Ծառերուն վրայ թռչունները  կ'երգէին:Երբ ետեւ դարձաւ տեսաւ որ արտը բոլորովին ծաղկած ու լեցուած էր արատ բերքերով:Այդ անիծուած սեւ հողի վրայ մինչեւ այդ օր ցանած բոլոր հունձքը արդիւնք տուած էր հիմա:Մարդը ապշած մնացած էր: Ինչպէս կարելի էր այսպէս բան մը, եթէ հաւատք ունենար պիտի ըսէր թէ հրաշք մըն էր պատահածը:Արաք քայլերով գնաց ձիաւորին քով:Մարդը կռնակի վրայ ինկած ու մահացած էր:Ժամանակ անգամ չէր ունեցած որպէսզի իր աչքերը փակէ:Ծռեցաւ մարդուն վրայ ու սկսաւ խուզարկել գրպանները, կուզէր հասկնալ թէ ով էր իր սպանած մարդը:Գտաւ թուղդ մը որուն վրայ գրուած էր հետեւեալը <<ուխտաւորներու մեծ կարաւան մը կը հետապնդեմ, անմիջապէս հաւաքուեցէք եւ եկէք որպէսզի ոչ ոք կարենայ փախուստ տալ>>:Թուխթին վրայ գրուած այս երկու  տողէն մարդը հասկցաւ որ իր սպանած ձիաւորը լրաբեր մըն էր, որ աւազակներու առաջնորդ ջոկատէն  դէպի իրենց գլխաւորին լուր կը տանէր որպէսզի կարաւանին ճամբան կտրեն եւ զիրենք բոլորովին կողոպտեն կամ սպանեն:Այն ժամանակ է որ ըմբռնեց թէ ինչ էր պատահածը:Մարդը որ շուարած էր իր այս վերջին քանի մը վայրկեանի մէջ ապրածներու պատճառաւ, երբ թուղթը կ'արդաց իսկոյն  խելաբերեցաւ:Բոլոր իր կեանքը շարժանկարի  երիզի մը նման աչքին առջեւէն անցաւ: Երախայութիւնը, որբանոցի տարիները, պատանութիւնը, գործած ոճիրները:Արդարեւ առանց քահանայի խոստովանութիւն մըն էր որ կ'ընէր ինքն իր  խիղճին հետ:Ցաւ զգաց իր գործած յանցանքներուն համար: Ա յդ քարասիրտ մարդը որ բոլոր իր կեանքի տեւողութեան սարսափ պատճառած էր ամէնուն, այժմ արցունք կը թափէր եւ  երախայի մը նման կ'արտասուէր: Առաջի անգամն էր որ կը զգար թէ մարդիկ իր կարիքը ունէին: Այդ ուխտաւորներու կարաւանը իր պաշտպանութեան պէտք ունէր:Որքան զօրաւոր զգացում մըն էր ինքզինք օգտակար զգալու այս զգացումը, բան մը որ մինչեւ այդ պահուն  երբեք չէր գիտցած:Գիտէր թէ այլեւս ինչ պէտք էր ընել, վազեց մտաւ իր տունը եւ ճամբու համար փոքրիկ պատրաստութիւն մը ըրաւ:Փակեց տունը եւ հեծաւ քիչ առաջ իր սպանած ձիաւորին ձիուն վրայ եւ մտրակեց:Քառարշաւ կը քշէր ձին դէպի կարաւանին գտնուած ուղղութիւնը:
    Պիտի երթար ու միանար ուխտաւորներու կարաւանին, մինչեւ ուր որ ալ անոնք երթային եւ իր կեանքի գինով պիտի պաշտպանէր զիրենք, իրենց ճամբու ընթացքին պատահելիք վտանգներէ:
 
 Մտրակեց ձին ու շարունակեց քառարշաւ յառաջանալ դէպի իր արշալոյսը:
 
Օշին Էլակէօզ
 
Մարմարա օրաթերթ
Պոլիս - 19 Մարտ 2013                 

No comments: