Subscribe

31 Dec 2012

Պահապան հրեշտակը մեզ չերևիր


                            
            Նոր տարուայ գիշեր էր։ Քաղաքին շողշողուն  լոյսերը  կը զարդարէին ամենուրէք:Վազվռտուք մը կար փողոցներուն մէջ։ Ժողովուրդը ժամ առաջ իր գործը վերջացնելով տուն երթալու աճապարանքի մէջ էր: Մարդը քաղաքին ամենաբարձր  բլուրին եզերքը  կեցած քաղաքը կը դիտէր։ Մեծ խրախճանք մը կար քաղաքին մէջ, իսկ ինք այս ուրախ օրը ընտրած էր որպէսզի վերջ տար իր կեանքին: Տարուայ վերջին և ամենէն ուրախ օրը, երբ բոլոր ժողովուրդը նոր տարիի առաջին վայրկեանները պիտի ապրէին ուրախութեան մէջ,  ինքզինքը պարապութեան մէջ պիտի ձգէր: Ոխ մըն էր որ կառնէր այսպէսով բոլոր մարդկութենէ և իր ճակատագրէն, բայց որու՞ն հոգն էր ասիկա: Ո ՞վ պիտի անդրադառնար, ո՞վ պիտի լսէր իր մարմնին գետին զարկած պահուն հանած այդ սոսկում ձայնը: Ո՞վ պիտի զգար իր բեռնեն ելող վերջի շունչը, ոչ ոք բայց իրէն ալ հոգը չէր արդեն: Պիտի ընէր և այդքան: Տնտեսական ծանր տագնապը երկու տարուայ մէջ բոլորովին սնանկացուցած էր զինք: Նախ բոլոր ապսպրանքները դադրած էին, յետոյ  յաճախորդները չէին կրցած իրենց պարտքերը վճարել: աւելի վերջ ինք դրամատունէն առած վարկը  չէր կրցած ետ վերադարձնել: Ստիպողաբար վերջ տուած էր իր պաշտօնեաներու գործին: Յետոյ իր գործատեղին բռնագրաւուած էր իրմէ և հիմա, ի վերջոյ իր տունն ալ քանի մը օրէն պիտի երթար իր ձեռքէն: Բոլոր ընկերները կռնակ դարձուցած էին իրէն: Այս պայմաններու տակ այլևս աւելորդ կը նկատէր ապրիլ: Ժամացոյցին նայեցաւ . ժամը գիշերուան տասնըմէկ ու կէսն էր: Գրպանէն վերջին սիկառը հանեց ու վառեց։ <<Վերջին սիկառը>> ։Ճիշտ մահուան դատապարտուածներու պէս կը զգար ինքզինքը:

 Սիկառէն հազիւ երկու շունչ քաշած էր որ ետևէն մուրացկան փոքրիկ տղու մը ձայնը զինք խանգարեց:

 -Պարոն այս նոր տարուայ գիշերին չե՞ս ուզէր այս խեղճ երախան ուրախացնել : Քիչ մը դրամ տուր  որպէսզի բորս կշտացնեմ: Մարդը զայրացած ու արհամարհանքով նայեցաւ տղուն: Այդ նոյն մուրացկան տղեկն էր որ ամէն օր իր ճամբան կը կտրէր ու ողորմութիւն կուզէր իրմէ և ինք ալ միշտ կը վռնտէր զինք:Զայրացած յանդիմանեց:

 -Ծօ կորսուէ սրիկայ նորէն դուն։

-Պարոն անգութ մի ըլլար, այս գիշեր նոր տարի է զիրար պէտք է ուրախացնենք, ինչ կըլլայ քանի մը ղրուշ տաս որ ես ալ իմ բորս կշտացնեմ:

 Մարդը  շարունակեց անտարբեր մնալ ու իր ձեռքի շարժումով տղան հեռու հրեց: Տղան զայրացած սկսաւ պոռալ մարդուն երեսն ի վեր:

 -Այս ինչ ինքնահաւան մարդ ես դուն, հոս կեցած սիկառ կը ծխես, քաղաքը վերէն կը դիտես ու կը զուարճանաս, մինչդեռ իմ նման թշուառներ նոյնիսկ չոր հացի մը կարոտ են բայց քու հոքդ անգամ չէ: Նոր տարուայ գիշերն իսկ երեսս չես նայիր:

 Այսպէս ըսելով եկաւ ու զօրաւոր գացի մը զարկաւ մարդուն սրունքին:

Մարդը ոտքին ստացած գացիին ցաւով ցնցուեցաւ ու սրունքը բռնած սկսաւ կաղալ:  Տեսաւ որ տղան իր երեսին լիրբ արտայայտութիւնով մը կը ծիծաղէր իր դէմքին: Արիւնը գլխուն խուժած սկսաւ տղուն ետևէն վազել, որպէսզի զայն բռնէ ու լաւ տփոց մը քաշէ: Տղան առջևէն մարդը ետևէն կը վազէին, բայց տղան շատ արաք կը վազէր ու շատ ալ ճկուն էր, իսկ մարդը իր հսկայ ու ծանր մարմինով չէր կրնար հասնել  իրէն: Մանաւանդ որ սրունքը ստացած գացիէն կը ցաւէր և վազած ժամանակ կաղալուն պատճառ կըլլար: Քիչ վերջ մարդը շնչասպառ ստիպուեցաւ կենալ, իսկ տղան շատոնց կորսուած էր փողոցներէն մէկուն մէջ:

Մարդը նստաւ տան մը սանդուխներէն մէկուն վրայ որպէսզի քննէ սրունքը: Ճիշտ այդ պահուն գրպանի հեռաձայնը հնչեց:

Իր փաստաբանն էր փնտռողը։ Խօսելու ձևէն կը հասկցուէր որ քիչ մը խմած էր։

 -Բարև,  կը ներես որ մինչև հիմա քեզ չի կրցայ լուր տալ: Նոր տարուայ պատրաստութիւնները զիս ժամավաճառ ըրին  ու միայն հիմա առիթը ունեցայ քեզ փնտռելու: Կարդացի՞ր այսօրուայ լուրը: Քու պարտական եղած դրամատանդ մէջ ելմտական խարդախութիւններ յայտնուէր են ու  ոստիկանութիւնը դրամատան վերջին երեք տարուան հաշիւները խուզարկումի ենթարկեր է: Դրամատան բոլոր  գործունէութեան ձեռք դրեր են: Ուրեմն այս պայմաններու տակ  չեն կրնար քու տունդ բռնագրաւման ենթարկել: Նուազագոյն տարի մը շահած եղանք։ Մէկ տարուայ մէջ ինչե՜ր կըլլայ ինչեր, ուրեմն գլուխդ հանգիստ պահէ: Աս ալ իմ քեզ նոր տարուայ նուէրս ըլլայ:

 Մարդը հեռաձայնը ձեռքին անշարժ մնաց նստած քարին վրայ: Յիշեց  որ քանի մը վայրկեան առաջ բլուրին եզերքը կանգնած, կը պատրաստուէր իր կեանքին վերջ տալ: <<Քանի մը վայրկեան առաջ>> մտածեց <<միայն քանի մը վայրկեան առաջ>>: Յետոյ ոտքի ելլալ  ջանաց ու վերզգաց ոտքին ցաւը:Յիշեց տղուն զարկած գացին ու նայեցաւ դէպի տղուն փախած ուղղութեան: Քիչ առաջ ետևէն կը վազէր որպէսզի զինք բռնէր ու լաւ մը ծեծէր, իսկ հիմա եթէ անգամ մըն ալ տղան իր դէմը ելլէր իր վզին պիտի փաթթուէր:

Ետևէն պայթումներ լսեց, ետև դարձաւ ու տեսաւ նոր տարուան հրախաղութիւնը: Նոր Տարի մտած էին:Հին ու դժբախտ տարին աւարտած էր ու մտած էին նոր տարուան մէջ:Այս նոր տարին իրեն համար կը նշանակէր նոր կեանք մը։ Իր վերածնունդի պահն էր այդ պահը:Գնաց և կեցաւ քիչ առաջուայ պատշգամին եզերքը:Բայց  կզգուշանար շատ եզերքը երթալէ քանի որ այս անգամ ընդհակառակը կը վախնար վար իյնալէ: Կեանքը  շատ աւելի գեղեցիկ կը թուէր հիմա իրէն :

 -Մէկ տարուայ մէջ ինչէ՜ր չըլլար որ գոչեց բարձրաձայն:Բարձունքէն վարի շողշողուն  քաղաքը կը դիտէր: Քաղաքին լոյսերը ապագայի համար յոյս կը ներշնչէին  իրէն:



         Ամէն անձ ունի իր պահապան հրեշտակը որոնք մեզ չեն երևնար, բայց անոնք միշտ մեզի հետ են մեր բոլոր կեանքի տևողութեան և երբ նեղութեան մէջ գտնուինք ձևով մը մեզ կ’օգնեն: Արդարև, բոլորս ալ մեր կեանքի տևողութեան   կ’ապրինք   ճգնաժամային պահեր, որոնք վճռական կարևորութիւն ունին մեզի համար:Այս պահերը մեզ կրնան հանդիսանալ մեծ արկածի մը կամ ծանր հիւանդութեան մը միջոցաւ: Կամ մեր ապագայի մասին մեր առնելիք շատ կարևոր որոշումի մը ձևով: Կամ առանց  մենք նոյնիսկ լուր ունենալու ուրիշներուն մեր մասին առած մէկ որոշումի միջոցաւ, ուրկէ մենք շահաւոր դուրս կու գանք: Արկածներէ կամ հիւանդութիւններէ կը փրկուինք,  մեր կեանքի մասին շատ լուրջ որոշում մը կառնենք և կ’անդրադառնանք որ ճիշտ որոշում մը առեր ենք: Ուրիշներ  հարիւրաւոր հոգիներու մէջէն մեզի ի նպաստ որոշումներ կրնան:Մենք այս բոլորը կը գոչենք  <<բախտ>>  ու կ’անցնինք, բայց կ’զգանք որ  մեզի ի նպաստ վերջացող բոլոր այս պատահարներու տևողութեան  բախտէ զատ ուրիշ ոյժ մըն ալ կայ որ մեզ հսկած է:Ահաւասիկ այս ոյժը մեր պահապան հրեշտակն է որ մենք զայն չենք տեսներ բայց  կ’զգանք:

             Կը մաղթեմ ձեր բոլորին որ  պահապան հրեշտակը ձեզ միշտ ռահվիրայ ըլլայ ձեր կեանքի ճանապարհին մէջ  և միշտ ճշմարիտ ու ապահով ճանապարհը ցոյց տայ :


                                 Շնորհաւոր Նոր Տարի և Սուրբ Ծնունդ

Օշին Էլակէօզ
 
Պոլիս  30 Դեկտեմբեր 2012
 

 

 

No comments: