Subscribe

15 Jun 2011

Մօր կարօտը



Տղան հազիւ տասնը մէկ տարեկան էր, երբ հայրը զինք իր դիմացը առաւ եւ հարցուց:

-Տղաս, կ'ուզես որ քեզի քու այդ շատ ուզած խաղալիքդ առնեմ թէ քեզ արտասահման գիշերօթիկ դպրոց ղրկեմ:

Հայրը իր տղուն այս հարցումը ուղղած ժամանակ վստահ էր թէ տղան խաղալիքը պիտի ուզէր: Ո՞ր երեխան կրնար ուզել հեռանալ իր տունէն,հօրմէն, մօրմէն եւ երթալ արտասահման ու տարիներով ուսանիլ գիշերօթիկ դպրոցի մը մէջ:Հարկաւ թէ տղան խաղալիքը պիտի նախընտրէր եւ հայրն ալ ազգականներուն պիտի ըսէր որ երեխան երթալ չուզէր, ուստի կարելի չէր ստիպել:Այսպէսով հայրն ալ պիտի ազատէր, իր միակ որդին հազարներ քիլոմեթր հեռու ղրկելէ ու տարիներով հեռու իյնալէ իր միակ ու հարազատ որդիէն:Բայց հայրը կը սխալէր, տղան առանց պահ մըն իսկ մտածելու պատասխանեց:

-Ինծի արտասահման գիշերօթիկ դպրոց ղրկէ’ :

Տղան այլեւս ձանձրացած ընտանեկան վիճաբանութիւններէ , կռիւներէ երթալ ու հեռանալ կ 'ուզէր այս բոլորէն, ձգելով բոլոր դժբախտութիւնները իր յետին:Ի՞նչ էր իր յանցանքը, ինչու՞ ինք ստիպուած ըլլար ընտանեկան խռովութիւններու մէջը մնալու ու մասնակից ըլլալու իրմէ անկախ եղող անհամաձայնութիւններու տառապանքին:Հեռու երկիր կ'ուզէր երթալ:Հեռանալ ու մոռնալ ամեն բան ու ամեն մարդ:Մայր, հայր, ընտանիք, ազգականներ խերն էր անիծեր բոլորին:

Եւ այդպէս ալ եղաւ, տղան գնաց հեռուները:Առաջի շաբաթը տղան իր մօրը հետ գացած էր որպէսզի տեղաւորուի գիշերօթիկ վարժարան:Վերջին օրը, մօրը մեկնումէն առաջ միասին սրճարան մը նստած էին:Մայրը գաւաթ մը թէյ, ինքն ալ պտուղի մը ջուր խմած էր:Առաջին անգամ ըլլալով հոն ծանօթացած էր <<անանաս>> ի ջուրի հետ ու շատ հաւնած էր:Մայրն ալ մօտակայ նպարավաճառէ մը շիշ մը անանասի ջուր արած էր տղուն:Յետոյ միասին գացած էին դպրոց եւ մուտքի դռան առջեւ իրարու փաթթուելէ վերջ բաժնուած էին իրարմէ:

Առաջի անգամն էր որ տղան գիշերօթիկ վարժարանին մեծ ու պատկառազդու դռնէն առանձին ներս կը մտնէր:Ներսը մութ էր ու խոնաւութիւն կը հոտէր:Գետնի հին ու մասամբ կոտրած քարերը, շէնքին բարձր ձեղունը ու խոնաւութենէ ապականած օթը մելամաղձոտ մթնոլորտ մը կ'ստեղծէր:Իր առջեւ կը գտնուէին իրարու յաջորդող մութ նրբանցքներ, փակ ու հսկայ դռներ որոնցմէ պէտք էր անցներ որպէսզի երթար ու միանար միւս աշակերտներուն:Տղան սարսափած մնաց այս տեսարանին առջեւ ու առաջին անգամ ըլլալով վախ մը զգաց:Պահ մը մտածեց ետ դառնալ ու մօրը ետեւէն վազել բայց այլեւս շատ ուշ էր:Կար նաեւ արժանապատուութեան խնդիր մըն ալ որ կը զսպէր զինք:Իրէն հարցուցած էին եւ ինք անձամբ ուզած էր ձգել բոլորը ու հեռանալ, իսկ հիմա կարելի՞ էր միթէ զղջացած երեւնալ իր տուած որոշումին վրայ:Տղայական արժանապատուութիւնը չէր արտօներ այսպէս վարուելակերպ մը:Առաջին անգամ ըլլալով զգաց թէ այլեւս առանձին էր աշխարհիս վրայ ու սարսուռ մը զգաց:Յանկարծ յիշեց իր ձեռքին մէջ գտնուող շիշ մը անանասի ջուրը զօր իր մայրը առած էր իր մեկնելէն առաջ:Լաւ մը կուրծքին սեղմեց շիշը եւ արաք քայլերով անցաւ բոլոր նրբանցքներէն եւ դռներէն:Սանդուխներէն բարձրացաւ ու հասաւ ննջարան ու շիշը իր պահարանին մէջ տեղաւորելով դուրը կղպեց:

Երբ գիշեր եղաւ ու պառկիլ գացին, իր մայրը չկար իր քով այլեւս որպէսզի զայն պառկեցնէ, վերմակը իր վրան գոցէ ու մայրական անոյշ ձայնով մը <<գիշեր բարի բալիկս >> ըսէ ու համբոյր մը տայ իր ճակտին:Իր սեփական ննջասենեակն ալ չունէր պառկելու համար, այլ կը գտնուէր մեծ ու ընդարձակ ննջարանի մը մէջ ուր կը պառկէին երեսունի մօտ աշակերտներ որոնցմէ ոչ մէկը կը ճանչնար, խօսած լեզունին անգամ լաւ չէր հասկնար:Մայրը իր քովը չէր այլեւս որպէսզի գաւաթ մը ջուր ուզէր իրմէ ինչպէս կընէր ամէն գիշեր այլ բոլորովին առանձին էր այլեւս:

Սկսաւ խուճապի մատնուիլ, ու յիշեց ամիսներ առաջ իր հորը իրէն ուղղած հարցումը. <<կ 'ուզես որ քեզի քու այդ շատ ուզած խաղալիքը առնեմ թէ քեզ արտասահման գիշերօթիկ դպրոց ղրկեմ>>:

Որքան պիտի ուզէր ժամանակը ետ կարենար բերել: Տաքութիւն մը պատեց բոլոր մարմինը,կարծես անտեսանելի ձեռք մը իր կոկորդը կը սեղմէր, աչքերը սկսան արցունքոտիլ:Յանկարծ յիշեց շիշ մը անանասի ջուրը որ իր մայրը արած էր իր մեկնելէն առաջ:Անկողինէն վար իջաւ, գնաց եւ բացաւ պահարանը, շիշը առաւ, կափարիչը բացաւ քանի մը ումպ խմեց:Յետոյ շիշէն երկար հոտ մը քաշեց: Հիմա քիչ մը հանդարտած էր: Կափարիչը գոցեց, շիշը տեղը դրաւ ու գնաց պառկեցաւ:

Այդ օրուընէ վերջ, ամէն գիշեր երբ մայրը կարօտնար ու աչքերը արցունքով լեցուէին,կ'երթար շիշը կը բանար եւ ումպ մը կ'առնէր ու շիշին մէջի հոտը կը հոտուըտար: Ի վերջոյ շիշին մէջինը հատաւ:Տղան շիշը լաւ մը լուաց ու դարձեալ պահեց իր պահարանին մէջ:Գիշերները երբ իր մայրը կը կարօտնար, կ 'երթար շիշը կը բանար եւ մէջի հոտը կը հոտուըտար:Այն գիշերները որ կարօտը այլեւս անհանդուրժելի կը դառնար , շիշը անկողին կը տանէր ու անոր փաթթուելով կը քնանար:

Տարիները անցան,տղան մեծցաւ, շիշին կարիքը չէր զգար այլեւս, դպրոցը աւարտեց, ստացաւ իր վկայականը: Մեկնումի օրը հասած էր :Գնաց բացաւ պահարանը, հաւաքեց իր ապրանքները ու զանոնք տեղաւորեց ճամպրուկին մէջ:Յանկարծ նշմարեց որ սենեակին միւս ծայրը հազիւ տասնը մէկ տարեկան նորեկ աշակերտ մը, իր հասակէն աւելի մեծ պայուսակ մը իր ձեռքին արցունքոտ աչքերով կեցած էր պատին տակ: Անանասի պարապ շիշը դեռ կը գտնուէր պահարանին մէջ:Տղան առաւ շիշը, գնաց ու ծունկի եկաւ երեխային դիմացը եւ շիշը երեխային նուրբ ու պզտիկ ձեռքին մէջ դրաւ ու ըսաւ:

-Երբոր գիշերները մայրդ կարօտնաս, այս շիշը առ, բաց եւ մէջի հոտը խորունկ մը ներսդ քաշէ:Պիտի տեսնես որ քու մօրդ հոտը այս շիշին մէջը պիտի ըլլայ:

Յետոյ երեխան իր ճակտէն համբուրեց, պայուսակը առաւ ու դռնէն դուրս ելաւ:


Օշին Էլակէօզ

Պոլիս





1 comment:

Anonymous said...

հարցը այն է որ երկրորդ տարին ալ սկսելէ առաջ. հայրը նորէն նման հարց տւեց զաւակին եւ այս անգամն ալ տղամ նորէն նոյն պարասխանը տւաւ հօրը....
Օշին ջան ին յուշերս ալ նման են...
;-)
Վահան