Վերջին հայկական
գիւղը նուաղումի վտանգի տակ
Առօրեայ կեանքի փափուկ զգացումները, նկարագրուած Սէրքան Կիւրպիւզի պատկերավաւերագրութեան
և
Գարոլին
Թրէնտ
Կիւրպիւզի
հարցազրոյցի
միջոցաւ։Ահաւասիկ իրենց
ճամբորդութիւնը,
Թուրքիոյ
մէջ
գտնուող
վերջին
հայկական
գիւղի
մէջ,
ուր կը տիրէ յոյս և վախ
ապագայի
հանդէպ
:
Բնակչութեան իմաստութիւնը և իրենց աւանդութիւններու հանդէպ անոնց ունեցած յարգանքը, զանոնք շղթայի օղակներու նման զիրար կը միացնէ եթէ նոյնիսկ իրենց մէջ գտնուին մշակութային, կրօնական ու մտայնութեան տարբերութիւններ:Ասոր ամենալաւ օրինակն է Մէհմէտը, որ Իսլամ կրօնքի պատկանող թուրք մըն է որ կաչակցի թուրք ազգայնական ՄՀՓ կուսակցութեան բայց ծնած է Վաքըֆ գիւղի մէջ ուր կը բնակի մինչև այսօր: Իր մանկութեան բոլոր ընկերները հայ են ուստի կը խօսի հայերէն:Իր Թլփատումի արարողութեան կնքահայրն իսկ հայ մըն է։
Վաքըֆլըի մէջ երկու հարկանի տուներուն դուռները, որոնց մէջ կը բնակին երեք չորս զաւակի տէր ընտանիքներ միշտ բաց են բոլոր հիւրերուն, ըլլան անոնք զբօսաշրջիկ, լրագրող կամ բնակիչ։ Նոր սերունդները, անոնք որքան որ ալ հպարտ ըլլան իրենց արմատներէն ու իրենց պատկանած մշակոյթէն, ստիպուած են գաղթելու։ Ոմանք աւելի լաւ ապագայ մը ապահովելու, ոմանք աւելի լաւ ուսում մը ստանալու, իսկ ոմանք ալ իրենց մայրենի լեզուն սորուելու համար որովհետև միայն Պոլսոյ Հայկական վարժարաններու մէջ է որ անոնք կրնան հայերէն լեզուի դասաւանդութիւն ստանալ։
Վաքըֆ գիւղի հայերէն բարբառը, նկատի առնելով որ իր բնակիչներուն տարիքը օր է օր կը յառաջանայ, անհետացման վտանգի տակ կը գտնուի։ Դժբախտաբար
միայն լեզուն չէ որ կը նուաղի Վաքըֆլըի մէջ,
այլ կը նուաղին նաև հին աւանդութիւնները ու անոնց կը գերազանցէն նոր սերունդներու սովորութիւնները։ Ճանիք կը
բացատրէ թէ 1950 ական թուականներուն, իրենց գիւղի մէջ ժողովուրդը լաւ չէր
դիմաւորէր եթէ զոյգ մը հասարակութեան մէջ
իրարու հետ տեսնուէր։ Նոյնիսկ երբ ինք զինուորութեան պարտականութեան համար պիտի
հեռանար իր գիւղէն, վերջին օրը հրաժեշտի պահուն երբ ան բռնած էր իր կնոջ ձեռքը, ասիկա անհանգստութիւն պատճառած էր
ժողովուրդին։ Հիմա 12 տարիներ են որ գիւղին մէջ նոր ամուսնութիւն մը չէ իրականացած
:
<<Եթէ
ապրուստի և դրամ շահելու համար պայքարելու ստիպուած չէք Վաքըֆգիւղ շատ գեղեցիկ
վայր մըն է >> կըսէ Թորոս որ տեղացի համեստ մարդ մըն է որ Շիրին անունով սիրուն
շուն մը ունի։
Վիգէն որ իր
ուսումը նոր աւարտած երիտասարդ մըն է ու չի
ցանկար մեծ հաստատութիւններու մէջ
աշխատիլ այլ որոշած է հոն մնալ ու իր պտուղները հասցնել, մեզ կըսէ թէ ան վճռած է
հոն մնալ գոյատևեցնելու համար իրենց գիւղը
բայց գիտակից է թէ գիւղը օր է օր կը պարպուի
։
Նախադասութիւն մը որ վախ կը պատճառէ բոլորին։Երիտասարդները կը մեկնին, նոր ընտանիքներ չեն կազմուիր այդպէս կը դուի թէ Մուսա Լեռան քաղցր բլուրները կը դատարկուին։
<<Կը յուսամ թէ Վաքըֆլը շարունակէ ըլլալ Թուրքիոյ միակ Հայկական գիւղը, բայց անտարակոյս ան յառաջիկայի հիսուն տարիներու մէջ պիտի կորսնցնէ իր յատկութիւններէն շատերը։ Ի ՜ նչ կրնանք ընել այսպէս է կեանքը>> կըսէ երիտասարդ Անուշ ունենալով իր դէմքին վրայ դառնութեան ծանր արտայայտութիւն մը։ Իսկ Մելինէ, մեզ կը բացատրէ թէ ինք կուսանի Պոլսոյ մէջ ուր պիտի մնայ երկար տարիներ բայց կըսէ թէ
2062 թուականին երբ ան հանգստեան պիտի կոչուի կը յուսայ ետ Վաքըֆգիւղ վերադառնալ: Այդպէս ինչպէս ըրած են իր մեծ հայրը և բոլոր անոնք որոնք որոշ շրջանէ մը վերջ վերադարձած են իրենց գիւղը։ Բոլորը կը երազեն օր մը
վերադառնալ իրենց գիւղը, յուսալով որ այս ժամանակամիջոցի մէջ ան վերածուած ըլլայ
վերածաղկած ու բարգաւաճ գիւղի մը։ Իրենք յոյս ունին որ զբօսաշրջութիւնը զարգանայ
իրենց գիւղին մէջ որովհետև անոնք կը
հաւատան որ միայն զբօսաշրջութեան շնորհիւ է որ իրենց գիւղի բնակչութիւնը կրնայ
աճիլ, իրենց պարտէզները կրնան դարձեալ
ծաղկիլ և իրենց տուները կրնան դարձեալ
խանդավառուիլ։ Վիգէն կըսէ որ ան
վճռած է չի ձգել իր նարնջենիները ու չի հեռանալ ինչ որ ալ ըլլան պայմանները։


No comments:
Post a Comment