Subscribe

21 Jan 2015

Վէճ Թուրքիոյ Նախագահական նոր պալատի շուրջ



      Ամիսներէ ի վեր վիճաբանութիւն մը կը շարունակուի Թուրքիոյ օրակարգին վրայ, Էրտողամի կողմէ կառուցուած նախագահական նոր պալատի մասին, որուն համար ծախսուած են շուրջ 597 միլիոն ամերիկեան տոլար:

      Հանրապետութեան նախագութիւնը,  Թուրքիոյ  ամենաբարձր  քաղաքական իշխանութիւնն է: Հանրապետութեան նախագահը ընդունուած է պէտը թէ հանրութեան եւ թէ թրքական բանակին:

      Թուրքիոյ հանրապետութեան հռչակման թուականը եղող, 1923  թուականէն մինչեւ այսօր անցած 92 տարիներու ընթացքին ներառեալ Աթաթիւրքէն, ի բացառեալ Էրտողանէն հանրապետութեան  նախագահերուն բոլորն ալ իբր իրենց բնակարան  գործածեցին Անգարայի մէջ գտնուող Չանքայայի ապարաքը: Իսկ նախագահ Էրտողան, առաջի օրէն սկսեալ հանրապետութեան նախագահութեան նոր պալատ մը կառուցանել տուաւ եւ նախագահութիւնը փոխադրել տուաւ հոն: Իր այս որոշումէն ետք, ընդդիմադիրներու կողմէ սկսան իր հասցէին ուղղուիլ ծանր քննադատութիւններ: Ոմանք կ’ըսեն որ պետութեան գանձարանէն վճարուած այս մեծ գումարը, թուրք հայրենակիցներուն վճարած տուրքերով է որ հաւաքուած է  եւ այսպէս շռայլօրէն ծախսուիլը վայել չէ: Իսկ ուրիշներ կ’ըսեն նոյնիսկ թէ այս պալատը ապօրինի շինութիւն մըն է: Իսկ կառավարութեան մօտ եղող շրջանակները զանազան պատճառներ առաջ բերելով կը պաշտպանեն Էրտողանի որոշումը:

        Անձեալ  քանի մը ամիսներու  տեւողութեան, թեր ու դէմ շատ բաներ գրուեցան այս նիւթի շուրջ եւ  այս նիւթը կը շարունակէ օրակարգի վրայ մնալ: Կուզեմ այս նիւթէ քննարկել տարբեր տեսանկիւնէ մը դիտելով:

        Այսօր այլեւս գաղտնիք մը չէ,  որ Չանգայայի պալատի նախկին անունն էր <<Քասապեան այգէտուն>> որուն սեփականատէրերը 1915 ի աղետալի օրերուն Անգարայէն աքսորուած  էին, իսկ իրենց ապարանքը բռնագրաւուած պետութեան կողմէ: Քասապեանի թոռը Եդուարդ Չուհաճը որ ներկայիս Օթթաւա բնակող Գանատա հայ մըն է առիթով մը բողոքագիր մը գրած էր տեղական թերթերուն, պատմելով անոր իրական պատմութիւնը: Բողոքագիրին մէջ,  որ հրապարակուած էր տեղական բազմաթիւ թերթերու մէջ եւ նաեւ Մարմարա թերթին մէջ Չուխաճը կը պատմէ, որ Գասապեան ընտանիքը ոչի՛նչ ծախած է։ Ամէն ինչ բռնագրաւուած է ընտանիքէն։                          Այս բողոքագիրի դէմ պետութիւնը գոհացուցիչ  ոչ մէկ պատասխան տուած է մինչեւ այսօր: Ո ՞րքան  վայել է արդեօք, որ պետութիւն մը բոլոր 92 տարիներու տեւողութեան  իբր երկրին ամենակարեւոր իշխանութեան ապարանք, օգտագործէ շէնք մը որ իր հայրենակիցէն բռնիօրէն գրաւուած է:

      Ուրեմն նոր պալատին համար ծախսուած գումարը  այդքան ալ կարեւոր չէ : Պետութիւնը ինչ գումարներ չի ծախսէր երբ  յարկ ըլլայ: Օրինակ մը եթէ տալու ըլլանք Պոլսոյ 3րդ կամուրջին համար պիտի ծախսուին 1,9 միլիառ ամերիկեան տոլար, իսկ 3րդ օդակայանի համար առնուազն 4 միլիառ տոլար: Եթէ հարցը այս տեսանկիւնէ գնահատելու ըլլանք, արդարեւ Թուրքիոյ համար հանրապետութեան նոր պալատի մը կարիքը կար: Մնաց որ այս պալատը Էրտողանի անձնական տունը չէ, այլ հանրապետութեան նախագահութեան բնակարան  որուն մէջ Էրտողանէն վերջ ալ պիտի բնակին բոլոր յաջորդ նախարարները:

       Ասկէ վերջ շատ արդար եւ վայել որոշում մը կ'ըլլար  եթէ Քասապեան ապարանքը վերադարձուէր իր ժառանգորդներուն:

 

     Շատ արդար բայց նոյնքան  ալ երազական:

No comments: