Subscribe

5 Jan 2013

Չորս մոմերու պատմութիւնը



Փոքրիկ գիւղաքաղաքի մը աղքատ մէկ թաղամասին մէջ,  կապրէր շատ թշուառ ընտանիք մը:Անոնք այնչափ չունևոր էին որ իրենց տան մէջ ելեկտրականութիւն անքամ գոյութիւն չունէր, ու կը լուսաւորուէին թաղի եկեղեցիէն առնուած մոմերով:Եկեղեցիի քահանան տեղեակ ըլլալով իրենց վիճակէն, արտօնութիւն տուած էր  որպէսզի երբ կարիքը ունենային երթային և եկեղեցիի մեծ մոմերէն առնէին:

Իրիկուն մը տան մէկ սենեակին մէջ չորս հատ մոմ կը վառէին: Այնչափ ծանր լռութիւն մը կը տիրէր հոն որ մոմերու ճարճատիւնը անքամ կը լսուէր:Մոմերը այս միջոցավ կը խօսէին  իրարու հետ:
Առաջին մոմը կըսէր .

-Ես հաւատքը  կը խորհրդանշեմ բայց մարդիկ այլևս զիս չեն յարգեր:

Անոնք թերահաւատ դարձած են ու օր է օր կը հեռանան իրենց եկեղեցիներէն, իրենց հաւատքէն ու իրենց մշակութային արժէգներէն:Այս բոլորը տեսնելը զիս կը տանջէ ու չեմ ուզեր այլևս այս կացութեան մէջ ապրիլ:Մոմը այսպէս ըսելէ վերջ իր ճրագը մարեց:
Յետոյ խօսքը երկրորդ մոմը առաւ և ըսաւ .

-Ես սէրը կը խորհրդանշեմ բայց աւա՜ղ այլևս մարդիկ ինծի կարևորութիւն չեն տար:Այսօր նիւթապաշտութիւնը կը գերազանցէ բարոյական արժեգները: Այս իրողութիւնը  ընտանեկան կեանքին սպառնացող մեծագոյն վտանգներէն ալ մէկն է: Այս բոլորը գիտեմ բայց մարդիկ այլևս զիս չեն ուզեր   ու իմ ձեռքես ոչինչ կուգայ, ուրեմն այս աշխարհիս վրայ այլևս ինծի պէտք չկայ: Այսպէս ըսելով երկրորդ մոմն ալ  իր ճրագը մարեց:

 Յետոյ հերթը եկաւ երորդ  մոմին որ կը խորհրդանշէր ապաշխարութիւնը: Ան նախ պահ մը լուռ մնաց ու յետոյ ակամայ խօսք առաւ ու ըսաւ .
-Իմ վիճակս ձերինէն շատ աւելի ցաւալի է:Ինչ որ ալ ըլլայ, մարդիկ որքան  ալ դեռահաւատ դարձած ըլլան, անոնք որքան որ ալ հեռացած ըլլան սէրէ ու հաւատքէ  նորէն ալ կան մեծ չափով մարդիկ որոնք թեր իրենց սրտերուն մէջ ունին հաւատքի ու սէրի զգացում։Անոնք հաւատացեալ են, կաղօթեն։ Կը սիրեն զիրար ու իրենց հարազատները: Իսկ ապաշխարութիւ՜ն : Ո՞վ գիտէ ապաշխարութեան նշանակութիւնը: Ո՞վ կարևորութիւն կուտայ այսօր հոգեկանութեան: Մարդիկ իրենք զիրենք կը վատնեն ներկայիս այլասերած աշխարհի զուարճամոլութեամբ:Առանց նոյնիսկ մտածելու թէ այս աշխարհը անցողական է :Այդպէս կապրին որ կարծէք իրենց այս աշխարհի վրայի կեանքը յաւերժական ըլլայ:Ես ի՞նչ ընեմ, որու՞ դիմեմ:

Այսպէս ըսելով ան ալ մարեց իր ճրագը:

Յանկարծ սենեակին դուռը բացուեցաւ ու փոքրիկ տղեկ մը ներս մտաւ: Տեսաւ որ մոմերէն երեքը մարած էին ու սենեակը խաւարի մէջ մնացած էր: Մութէն սարսափած աղաղակեց:
-Ի՞նչ կընէք,  ինչու՞ մարած էք ձեր ճրագը, ես մութէն կը վախնամ, դուք պէտք է որ միշտ վառ մնաք: Ու սկսաւ լալ:

Չօրրորդ մոմը որ մինչև այդ պահը հանդիսատես եղած էր բոլոր խօսակցութիւններուն տեսնելով փոքրիկ տղեկին վիճակը մեղքցաւ ու միջամտեց:

 -Մի վախնար  փոքրիկս, նայէ՝ ես հոս եմ ու  թեր չեմ մարած որովհետև ես յոյսը կը խորհրդանշեմ:  իմ ճրագովս միւս մոմերը կրնաս դարձեալ վարել: Իր արցունքոտ աչքերով  փոքրիկը վերցուց յոյսը խորհրդանշող մոմը և անոր ճրագով վարեց միւս երեք մոմերը:Սենեակը դարձեալ առաջուան նման լուսաւորուեցաւ:Ժպիտը վերադարձաւ փոքրիկ տղուն դէմքին, երեսը պայծառացաւ, յոյսը խորհրդանշող մոմին միւսներուն փոխանցած ճրագը բոլորը խանդավառեց:Բոլորը միասին մոռցան իրենց քիչ առաջուայ յուսահատ վիճակը և սկսան աւելի դրական նայիլ ապագային:

Դող յոյսը երբեք չի պակսի մեր սիրտերէն:

Դող յոյսը միշտ ընկերանայ մեր կեանքի խորթուբորթ  ճանապարհին ու   միշտ նեցուկ կանգնի մեր  ամենադժնդակ պահերուն:

Դող բոլորս այդ փոքրիկ տղուն նման, յուսահատներուն յոյս փոխանցող կանթեղներ ըլլանք:

 Ծնունդի սուրբ գիշերը բոլորս միասին աղօթենք աւելի խաղաղ,  աւելի հոգեկան արժեգներով հարուստ նոր տարիի մը ու մեր աւանդութիւններուն , մեր մշակոյթին փրկութեան համար: Աղօթենք նաև մեր ազգին այն զաւակներուն համար, որոնք մինչ մենք նոր տարին և Սուրբ Ծնունդը կը տօնենք շրջապատուած մեր հարազատներով ուրախ և զուարթ,  անոնք մեզմէ շատ հեռու չեղող երկրի մը մէջ այս սուրբ օրերը կանցնեն  ահի ու դողի մէջ կարոտ չոր հացի ու օգնութեան:

                                 Շնորհաւոր Նոր Տարի և Սուրբ Ծնունդ։

                                                          Օշին Էլակէօզ

                                                  Պոլիս 4 Յունուար 2013

 

 

 

 

 

 

 

 

No comments: