Subscribe

17 May 2012

Լքուած Կեանքեր



          


Արեւոտ, պայծառ օր մըն էր: Օդին մէջ կը զգացուէր ծովէն դէպի ցամաք հասնող իոտի բուրմունքը: Ճայերը կը դռչտէին եւ երբ որսալիք ձուկ մը գտնէին արագօրէն կը սուրային դէպի ծով, որպէսզի չփախցնեն ծովուն մակերեսին վրայ բարձրացող ձուկերը:




Ենիգիուղի ծովափի վրայ վազվռտուք մը կար:Յոյն ձկնորսները, իրենց նաւակները առած ծով կը բացուէին չափարի ընելով ձուկ որսալու համար:Գէօյպաշըի բացը յոյն Եաննի եւ Թաքի եղբայրներուն ուռկանը կը գտնուէր : Ասիկա ձուկերուն անցքին վրայ ձգուած ու բոլորաձեւ ցանցէ կազմուած թակարդ մըն էր,որ ձուկ որսալու կը ծառայէր եւ որով կ'որսային որսային հսկայ Օրգինոս կոչուած ձուկերը:



Երբեմն հօրս հետ նաւակով կ’երթայինք ուռկանին քով, ու կը դիտէինք թէ ինչպէս կ’որսային հսկայ ձուկերը, որոնց հասակը չորս մեթրի կը մօտենար եւ կը կշռէին շուրջ երեք հարիւր քիլօ: Շիտակն ըսելու համար, կատարեալ վայրենութիւն մըն էր այս որսը, բայց ինչ կարելի էր ընել, այն ժամանակ այդ ձուկերը այդպէս կ’որսային: Ձկնորսական երկու երկար նաւակներ հորիզոնական ուղղութեամբ իրարու քով կը կենային եւ ուռկանը կը սկսէին քաշել ու նաւակին մէջ հաւաքել:Քանի ցանցը նաւակին մէջ կը հաւաքուէր, ձուկերուն գտնուած տարածութիւնը հետզհետէ կը պզտիկնար եւ ի վերջոյ անոնք հաւաքուելով կը սեղմուէին ուռկանին մէկ անկիւնը:Ձկնորսները, ձեռքերնին մէյմէկ նիզակ առած ձուկերուն կը մօտենային եւ կսկսէին զանոնք հարուածել, մինչեւ որ անոնք իրենց ստացած հարուածներու եւ արիւնահոսութեան պատճառով մեռնէին:Ծովը կարմիր գոյնի կը ներկուէր այդ պահուն:Երբ կը դիտէի այդ տեսարանը կը մեղքնայի ձուկերուն իրենց կրած տառապանքին համար ու անհամբեր կը սպասէի որ անոնցմէ մէկը ուռկանի ցանցը ծակել յաջողելով փախչէր եւ վերատիրանար իր ազատութեան:Բայց իզու՜ր....Միթէ կարելի՞ էր մարդ կոչուած, բնութեան ամենէն արիւնարբու էակին ձեռքէն ազատիլ:



Իմ բոլոր ընտանիքիս անդամները յունարէն կը խօսէին:Մայրս, հայրս,մեծմայրս,մեծ հայրս բոլորն ալ կը խօսէին սահուն յունարէն մը, հակառակ որ մեր ընտանիքի անդամներուն մէջ յոյն գոյութիւն չունէր եւ ոչ ալ յունարէն դասաւանդութիւն ստացած անձ: Երբ իրենց կը հարցնէինք թէ ուրկէ սորուած են յունարէնը, մէզ կը պատասխանէին ըսելով թէ հինէն Ենիգիւղ թաղի մէջ մեծ թիւով յոյներ կը բնակէին ու իրենց ընկերներուն մեծ քանակութիւնը յոյն հայրենակիցներէ բաղկացած ըլլալով, անոնցմէ սորուած էին յունարէն խօսիլ:Բայց յետոյ անոնցմէ շատեր ձգեր են իրենց տուները եւ գաղթեր են դէպի Յունաստան կամ այլ երկիրներ:



<< Անոնք գացին>> կ’ըսէին մեզի, իսկ մենք այդ տարիներուն հազիւ ինը կամ տասը տարեկան երեխաներ ըլլալով, չէինք կրնար հասկընալ թէ ինչ կը նշանակէր այդ <<անոնք գացին >> ը որովհետեւ մեր երեխայական մաքուր ու քաղաքական խաղերով թեր չապականած ուղեղը, չէր կրնար ընբռնել թէ մարդիկ ինչպէս կրնան ձգել իրենց ծննդավայրը ,տունը,դաղը ,ընկերները,հայրենիքը եւ հեռանալ ու երթալ օտար երկիրներ արկածախնդրութիւններ փնտռելու համար: Ի վերջոյ դժբախտաբար մենք ալ մեծցանք եւ սորուեցանք թէ պայմանները ինչպէս կրնան ստիպել մարդոց որպէսզի անոնք լքեն իրենց հօրենական տուները ու երթան առանց նաեւ իրենց ետին նայելու:Իրենց տէրերու կողմէ լքուած տուներէն շատեր, այսօր փլատակ վիճակի եւ գերեզմանական լռութեան մը մէջ թեր կը սպասեն իրենց նախկին տէրերուն որպէսզի անոնք վերադառնան եւ վերատիրանան անոնց եւ իրենց պատերուն մէջ շարունակուի այդ հին օրերու խանդավառութիւնը եւ խնջոյքները:Բայց իզու ՜ր:



Տուները իրենց տէրերուն չափ բախտաւոր չեն որպէսզի երբ հարկ ըլլայ ձգեն ու փախչին,այլ անոնք ստիպուած են դիմադրել դժուարութիւններու, թշնամութիւններու, թալաններու: Անոնք չեն կրնար փախչիլ զիրենք պատող հրդեհներէ այլ ստիպուած են կանգուն կենալ իրենց տեղը ու դիմադրել, կամ սպասել որ մարդիկ գան եւ մարեն հրդեհը ու ազատեն զիրենք:Իսկ եթէ այդ նոյն մարդիկն են այդ հրդեհները հանողնե՜ րը, այդ տուները հրկիզողնե՜ րը:



Պոլսոյ Իշխանած կղզիներու մէջ կան այդպէս լքուած տուներ:Ինչպէս նաեւ Մարմարա ծովու մէջ գտնուող հին յունաբնակ Պօզճաատա - Tenedos եւ Կէօքչէատա – İmbroz կղզիներու մէջ կան այդպէս բոլորովին լքուած բազմաթիւ գիւղեր որ երբ հեռուէն եթէ դիտէք իրենց տուներով,վարժարաններով,եկեղեցիներով ու իրենց զանգակատուներով գեղեցիկ գիւղեր են բայց տխուր է տեսարանը երբ շրջիք այդ գիւղերու փողոցներու մէջ:Մեռելական անձայնութիւն մը կը տիրէ այդ լքուած տուներու եւ փողոցներու մէջ, այդպէս որ կարծէք թէ չէք շրջիր թաղի մը փողոցներուն մէջ, այլ գերեզմանատան մը մէջ եւ կը վախնաք աղմուկ հանելէ որպէսզի անհանգստութիւն չի պատճառէք հանգուցեալներու հոգիներուն:



Իսկապէս շատ տխուր եւ սոսկում է տեսարանը երբ շրջիք այդ լքուած տուներու միջեւ:Կը քալէք ամայութեան մէջ ու քանի կը քալէք կը լսէք միայն ձեր քայլերու ձայնը որ հեռուէն կ'արձագանքուի:Սկիզբը կրնաք սոսկալ բայց վարժուելու հարց է միայն:Իսկ երբ վարժուիք այդ ամայութեան այն ժամանակ տարբեր զգացումով մը պիտի շրջիք այդ լքուած փողոցներու մէջ:Նախ պիտի մտերմանաք մթնոլորտին եւ պիտի զգաք, որ այդ ամայի մթնոլորտը առաջուան պէս ձեզ սարսափ պիտի չի պատճառէր:Իսկ աւելի վերջ հեռուէն ձայներ պիտի սկսիք լսել:Կըսեն թէ ձայնը երբեք չի կորսուիր տիեզերքին, մէջ այլ տեւական կը շրջի:Ահաւասիկ եթէ ձեր սրտով մտիկ ընելու ըլլաք պիտի լսէք անցեալէն եկող ձայներ:Ձայներ ուրախ,զուարթ,ձայներ խնջոյքի եւ այն ժամանակ պիտի անդրադառնաք որ անոնք հոն են տակաւին, չեն լքած իրենց տուները ու հեռացած իրենց թաղերէն:Անոնք միշտ հոն էին եւ միշտ ալ հոն պիտի ըլլան:Միշտ պիտի սպասեն ձեր այցելութեան, միշտ պիտի սպասեն որ ձեզ նման զանոնք մտիկ ընելու իմաստութիւնը ունեցող անձեր այցելեն զիրենք իրենց թաղերուն մէջ եւ մասնակցին անոնց ուրախութեան,անոնց խրախճանքին:Բայց գիտցէք որ անոնց ձայնը ձեր ականջներու միջոցաւ չէ որ պիտի լսէք: Ձեր ականջները անկարող կը մնան զանոնք լսելու մէջ, այլ միայն ձեր սիրտն է որ կրնայ լսել անոնց անցեալէն եկող ձայնը:Միայն ձեր սրտի միջոցաւ է որ անոնց հետ կրնաք յարաբերութեան մէջ մտնել:




Օշին Էլակէօզ
Պոլիս - 17 Մայիս 2012















1 comment:

ՍԻԼՄԱՐԺԱՆ said...

Գումգաբուի փողոցներէն, Կէտիտփաշաի զարիվերէն դէպի վար վազող երախաները կը պոռային «Մայրի՜կ շատ տարիներու...Մելքոն, Գասպար եւ Պաղտասար Աւետիս...» եթէ մեր սրտի ականջներով ունկնդրենք կրնանք լսել արդեօ՞ք կրկին այս ձայները ... Շնորհակալութիւն սիրելի Օշին այս մի քանի վայրկեաննոց յետահայեացքին համար: