Subscribe

15 Sept 2011

Երախտապարտութեան Արցունքները


Ցուրտ ձմեռուայ օր մըն էր:Ձիւնի փաթիլները սկսած էին կամաց կամաց ծածկել Պոլսոյ Պալատ թաղի նեղ ու աղքատ փողոցները:

Մարդը իր տան պատուհանէն դուրս կը նայէր ու կը մտահոգուէր որովհետեւ այս տարի շատ փայտ չէր կրցած ծախու առնել:Կնոջը դարձաւ մտահոգուած ոճով մը ու ըսաւ .

-Այդպէս կ 'երեւայ թէ այս տարի ձմեռը անցեալ տարուանէ աւելի սաստիկ պիտի անցնի եւ փայտերնիս ալ քիչ է, մեզի համար ողբերգութիւն մը կ 'ըլլայ եթէ ձմեռուայ կէսին առանց փայտի մնանք:

Կինը չի մտահոգուած ձեւացնելով պատասխանեց իր ամուսինին:

-Հոգ չէ, հոգ մի ընէր, երկու հոգի ենք, ոչ զաւակ կայ ոչ պառաւ մայր հայր, մենք ալ ձեւով մը կ 'անցնենք ձմեռը :Արդէն ի՞նչ է որ Պոլսոյ ձմեռը , կը տեսնես քանի մը օրէն օդը դարձեալ կը մեղմանայ:

Մարդը չի պատասխանեց իր կնոջը:Գիտէր թէ կինը զինք քաջալերելու համար էր որ այդպէս կը խօսէր:Կը ճանչնար այլեւս իր կնոջը բնաւորութիւնը:Միշտ այսպէս կ 'ըլլար, երբ ինք յուսահատ ու անտրամադիր վիճակի մը մէջ ըլլար կինը անմիջապէս քաջալերական խօսքով մը ամուսնոյն տրամադրութիւնը շտկել կը ջանար :Երեսուն երկու տարի է որ ամուսնացած էին: Սկիզբը երջանիկ ամուսնութիւն մըն էր իրենցը : Պոլսոյ Եշիլգիւղ թաղի բնակիչն էին երկուքն ալ ու զիրար թաղէն ճանչցած ու սիրահարուելով ամուսնացած էին: Ամուսինը շատ վարպետ ոսկերիչ մըն էր որ պարկեշտ ըլլալուն համար շատ կը յարգուէր շուկային մէջ :

Տարի մը վերջ իրենց երջանկութիւնը կրկնապատկուած էր երբ բախտաւորուած էին մանչ զաւակով մը :Բարեկեցիկ ու երջանիկ ընտանիք մըն էին որ շատ բան չէին սպասէր կեանքէն ու միշտ փառք կու տային Աստուծոյ, իրենց պարգեւած կեանքին համար: Բայց իրենց այս երջանկութիւնը երկար չէր տեւած:Իրենց զաւակը օր մը յանկարծ անհանգստացած էր:Անմիջապէս զինք տարած էին հիւանդանոց ու բժիշկները իրենց քննութիւնը աւարտելէ վերջ, ըսած էին որ իրենց զաւակը ի ծնէ սրտի անբաւարարութիւն ունէր:Ամէն ինչ ըրած էին կարենալ բուժելու համար իրենց զաւակը:Քաղաքին ամենալաւ ու համբաւաւոր բժիշկներուն տարած էին , բայց խեղճ տղուն սիրտը հազիւ մէկ տարի եւս կրցած էր դիմանալ հիւանդութեան: Երջանիկ ու քիչէն գոհացող ընտանիք մըն էին, բայց այս քիչն ալ շատ տեսնուած էր իրենց ու իրենց մէկ հատիկ զաւակը մահացած էր իր ինը տարեկան հասակին մէջ:

Այդ օրուընէ վերջ իրենց կեանքն ալ փոխուեցած էր :Ծանր յուզմունքը պատճառ եղած էր որ մարդը շաքարախտէ վարակուի, որը պատճառ եղած էր որ իր աչքերը իրենց սրութիւնը կորսնցնէ ու այլեւս չի կարենայ իր ոսկերիչի ասպարէզը շարունակել : Շուկայէն զինք ճանչցող իր հին բարեկամները, որոնք շատ կը սիրէին ու կը յարգէին զինք իրէն առաջարկած էին գործ տալ իրենց խանութին մէջ իբրեւ վաճառորդ: Ճիշտ էր որ իր աչքերը ոսկերչութիւն ընելու համար պէտք եղած սրութիւնը չունէին այլեւս, բայց փորձառու ու շատ վստահելի ոսկերիչ մը ըլլալով կրնար ոսկերիչի խանութի մը մէջ աշխատիլ իբրեւ վաճառորդ:Բայց ինք մերժած իր բարեկամներուն առաջարկը որովհետեւ սիրտ չունէր այլեւս մարդոց հետ խօսելու, սակարկութիւն ընելու ու ինչ ինչ խորամանկութիւններ ընելով իր ձեռքի գոհարեղէնը յաճախորդներուն ծախել աշխատելու: Կօշիկ ներկելու տուփերէն հատ մը առած , անկիւն մը քաշուած ու առանց մարդոց հետ խօսելու , լռութեան մէջ իր վիշտը ապրելով ու արցունքները իր մէջ վազեցնելով անցորդներուն կօշիկները կը ներկէր :

Մարդը մտածումներու մէջ թաղուած դեր պատուհանէն դուրս կը դիտէր երբ իր կինը ձայնեց ըսելով որ ընթրիքը պատրաստ է:
Հազիւ թէ այր եւ կին նստած էին սեղանին շուրջ, մէջը հաց փշրուած աման մը ապուր խմելու համար որ փողոցի դուռը զարնուեցաւ :Մարդը իր կնոջը նայեցաւ զարմանքով եւ ըսաւ:

-Խեր է , ո՞վ կրնայ ըլլալ այս ժամուն:

Ելաւ աթոռէն ու սանդուխներէն վար իջնելով դուռը բանալու գնաց :Երբ բացաւ դուռը, տեսաւ որ դուրսը տեղացող ձիւնին տակ ցնցոտիներու մէջ հազիւ ինը, տասը տարեկան փոքրիկ տղայ մը կեցած լալագին արտայայտութիւն մը իր դէմքին իրէն կը նայէր:Տղեկը իր ցնցոտիներու մէջ ու պատռտած կօշիկները իր ոտքին յայտնի էր որ կը մսէր ու դողդողուն ձայնով մը ըսաւ:

-Հօբար , անօթի եմ մեռածներուդ հոգւոյն սիրուն պատառ մը հաց տուր:

Մարդը շշմած մնացած էր բայց իր կինը որ սանդուխին վերի ծայրը կանգնած ներկայ գտնուած էր եղածին անմիջապէս ձայնեց վերէն:

-Եկուր տղաս, վեր եկուր աման մը ապուր խմէ որ տաքնաս:

Տղան մարդուն քովէն սահելով, կայծակի արագութեամբ սանդուխներէն վեր վազեց ու կնոջ իրէն ցոյց տուած աթոռին վրայ նստելով, մեծ ախորժակով սկսաւ լափել մէջը հաց փշրուած տաք ապուրը: Օրերէ ի վեր բերանը կտոր մը չոր հացէ զատ բան մը չէր դրած ու անօթի էր: Երկուքին ալ բնաւ հոգը չէր որ տղեկը բոլոր ապուրը խմած ու իրենց ճաշելու համար ոչինչ ձգած էր: Երկուքն ալ մեծ հաճոյքով կը դիտէին շնչասպառ վիճակի մէջ իրենց ապուրը խմող տղան: Տղեկը երբեմն գողտի նայուածք մը կը նետէր սեղանին վրայ որպէսզի տեսնէ թէ ուրիշ ուտելիք բան մը կար թէ ոչ :Կինը ի զուր տեղ քանի մը անգամ հարցուցած էր տղուն անունը եւ ուրկէ գալը բայց խեղճ անօթի տղուն բերանը այդ պահուն բացի ուտելէ ուրիշ բանով չէր կրնար ժամավաճառ ըլլալ :
Տղան երբ տեսաւ թէ ապուրը վերջացած էր ու այլեւս բան մը չկար ուտելու, ձեռքին հակառակովը բերանը սրբեց ու ոտքի ելլելով ըսաւ:

-Շնորհակալութիւն մօրքուր, Աստուած տեղը լեցնէ:

Ու դէպի դուռ ուղղուեցաւ որպէսզի երթայ:Կինը ճամբան կտրելով պաղատագին ձայնով մը ըսաւ:

-Տղաս, ու՞ր կերթաս այս ժամուն, այս ցուրտին :Տուն, տեղ ունի՞ս մնալու:

Տղան գլուխը առջեւ ծրելով չի պատասխանեց:Յայտնի էր որ մնալիք ոչ տուն մը ունէր ոչ ալ պատսպարան մը:

-Տղաս, այս ցուրտին դուրս մի ելլեր, գիշերը հոս մնացիր, վաղն ալ Աստուած ճամբայ մը կը ցուցնէ: Ըսաւ կինը ու շարունակեց:

-Դուն հիմա հոս նստէ ես ջուր տաքցնեմ եւ քեզի սանկ լաւ մը լուամ, յետոյ գետինը անկողին մը կը բանամ, մաքուր սաւաններ կը փռեմ ու գիշերը լաւ քուն մը կը քաշես:

Կինը եւ իր ամուսինը ներս գացին որպէսզի փայտ վարէն ու ջուրը տաքցնեն:Գործերնին վերջացնելէ վերջ երբ սենեակ մտան, տեսան որ տղան կօշիկները հանէր,բազկաթոռին վրայ լաւ մը պլլուէր կը քնանայ:Օրուան յոգնութեան, ձմեռուան ցուրտին եւ անօթութեան վարժ եղող տղան, տաքը տեսնելէ, փորը կշտացնելէ, ու քնանալու համար ապահով վայր մը գտած ըլլալէ վերջ, լաւ մը թուլցած ու չէր կրցած դիմադրել քունին իր աչքերուն կոպերուն վրայ գործած ճնշումին ու յանձնուած էր խոր քունին: Այր եւ կին իրար նայեցան ու ժպտեցան յուզումնալից :Կինը ներսէն վերմակ մը բերաւ ու տղուն վրայ ծածկեց, մարդն ալ քանի մը հատ փայտ ներեց վառարանին մէջ որպէսզի սենեակը աւելի տաքնայ:

Երբ այր եւ կին պառկելու գացին, պահ մը աչք աչքի եկան:Առանց իրարու բան մը ըսելու գիտէին որ երկուքն ալ նոյն բանը կը մտածէին այդ պահուն: Ներսի տղեկը ո՞րքան ալ կը նմանէր իրենց Վարդանիկին: Ուրախ զգացում մը կար իրենց մէջ:Յոյս մը դերեւս:Այդ խեղճ տղեկը, հակառակ որ օտար մըն էր, մեծ պարապութիւն մը լեցուցած էր իրենց մէջ:

Յաջորդ առաւօտ այր եւ կին աւելի կանուխ ու շատ աւելի եռանդոտ արթնցան: Իրենց մէջ տարօրինակ յուզում մը, կեանքի հանդէպ սէր մը կար այդ օր: Կինը նախաճաշի համար բաներ մը պիտի պատրաստէր ու մարդն ալ վառարան փայտ պիտի նետէր, որպէսզի սենեակը տաքնար:Ընդհանրապէս այդ ժամուն չէին վառէր վառարանը որպէսզի փայտերը խնայէն,բայց այդ օր յատուկ օր մըն էր իրենց համար:Այր եւ կին կամաց մը մտան սենեակ որպէսզի տղեկը չարթնցնեն բայց սենեակը պարապ,տղեկը մեկնած էր:Մարդը տունէն դուրս ելլելով մինչեւ փողոցի անկիւնը վազեց որպէսզի եթէ տղան նոր մեկնած ու դեր փողոցը գտնուած ըլլար զինք ետ բերէր որ գոնէ երթալէ առաջ փորը կշտացնէր, բայց տղան շատոնց մեկնած էր ու մարդը գլխիկոր տուն վերադարձաւ:

-Հոգ մի ընէր,գիշերը երբ փորը անօթենայ ու պառկելու համար տաք տեղի մը կարօտը զգայ նորէն կը վերադառնայ: Ըսաւ կինը, բայց տղան չի վերադարձաւ:

Ոչ այդ օր, ոչ ալ ուրիշ օր , տղան այլեւս չի վերադարձաւ:

Տարիներ անցան այդ դէպքին վրայէն:Մարդը մահացաւ ու կինը առանձին մնաց իր տառապանքին ու ճակատագրին հետ:Կինը այլեւ ոչ մէկ հասոյթ ունէր ու կարօտ էր իր դրացիներուն օգնութեան:Տան օճախը բոլորովին մարած էր այլեւս:Ոչ հաց ունէր ուտելիք ոչ ալ փայտ ունէր վառելիք:Իր դրացիները ամէն օր իրենց համար եփած ճաշէն կը տանէին իրէն,իսկ եթէ պատահէր որ օր մը չի տանէին այդ օր ոչինչ կուտէր կինը:Արդէն ուտելու կարիքն ալ չէր զգար:Նիհարցած ու ծերացած էր եւ կը նստէր միշտ պատուհանին առջեւ դիտելով հեռուները կարծէք թէ գալիք մէկը կը սպասէր:Երբ դրացիները իրէն կը հարցնէին թէ ինչու համար միշտ հոն նստած պատուհանէն դուրս կը նայի, անոնց կը պատասխանէր ըսելով<< կը սպասեմ>> :Ամէնքն ալ գիտէին թէ խեղճ կինը կեանքին մէջ ոչ ոք ունէր սպասելիք :

Ցուրտ ձմեռուայ օր մըն էր դարձեալ ու ձիւնի փաթիլները սկսած էին կամաց կամաց ծածկել Պոլսոյ Պալատ թաղի նեղ ու աղքատ փողոցները:

Արեւը քանի մը ժամ առաջ մարը մտած, օդը աւելի պաղած,փողոցները մարդ չէր մնացած:Ժողովուրդը տուն,իրենց ընտանիքին քով վերադարձած,միասին ընդրած ու տաք վառարաններու շուրջ հաւաքուած էին: Կինը պատուհանին առջեւ նստած դուրս կը դիտէր:

Հեռուէն,մութին մէջէն արդիական ու շքեղ կառք մը երեւցաւ որուն անիւները գետինը ծածկած ձիւնին վրայ սեւ ու երկար հետք մը ձգելով դանդաղօրէն եկան ու կեցան տան դռան առջեւ:Կառքէն երկայնահասակ ու բարաւոր երիտասարդ այր մարդ մը իջաւ եւ տարիքոտ կնոջ տան դռան դիմացը կենալով դուռը զարկաւ ու սպասել սկսաւ:Տարիքոտ կինը դանդաղօրէն սկսաւ սանդուխներէն վար իջնել բայց մարդը բնաւ չէր աճապարէր:Կնոջ դրացիները, որոնք այդ պահուն իրենց տան պատուհաններէն մեծ հետաքրքրութեամբ կը դիտէին դէպքը առաջի անգամն էր որ կը տեսնէին այդ մարդը, բայց կարծէք թէ մարդը շատ ալ օտար չէր այդ տան ու մէջ բնակողներուն քանի որ միայն մէկ անգամ զարկաւ տան դուռը ու սկսաւ երկար սպասել առանց երկրորդ անգամ մը զարնելու:Կերեւի թէ մարդը գիտէր որ տան մէջ տարիքոտ կին մը կայ ու չի կրնար աճապարել:

Ի վերջոյ կինը դուռը բացաւ ու արցունքոտ աչքերով նայեցաւ մարդուն երեսն ի վեր:Ծեր կնոջ շրթները կը դողդղային , բան մը ըսել կուզէր բայց այդչափ յուզուած էր որ չէր կրնար խօսիլ:Մարդը եղաւ առաջին խօսողը ու ըսաւ:

- Քեզ իմ տունս տանելու եկայ մայրիկ,ասկէ վերջ ինծի հետ միասին իմ տանս մէջ պիտի ապրիս:

Կինը, առանց պատասխանելու հնազանդեցաւ իրէն ու միասին սկսան դանդաղօրէն սանդուխներէն վեր ելլել:Երբ հասան վերջի սանդուխը պառաւ կինը շնչասպառ նստեցաւ բազկաթոռին վրայ ու մարդը գնաց որ կնոջ ունեցած հազիւ քանի մը կտոր անձնական ապրանքը հաւաքէ:Մարդը իր գործը վերջացնելէ վերջ երբ վերադարձաւ սենեակ տեսաւ որ խեղճ կինը յոգնութենէ տարուած քնացեր էր բազկաթոռին վրայ:Հոն ուր տարիներ առաջ երբ ինք հազիւ ինը տարեկան տղեկ մըն էր, ձմեռուան ցուրտ օր մը եկած էր այդ տունը եւ փորը կշտացնելէ վերջ յոգնութենէ ինկած ու գնացած էր: Մարդը չուզեց կինը արթնցնել ու անհանգիստ ընել այդ ժամուն, քանի որ ան խոր գունի մէջ էր արդէն եւ ներսէն վերմակ մը բերելով դրաւ կնոջ վրայ: Ինքն ալ ուրիշ վերմակ մը իր վրան առնելով երկնցաւ ուրիշ բազկաթոռի մը վրայ:

Տարիներ առաջ երբ ձմեռուան ցուրտ օր մը, մսած ու անօթի այդ տունը այցելած էր բնաւ չէր մտածած թէ այդ տան մէջ իրէն ցոյց տրուած գուրգուրանքը իր ճակատագրին փոխուելուն պատճառ պիտի ըլլար:Մինչեւ այդ օր իր կեանքին մէջ իր քով երբեք չէր զգացած մօր մը կամ հօր մը գոյութիւնը ու ապրած էր փողոցները,փլատակներու մէջ ստորադասուած բոլորէն:Ապրած էր անասունի մը նման փողոցները թափառելով, իր մէջ ունենալով միայն իր առօրեայ հացը ապահովելու բնազդային զգացումը:Ընդհանրապէս մուրալով կամ աղբամանները խառնելով,երբեմն ալ գողնալով հետեւաբար հալածուելով ժողովուրդի կողմէ:Այդ օր, այդ տան մէջ իրէն ցոյց տրուած ընտանեկան գուրգուրանքը առաջին անգամ ըլլալով իրէն զգացուցած էր որ ինքն ալ մարդու զաւակ մըն է ու առաջին անգամ ըլլալով իր մէջ զգացած էր ամօթի զգացումը:Այդ օր, այդ տաք տան մէջ,փորը կուշտ ու ապահով տանիքի մը տակ մինչեւ առաւօտ առիթը ունեցած էր մտածելու իր մասին, իր կեանքի ու իր ապագայի մասին եւ առաջին անգամ ըլլալով զգացած էր իր մէջ իր բոլոր կեանքը այսպէս փողոցները թափառելով անցնելու դատապարտուած մնալու վախը ու առաջին անգամ ըլլալով ինքն իրէն ուղղած էր սա հարցումը . <<ի՞նչ պիտի ըլլայ իմ վերջս >>:

Այդ եղած էր պատճառը որ յաջորդ առաւօտ կանուխէն, առանց տունիններուն արթննալուն սպասելու ,առանց իր փորը կշտացնելու մասին մտահոգուելու, փախած ու հեռացած էր տունէն որովհետեւ ամչցած էր այդ ցնցոտիներու մէջ օր մը առաջուան պէս ներկայանալու ու գուրգուրանք մուրալու տունիններէն որովհետեւ ան մտայնութեամբ օր մը առաջուան թշուառ էակը չէր այլեւս:

Բնականօրէն իր այդ վիճակին շատ դժուար եղած էր գործ մը գտնելը:Սկիզբը ոչ ոք վստահած էր ցնցոտիներու մէջ գտնուող այդ փողոցային տղուն, բայց զօրաւոր հաստատակամութեան զգացում մը արթնցած էր այլեւս իր մէջ ու վճռած էր ազատելու այդ կեանքէն:Ի վերջոյ գործ մը գտած ու սեղմօրէն փաթթուած էր այդ գործին:Յետոյ աւելի լաւ գործեր ըրած, հետզհետէ աւելի ծանր պատասխանատուութիւններ ստանձնած ու ի վերջոյ հիմնած էր իր սեփական գործը ու հիմա եկած էր իր խղճի պարտքը վճարելու անոր որ տարիներ առաջ պատճառ եղած էր որ իր կեանքը փոխէ:

Յաջորդ առաւօտ մարդը կանուխէն արթնցաւ, ծեր կինը դեր կը քնանար : Կնոջ քով գրած ու ձայնեց :

-Մայրիկ արթնցիր, քեզ իմ տունս պիտի տանիմ:Ասկէ վերջ դուն միշտ հանգիստ պիտի ընես :Քեզ իմ մօրս պէս պիտի խնամեմ :

Կինը խոր գունի մէջ էր ու չէր լսած տղուն խօսքերը:Տղան անգամ մը եւս ձայնեց կնոջ ու ուսէն թեթեւ մը շարժեց բայց կինը չէր արթննար:Մարդը այս անգամ կնոջ ձեռքը բռնեց ու զայն վերցնելով արթնցնել փորձեց:Երբ կնոջ ձեռքը իր ձեռքին մէջ առաւ անդրադարձաւ որ ձեռքը տարօրինակ օրէն պաղ էր:Մարդը նայեցաւ կնոջ ճերմակ դէմքին,կիսաբաց աչքերուն եւ գունատ շրթներուն:Կնոջ պաղ ձեռքը շրթներուն տարաւ ու համբուրեց:

Երախտապարտութեան քանի մը կաթիլ արցունք տղուն աչքերէն սահելով ինկան ու թրջեցին կնոջ անկենդան ձեռքը :


Օշին Էլակէօզ

Պոլիս - 12 Սեպտեմբեր 2011




2 comments:

Jirair Tutunjian said...

Once again thank you, Oshin, for your work. Much appreciated.

ՍԻԼՄԱՐԺԱՆ said...

Շատ սրտառուչ իրական կեանքի հէքեաթ մը...: Ականատես եղած եմ նման պարագայի մը ուր կաթուածահար մայր մը երկար տարիներ սպասած է հեռաւոր երկիր մը գաղթած զաւկին վերադարձը: Իր վերջին շունչը յանձնելով զաւկին սեւեռած քնքոյշ նայուածքէ մը վերջ:
Շնորհակալութիւն սիրելի Օշին: