Subscribe

11 Nov 2012

Հօրս Ճամպրուկը




Ամիս մը առաջ հօրս սենեակը, իր անկողնին տակ հին ու փոշոտ ճամպրուկ մը գտայ:Երբ զայն բացի տեսայ որ հոն կը գտնուէին, սեւ ճերմակ նկարներ ու իրենց վրայ ձեռագիրով գրուած գրութիւններ պարունակող դեղնած ու մաշած թուղթի կտորներ:Մեծ ուշադրութեամբ զանոնք բացի:Պատրած մասերը միացուցի  ու յետոյ սկսայ զանոնք կարդալ:Անոնցմէ եօթը հատը բանաստեղծութիւններ էին, որոնց չորս հատը գրուած էին << կոհակ >> ծածկանունը գործածող անձի մը կողմէ:իսկ միւս երեք բանաստեղծութիւններուն որու կողմէ գրուած ըլլալը յայտնի չէր քանի որ անոնց տակ ստորագրութիւն չկար և ձեռագիրն ալ Կոհակի կողմէ գրի առնուած բանաստեղծութիւններէն տարբեր էր:Ես բնաւ չէի լսած Կոհակ անունով բանաստեղծ մը:Նախ պրպտեցի համացանցի վրայ բայց ոչ մէկ արդիւնք ստացայ ուստի դիմեցի մեր համայնքին հանրածանօթ բանաստեղծներուն եւ գրագէտներուն խնդրելով իրենց օժանդակութիւնը:Ինչպէս Մարմարա թերթիս խմբագրապետ եւ գրագէտ պարոն Ռոպէրին եւ մեր համայնքին համբաւաւոր բանաստեղծներէն,  տր.Իգնա Սարըասլանին  բայց  անոնք ալ չէին իմացած Կոհակ անունով բանաստեղծ մը: Եթէ անոնք եւս չէին լսած այս անունը ուրեմն մեր Կոհակը պէտք էր ըլլալ անծանօթ բանաստեղծ մը, կամ ալ գուցէ անիկայ մեր ընտանիքի պարագաներէն բանաստեղծութեան սիրահար անձ մըն էր որ երբ առիթը հանդիսանար բանաստեղծութիւններ կը գրէր,  որոնք մինչեւ այսօր չէին հրատարակուած ոչ մէկ տեղ որովհետեւ առիթը կամ համարձակութիւնը չէր ունեցած զանոնք հրատարակելու:

 

  Մտածեցի թէ ով որ ալ ըլլար Կոհակը, քանի որ իր կողմէ գրի առնուած էին հայերէն բանաստեղծութիւններ ուրեմն պէտք էր զանոնք հրատարակել որպէսզի իրենց տեղը գրաւէին հայ բանաստեղծութեան հսկայ ովկիանոսին մէջ:

 

    Ստորեւ կը հրատարակեմ Կոհակի չորս բանաստեղծութիւնները:

 

 

Լքուած եմ ես

 

Կեանքիս երկնքին Աստղն էիր դուն

                                        Եւ ես կու գայի  լոյսս առնելու։

         Կեանքիս ան̕պատին ովասիսն էին դուն

                                        Եւ ես կու գայի կրակս մարելու։

      Կեանքիս խաւարին կանթեղն էիր դուն

                                        Եւ ես կու գայի մոմս վառելու:

 

Սակայն այժմ

Լքուած եմ ես

Կաթիլ մը յոյս

Կաթիլ մը լոյս

        Փունջ մը յիշատակ

 Ալ այսուհետեւ

   Այս է իմ վիճակ:

 

 

Մի՜ մոռնար թէ

 

Ամբողջ գոյութիւննիս ցնցող

Րոպէներ ապրած  ենք միասին։

Մարմինները միացնող

Էութիւննիս շաղկապող

Նեկտարը՝ ըմպած ենք միասին։

 

                   Եկու՜ր

 

Վայելքի մարմաջը դեռ չ̕անցած

Աստծոյ օրերը չի սպառած

Հոգիներնուս հուրքը չի մարած

Րոպէներուն հեւքը չի դադրած

Ապրինք կեանքը խօլաբար

Մինչեւ ծուծը անդադար

 

                  Եկու՜ր

 

 

 

Գաղտնիք մ՛ունինք մենք
 
Գաղտնիք մ՛ունինք մենք պահուած
Անդունդը մեր հոգիներուն։
Գաղտնիք մ՛ունինք մենք թաղուած
Խորքին մէջ մեր սրտիկներուն։
 
Պահենք զայն յաւիտեանս
Ամէնքէն հեռու
Ընենք զայն մեր մեհեան
Առարկայ ուխտի:
 
Ուր զոհենք մեր մարմին
Ուր նուիրենք մեր հոգին
Բայց մնայ մեր սիրոյն
Գաղտնիքը  միշտ ուրոյն
 
Թող ոչ ոք իմանայ
Վայելքը մեր կեանքին,
Թող ոչ մէկը գիտնայ
Չափը մեր նուիրումի:
 
 

Խափէ ինծի

 

Անուշ լեզուիդ նուագէն տարուած

Կրակոտ մարմինիդ տենչանքէն լարուած

Պչրոտ ակնարկիդ սլաքէն զարնուած

 

Խաբուած եմ ես

 

Սակայն կ՛ուզեմ դեռ սիրել եւ խաբուիլ

Սակայն կ՛ուզեմ տառապիլ եւ խաբուիլ

 

 

 

 

   

No comments: